ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ՝ ՈՒՐ ԽՕՍՔԸ ԽՕՍՔՈՎ «ԱԶԱՏ» ԷՐ
Նախորդ մեր գրութեան մէջ տեսանք, որ Յովհաննէս Շիրազ ինչպիսի գովասանքներով մեծարած էր Ստալինը եւ երբեւէ Խորհրդային Միութեան դէմ ըմբոստ արտայայտութիւն մը չէր ունեցած։ Անոր ստեղծագործութիւններուն առանցքը 1915-ի Մեծ Եղեռնն ու հայրենասիրութիւնն էր, սակայն, նոյնը չէ Պարոյր Սեւակի պարագան։ Պարոյր Սեւակ ունէր Շիրազի հայրենասիրութեան ու անցեալի յիշողութեան կողմը, սակայն, միւս կողմէ ունէր նաեւ Խորհրդային Միութեան լուծին տակ ապրելու հանդէպ բողոքն ու ընդվզումը՝ թէ՛ ուղղակի եւ թէ անուղղակի ձեւերով: Պարոյր Սեւակ եւս որոշած էր ամէ՛ն գնով գրել ու ըսել այն՝ ինչ գոյութիւն ունէր իր մէջ։ Այս առիթով ան իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Եւ պիտի գրեմ ինչ որ սիրտս կը թելադրէ՝ կամ պիտի լռեմ»։ Այլ խօսքով այս կամ այն անձի համակրանքը շահելու սիրոյն եւ կամ սեփական շահերն ու ազատութիւնը հետապնդելու սիրոյն գրականութիւնը պիտի չկեղծէր:
Պարոյր Սեւակ կը հաւատար, որ տարբեր բաներ են գրականութիւնն ու քաղաքականութիւնը. իր իսկ բառերով՝ «Արուեստը պէտք չէ դառնայ քարոզչական շապլոն»։ Հետեւաբար, բանաստեղծ մը «պէտք է ներքին ճշմարտութեամբ գրէ»՝ հեռու ամէն տեսակի կեղծաւորութենէ: Հակառակ ասոր պէտք է ըսել, որ Պարոյր Սեւակ մասամբ մըն ալ պարտաւորուած էր այդ «կեղծաւորութեան» տակ ըլլալու, որովհետեւ իշխանութեան պատկանող կառոյցներու մէջ աշխատելով, մամուլը օրական դրութեամբ հսկողութեան տակ գտնուելով՝ ինք ալ մասամբ պարտաւոր էր հաստատութեան օրէնքներն ու հրահանգները յարգել։ Ան այս վիճակը, հետեւաբար, բառերով կը նկարագրէ. «Աւելորդ շարժման ո՛չ կարիք եւ ո՛չ հնարաւորութիւն կար»։ Խորհրդային Միութեան ժամանակ մամուլէն պատուէրով յօդուած ու հրապարակագրութիւն կը պահանջուէր եւ այդտեղ մարդ իր բոլոր կարծիքներն ու համոզումները մէկդի դրած պարտաւորուած կ՚ըլլար գրել նոյնիսկ այնպիսի բաներ, որոնց հանդէպ հաւատք կամ համոզում չունի:
Այս մթնոլորտը կը նեղէր Պարոյր Սեւակը, որ որոշած էր ազատօրէն գրել այն բոլորին մասին, որ կայ իր սիրտին մէջ։ Անոր բանաստեղծութիւններուն հիմնական նիւթը հայրենիքն ու հայրենասիրութիւնն էր, այդ իսկ պատճառով ժամանակակից վերլուծաբաններ Պարոյր Սեւակը կոչած են «կրքոտ հայրենասէր»։ Կրքոտ՝ որովհետեւ անոր բանստեղծութիւնները վերացական ու ռոմանթիք գրութիւններ չէին։ Իր գրութիւններուն մէջ հայրենիքի հանդէպ սիրերգութենէ աւելի գոյութիւն ունէր պայքար։ Անշուշտ, իշխանութիւններուն համար ալ Սեւակը լռեցնելը այնքան դիւրին չէր ու պիտի չըլլար, որովհետեւ ժողովուրդը զինք կը ճանչնար որպէս մեծ բանաստեղծ ու մեծ սէր ունէր անոր հանդէպ, սակայն, միւս կողմէ անոր բանաստեղծութիւնները դէմ էին իշխող համակարգի օրէնքներուն ու սկզբունքներուն:
Պարոյր Սեւակի Խորհրդային Միութեան հանդէպ ունեցած քննադատութիւնները հասկնալու համար բաւարար է պահ մը աչքէ անցընել մեծ բանաստեղծին գիրքերը. տանք մի քանի օրինակ. «Եղիցի լոյս». քիչ մը եկեղեցական ազդեցութիւն ձգող այս երկու բառերը իրականութեան մէջ քննադատութիւն մը կը բովանդակեն։ «Թող լոյս ըլլայ». լոյսի կարիքը կը զգացուի այդտեղ՝ ուր մութը տիրած է։ Այլ խօսքով՝ Խոհրդային Միութիւնը կ՚որակէ որպէս «մութ» եւ կ՚ուզէ «լոյս ըլլայ» եւ այդ լուսաւորութիւնը, բնականաբար, անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնն է։ Անշուշտ, Խորհրդային Միութիւնը այս մէկը լաւապէս կը հասկնար։ Գուցէ այդ է պատճառով է, որ Պարոյր Սեւակի «Եղիցի լոյս» աշխատութիւնը 1969-1971 տարիներուն մնաց արգելանքի տակ եւ հրատարակութեան չարժանացաւ: «Եղիցի լոյս» աշխատութեան հրատարակութենէն առաջ զայն անցած է մի քանի տասնեակ կուսակցականներու, քննադատներու եւ պետական գործիչներու աչքն տակէն: Նոյնիսկ ստեղծագործութեան որոշ հատուածներ կրճատուած ու վերցուած են՝ «վտանգաւոր» ազդեցութիւն ձգելու պատճառով: Պարոյր Սեւակի միւս աշխատութիւնները եւս նոյն քննադատական ազդեցութիւնը ունին. օրինակի համար՝ «Մարդը ափի մէջ»։ Ինչո՞ւ մարդը ափի մէջ է. կը նշանակէ մարդը ազատ չէ, այլ բռնած են զինք ու կաշկանդած իր ազատութիւնը։ Մարդը ինքնաբերաբար հայն է, իսկ ափը՝ Խորհրդային Միութիւնը:
Խորհրդային Միութեան տարիներուն գոյութիւն ունէր Գրականութեան եւ հրատարակչութիւններու գործերով գլխաւոր վարչութիւնը՝ «Գլավլիտ» անունով, որ կը զբաղէր հրատարակութիւնները քննելով։ Բազմաթիւ մտաւորականներ «Գլավլիտ»ը բնորոշած են որպէս Խորհրդային Միութեան շրջանի գրողներու եւ հրատարակիչներու մղձավանջը։ «Գլավլիտ»ը, որ պետական գրաքննութեան գլխաւոր մարմինն էր եւ ինք կ՚որոշէր, թէ ո՛ր ստեղծագործութիւնը կրնայ հրատարակուիլ, աշխատութեան մը ո՛ր բաժինը պէտք է ամբողջութեամբ վերացուի։ «Գլավլիտ»ը կ՚որոշէր, թէ ո՛ր գրողը կրնայ այս կամ այն մամուլի մէջ աշխատի կամ հեռանայ աշխատանքէն։ «Գլավլիտ» ի՛նք էր բազմաթիւ հեղինակներու հալածանքի եւ չարչարանքի մատնուելու պատճառը։ Այլ խօսքով՝ «Գլավլիտ»ը խօսքի ազատութեան մեծագոյն թշնամին էր Խորհրդային Միութեան տարիներուն, որուն թոյնէն ազատ չկրցան մնալ հայ գրողները եւս:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Զգացում մը, որ կայ մարդուս ներսիդին եւ իր գոյութիւնը շատ յայտնի չ՚ըներ, անանկ ալ առթիւ մը մէկնիմէկ երեւան կու գայ՝ սաստիկ ցնցումներով, որոնք ամբողջութիւնը կը դղրդեն:
ԱՆԱՆՈՒՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան