ՀՕՐ ԿԵՐՊԱՐԸ

Կը պատմուի, թէ երբ բարին Աստուած հայրերը կը ստեղծէր, Ան սկսաւ բարձրահասակ կերպարով մը։ Մօտը գտնուող հրեշտակ մը՝ որ զԻնք կը դիտէր, ըսաւ. «Այդ ի՞նչ տեսակ հայր մըն է, երբ երեխաները փոքր պիտի ստեղծես, ինչո՞ւ հայրը այդքան բարձրահասակ ըլլալու է։ Ան պիտի չկարենայ գնդակ խաղալ առանց ծունկի գալու, մանուկ մը անկողին դնել առանց ծռելու կամ նոյնիսկ ձագուկը համբուրել առանց խոնարհելու»։

Տէրը ժպտելով ըսաւ. «Այո՛, բայց եթէ հայրը մանուկի մը չափով ստեղծեմ, զաւակները որո՞ւն օրինակին պիտի հետեւին»։

Եւ երբ Աստուած հօր մը ձեռքերը շինեց, անոնք շատ մեծ ըրաւ։ Հրեշտակը գլուխը շարժեց եւ ըսաւ. «Մեծ ձեռքերը չեն կրնար մանուկի մը շորիկները փոխել, կոճակները կոճկել, մազերուն ծամակալ դնել եւ կամ ձեռքը մտած փուշերը հանել»։

Տէրը դարձեալ ժպտեցաւ եւ ըսաւ. «Գիտե՛մ, բայց մեծ ձեռքերը կրնան, պզտիկ տղու մը ձեռքերը կրնան պզտիկ տղու մը գրպաններէն պարպած լումաները հաւաքել, եւ դեռ բաւարար են մանուկի մը դէմքը ափին մէջ առնելու»։

Ապա Աստուած երկար բարակ սրունքներ եւ լայն ուսեր կաղապարեց։ «Կ՚անդրադառնա՞ս որ շինեցիր հայր մը, որ գիրկ չունի», ըսաւ հրեշտակը ծիծաղելով։

Տէրը ըսաւ. «Մա՛յրն է, որ գիրկի պէտք ունի։ Հայրը զօրաւոր ուսեր ունենալու է, որ սահնակ մը քաշէ, տղեկ մը հեծանիւին վրայ հաւասարակշռէ կամ քնացած երեխայի մը գլուխը բռնէ, երբ տուն կը վերադառնան կրկէսէն»։

Մինչ Աստուած ցարդ չտեսնուած չափով մեծ ոտքեր ստեղծելու վրայ էր, հրեշտակը զարմանքով ըսաւ. «Ասիկա արդար չէ։ Իրապէս կը խորհի՞ս, որ այդ մեծ ոտքերը պիտի կարենան անկողինէն ելլել, երբ առտու կանուխ կու լայ, կամ մանկական տարեդարձի հաւաքոյթի մը երթալ առանց մի քանի հիւրեր կոխկռտելու»։

Տէրը նորէն ժպտելով ըսաւ. «Մեծ ոտքերը գործնական են։ Վստահէ՛ ինծի։ Անոնք պիտի կարենան շալկել պզտիկ մը՝ որ հանրային պարտէզ կ՚ուզէ երթալ։ Մուկերը փախցնել ամարանոցէն, կամ ներկայացնել կօշիկներ՝ որոնք լեցնելը մարտահրաւէր մը պիտի ըլլայ»։

Աստուած ամբողջ գիշերը աշխատեցաւ՝ հօր տալով քիչ խօսելու շնորհք, բայց հեղինակութիւն ունեցող հաստատ, վստահութիւն ներշնչող ձայն։ Աչքեր՝ որոնք ամէն բան կը տեսնեն, բայց դեռ կրնան հանդարտ եւ հանդուրժող մնալ։

Վերջապէս, կարծես յետադարձ խորհուրդով մը, Ան հօր աչքերուն արցունք աւելցուց։ Ապա հրեշտակին դարձաւ եւ ըսաւ. «Հիմա համոզուա՞ծ, ես որ ան կրնա՞յ մօր մը չափ սիրե՞լ»:

Հրեշտակը այլեւս լուռ մնաց։

Առակախօսը կ՚ըսէ. «Թոռները ծերերուն պսակն են եւ որդիներուն պարծանքը իրենց հայրերն են». (ԱՌԱԿ. ԺԷ 6)։

Մարդու հայրութեան ակունքը Աստուծոյ հայրութի՛ւնն է. (ԵՍ. Գ 15) ան է հիմը ծնողներուն մատուցուած պատիւին։ Անչափահաս թէ խելահաս զաւակներուն յարգանքը իրենց հօր կամ մօր հանդէպ՝ (ԱՌԱԿ. Ա 8), (ՏՈԲ. Դ 3-4) կը սնանի բնական սէրէն, ծնած՝ զիրենք իրարու միացնող զօդէն։ Ան խնդրուած է աստուածային պատուէրէն. (ԵԼՔ. Ի 12)։

Ծնողները պարտին դիտել իրենց զաւակները իբրեւ «Աստուծոյ զաւակներ» եւ յարգել զանոնք իբրեւ «մարդկային անձեր»։ Ծնողներուն առաջնակարգ պատասխանատուութի՛ւնն է՝ իրենց զաւակներուն կրթութիւնը։

Արդարեւ, «ընտանիք»ը մարդ էակին համար բնական միջավայր մըն է նախապատրաստուելու համերաշխութեան եւ կեանքի հասարակական պատասխանատուութիւններուն։ Ծնողներ՝ հայր եւ մայր միասնաբար զաւաներուն կ՚ուսուցանեն զգուշանալ սկզբունքի զիջողութիւններէն եւ արժեզրկումներէն՝ որոնք կը սպառնան մարդկային ընկերութիւններուն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 23, 2026, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունուար 24, 2026