ՀԱՐՍՏԱՆԱԼՈՒ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ
Յայտնի փիլիսոփայ Նիցչէ կ՚ըսէ, թէ ան որ իր կեանքին մէջ ունի «ինչու» մը, անպայմանօրէն կը ստեղծէ «ինչպէս»ը եւ մեր մարդկային կեանքը այդ «ինչո՞ւ»ին «ինչպէ՞ս» մը գտնելով կ՚անցնի. ոմանք կը յաջողին իսկ ոմանք ոչ: Այդ «ինչո՞ւ»ն ինքնին նպատակն է եւ լաւագոյն «ինչպէ՞ս»ը կը ստեղծուի այն ժամանակ, երբ մարդ իրապէս հաւատայ իր «ինչո՞ւ»ին, իրապէս կեդրոնանայ եւ միայն ու միայն այդ ուղղութեամբ աշխատի: Գրողին համաձայն՝ մարդ յաջողիլ ու հարստանալ կը սկսի այն ժամանակ, երբ միտքը, հաւատքը, նպատակը կ՚ըլլայ իր «ինչո՞ւ»ն «ինչպէ՞ս»ով յաջողեցնելու վրայ։ Այս կապակցութեամբ հեղինակի լաւագոյն խօսքերէն մէկը հետեւեալն է՝ որ կ՚արժէ կեանքի նշանաբանի վերածել. «Յաջողութիւնը սկիզբ կ՚առնէ այն ժամանակ, երբ մարդ իր մտածումները, հաւատքն ու նպատակը կեդրոնացնէ այն բանին վրայ՝ որուն կ՚ուզէ հասնիլ»։ Այնպէս, ինչպէս Աւետարանը կ՚ըսէ, որ հաւատքով կարելի է անգամ լեռը տեղէն շարժել, նոյն հաւատքով ու վստահութեամբ մարդ կրնայ ձեռք բերել այն յաջողութիւնը՝ որուն կը ձգտի. պարզապէս պէտք է հաւատայ ու անոր հիման վրայ ճիշդ ուղղութեամբ գործէ:
Մարդիկ անդադար բողոքելով, աղքատութեան մասին մտածելով ու անոր դժուարութիւններուն մասին խօսելով իրենք զիրենք կը բանտարկեն աղքատութեան մէջ, որովհետեւ անոնց միտքը աղքատութեան ինչութեան վրայ է, որ կը կեդրոնանայ եւ ո՛չ թէ բուժումին։ Այդ իսկ պատճառով գրողը կը յորդորէ, որպէսզի մարդ իր կեդրոնացումը իր ներկայ դժուարութեան վրայ դնելու փոխարէն մտապէս ու հոգեպէս հաւատայ, որ իր աշխատանքով կրնայ հասնիլ հոն՝ ուր կ՚երազէ ըլլալ։ Գիտէ՞ք չէ, հոգեբանութեան մէջ կ՚ըսուի, որ հիւանդ մը հիւանդ պահող մեծագոյն ազդակը իր հիւանդի հոգեբանութիւնն է. նոյնիսկ բուժումը շատ անգամ ստացած դեղին հանդէպ ունեցած վստահութեան արդիւնքը կ՚ըլլայ։ Նոյնն է նաեւ յաջողութիւնը. եթէ մարդ ինքզինք համոզէ, որ ինք անկարող է, որ ինք ձախող է՝ յաջողութիւնը նոյնիսկ իր քովէն անցնի՝ ինք երբեք պիտի չնկատէ: Վախը, կասկածը եւ բացասական միտքերը ձեզ կը շեղեն ձեր նպատակներէն:
Որպէսզի մարդ յաջողի, պէտք է իր միտքը մարզէ հետեւեալներուն.
