ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ՝ ՈՒՐ ԽՕՍՔԸ ԽՕՍՔՈՎ «ԱԶԱՏ ԷՐ»
Խորհրդային Միութեան տարիներուն օտարազգի բազմաթի՜ւ մտաւորականներ ձերբակալելէ եւ Սիպիրի կամ մահապատիժի արժանացնելէ ետք արեւու պէս յստակ էր, որ ուշ կամ կանուխ այդ ճակատագիրին պիտի արժանանան նաեւ որոշ հայ գրողներ՝ որոնք միտքի ազատութիւնն ու իրենց ունեցած գաղափարախօսութիւնները աւելի կը կարեւորէին՝ քան սեփական հանգիստն ու ազատութիւնը։ 25 փետրուար 1956 թուականին Խրուշչեւ հանդէս եկաւ «Գաղտնի ճառ» խորագրեալ ճառով մը, որուն մէջ քննադատեց Ստալինի իշխանութեան տարիներուն անոր ճնշումներու որպէս արդիւնք տարածուած անձի պաշտամունքը, զանգուածային ձերբակալութիւններն ու գնդակահարութիւնները եւ այսպիսով փորձեց տարածել աւելի «ազատ» Խորհրդային Միութեան մը հեռանկարը։ Անշուշտ, նման «ըմբոստութիւն» մը նման բարձրաստիճան գործիչի մը կողմէ կարեւոր էր Խորհրդային Միութեան տարածքին ապրող մտաւորականութեան համար, որոնք իրենց խօսքի ազատութիւնը վախի ազդեցութեան տակ խեղդուած կը պահէին: Օտարազգի որոշ գրողներ արդէն իսկ ենթադրուած էին ստալինեան հալածանքներու. նոյն ժամանակ կային որոշ հայ գրողներ, որոնք աչքի փուշ էին Խորհրդային Միութեան համար։ Սակայն, հայ գրողներ օտար գրողներէն ունէին այլ տարբերութիւն մը եւս. օտար գրողները կը քննադատէին Ստալինն ու անոր քաղաքականութիւնը, իսկ հայ գրողները անոր վրայ կու գային աւելցնել ազգային հակումները, որոնք Խորհրդային Միութեան տարածքին անընդունելի մեղք էին:
Որոշ անողնաշար մտաւորականներ անշուշտ իրենց սեփական շահերն ու ազատութիւնը այդ բոլորէն աւելի վեր նկատելով՝ հեռու կեցան այդ բոլորէն. նախընտրեցին գովերգել Խորհրդային Միութեան լուծին տակ ապրող Հայաստանը՝ այդ մէկը նկատելով զարգացման ու բարօրութեան կատարեալ ընթացք մը։ Բայց եւ այնպէս, տարօրինակ է, որ պատմութիւնը՝ մանաւանդ սփիւռքը յիշեց ու սիրեց ա՛յն բանաստեղծները, որոնք ամբողջութեամբ հակառակ՝ բռնատիրութեան տակ հայրենիք երգեցին եւ երբեք չվախցան հալածանքներէն. օրինակի համար, Յովհաննէս Շիրազ կամ Պարոյր Սեւակ շատ աւելի լսելի դարձան սփիւռքի, ինչպէս նաեւ հայրենիքի մէջ՝ քան ուրիշներ, որոնց անունը լոկ պատմութեան էջերուն մէջ կարելի է գտնել այսօր։ Այս երկու դասակարգի պատկանող մտաւորականներէն անդին կար նաեւ երրորդը. անոնք՝ որոնք նախանձով լեցուած իշխանութեան աչքը մտնելու եւ անոնցմէ գովասանք ստանալու համար ամէ՛ն ստորութիւն յանձն առնելով կը մատնէին ու կը հետապնդէին հայրենասէր բանաստեղծները եւ անոնց ուղղակի կամ անուղղակի հայրենասիրական քարոզչութիւնը հրապարակ հանելով անոնց հանդէպ հալածանք կը յարուցէին։ Անոնք կ՚աջակցէին, որպէսզի Սովետական Միութեան իշխանութիւնները հալածեն ու բանտարկեն բոլոր այն գրողները, որոնք հետեւեալ «սխալ»ները ունէին.
ա. Անոնք, որոնք կորսնցնելով չափի ամէն զգացում, կ՚ապրին միայն ժողովուրդի անցեալով եւ չեն նկատեր հիասքանչ այսօրը եւ չեն պատկերացներ Խորհրդային Միութեան բարելաւած վիթխարի խնդիրները:
բ. Անոնք, որոնք հեռանալով դասակարգային դիրքերէն՝ դէպի նեղ ազգային դիրքեր կ՚առաջնորդուին:
գ. Անոնք, որոնք մամուլի էջերուն մէջ կը հրատարակեն այնպիսի ստեղծագործութիւններ, որոնք տոգորուած են թախիծով, հիասթափութեամբ եւ ապագայի նկատմամբ թերահաւատութեամբ:
դ. Անոնք, որոնք կը փորձեն նուաստացնել Խորհրդային Միութեան ձեռքբերումներն ու նուաճումները:
ե. Անոնք, որոնք Ստալինի անձի պաշտամունքը քննադատելու անուան տակ փորձեր կ՚ընեն քննադատելու Խորհրդային Միութիւնը:
Անշուշտ, պէտք է նկատի ունենալ, որ այս բոլորը ի գործ կը դրուէր այն ժամանակ՝ երբ Խորհրդային Միութիւնը կը հաստատէր, թէ իւրաքանչիւր քաղաքացի ունի խօսքի ազատութեան իրաւունքը, սակայն, հակառակ այս արտայայտութիւններուն, զննութեան կ՚ենթարկուէին տպագրուող բոլոր գիրքերն ու թերթերը՝ մինչեւ իսկ թատերական ներկայացումները: Իշխանութիւններուն հանդէպ որեւէ քննադատութիւն տարբեր պատճառաբանութիւններով անձը կրնար աշխատանքէն զրկել, աքսորի կամ բանտարկութեան արժանացնել։ «Խօսքի ազատութեան» տիրող այդ սահմաններուն մէջ մարդիկ նոյնիսկ կը վախնային անձնական զրոյցներու ընթացքին քաղաքական հարցեր քննարկել, որովհետեւ որեւէ սխալ արտայայտութիւն կրնար մարդու կեանքը վերածել դժոխքի: Այս բոլորէն անմասն չմնացին հայ մտաւորականները, որոնց մասին պիտի խօսինք մեր յաջորդ յօդուածին մէջ։ Անշուշտ, մթնոլորտը տարբեր ղեկավարներու օրօք աւելի մեղմացաւ կամ հակառակը՝ սաստկացաւ, սակայն, բացայայտ է, որ խօսքի ազատութիւնը երբեք գոյութիւն չունեցաւ՝ այնպէս ինչպէս այսօր գոյութիւն չունի գրեթէ բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր խօսքի ազատութիւն կը քարոզուի իշխանութիւններու կողմէ:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Մի՛ հպարտանար մարմնական ուժիդ, գեղեցկութեանդ եւ այլ ձիրքերուդ համար: Թեթեւ հիւանդութիւն մը, դժբախտ արկած մը՝ կրնայ ամէն բան կորսնցնել տալ քեզի:
ԱՆԱՆՈՒՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան