ԻՄԱՑԱԿԱՆ ԽԱՒԱՐ

«Լոյս եւ խաւար»ի գաղափարականը մարդուն մէջ սկիզբէն իսկ գոյութիւն ունեցած է։ Մարդը մի՛շտ սիրած է «լոյս»ի գաղափարը եւ անոր մասին երգած, նոյնիսկ պաշտած է զայն։ Մարդկային պատմութեան մէջ, թէեւ տարբեր ձեւերով, բայց, միշտ լոյսի եւ խաւարի գաղափարը զիրար հալածողներ եղած են։ Հելլէն դիցաբանութիւնը կը յայտնէ զայն Պրոմիւթէոս Ողիմպիայէն «կրակ գողնալ»ու պատմութեամբ։ Մազդէականութիւնը՝ կրակ եւ արեւի պաշտամունքով յայտարարած է զայն։ Եթէ թերթատելու ըլլանք Չրադաշտին գրութիւնները, հոն կը հանդիպինք ա՛յն բացատրութեան, թէ կեանքը կը նմանի կառքի մը՝ որուն լծուած են զոյգ մը ձի, մին՝ սեւ, միւսը՝ սպիտակ։ «Սեւ»ը կը խորհրդանշէ գիշերը կամ խաւարը, իսկ «սպիտակ»ը՝ ցերեկը կամ լոյսը։

Մարդ, քանի որ ֆիզիքական իմացական եւ հոգեւոր արարած մըն է, անոր կեանքը ունի երեք տեսակ խաւար. բնական, իմացական եւ հոգեւոր խաւար։ Մարդուն կեանքին կը ճնշեն այս երեք խաւարը եւ մարդ միշտ ուզած է փարատել զանոնք։ Ահաւասի՛կ, ասոնցմէ է իմացական խաւարը…

Մարդուն միտքը գործածելու կարողութեամբ օժտուած է, սակայն երբեք՝ խիստ բարձր յատկութիւն մըն է՝ թերի եւ տկար է։ Մարդուն իմացականութեան շնորհիւ դուրս հանուած են երկրի ընդերքին մէջ գտնուող արժէքները՝ գիտութեամբ, փարատելով ամէն խաւար, յեղաշրջելու աշխարհի գիտութիւնը։

Այս կերպով մարդը վախճան կը դնէ իմացական ամէն տեսակ խաւարի։ Սա անուրանալի ճշմարտութիւն է, որ այսօրուան աշխարհը, երէկուան աշխարհը չէ՛։ Էտիսըն առանձինն, իր աւելի քան 1500 գիւտերէ, հսկայ լոյս մը սփռեց իմացական աշխարհի վրայ։ Մարդկութիւնը վերջին եւ աւելի դարուան մէջ, աւելի յառաջդիմեց քան անցեալ դարերուն։ Արբանեակներ, մասնիկներու արագացուցիչներ, կորիզային զէնքեր եւ այլն։ Նորագոյն գիւտեր՝ բառեր, որոնց մեծ մասը անծանօթ էր անցեալ սերունդի մարդոց եւ այսօր եւս կան մարդիկ, որոնք բոլորովին օտար եւ անծանօթ են անոնց։

Միջին դարուն, կը մտածէին, թէ հիւանդութիւնները չար ոգիներ էին՝ որ մարդոց մարմինէն մուտք կը գործէին ծոծրակէն։ Այս «չար ոգի»ները արգիլելու համար մուշտակով կը ծածկէին իրենց ծոծրակը եւ վիզը։ Շնորհիւ Փասթէօրի գտած շիճուկին, այս «խաւար»ը փարատած է ներկայիս։

Կը կարծուի, կ՚ենթադրուի, թէ գիտութեան յառաջացումը չափազանց անհաւատալի պիտի ըլլայ՝ մանաւանդ երկու ճիւղի մէջ. լուսանկարչութիւն եւ ելեկտրագիտութիւն։ Առաջինը պիտի կարենայ հասնիլ հոգին նկարելու։ Երկրորդը՝ օդին մէջ գտնուող հին եւ նոր ձայները գտնելով, զանոնք զտելով պիտի հրամցնէ մարդկութեան։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել «լազերային լոյս»ի գիւտին՝ որ բժշկական եւ ռազմական ասպարէզներուն մէջ մեծ գործ կը տեսնէ այսօր։ Հիւանդի վրայ անարիւն գործողութիւն կը կատարէ ան ապահո՛վ կերպով։ Եւ այսքան հզօր մարդը, որ անջրպետը նուաճելով հոն կը շինէ Բաբելոնի աշտարակները, իրեն համար անուն եւ փառք շահելու, տակաւին խաւարի մէջ կը խարխափէ եւ չի գտեր «իմաստութեան եւ հանճարին տեղը»։ Արդ, անոր յառաջդիմութիւնը «հորիզոնական» եղած է։

«Ահա երանելի է այն մարդը՝ որ Աստուած կը խրատէ…», կ՚ըսէ Յոբ. (Ե 17), քանի որ ան կը վստահի Աստուծոյ. «Իսկ ես Աստուծոյ պիտի դիմէի, իմ գործս Աստուծոյ պիտի յանձնէի, որ այնպիսի մեծ եւ անքննելի բաներ կ՚ընէ, անհամար սքանչելիքներ կ՚ընէ, որոնք կարելի չէ համրել…». (ՅՈԲ. Ե 8-9)։ Ուստի, մարդ կը բարձրանայ միա՛յն այն ատեն, երբ հաւատայ Աստուծոյ, եւ «իմաստութեան եւ հանճարին տեղը գտնէ», եւ միայն ա՛յն ատեն իր խաւարը կը փարատի…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս 29, 2026, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2026