Ա.- Որոշէ, թէ ինք ի՞նչ կ՚ուզէ:
Բ.- Կեդրոնանայ այդ միտքի յաջողութեան վրայ:
Գ.- Խուսափի բացասական մտածումներէ եւ ենթադրութիւններէ:
Դ.- Կարգապահութեամբ կեդրոնանայ եւ սկսի գործել իր տեսլականին հասնելու նպատակով:
Այս բոլորը մարդ աւելի կը յաջողի ընել, երբ տեսնէ, թէ իր յաջողութիւնը կը ներշնչէ նաեւ ուրիշները։ Ինք օրինակ կ՚առնէ յաջողակ անձերէ եւ իր կարգին օրինակ կը դառնայ ուրիշներու, որ հիմքն է բարեգործութեան, որովհետեւ այն անձը, որ կարեկցանք չունի եւ յաջողիլն ու հարստանալը մրցակցութեամբ կը փորձէ առջեւ տանիլ՝ անոր մէջ բարի կամք ու մտածում չի կրնար տեղ գտնել:
Մտային բաժինը լաւապէս հասկնալէ ետք պէտք է ըմբռնել, որ թէեւ մտայինը առաջնահերթ է, սակայն, առանձինը բաւարար չէ յաջողութեան հասնելու։ Մտածումը ստեղծագործ ուժ է եւ գործողութիւնն է, որ այդ ուժը իրականութիւն կը դարձնէ։ Այս մէկը բացատրենք պարզ ու հասարակ օրինակով մը.- անձ մը կ՚ուզէ ամէն առաւօտ իր սեփական թարմ կաթը ունենալ. այս մէկը մտածում է, սակայն, այդ մէկը ունենալու համար գործողութիւնը կը պահանջէ կով ունենալ եւ ամէն առաւօտ այդ կովը կթել, եթէ միտքը կայ՝ սակայն գործը կը բացակայի, միտքը կը շարունակէ մնալ միտք եւ հաւատացէ՛ք, որ այսօր աշխարհի վրայ կան բազմաթի՜ւ անձեր, որոնք ունին միտքը՝ սակայն ոչ գործը. կան բազմաթի՜ւ անձեր, որոնք գործելու պարագային պիտի յաջողին՝ սակայն կը շարունակեն մնալ միտքին վրայ: Մարդիկ չեն գործեր, յաճախ պատճառաբանելով անցեալը եւ կամ գործելու համար կը սպասեն ապագային. ո՛չ անցեալը մարդուն է այլեւս եւ ո՛չ ալ ապագան ապահովագրուած է։ Այդ ապագան կրնայ չտրուիլ մարդուն՝ որովհետեւ ոչ ոք գիտէ, թէ երբ է իր վախճանը. մարդուն տրուած միակ ժամանակահատուածը ներկան է. անցեալը աւարտած է, իսկ ապագան անյայտ: Միայն ներկայի մէջ է, որ մարդ պէտք է իր միտքերը իրականութեան վերածէ, որովհետեւ ժամանակը խիղճ չունի, կանգ չ՚առներ եւ ո՛չ ալ ետեւ կ՚երթայ, ապագան ալ չի խոստանար: Այս բոլորը նկատի ունենալով մարդ պէտք է ներկայի հնարաւորութիւններուն վրայ մտածէ. յաճախ կը տեսնենք, թէ մարդիկ կ՚ողբան անցեալին իրենց կորսնցուցած այս կամ այն հնարաւորութիւնը՝ որ կրնար զիրենք յաջողութեան տանիլ. ողբը արդէն իսկ անյայտացած հնարաւորութիւնը պիտի չյաջողի երբեք վերադարձնել. միակ միջավայրը ներկան է եւ պէտք է ներկայի մէջ գտնել յաջողութեան ուղին:
Վստահաբար լսուած խօսք է, որ յաջողութիւնն ու հարստութիւնը մէկ օրէն ձեռք չի բերուիր. սակայն ամէն օր գործելով է, որ ձեռք կը բերուի։ Այնպէս, ինչպէս այսօր մէկ օրէն ձեռք պիտի չբերենք, նոյնպէս ալ վաղը մէկ օրէն ձեռք պիտի չբերենք։ Հետեւաբար պէտք է այսօրը, վաղն եւ յաջորդող բոլոր օրերը այդ նպատակին ծառայեցնենք, որպէսզի անոնց ամբողջութիւնը մեզի տան այն յաջողութիւնը՝ որուն հասնիլ կը ցանկանք: Ներկան լաւապէս ապրելով ու գործելով է, որ վաղուան յաջողութեան պիտի մօտենանք. շէնքի շինութիւնը յատակէն սկիզբ կ՚առնէ եւ մինչեւ վերջին յարկը կը բարձրանայ եւ այդ մէկը ժամանակ կը պահանջէ. նախ պէտք է կառուցել առաջինը, որուն վրայ պիտի հիմնուի երկրորդը. նոյնն է մարդուն կեանքը. այսօրուան փոքր ձեռքբերումներուն վրայ պիտի հիմնուի վաղուան յաջողութիւնը:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Ժողովուրդ հայոց, քեզ համար նկարեցի Դրախտի ընտանիքը, կ՚աղաչեմ, որ իբրեւ հայելի դնես աչքիդ հանդէպ, հայիս ու տեսնաս հիւանդ եւ հիւծեալ կերպարանքդ: Կարկի բերանս, թէ չարագուշակ լինիմ քեզ համար, մահդ ինքնին կը կոչես, ու պիտի մեռնիս, եթէ չվաղվաղես դարման տանել այդ համաճարակ ու մաշող մահաբեր ախտիդ, որ թէ կանուխ թէ անագան զքեզ դէպի թշուառութեան գերեզման կը տանի:
ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան