ԳՐԻԳՈՐ «ԽԱՒԱՐԻՉ»

Պատմութիւնը կը փաստէ, որ հայ ժողովուրդը հնագոյն քաղաքակրթութիւններէն մէկը ըլլալով, իր անուրանալի դերը ունեցած է համամարդկային մշակոյթի զարգացման մէջ՝ ինքնուրոյն լեզուով, գրականութեամբ, արուեստով, ճարտարապետութեամբ եւ գրեթէ բոլոր ոլորտներով: Անշուշտ, այդ բոլորը ստեղծելը եւ ստեղծելու կողքին՝ մա՛նաւանդ պահելը դիւրին չէ եղած: Հայ պատմաբաններ բաւարար չեն փաստելու համար հայ ժողովուրդի դերն ու արժէքը. օտար պատմիչներ անգամ իրենց աշխատութիւններուն մէջ բազմիցս յիշած են հայ ժողովուրդը, որովհետեւ երբ տակաւին մեր դրացի երկիրներէն շա՜տ շատեր աշխարհի երեսին գոյութիւն չունէին, հո՛ս էր հայը: 

Յոյն պատմաբան Հերոդոտոս (Ք.Ա. 5-րդ դար) իր աշխատութեան մէջ կը յիշատակէ, որ հայեր ներկայ էին Բաբելոնի աշտարակի շինութեան ժամանակ. պատմիչը կը յիշէ, որ հայերը կ՚ապրէին կարեւոր գետերու՝ Եփրատի եւ Տիգրիսի շուրջ: Շատ աւելի կարեւոր յիշատակում մը կը գտնենք յոյն-հռոմէացի աշխարհագրագէտ Ստրապոնի մօտ.- «Հայերը խիզախ եւ զօրաւոր ժողովուրդ են. անոնց երկիրը հզօր է. սահմանակից է Մեծ Մարաստանին եւ Ալպանիային»: 

Այս վերջին բաժնին մէջ մեզի համար կարեւոր է «զօրաւոր» բառը, որովհետեւ մինչեւ օրս աշխարհի երեսին գոյութիւն ունին բազմաթիւ հայեր, որոնք ունին այն համոզումը, թէ Հայաստան հզօր պետութիւն էր, սակայն Քրիստոնէութեան ընդունումը ամբողջութեամբ տկարացուց մեր ազգը, որովհետեւ Գրիգոր Լուսաւորիչ վերացուց հեթանոսական մշակոյթը եւ նոր մշակոյթ մը ձեւաւորեց: Իրականութեան մէջ բարդ հարց է վերլուծել ու գտնել պատասխանը հետեւեալ հարցին. Գրիգոր Լուսաւորիչի հաստատած մշակոյթը աւելի լա՞ւ էր հինէն՝ թէ վատ: Շատերու համար այդ մէկը վատ կը թուի ըլլալ, որուն պատճառով մինչեւ օրս հայոց մեծագոյն սուրբը որպէս «Գրիգոր խաւարիչ» յիշողներ կան: 

Սակայն կ՚ուզենք արդար ըլլալ եւ առողջ վերլուծում կատարել. նկատի ունենալով, որ Քրիստոնէութեան հաստատումով հեթանոսական մշակոյթը կործանեցաւ եւ գրեթէ ոչինչ մնաց անոնցմէ (նոյնիսկ յիշատակութիւններ կը պակսին), ինչպէ՞ս կարելի է աւելի «լաւ» նկատել քան նորը. այլ խօսքով, ինչպէ՞ս կարելի է բան մը «լաւ» որակել, որուն մասին յստակ տեղեկութիւն մը չունինք։ Այո՛, հին պատմիչը կը յիշէ, որ Հայաստան զօրաւոր պետութիւն մըն էր, սակայն, պէտք է լաւապէս ուսումնասիրել նաեւ, թէ «խաւարիչ»ին բերած նոր մշակոյթը ի՞նչ վատ ազդեցութիւն ունեցաւ երկրի տկարացման մէջ՝ մանաւանդ պետական ու ռազմական առումով: Շատեր, անշուշտ, այս հարցին կը պատասխանեն հետեւեալ ձեւով. Քրիստոնէութիւնը հայոց բերաւ ներելու, սիրելու եւ մեղմ ու բարի ըլլալու ուսուցումը. շատեր նոյնիսկ կը յիշեն Քրիստոսի «եթէ ապտակ զարնեն միւս երեսդ դարձուր» արտայայտութիւնը՝ ըսել ուզելով, որ Քրիստոնէութեան ընդունումէն ետք հայ ժողովուրդը պայքարելու փոխարէն իր երեսը դարձուց թշնամիներուն՝ որպէսզի ապտակ մըն ալ միւս երեսէն ստանայ: 

Չեմ հասկնար, թէ ինչո՞ւ ժողովուրդը կը մեծարէ արժէքներ՝ որոնց մասին յստակ ու վերջնական տեղեկութիւն մը չունի. այսօր հայ սուրբը «խաւարիչ» կոչողներուն պէտք է հարց տալ, թէ հեթանոսական մշակոյթէն ի՞նչ կրնան յիշատակել. ո՞րն է այդ հիմնական կէտը, որ լուսաւոր հեթանոս Հայաստանը վերածեց խաւարի: Լուսաւորիչը կը կոչեն «խաւարիչ», սակայն կը մոռնան, որ այբուբենը՝ որ այսօր հայ ժողովուրդի մեծագոյն արժէքներէն մէկն է, ծնունդն է եկեղեցւոյ. վերջապէս Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցական էր. եկեղեցին է, որ հայ ժողովուրդին տուաւ որոշ ազգային ոճ. օրինակի համար՝ եկեղեցւոյ ճարտարապետութիւնը. եկեղեցին է, որ զարգացուց գրականութիւնը. եկեղեցական էր Մովսէս Խորենացի, եկեղեցական էր Մխիթար Գօշ, եկեղեցական էր Դաւիթ Անյաղթ. եկեղեցին է, որ կառուցեց համամարդկային պատմութեան լաւագոյն համալսարանները: Լուսաւորիչը խաւարիչ անուանող անհատներ թող պահ մը սերտեն Գլաձորի համալսարանը, որ հիմնադրուած է նոյնպէս եկեղեցական Ներսէս Մշեցիի կողմէ: Թող ուսումնասիրեն Տաթեւի համալսարանը՝ որուն մէջ ուսուցչութիւն ըրած են Յովհաննէս Որոտնեցի եւ Գրիգոր Տաթեւացի յայտնի գիտնական-եկեղեցականները:

Ֆրանսացի պատմաբան Միշէլ Ցափէ իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Հայկական վանական դպրոցներն ու համալսարանները միջնադարեան Արեւելքի մէջ առանձնայատուկ էին իրենց գիտական կրթութեամբ: Գլաձորի համալսարանը օրինակ կը նկատուէր ո՛չ միայն կրօնական, այլ բնական գիտութիւններու կեդրոն: Հոն կը դասաւանդուէր նիւթեր՝ որոնք գրեթէ տարածուած չէին այդ ժամանակաշրջանին»: Կրնանք վստահեցնել, թէ կարելի է գտնել մի քանի տասնեակ մէջբերումներ օտար պատմաբաններու եւ ուսումնասիրողներու կողմէ ըսուած: 

Հիմա հարցը հետեւեալն է. գիտենք Գլաձորը, Տաթեւը, Սանահինը եւ բազմաթի՜ւ ուրիշներ, սակայն անոնց արժէքով հպարտանալով, անոնց արժէքը վերականգնելու փոխարէն, ինչո՞ւ կը շարունակենք մեծարել հինը՝ որուն ինչ ըլլալն անգամ գրեթէ յստակ ու ծանօթ չէ: Միայն մէկ խօսք կայ այդ բոլորը արդարացնող. «Հայաստան զօրաւոր էր». իրականութեան մէջ զօրաւոր ըլլալն ու չըլլալը հաւատքի հետ՝ հեթանոսական տաճարներու եւ կամ հակառակը քրիստոնէական տաճարներու հետ կապ չունի. պատերազմի մէջ յաղթանակը մշակոյթէն աւելի միասնականութիւն, հայրենասիրութիւն ու զոհողութեան ոգի կը պահանջէ: Գրիգոր «խաւարիչ» հեթանոսականը քանդեց, սակայն առիթ տուաւ, որպէսզի ստեղծուի նորը՝ գիր գրականութեամբ, մշակոյթով, կրթութեամբ եւ գրեթէ ամէ՛ն ինչով. ինչքա՜ն երանելի պիտի ըլլար անյայտին կորուստը լացողները յայտնիին արժէքը գիտնալով փորձէին տէր կանգնիլ, որովհետեւ ո՛չ թէ Լուսաւորիչը, այլ մեր անտարբերութիւնն է, որ մեզ դէպի խաւար կ՚առաջնորդէ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ ըսած են պատմաբաններ հայ ժողովուրդի ունեցած համալսարաններուն մասին:

Պատասխան. Պատմաբաններ կ՚ըսեն, որ հայ ժողովուրդը ունեցած է զարգացած համալսարաններու համակարգ, որոնք կարեւոր դեր ունեցած են միջնադարեան կրթութեան եւ գիտութեան մէջ: Եկեղեցական ու աշխարհիկ գիտելիքներ փոխանցուած են Տաթեւի, Էջմիածնի եւ այլ համալսարաններու մէջ. ինչպէս՝ աստուածաբանութիւն, փիլիսոփայութիւն, գրականութիւն եւ այլ գիտութիւններ: Այս համալսարանները ո՛չ միայն հայերուն, այլ տարածաշրջանի միւս ժողովուրդներուն համար ալ եղած են կրթութեան կարեւոր կեդրոններ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունիս 3, 2025