ՀԱՅ ԳԻՐԸ…
«Իմաստութիւնը եւ խրատը գիտնալու համար, հանճարին խօսքերը հասկնալու համար…». (ԱՌԱԿ. Ա 2)
Առակաց Գիրքի այս բառերը հիմնաքարն են հայ գրականութեան։ Եւ գրականութիւն ունենալու նախապայմա՛նն է գի՛րը։ Եւ այս տողերը եղան հայ գրականութեան եւ հայ կեանքին «ալֆա»ն եւ «օմեկա»ն՝ սկիզբը եւ վախճանը, մէկ խօսքով՝ ինքնապահպանման եւ ինքնատեւման պատճառը։ Արդարեւ գիրը՝ ժողովուրդի մը կեանքին մղիչ ուժը եւ զարգացման ազդա՛կն է։ Սնո՛ւնդն է անոր հոգեմտաւոր կեանքին։ Ուստի, ամէն հայ պէ՛տք է հասկնայ հայ գիրին արժէքը, պէտք է գիտնայ զայն արտասանել յստակութեամբ, ջինջ առոգանութեամբ, ուժեղ շեշտով, հպարտ այլ գիտակի՛ց կեցուածքով եւ մանաւանդ նախանձախնդրութեամբ եւ քաջ եւ պատասխանատու ոգիով։
Արդարեւ, «գիր»ը սո՛ւրբ բառ է։ Հոգեկան ազնիւ զգացումներով եւ երկիւղած յարգանքով, ակնածանքով պէտք է արտասանել «գիր» բառը, քանի որ ան իր մէջ կը պարունակէ ամբողջ պատմութիւն մը. մէկ «գիր» մը՝ հազար եւ աւելի «կեանք» կը նշանակէ։ Ահաւասի՛կ, այս իմաստով, բառերուն բա՛ռն է «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց»ը՝ հրաշագործ բառը։ Բայց աւա՜ղ, հայ գիրը այսօր ընդհանրապէս կը կորսնցնէ իր արժէքը հայ մարդու աչքին։ Հայ գիրը «օտար» եւ «անծանօթ» կը թուի հայ մարդուն…
Հայ անունով, հայ հոգիով, հայ արիւնով մարդիկ կարծես խորթացեր են հայ գիրին նկատմամբ։ Եւ անունով օտար, հոգիով օտար, արիւնով օտար մարդիկ աւելի հետաքրքիր եւ աւելի մօտ են հայ գիրին՝ կը գնահատեն, արժէք կ՚ընծայեն հայ գիրին։ Կարելի՞ է երեւակայել, թէ մարդ կրնա՞յ օտարանալ իր սեփական արժէքներուն, կրնա՞յ ուրանալ այն՝ ինչ որ ի՛րն է, հարազա՛տը։
Արդարեւ, ոմանք, յարգելի փոքրամասնութիւն մը դեռ կը պայքարին հայ գիրին պահպանութեան եւ կենդանութեան։ Գիր, գրականութիւն, գիրք եւ մամո՛ւլ. երախտաւոր հոգեմտաւոր զինուորներ կը շարունակեն հայ գիրը վառ պահել։ Բայց բաւակա՞ն է. խնդրական է այդ։
Ոմանք ալ՝ յուսահատներ, այլեւս լքած են այդ սրբազան պայքարը. կացութիւնը փրկելու համար չեն խնայեր իրենց վերջին ճիգերը, բայց յուսալքուա՛ծ…
Ուրիշներ, անտարբերութեան, անհոգութեան ջլատիչ ազդեցութեան տակ՝ բոլորովին դարձած են անհաղորդ եւ անշահախնդիր, որոնց համար կարելի է հարցնել. մարդ կրնա՞յ այսքան օտար ըլլալ ինքն իրեն…
Ո՜վ կրնայ անտեսել, ուրանալ այս ցաւալի իրողութիւնը, երբ կը նշմարուին իրմով, իր իսկ նախնիներով մարմին առած գիրերը՝ գիրքերը պարզ եւ անպէտ «փայտի կոճղ»երու պէս հոս-հոն նետուած, երբեմն իբրեւ հիներէն թողուած ժառանգութիւն՝ տուներու շտեմարաններու, ամբարներու մէջ պահուելով որպէս անպէտ եւ աւելորդ առարկաներ, երբեմն զարդի եւ ցոյցի ծառայելով՝ կեղծ գրադարաններու մէջ, իսկ երբեմն ալ կարասիի հանգամանքով… յաճախ գրապահեստի վերածուած… հասցէ փնտռելով…
Այս տեսարանին առջեւ արդեօք ի՞նչ կը խորհի եւ ի՞նչ կ՚ըսէ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց։
Հարցումը կը ճանկռտէ այն բոլոր ուղեղները՝ որոնք մտահոգ են հայ գիրին ներկայ վիճակին նկատմամբ։ Բարեբախտաբար, տակաւին կը գտնուին նախանձախնդիր գրասէրներ՝ որոնք կարելին կ՚ընեն հայ գիրը պահպանելու եւ կենդանի պահելու համար։ Եւ անոնց համար են Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի բերկրանքի՜ արցունքները երկինքէն երկիր հոսող։
«Ճանաչե՜լ զիմաստութիւն եւ զխրատ,
Իմանալ զբանս հանճարոյ». (ԱՌԱԿ. Ա 2)։
Ահաւասի՛կ, առաջին հայագիր տողերը հայոց հոգեմտաւորական պատմութեան… Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց հայ գիրերուն գիւտէն յետոյ կը մօտենար Հայաստան. սիրտը կը դողար։ Բիւզանդացին եւ պարսիկը՝ ասորիին հետ միասին, համաձայնելով՝ դաշնակցելով «պարսկացած», «յունացած» եւ «ասորացած», ազգադաւ եւ հոգեփոխ հոգիներու հետ, «ոսկի հորթո՞վ» պիտի դիմաւորէին զինք, թէ ծաղիկներով եւ ովսաննաներով։ Սիրտը մագաղաթին պէս տժգոյն էր։ Տեղեակ էր, թէ ի՞նչ դաւեր կը սարքուէին իր ժողովուրդին գլխուն։ Հայոց երկինքին վրայ թանձրացած ամպը իր ծանր ստուերը նետած էր սրտին մէջ այս ճգնակեաց վանականին։ Սրտին դողը, մտքին կասկածը կ՚աւելնար հետզհետէ, երբ կը հասնէր քաղաքամայր Վաղարշապատի մօտերը։ Ի՜նչ զարմանք, ի՜նչ բերկրանք, ի՜նչ ուրախութիւն. թագաւոր եւ կաթողիկոս, նախարար եւ իշխան, եպիսկոպոս եւ վարդապետ, ազատականներ եւ գեղջուկներ, քահանաներ եւ սարկաւագներ, այրեր եւ կիներ, ծերեր եւ երիտասարդներ համախումբ, միասիրտ հաւաքուած էին Ռահ գետի միւս ափը եւ աչքերնուն մէջ սուրբ ակնկալութեան, սրբազան լոյսի փայլովը կը սպասէին «լոյս գիր»ին եւ «լուսաբեր վարդապետ»ին։ Ամբողջ Հայաստան ամփոփուեր էր Ռահ գետի ափին…
Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց բացաւ մագաղաթը։ Գիրը ճառագայթեց եւ ոսկի շողերով լեցուց աչքերը եւ հոգիները ակնկառոյց եւ ծարաւի հայ որդիներուն։
Ահաւասի՛կ, «հայ գիր»ին պատմութիւնը. ո՞ր հայրը չ՚ուզեր ծանօթանալ այս սրբազան հրաշալի՜ գիրերուն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 24, 2026, Իսթանպուլ