ՄԷԿ ՕՐՈՒԱՆ ԿԵԱՆՔՈՎ 118 ՏԱՐԻ ԱՊՐԻԼ
«Մամուլը ընկերային աշխարհին լոյսն է, եւ ուր որ լոյս կայ՝ հոն կայ նաեւ Նախախնամութեան մատը»։
ՎԻՔԹՈՐ ՀԻՒԿՕ
«Ephemeroptera»ն՝ որ ժողովրդական ասումով «Մայիսի ճանճ» կ՚անուանուի, միջատ մըն է, որ կենդանի էակներու՝ ապրողներու մէջ միակն է՝ որ կեանքը միայն մէկ օր է. ան կ՚ապրի միա՛յն մէկ օր։ Բայց ան, այդ մէկ օրուան կեանքով կրնայ տեւականացել իր սերունդը, եթէ այդ շարունակականութիւնը չըլլար՝ կենդանական աշխարհի մէջ այդպիսի կենդանի մը գոյութիւնը պիտի չունենար…
ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, եւ ընդհանրապէս ամէն օրաթերթ, միայն մէկ օրուան կեանք ունի։ Օրաթերթ մը կը հրատարակուի, կը կարդացուի եւ անոր գոյութիւնը նոյն օրուան մէջ կ՚անհետանայ, կարծես «կը շոգիանայ»։ Բայց ինչպէս ամէն օրաթերթ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ն ալ ժամանակի ընթացքին մէջ կը շարունակէ ապրիլ եւ ապրեցնել, լոյս տեսնել եւ լուսաւորել։
Ահաւասիկ, այս իրողութեան կենդանի օրինակն է ԺԱՄԱՆԱԿ-ը՝ որ 118 տարի՝ ամէն օր լոյս կը տեսնէ, թերեւս նոյն օրը կ՚աւարտէ իր ընթացքը, բայց յաջորդ օրն իսկ կը վերակենդանանայ, լոյս կը տեսնէ եւ կը շարունակէ լուսաւորել իրեն հետեւողները։
Արդարեւ, օրաթերթը, ճաշասեղանին վրայ անհրաժեշտաբար գտնուող հացին եւ ջուրին չափ անհրաժեշտ է մարդուս համար։ Միտքը զարգացնող եւ սիրտը ազնուացնող տարր մըն է ընդհանրապէս մամուլը, քանի որ ան լոյս է, եւ ինչպէս կ՚ըսէ Վիքթոր Հիւկօ իր մէկ ատենախօսութեան ընթացքին՝ հոն ուր լոյս կայ, հոն կա՛յ նաեւ Նախախնամութեան մատը։ Ուրեմն, ընդհանրապէս, մամուլը Աստուծոյ խնամատարութեան տակ է. պէտք է գնահատել մամուլին աշխատանքը եւ տարած օգտակարութիւնը եւ բարիքը։
Թէ ի՞նչ պէտք է ըլլայ ճշմարիտ, օգտակար մամուլին սկզբունքը. ա՛յն որ՝ թէեւ կը կոտրէ իր գրիչը, բայց երբեք չի՛ վաճառեր զայն։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ը իր հաւատարիմ ընթերցողներուն համար ընտանիքի հարազատ մէկ անդա՛մն է։
Մամուլը՝ հարազատ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, որպէս օրաթերթ, կը նմանի արեւին։ Արեւն ալ արեւածագին կը յայտնուի, ամբողջ օր մը կը լուսաւորէ, կը ջերմացնէ եւ մայրամուտին կ՚անհետանայ, բայց ակներեւ է, որ յաջորդ օրը դարձեալ պիտի ծագի, պիտի յայտնուի եւ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը…։ Օրաթերթն ալ կը հրատարակուի, անհամբեր կը սպասուի ընթերցողներու կողմէ, հետաքրքրութեամբ կը կարդացուի եւ նոյն օրը կը մոռցուի, եւ այդ իրողութիւնը կը շարունակուի տարինե՜ր եւ նոյնիսկ աւելի քան դարե՜ր։
Այս տրուպ գրիչն ալ իր մանկութենէն ի վեր ծանօթացած էր մամուլի հրապուրիչ, առիքնող գոյութեան։ Նախապէս հօրս գրութիւնները կը տանէի խմբագրատուն՝ Ղալաթիա եւ յետոյ Բերա՝ «Նարմանլըեուրտու»։ Այնտեղ, տպարանին իւրայատուկ զգլխիչ, դիւթող հոտը խիստ տպաւորած կը մնայ մինչեւ այսօր զգայարանքիս մէջ։ Հոն միշտ կը դիմաւորուէի ժպտուն երեսով եւ պայծառադէմ Արա Գօչի՝ մեր սիրելի Արայի մեծ հօր եւ լրջադէմ Արա Գօչի աւագ եղբօր Մարտիրոս Գօչի կողմէ, որ նաեւ հօրս՝ Գրիգոր Գալփաքճեանի դասընկերը եղած է եղեր Մայր վարժարանէն։ Երկուքն ալ իրենց անկեղծ եւ սիրալիր արտայայտութեամբ կ՚ողջունէին հայրս, ինչ որ մեծ պատիւ կը պատճառէր երիտասարդ անձիս։
Հոն կը յիշէի մեծ հայրիկս Արտաշէս Գալփաքճեանը, մեծ մօրեղբայրս Սիմոն Չէօմլէքճեանը, թէեւ երբեք չէի ծանօթացած իրենց հետ, բայց կարծես այդ խորհրդաւոր միջավայրին մէջ կ՚ապրէի անոնց հետ եւ հօրս անոնց մասին, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մասին պատմածներով կը փոխադրուէի անցեալ եւ անբացատրելի զգացումներով լեցուած՝ երջանիկ կը զգայի ես ինքս։
Յուշերուս մէջ էր նաեւ, ըստ հօրս պատմածներուն՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաջին խմբագրատունը եւ տպարանը՝ «Ճաղալօղլու» զառիվերին վրայ երկյարկանի շէնք մը՝ որուն մուտքը երեք քարաշէն սանդուխ ունէր, ինչպէս այդտեղէն անցնելնուս հայրս ցոյց կու տար ինծի։ Եւ ահաւասիկ, աւելի քան դար մը՝ 118 տարի գոյատեւեց, կանգուն մնաց եւ աւելին՝ սերունդէ սերունդ փոխանցուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը։
Եւ այս ժառանգական փոխանցումը, այս բարոյական թանկագին ժառանգը հասաւ մինչեւ մեր օրերը՝ որպէս ընտանիքի հարազա՛տ անդամ։
Այսօր սիրելի Սարգիսը, Նատիան եւ Արան՝ միւս խմբագրական կազմով անձնուիրաբար կը շարունակեն պահել եւ կանգուն պահել այս թանկարժէք աւանդը, ներկայ ժամանակներու փոխադրել այս ժառա՛նգը։
Արդարեւ, այս աւանդը, այս ժառանգը գոյապահպանել եւ գոյատեւել անխոնջ, ծանր աշխատութիւն կը պահանջէ՝ անձնուիրութեան կը կարօտի եւ կը կարօտի նաեւ քաջալերանքի, գնահատանքի եւ բարոյական նեցուկի, զօրավիգի։ Եւ այդ աջակցութիւնը կու գայ ընթերցողէ՛ն՝ հաւատարիմ եւ սիրելի ընթերցողէն։ Մարդ որքան ալ զօրաւոր եւ ինքնաբաւ ըլլայ, միշտ պահանջքը ունի ուրիշի մը օգնութեան, ասիկա բնական երեւոյթ մըն է եւ մարդ կ՚ապրի, կը գոյատեւէ իրերօգնութեամբ, փոխադարձ հաւատարմութեամբ եւ անկեղծ սիրով։
Հաւատարմութիւն եւ անկեղծութիւն առաքինի մարդուն կոչո՛ւմն է։ Մամուլը ժողովուրդի մը մշակոյթի սկզբնական տա՛րրն է. մամուլը կը ճոխացնէ եւ կը զարգացնէ մշակոյթը։
Ըսինք, որ օրաթերթը հրատարակուելով կը յայտնուի, բայց պէտք ունի ընթերցողի ինքզինք յայտնելու համար։ Աստուած նոյնիսկ, իր էութիւնը յայտնելու պէտքը զգաց եւ մարդը ստեղծեց, որպէսզի Ինքզինք յայտնէ։ Անտարակոյս Աստուած անսկիզբ եւ անվերջ՝ մշտակայ գերագոյն էակն է, քանի որ Ան Է՛, բայց եթէ չյայտնուէր Անոր աստուածութիւնը, որո՞ւ եւ ինչպէ՞ս պիտի յայտնի ըլլար։ Պարագան նո՛յնն է ահաւասիկ օրաթերթին համար. ան կը հրատարակուի, բայց յայտնուելու համար ընթերցողի պէտք ունի։ Մամլոյ մշակներու վաստակը անուրանալի է անշուշտ մամուլին գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար, բայց նոյն հարցին ընթերցողին ծանր պարտականութիւն եւ պատասխանատուութիւն կը վերաբերի։ Ընթերցողը, այս իմաստով, պատմական, ընկերային եւ մշակոյթի պահպանման վերաբերեալ լուրջ պատասխանատուութիւն պէտք է ստանձնէ։ Ուրեմն, ԺԱՄԱՆԱԿ-ն ալ իր ամենալայն առումով ընտանիք մըն է իր անձնուէր մամլոյ մշակ եւ սպասաւորողներով, իր հարազատներով ե՛ւ իր հաւատարիմ, սիրելի եւ նոյնքան հարազատ ընթերցողներով։
Շնորհաւոր ըլլայ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին հիմնադրութեան եւ «ծննդեան» տարեդարձը։ Կը մաղթենք, որ Անոր արեւածագը համընթաց տեւէ Արեւին ամէնօրեայ ծագման հետ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 27, 2025, Իսթանպուլ