ԱՆԾԻՆ ԾՆՈՂ ԵՒ ԲԽՈՂ
Ամենասուրբ Երրորդութեան երեք Անձը՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի, համագոյ են՝ միեւնոյն բնութիւնը ունին, այսինքն «Աստուած» են։ Աստուածաբանական ասումով՝ բնութենակից-համագոյակից են։ Այս ուղղութեամբ, Հայրը՝ անեղ, անծին եւ անսկիզբ Աստուած է. Որդին՝ ծնող Աստուած, իսկ Սուրբ Հոգին՝ բխող Աստուած։
Ուստի, Բանը որպէս Աստուած, յաւիտենականութենէն առաջ Հօրմէ անեղ ծնուած եւ սկսուած՝ ո՛չ թէ յետոյ եւ ոչ կրտսեր, այլ որքան Հայրը «Հայր» է, անոր հետ եւ Որդին՝ «Որդի»։ Սուրբ Հոգին իբրեւ Աստուած՝ անեղ, անժամանակ, ոչ թէ ծնուած, այլ Հօրմէն բխած՝ էակից Հօրը եւ փառակից Որդիին։
Արդարեւ, Ամենասուրբ Երրորդութիւնը իբրեւ մէկ բնութիւն, մէկ Աստուածութիւն, ոչ թէ «երեք աստուած» այլ մէ՛կ Աստուած, մէկ կեանք, մէկ թագաւորութիւն, մէկ իշխանութիւն, աներեւոյթներու եւ երեւացողներու Արարիչ։
Երեք անձէն Բանը իբրեւ Աստուած՝ յաւիտենականութենէն առաջ «ծնուած» անեղ Հօրմէ, ժամանակի ընթացքին Աստուածածին Կոյս Մարիամի մէջ «իջած», անոր արիւնէն առած եւ Իր Աստուածեանը միաւորած, անարատ Կոյսի արգանդին մէջ ինն ամիս գոյացած։ Եւ «կատարեալ Աստուած» եղաւ «կատարեալ Մարդ»՝ հոգիով, միտքով եւ մարմինով՝ մէկ անձ, մէկ դէմք եւ մէկ բնութեան մէջ միաւորուած «մարդացած Աստուած»՝ առանց փոփոխումի, առանց այլայլութեան, անսերմ յղութիւն եւ անապական, անաղարտ, կոյս ծնունդ, քանի որ ո՛չ անոր Աստուածութեան սկիզբը կայ եւ ոչ ալ անոր Մարդկութեան վախճանը. «Յիսուս Քրիստոս նո՛յնն է միշտ. երէկ, այսօր եւ յաւիտեան». (ԵԲՐ. ԺԳ 8)։
Այս կը նշանակէ, որ Յիսուս Քրիստոսի երկրորդ Գալուստը պիտի ըլլայ մարմնով, ինչպէս՝ Անոր Համբարձումը կատարուեցաւ մարմինովը։
Յիսուս Քրիստոս՝ երկրի վրայ շրջած, երեսուն տարեկանէն յետոյ մկրտութեան եկած, վերէն լսուած Հօր վկայութիւնը. «Ա՛յս է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ, անոր մտիկ ըրէք». (ՄԱՏԹ. ԺԷ 5), եւ աղաւնակերպ Սուրբ Հոգին իջած եւ ստուգուած Աստուածութիւնը ամէն քրիստոնեայի հաստատ հաւատքն է։ Ապա, Յիսուս Քրիստոս սատանայէն փորձուեցաւ եւ զայն յաղթած՝ մարդկութեան փրկութիւն քարոզեց. մարմնով տքնեցաւ, վաստակեցաւ, յոգնութիւն թափեց, անօթեցաւ եւ ծարաւցաւ, յետոյ իր կամքով չարչարանքի ենթարկուեցաւ, խաչուեցաւ, մարմնով մեռաւ եւ Աստուածութեամբ կենդնաի մնացած, Աստուածութեան հետ միաւորուած մարմինը՝ գերեզման դրուեցաւ, եւ անբաժանելի Աստուածութեամբ հոգիով դժոխք իջաւ, հոգիներուն քարոզեց, դժոխքը աւերեց եւ հոգիները փրկեց, եւ երեք օրէն յետոյ մեռելներէն յարութիւն առաւ, աշակերտներուն երեւեցաւ։
Յիսուս Քրիստոս նոյն մարմնով երկինք համբարձուած եւ Հօր Աջ կողմը նստաւ։ Այլեւ նոյն մարմնով եւ Հօր փառքով պիտի գայ՝ ողջերը եւ մեռածները դատելու, բոլոր մարդոց յարութեան ժամանակ։
Ոմանք կ՚ըսեն, թէ, մեռած մարդոց քայքայուած մարմինները, կազմալուծուած կառոյցը ինչպէ՞ս պիտի վերանորոգուի։
Աստուած՝ որ ոչինչէն ստեղծած է մարդը եւ անոր մարմին տուած, արդէն գոյութիւն ունեցող մարմնի մը քայքայուած մարմինը անշուշտ կրնայ վերակենդանացնել եւ կազմաւորել։ Ուստի, պէտք է հարցերու նայիլ հոգեւոր աչքով, եւ ոչ թէ մարդկային-մարմնաւոր աչքով, որ սահմանաւոր է եւ սխալակա՛ն։
Առաքեալը կ՚ըսէ. «Այսինքն, ոեւէ մէկը որ իր սրտին մէջ կը հաւատայ՝ կ՚արդարանայ…». (ՀՌՈՄ. Ժ 10)։ Ճշմարտութիւնը՝ անկեղծութեան մէջ է… (Ernest Renan, 1823-1892. «La Vie de Jesus», 1863)
Հաւատա՛նք եւ ճշմարտութեան հասնինք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 2, 2025, Իսթանպուլ