ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱԿԱՌԱԿՈՂՆԵՐՈՒՆ ՄԻ ՔԱՆԻ «ԴԱՍ
Հաւատացէ՛ք, որ Հայաստանի քաղաքականութեան եւ եկեղեցի-իշխանութիւն յարաբերութեան մասին գրել չենք ուզեր, սակայն, շատ մը երեւոյթներ այնքա՛ն անհանդուրժելի կը դառնան, որ կամայ թէ ակամայ մենք մեզի դարձեալ կը գտնենք այս նիւթին մէջ։ Պէտք է ըսել, որ Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ ընդհանրապէս տրամաբանութիւն ըսուած կարեւորագոյն արժէքը գոյութիւն չունի, որովհետեւ հակառակութեան եւ ցեխարձակումի մէջ տրամաբանութիւնը չէ՛ որ կը գործէ՝ այլ հակառակելու եւ կռուելու ոգին: Այդ իսկ պատճառով նման մթնոլորտի մէջ առողջ քննադատութիւն գտնել հնարաւոր չ՚ըլլար, որովհետեւ եթէ մէկ կողմը պնդէ, թէ մածունը ճերմակ է, պիտի գտնուի հակառակորդ մը, որ սեւ ըլլալը պնդէ, ո՛չ թէ որովհետեւ մածունին ճերմակ ըլլալուն չի հաւատար, այլ պարզապէս որովհետեւ իրենց տրամաբանութեան մէջ պէտք է հակառակ կողմի ըսածին դէմ դուրս գալ՝ նոյնիսկ եթէ այդ մէկը հայելին է ճշմարտութեան:
Մանկապարտէզի մանկական հոգեբանութեամբ կ՚ապրին մեր քաղաքական գործիչները. անձի մը սխալը կը մատնանշես եւ անձը այդ սխալին վրայ կեդրոնանալու փոխարէն կը բաւարարուի սխալը մատնանշողին կատարած սխալներէն մէկը բացայայտելով, որովհետեւ կը հաւատան, որ քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ քննադատութեան հիմնական նպատակը հակառակիլն է եւ ո՛չ թէ սխալները սրբագրել ջանալը:
Յաճախ համացանցի վրայ կը հետեւիմ քաղաքականութեան մասին ժողովուրդին ունեցած կարծիքներուն. սարսափելի պատկեր մը պարզապէս. մին կը մատնանշէ Փաշինեանին սխալը, իսկ Փաշինեանի կողմնակիցը այդ մատնանշուած սխալին շուրջ մտածելու փոխարէն յառաջ կը քշէ Սարգսեանին կատարած այս կամ այն սխալը եւ երկու կողմերն ալ հարցին շուրջ մտածելու փոխարէն իրարու դէմ պայքարելու եւ իրարու սխալները հրապարակ հանելու կը ջանան, որովհետեւ Փաշինեանը պաշտպանողը Փաշինեանին սխալը, իսկ Սարգսեանը պաշտպանողը Սարգսեանին սխալը չի տեսներ: Մինչդեռ ի՜նչ հրաշալի բան պիտի ըլլար, եթէ Փաշինեանը պաշտպանողը հետաքրքրուէր Փաշինեանին սխալներով՝ որպէսզի անոր քաղաքական ընթացքը բարելաւէր եւ նոյնպէս Սարգսեանը պաշտպանողը:
Այդ իսկ պատճառով այս գը-րութեամբ կ՚ուզենք քաղաքական այս կամ այն կողմը պաշտպանող մեր հայրենակիցներուն մի քանի կարեւոր մտածումներ փոխանցել.
Ա.- Եթէ անձ մը կը քննադատէ քու պաշտպանած քաղաքական ուժդ, անմիջապէս փոխադարձ մեղադրանք մը ստեղծելու փոխարէն փորձէ ուսումնասիրել ու հասկնալ ըսուածը։ Դիմացինը քննադատութիւնը ինչքան ալ թշնամական ոճով բարձրացնէ, դուն որպէս խելահաս մարդ այդ մէկը ընդունէ որպէս սրբագրութեան առիթ եւ եթէ ըսածին մէջ տրամաբանական բան մը տեսնես՝ նոյնիսկ մի՛ քաշուիր ներողութիւն խնդրելէ:
Բ.- Կուրօրէն մի՛ հետեւիր քաղաքական ուժերուն. Եթէ այսօր Փաշինեանը կը պաշտպանես եւ կամ Սարգսեանը, պէտք է լաւապէս հասկնաս, որ ո՛չ առաջինը եւ ոչ ալ երկրորդը Պապին անսխալական վիճակը ունին եւ որպէս մարդ, բնականաբար, ատակ են սխալելու: Փաշինեանին սխալին դէմ Սարգսեանին սխալը բարձրաձայնելը ո՛չ Փաշինեանին եւ ո՛չ ալ Սարգսեանին սխալէն բան մը կը պակսեցնէ:
Գ.- Փորձէ մնալ տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ. Եթէ հակառակորդը կը խօսի Փաշինեանի խոստացած եւ այնպէս ալ չկատարած «կարմիր գիծ»երուն մասին, Սարգսեանին այսինչ շրջանին մէջ տուն շինելը որպէս պաշտպանողական փաստ առաջ չես կրնար բերել, որովհետեւ երկուքը ամբողջութեամբ տարբեր նիւթեր են: Եթէ ունիս կատարուած քննադատութեան մասին տրամաբանական պատասխան մը՝ պատասխանէ, սակայն ուրիշ, ընդհանրապէս նիւթին հետ կապ չունեցող փաստարկ մը առաջ բերելով «պաշտպան-ւած»ի դերին մէջ մի՛ զգար դուն քեզ:
Դ.- Ընդունէ, որ ո՛չ թէ կողմերը պէտք է շահին, այլ տրամաբանութիւնն ու գիտակցութիւնը. Երկու կողմերն ալ կրնան ունենալ դրական երեւոյթներ եւ անոնց կողքին նաեւ բացասականներ. կողմ մը պաշտպանել չի նշանակեր ամբողջութեամբ մերժել միւս կողմի ճշմարիտ ըլլալը, որովհետեւ նման ընթացք կրնան ունենալ փողոցի մանուկները՝ որոնք իրենց «ճշմարիտ» ըլլալը փաստելու համար կրնան դիմել ամէն տեսակ մանկական հնարամտութեան:
Ե.- Մի՛շտ յիշէ, որ քու հիմնական նպատակդ ո՛չ Փաշինեանի եւ ո՛չ ալ Սարգսեանի շահը պաշտպանելն է, որովհետեւ օրուան աւարտին երկուքն ալ իրենց սեփական շահը ապահովուած պիտի քաշուին մէկ անկիւն՝ նոյնիսկ անտեղեակ քու գոյութենէդ. ամէն բանէ առաջ ու վեր պահէ հայրենիքի շահը եւ կողմերուն արդար ըլլալն ու չըլլալը գոնէ աւելի դատէ երեւոյթով ու տրամաբանութեամբ: Մի՛ նայիր, թէ այս կամ այն գործը ո՞ր կողմը ըրաւ։ Նախ նայէ գործին եւ տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ քննադատէ եւ կարծիք կազմէ՝ նոյնիսկ եթէ այդ մէկը ընողը այն կողմն է՝ որուն պաշտպաններէն մէկն ես դուն:
Այս բոլորը գրելով արդէն սկսած ենք համոզուիլ, որ քաղաքականութեան, քննադատութեան եւ ճշմարիտ դատողութեան մասին լուրջ դասընթացքներ պէտք է տրուի մեր աշակերտութեան, որովհետեւ այն քաղաքականութիւնը, որուն լոյսին տակ հասակ կը նետեն այսօր, փողոցային կռիւներէն կը տարբերի միայն ու միայն հագուածքով եւ ո՛չ աւելի:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Եթէ անձ մը իմ պաշտպանած կուսակցութիւնս կը քննադատէ, որպէս պատասխան պէ՞տք է ես ալ իրը քննադատեմ:
Պատասխան. Ո՛չ: Կարեւոր է լսել քննադատութիւնը, հասկնալ անոր հիմքը եւ չափել, թէ արդեօք այդ քննադատութիւնը հիմնաւորուա՞ծ է: Կրնաք քննադատութեան պատասխանել հանգիստ, պարզ բացատրութիւններով՝ ձեր դիրքորոշումն ու կուսակցական հայեցակէտը ներկայացնելով: Նման մօտեցում մը ցոյց կու տայ իմաստուն կեցուած մը, ինչպէս նաեւ անձը հեռու կը պահէ վիրաւորանքէ եւ հակամարտութենէ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան