ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՍՊԵ՞Լ Է

Աւետարաններէն եւ Աստուածաշունչէն դուրս Յիսուս Քրիստոսի մասին առաջի վկայութիւնը կը գտնենք հրեայ պատմիչ Յովսէփոսի «Հրեաներու հնութիւնները» աշխատութեան մէջ։ Հրեայ պատմիչը, որ իր պատմութիւնը գրած է 60-70 թուականներուն, իր աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Այդ ժամանակ կար Յիսուս անունով մարդ մը (եթէ կարելի է մարդ կոչել), որովհետեւ ան հրաշալի գործեր կ՚ընէր եւ ճշմարտութիւնը ընդունողներուն ուսուցիչը կ՚ըլլար: Ան յաջողեցաւ սիրաշահիլ շատ մը հրեաներ եւ հեթանոսներ։ Ան Քրիստոսն էր եւ Պիղատոս իր շուրջ եղած մարդոց դրդումով զինք խաչելութեան դատապարտեց եւ անոնք, որոնք Զինք կը սիրէին, չլքեցին, որովհետեւ ան երրորդ օրը դարձեալ ողջ յայտնուեցաւ, ինչպէս որ Աստուածաշունչին մէջ մարգարէները գուշակած էին եւ քրիստոնեաները՝ որոնք մինչեւ այսօր կ՚ապրին, անոր անունով կը կոչուին»: 

Իրականութեան մէջ պատմագիրի մը կողմէ աւելի ազդու վկայութիւն սպասել կարելի չէ։ Անշուշտ, շատեր կը հաւատան, որ Յովսէփոս նման բան գրած չէ, այլ այս տողերը պարզապէս «վկայութիւն» դարձնելու համար ժամանակի ընթացքին մշակուած են քրիստոնեաներու կողմէ։ Նկատի ունենալով, որ այդ ժամանակ տպագիր գիրք գոյութիւն չունէր, մարդիկ ընդօրինակութիւններու ժամանակ որոշ փոփոխութիւններու տեղ տուած կրնան ըլլալ։ Անշուշտ, այս մէկը ի զօրու է գրեթէ հին ժամանակաշրջանի պատկանող բոլոր գրողներու եւ պատմաբաններու պարագային: Շատեր ապագային աւելցուած տողեր կը նկատեն այս մէկը՝ դիտել տալով, որ գրութեան այդ մասը իրականութեան մէջ կապ չունի ընդհանուր նիւթին հետ, որու մասին գրած է Յովսէփոս, այդ տարբերութիւնը այսպէս կը ներկայացուի։ Յովսէփոս Յիսուսի մասին գրելէ ետք կը գրէ հետեւեալ տողը. «Մօտաւորապէս նոյն թուականներուն այլ տխուր դէպք մը եւս պատահեցաւ»։ Շատեր կը փորձեն հասկնալ, որ Յիսուսի մասին խօսելէ ետք «այլ տխուր դէպք»ի մը մասին խօսիլ անհամապատասխան վիճակ մը կը ստեղծէ գրութեան ամբողջականութեան մէջ եւ անոնք, որոնք կ՚ուզեն հերքել Յիսուս Քրիստոսի գոյութիւնը, այդ տողերը ապագային աւելցած տողեր կը նկատեն: 

Նոյն պատմիչը իր աշխատութեան մէջ կը յիշէ Յակոբոսը եւ կը գրէ. «Յակոբոսը՝ Յիսուսի եղբայրն էր, որ Քրիստոս կը կոչուէր»։ Ի դէպ ըսենք, որ Յովսէփոս աստուածաբանական եւ դիւանաբանական հարցերու միջամուխ եղած չէ. ան Յիսուս Քրիստոսը ներկայացուցած է որպէս անձ՝ որ ապրած է այդ ժամանակաշրջանին։ Ան երբեք անոր Քրիստոս ըլլալ կամ չըլլալը քննարկման առարկայ չէ դարձուցած, այլ փորձած է չէզոք կերպով յիշել նման անձի մը գոյութիւնը: Անշուշտ, այս մէկը փաստ է բոլոր անոնց համար, որոնք Յիսուս Քրիստոսի գոյութիւնը վերացական գոյութիւն որպէս կ՚ընդունին: 

Անշուշտ, պատմիչներու յիշածները մի՛շտ ալ եղած են քննադատութեան եւ կասկածի ենթակայ. նոյնն է պարագան հայ պատմիչներուն, որոնց մէջ յիշուած են կերպարներ ու հերոսներ, որոնց գոյութիւնը հարցականի տակ դնելու համար բազմաթի՜ւ պակասներ գոյութիւն ունին։ Շատեր մինչեւ օրս կը պնդեն, որ Յովսէփոսի պատմութիւնը կեղծ է. շատեր ընդունելով պատմութիւնը՝ Յիսուս Քրիստոսի մասին գրուած բաժինը կեղծ կը նկատեն։ Այս բոլորը, սակայն, համոզումներ են եւ հակառակ կարծիքներ ու համոզումներ մի՛շտ պիտի ըլլան: Միայն Քրիստոսի գոյութիւնը մերժելու համար շատ շատեր փորձած են Յովսէփոսը ներկայացնել որպէս «կեղծ» պատմիչ, որ գրած է պատմութիւն մը՝ առանց փաստացի ապացոյցներու. տարօրինակ է, որ նման պարագային հերքողները փաստի կարիքը կը զգան, սակայն, երբ գրութեան մէջ յիշուած ըլլայ տող մը՝ որ իրենց պնդումին ուժ կու տայ՝ փաստի կարիք չեն զգար: 

Հերքողները երբեք կարելի պիտի չըլլայ համոզել, որովհետեւ անոնց դիմաց նոյնիսկ եթէ դնէք Յովսէփոսի վկայութիւնը՝ հետեւեալ հարցին դէմ յանդիման պիտի գտնուիք. «Ինչո՞ւ համար Յովսէփոսէ բացի այլ պատմիչ մը չէ գրած այս մասին»։ Իրականութեան մէջ այլ աղբիւրներու մէջ եւս կարելի է գտնել Քրիստոսի մասին ուղղակի կամ անուղղակի եղած յիշատակումներ, սակայն, ինչպէս նախապէս ըսինք, պատմիչները լիազօրուած ըլլալով կայսրերու եւ թագաւորներու կողմէ, որպէս պաշտօն պարտաւորութիւն ունէին գրելու քաղաքական եւ իշխանութիւններու հետ կապուած նիւթերու մասին. անոնց համար Քրիստոս պարզապէս «անձ» մըն էր՝ որուն Քրիստոս ըլլալ չըլլալը հարցական էր եւ գուցէ ոչ անհրաժեշտ: 

Ի դէպ, Յովսէփոս քրիստոնեայ անձ մը չէր, որ հիմնական նպատակ ունենար փաստել Յիսուս Քրիստոսի գոյութիւնը. ան իր գրութեան մէջ չ՚ըսեր, որ Յիսուս Քրիստոս էր, այլ կը գործածէ «կը կոչուէր» արտայայտութիւնը եւ այս արտայայտութեամբ չէզոք դիրք մը կը ստանայ: 

Նմանօրինակ քննարկումներ հազարամեակներ շարունակ եղած է եւ պիտի շարունակուի ըլլալ. այս մէկը գիտական փաստերէն աւելի արդէն իսկ հաւատի հարց է. եթէ անձ փաստ կը փնտռէ, թող պատմութիւնը ուսումնասիրէ, իսկ եթէ հաւատք՝ Աւետարանները արդէն իսկ կը ներկայացնեն Յիսուս Քրիստոսի կեանքը. ընդունիլ կամ չընդունիլը պարտաւորութիւն մը չէ, այլ ազատ կամքի, տրամաբանութեան ընտրութիւն:

•վերջ

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Մեծ մարդը իր ազգին ու ցեղին լաւագոյն բաղձանքներուն եւ հզօր անհատականութեանց մարմնառութիւնն է, ու երբ կանխահասօրէն կը յայտնուի անիկա ժողովուրդի մը մէջ, Ազատութեան, Ճշմարտութեան եւ Լոյսի հրաւէրը կարդալով, արդիւնքը կ՚ըլլայ յաճախ խուժանին կողմէն անոր անտեսումն ու լքումը, եւ մերթ քարկոծումն ու խաչելութիւնը,- միշտ ողբերգութիւն՝ առաւել կամ նուազ սրտաշարժ: Յաւէտ Մեծ Մարդիկն են, որ արժանաւոր ու իրենցմէ օգտուելու պատրաստ ժողովուրդ մը չեն ունենար քան թէ ժողովուրդները՝ Մեծ Մարդիկ: 

ԱՐՇԱԿ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Փետրուար 5, 2026