ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ԸՍՈՂՆ ՈՒ ՉԸՍՈՂԸ

Զգացումները արտայայտելու մէջ մարդիկ տարբեր են. ոմանք կը յաջողին զանոնք բառերու վերածել, սակայն, ուրիշներ լաւապէս ճանչնալով իրենց զգացումները չեն կրնան արտայայտուիլ։ Անշուշտ, մեր սխալ համոզումով՝ յաճախ առաջինները ինքնավստահ եւ երկրորդները անինքնավստահ մարդիկ կը կարծենք։ Այս կէտին մեծ դեր ունի դաստիարակութիւնն ու այն շրջապատը, որուն մէջ հասակ առած է անհատը: Շատ անգամ այդ լռութիւնը կը թարգմանուի նաեւ որպէս «վախ»։ Լռելու պատճառներէն մէկը կրնայ վախը ըլլալ, սակայն, վախէն բացի այդտեղ կարելի է գտնել նաեւ այլ երեւոյթներ ու արժէքներ։ Մարդ իր զգացումները կը դժուարանայ բացատրելու հիմնական մի քանի պատճառներով.

ա. Մշակման ժամանակ.- Որոշ զգացումներ՝ նոյնիսկ եթէ անցեալին կը պատկանին անձէն ժամանակ կը պահանջեն. ոմանց համար այդ ժամանակը կրնայ մի քանի շաբաթ ըլլալ, իսկ ուրիշներու համար մի քանի տարի (գուցէ ոմանց համար այդ ժամանակը երբեք վերջ չունենայ)։ Իւրաքանչիւր անձ հիմնուած իր խառնուածքին, իր համոզումներուն ու դաստիարակութեան վրայ տարբեր ձեւով կ՚ընդունի երեւոյթ մը կամ պատահար մը։ Մարդ նոյնիսկ եթէ լուռ մնայ, յիշողութիւնը մէկ-մէկ կը վերադառնայ անցեալ, դարձեալ կը զննէ դէպքերը, կը փորձէ դարձեալ վերլուծել եւ այդ բոլորը ուրիշներու որպէս բառ ու զգացում բացատրելէ առաջ ի՛նք կարիք կ՚ունենայ հասկնալու։ Մարդ մը չի կրնար յստակ ձեւով բացատրել իր զգացումները այն մասին՝ երբ այդ բոլորը իր կողմէ ամբողջովին հասկցուած չէ։ Այդ իսկ պատճառով, կը պահանջուի մշակման ու ընկալման շրջան մը եւ եթէ այդտեղ հակասութիւններ, անարդարութիւններ տեղ գտնեն, ապա այդ ժամանակը կրնայ շատ աւելի երկար տեւել: Նման պարագաներու մէջ մարդ կը տատամսի եւ կը նախընտրէ այդ զգացումը իր մէջ պահել եւ այս պարագային այդ լռութիւնը պաշտպանութիւն կը դառնայ: 

բ. Բառերու պակաս.- Կան զգացումներ, որոնց դիմաց մարդ միայն մէկ բան կրնայ ըսել. «չեմ գիտեր, ինչպէս բացատրեմ»։ Այս մէկը վախէն ու անվստահութենէն աւելի անբացատրելի զգացումներ զգալու երեւոյթն է։ Մարդ յաճախ ինքզինք կը գտնէ զգացումներու մէջ՝ որոնց բացատրութիւնը չունի. զգացում՝ որուն գոյութիւնը ակնյայտ, սակայն, վերլուծութիւնը դժուար ու անընթեռնելի է։ Անշուշտ, այստեղ դեր ունի նաեւ դաստիարակութիւնը։ Մարդ անհատը շատ մը զգացումներ ու անոնց արտայայտութիւնները կը սորվի փոքր եղած ժամանակ՝ դաստիարակութեամբ։ Օրինակի համար, մանուկը սիրոյ զգացումը դաստիարակութեամբ՝ իր ապրած շրջապատին մէջ կը սորվի։ Եթէ ընտանիքին մէջ կայ վէճ, բռնութիւն՝ բացասական այդ զգացումները եւս այդտեղ կը սորվի: Օրինակի համար, եթէ ընտանիքը իր զաւկին խօսած չէ սիրահարութեան զգացումին մասին եւ պատանի-երիտասարդը առաջին անգամ ինքզինք կը գտնէ այդ զգացումին մէջ, ապա բառեր չի գտներ արտայայտելու, որովհետեւ այդ զգացումը իրեն համար անծանօթ է, չի կրնար արտայայտուիլ, որովհետեւ այդ նորութիւնը տակաւին չէ կրցած հասկնալ ու ըմբռնել եւ հետեւաբար, այդ մէկը մարդու մօտ բառերու պակաս կը ստեղծէ։ Այդ է պատճառը, որ ամէն պատանի-երիտասարդ իր սիրոյ զգացումները համարձակութեամբ չի կրնար արտայայտել։ Այդ զգացումին նորութիւնն է յաճախ, որ նոյնիսկ զանոնք հեռու կը պահէ սիրոյ խոստովանութենէն: 

գ. Բնաւորութիւն.- Շատեր կը հաւատան, թէ մարդու բնաւորութիւնը ունի իր դերը։ Սակայն, միւս կողմէ, ուրիշներն ալ կը պնդեն, որ բնաւորութիւնը դաստիարակութեան ճամբով հաստատուած է։ Բայց եւ այնպէս, հոգեբանութեան մէջ գոյութիւն ունի ներամփոփման երեւոյթը։ Շատեր կը սիրեն իրենց զգացումները հանրային ապրիլ։ Անոնց զգացումները ծանօթ կ՚ըլլան ծնողքին, հարազատներուն ու բարեկամներուն։ Այս առաջիններուն ամբողջութեամբ հակառակ, շատեր կը նախընտրեն ամէն զգացում ապրիլ գաղտնի եւ առանձին։ Անշուշտ, բնաւորութեան գիծեր են, սակայն, խորքին մէջ ունին իրենց հոգեբանական բացատրութիւնները. ինչպէս՝ քննադատութեան արժանանալու, ծաղրուելու վախ եւ այլն: 

դ. Արժեչափերու տարբերութիւն.- Անշուշտ, այստեղ եւս դաստիարակութիւնը իր դերը ունի. նոյն զգացումը երկու տարբեր անձերու համար տարբեր իմաստ ու նշանակութիւն կրնան ունենալ։ Օրինակը տանք հետեւեալ ձեւով. կան ծնողներ, որոնց համար իրենց զաւակներուն «քեզ կը սիրեմ» ըսելը բնական ու բնականէն անդին պարտադիր դրական զգացում մըն է։ Անդին կան ծնողներ, որոնց բերնէն երբեք կարելի չէ լսել այդ բառերը՝ հակառակ անոր, որ իրենք իրենց սէրը իրենց գործերուն ու հոգածութեան ճամբով ցոյց կու տան։ Եոյն սէրն ու նոյն զգացումն են, սակայն, մէկուն համար այդ ոսկի բառերը արտայայտելը պարզ, իսկ միւսին համար բարդ է։ Այս տարբերութիւնը առաջինին աւելի, իսկ վերջինին պակաս սիրելը ցոյց չի տար։ Ինչպէս ըսինք, դաստիարակութիւնը դեր ունի, որովհետեւ մարդ ի ծնէ արժէքներ չ՚ունենար։ Արժէքները ընտանիքին մէջ է, որ կը կազմուին եւ ապրած շրջապատը մեծապէս իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ. օրինակի համար, զաւակ մը՝ որ ծնած օրէն կը լսէ, թէ ինչպէս մայրը հօր, հայրը մօր եւ ծնողքը զաւկին «քեզ կը սիրեմ», կ՚ըսէ, ապա պարզ է, որ այդ արտայայտութիւնը «բնական» տեսք ունենայ իրեն համար: 

•​շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Պատասխանատուութեան բարդ խնդիրն է, մարդուն բաժինը՝ իր առած որոշումներուն մէջ:

ԿԱՐՕ ՓՕԼԱՏԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2026