«ՄՈՌՆԱԼ» ԸՍԵԼԸ ՅԻՇԵԼԸ ՑՈՑ ՉԻ՞ ՏԱՐ
Մարդկային կեանքի մէջ կան դժուարութիւններ, որոնք տեսանելի չեն. մարմնի վրայ չեն տեսնուիր, ջերմաչափով չեն չափուիր եւ ազդեցութեան որոշ չափանիշ մը չունին. կը շարունակեն ապրիլ լուռ ու անաղմուկ մարդու ներաշխարհին մէջ: Սակայն, սարսափելին անոնց լռութիւնը չէ. ահաւորը այն է, որ շատեր անտեղեակ այդ տառապանքներէն՝ «ուրախ» ու «երջանիկ» ըլլալ կը կարծեն, իսկ անոնք, որոնք տեղեակ են, «լռել»ը կը սկսին շփոթել մոռացութեան հետ: Մարդիկ մի՛շտ ալ լռութիւնը առընչած են խաղաղութեան, սակայն, միշտ չէ՛, որ լռութիւնը դրական իմաստ կու տայ։ Աշխարհի մեծագոյն ոճիրներն ու ողբերգութիւնները մի՛շտ մութին՝ լռութեան մէջ կը կատարուին. մարդու լռութիւնը պէտք չէ ագուցել հանդարտութեան եւ ապաքինման հետ։ Կան վէրքեր, որոնք ժամանակի ազդեցութեան տակ նոյնիսկ չեն մոռցուիր. կան անապաքինելի ցաւեր, զորս մարդ կամայ ակամայ մինչեւ գերեզման իր հետ պիտի տանի: Սակայն, հիմնական ցաւ պատճառողը այս բոլորը չեն. արմատական ցաւը այստեղ կը սկսի. բազմաթիւ անձեր, որոնք այդ ցաւը չեն ապրած ամենայն հանդարտութեամբ՝ «մոռցի՛ր», մը կ՚ըսեն՝ կարծելով, որ այդ մէկ բառը դրական ու օգտակար ազդեցութիւն մը պիտի տայ։ Ուրիշին համար «մոռցի՜ր», ըսելը ինչ դիւրին է. արտասանելը երկվայրկեան մը չի տեւեր, մինչ անձը այդ ցաւը իր հետ ապրեցուցած կ՚ըլլայ տասնամեակներ: Այդ իսկ պատճառով, մարդ կը նախընտրէ իր ցաւերը լռութեան մէջ ապրիլ. լռութեան մէջ ապրուած ցաւն է, որ ուրիշներու կողմէ չի թարգմանուիր եւ այդ կեանքի բեռը մէկ բառով՝ «մոռցի՛ր»ով շատ աւելի դաժան վիճակ մը կը ստանայ:
Շատեր կը կարծեն, որ որոշ ցաւեր մոռնալը-չմոռնալը ո՛չ թէ ճակատագիրի, այլ սեփական որոշումի հարց է. ինչպէ՞ս կարելի է նման որոշում մը տալ. առտու մը պէտք է արթննալ եւ ըսել, որ այլեւս «այս հարցը պիտի չյիշե՞մ»։ Այդ մէկը ինքնին հարցը յիշել չէ՞ արդէն. եթէ մոռնալը իրապէս այդպէս դիւրին ըլլար, ապա այսօր աշխարհի վրայ տառապող մարդիկ գոյութիւն պիտի չունենային։ Բոլորը պիտի ընտրէին երջանկութիւնը:
Պատկերացուցէք, թէ ձեզի պահ մը ըսեն՝ «սպիտակ ձիուն մասին մի՛ մտածեր»։ Նոյն վայրկեանին առաջին բանը, որ ձեր միտքը պիտի գայ, բնականաբար ճերմակ ձի մը պիտի ըլլայ՝ նոյնիսկ եթէ այդ պահուն ընդհանրապէս ձիու մասին չէք մտածեր։ Նոյնն է պարագան այս կամ այն ցաւին մասին «մի՛ մտածեր», ըսելը։ Սարուխան իր երգիծանկարներէն մէկուն մէջ կը ներկայացնէ ձեռքն ու ոտքը կոտրած մարդ մը՝ որ անկողինին մէջ կը տառապի. անոր քովը գտնուող ներկայանալի մարդը՝ որուն ո՛չ ոտքը եւ ո՛չ ալ ձեռքը կոտրած են, կ՚ըսէ. «Ճանըմ բան մըն էր եղաւ անցաւ։ Ճիշդ է անիկա քեզի անգամ մը տփեց եւ վիրաւորեց: Բայց, անկէ ասդին անիկա ամէն բան մոռցած՝ իր գործին է: Ձանիկը հանած չունի: Դուն ըսես՝ խելքդ միտքդ միշտ դէպքին վրան է: Կը գանգատիս, կը հայհոյես, «էօ՜ֆ փիւֆ», կ՚ընես: Մոռնալու է էֆէնտիմ, եղածը մոռնալու է…»։ Անձի մը համար, որ այդ ցաւն ու տառապանքը չ՚ապրիր, «մոռցի՛ր», ըսելը դիւրին է։ Անկողինին մէջ ցաւերով տապալող մարդն է, որ իրապէս գիտէ այդ ցաւին ինչութիւնը։ Պատճառը այն է, որ ամէ՛ն մարդու համար իր կրած տառապանքը ամենէն «դժուար»ն ու «անհանդուրժելի»ն է։ Մարդ որոշ ցաւեր միայն կրնայ հասկնալ այն ժամանակ՝ երբ իր մորթին վրայ կրէ։ Նոյն այդ մարդուն պէս այսօր մենք ալ շատերու տառապանքը կ՚արհամարհենք եւ կամ գուցէ զանոնք կը փորձենք համեմատել մեր տառապանքներուն հետ. բա՞խտ, թէ կատարուած ընտրութիւններ՝ հարցական է։ Այդ իսկ պատճառով, մարդիկ ցաւն ու տառապանքը երբեք չեն մոռնար. պարզապէս կը սորվին ապրիլ այդ ցաւերով։ Անշուշտ, երանելիներ պիտի ըլլայինք բոլորս, եթէ զանոնք մոռնալու ուժն ու կարողութիւնը ունենայինք:
Տարօրինակ է, սակայն, շատ մը գրողներ սիրահարներ են այդ տառապանքներուն, որովհետեւ ուրախութիւնը մարդը այնքան չի կրնար դաստիարակել՝ ինչքան ցաւն ու տառապանքը։ Շատ մը մտաւորականներ սիրելով հանդերձ՝ գովերգած են մոռացութիւնը։ Անշուշտ, կարելի չէ չյիշել հայ մեծագոյն բանաստեղծներէն Վահան Տէրեանի «Մոռանալ» բանաստեղծութիւնը, որուն մէջ բանաստեղծը մոռացութիւնը կը ներկայացնէ որպէս փրկութիւն. կ՚ուզէ մոռնալ ամէ՛ն ինչ, մոռնալ բոլորը։ Անշուշտ, նոյն Վահան Տէրեանը կը գրէ. «Ես արդէն երբեք չեմ մոռնար», որովհետեւ այն բոլորը, որ մարդ ապրած է եւ մա՛նաւանդ ապրած է անոնց ցաւն ու տառապանքը՝ չի կրնար մոռնալ. ուրախութիւնն ու զուարթ ժամերը շատ աւելի դիւրին կը մոռցուին՝ քան բացասականները:
Մոռցուած այլ հայ բանաստեղծ մը՝ Իսահակ Իսահակեան 1909 թուականին կը գրէր «Ա՜խ մոռացիր, մոռացիր» խորագրեալ բանաստեղծութիւն մը։ Անշուշտ, կարելի է բազմահազար բանաստեղծներ յիշել այստեղ, որովհետեւ ամէ՛ն մարդ կ՚ուզէ այսպէս կամ այնպէս մոռացութեան տալ այն տառապանքը՝ որուն կը պարտին շատ բան։ Յաջորդ անգամ երբ գերեզմանատուն այցելէ՛ք, յիշեցէք, որ այդտեղ պառկած են բազմաթի՜ւ դիակներ, որոնք այժմ յաջողած են «մոռնալ» բոլոր այն իրադարձութիւնները, որոնք ժամանակին յիշելու եւ մոռնալու միջեւ պայքար կը մղէին:
Բոլոր տառապողներս գէթ որպէս մխիթարանք պէտք է հաւատանք, որ ճշմարիտ են ռուս մտաւորականին հետեւեալ խօսքերը. «Եթէ մարդ չանցնի տառապանքի միջով, չի կրնար երջանկութեան ինչ ըլլալը հասկնալ»:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Կեանքի արժանավայել գիտակցութիւնը, գոյութեան ազնիւ ըմբռնումը այն միակ արժանիքն է՝ որուն վրայ մարդ իրաւամբ ու ազատօրէն կրնայ մեծաբանել, նոյնիսկ ամենախոնարհ ծագումով:
ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան