ԽՆԱՄԻՆ ԱՒԵԼԻ ՎԵՐ՝ ՔԱՆ ՈՒՍՈՒՄԸ
Բոլորս ալ վստահաբար լսած ենք, որ խնամի-ծանօթ-բարեկամ սկզբունքով կ՚առաջնորդուի ներկայ աշխարհը. կարողութիւն, իմաստութիւն եւ այլ «ութիւն»ններով վերջացող բոլոր բառերը աւելորդ են պարզապէս: Այդ իսկ պատճառով, ներկայ ընկերութիւնը կարողութիւն, իմաստութիւն ու ձեռքբերումներ ունենալու փոխարէն, ամէն գնով կը փորձէ խնամի-ծանօթ-բարեկամ մը ձեռք բերել՝ որ շատ աւելի ազդու միջոց է նպատակներ իրականացնելու՝ քան միւսները: Սակայն այդ մէկը երբ սեփական աչքիդ դիմաց կը կատարուի՝ եւ ի հեճուկս քեզ քեզի, տարբեր վիրաւորանք կը յառաջացնէ։ Այսպէս.
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մեծագոյն թերութիւններէն մին այն է, որ աշակերտը, որ չ՚ուզեր կուսակրօն քահանայ դառնալ՝ ամբողջութեամբ կը հեռացնէ զինք եւ մօտաւորապէս ութ տարիներու տուած ուսումը չարժեւորելով կը հեռացնէ ( հակառակ անոր որ ըստ քարոզներու՝ հոգեւորականներու կողքին ուսուցիչ, ազգային, մշակութային գործիչ կը պատրաստէ): Այս մէկը որպէս քննադատութի՞ւն կ՚ընդունի... չե՛նք գիտեր, սակայն, ճշմարտութիւնը կը մնայ ճշմարտութիւն:
Մօտաւորապէս տասներեք տարիներ առաջ, մեր դասընկերներէն մին որոշեց դէպի կուսակրօնութիւն չառաջնորդուիլ. իր ութ ամեայ կրթութիւնը վերջացուց եւ աւարտական վկայականը ստանալով դուրս եկաւ դպրեվանքէն։ Աւարտելէ ետք կաթողիկոսութիւնը որպէս շրջանաւարտ իրեն պաշտօն մը չտրամադրեց մայրավանքէն ներս՝ հակառակ անոր, որ այդտեղ կան շատ աշխատանքներ՝ որոնք սովորական աշխարհականներու փոխարէն շրջանաւարտ դպրեվանեցիներու կողմէ շատ աւելի լաւ ձեւով կարելի էր կատարել: Շրջանաւարտ մեր ընկերը՝ որ ի դէպ փոքր տարիքէն հայր ալ չունէր, որոշ ժամանակ անգործութեան մէջ մնալէ ետք որոշեց երթալ առաջնորդարան։ Առաջնորդ սրբազանը աշակերտութեան տարիներուն եղած էր իր ուսուցիչը եւ նուազագոյնը կրնար օգտակար դառնալ գործ մը ապահովելու մէջ: Անճաշակ սրբազանը զինք ընդունած ու ըսած էր հետեւեալը. «Հո՛ս բարեգործական կեդրոն չէ՛»: Մինչեւ այստեղ դարձեալ խնդիր չենք տեսներ. մարդասիրութիւն քարոզող սրբազան մը պայման չէ՛ միշտ մարդասէր ըլլայ։ Սրբազանը հասկցուցած էր, որ առաջնորդարանին մէջ եւ անոր պատկանող այլ կառոյցներէ ներս աշխատանքի յարմարութիւն գոյութիւն չունի:
Վերոյիշեալ մեր պատմութեան մէջ արտառոց բան մը չկայ. կրնայ ըլլալ իրապէս յարմարութիւն չկար զինք ընդունելու՝ եթէ չի պատահեր հետեւեալը. այս դէպքէն ընդամէնը մէկ շաբաթ ետք Հալէպէն եկաւ անծանօթ երիտասարդ մը եւ անճաշակ սրբազանը (որ տակաւին մի քանի օրեր առաջ գործի հնարաւորութիւններ չունէր) յանկարծ այդ երիտասարդին առաջնորդարանին մէջ կու տայ պաշտօն մը։ Առաջնորդարանի կողմէ կ՚ապահովուի նաեւ երիտասարդին կեցութիւնը: Այլ խօսքով՝ անծանօթ երիտասարդին դիմաց կը բացուի առաջնորդարանի ամբո՛ղջ յարմարութիւնները ո՛չ թէ անոր համար, որ իմացութեամբ կամ կարողութեամբ օժտուած է, այլ պարզապէս անոր համար, որ իր հայրը Հալէպի մէջ «յայտնի» կուսակցական մըն է։ Այս բոլորը կը կատարուի հաստատութեան մը մէջ՝ որ «Քրիստոսի օրինակ»ին հետեւելով հաւասարութիւն, արդարութիւն ու տարբեր ազնիւ երեւոյթներու մասին կը խօսի:
Այս բոլորը հետեւեալ հիմնական հերցերը կը ծնին. կրթութիւնն ու ընդունակութիւնը անհրաժեշտ արժէքնե՞ր են հայկական իրականութեան մէջ ծառայելու եւ գործելու համար, թէ ոչ կուսակցականի մը զաւակը ըլլալ բաւարար է ամբողջացնելու այն բոլոր պահանջները, ինչ որ պաշտօնը կը պահանջէ։ Եթէ երկրորդն է կարեւորը, ապա դպրոցներու մէջ, դպրեվանքին մէջ այս կամ այն ուսուցումը տալով անիմաստօրէն թէ՛ ուսուցիչներուն եւ թէ աշակերտներուն ժամանակը չվատնենք։ Իւրաքանչիւր աշակերտ իր հայրը թող համոզէ, որպէսզի կուսակցական դառնայ եւ այդպիսով ապահովուած կ՚ըլլայ նաեւ զաւկին «ապագան»։ Դպրեվանքի ուսուցման սխալներէն մին այդ է, որ աշակերտութեան կը ներկայացուի իտէալական կեանքը. ծառայել, նուիրուիլ, օգնել, սպասարկել, սակայն, անոր դիմաց չե՛ն բացատրեր, որ երբ ծառայես ու նուիրուիս՝ ատուած ու անտեսուած անձ կը դառնաս. չեն բացատրեր, որ հաւանաբար ութ տարի ուսանիս եւ ուրիշի մը կուսակցական հայր ունենալը անհետացնէ այդ ուսման կարեւորութիւնը:
Այս մէկը կաթողիկոսութեան կամ առաջնորդարանին ուղղուած քննադատութիւն մը չէ. ցաւ ի սիրտ, նոյն տրամաբանութեամբ կ՚աշխատին ու կը գործեն հայկական գրեթէ բոլո՛ր կառոյցները՝ ըլլայ եկեղեցական ըլլայ աշխարհական:
Եթէ կան անձեր, որոնք կը մտածեն ապագային ընտանիք կազմել եւ զաւակ լոյս աշխարհ բերել, ապա իրենց զաւկին ապագայ կրթութեամբ այնքան կրնան չզբաղիլ։ Ուսման համար մեծամեծ ծախսեր ընելու փոխարէն, թող փորձեն հիմնել խնամի-ծանօթ-բարեկամ կապ մը՝ որ շատ աւելին պիտի արժէ ապագային՝ քան համալսարանի վկայականը:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Ամէն
մշակոյթ իր գարնանային շրջանին կը ծաղկի, այնպէս ինչպէս պարտէզները՝ ձիւնամրրիկէն ետք: Ներքին թաքուն մնացած ուժերը յանկարծ կը դրսեւորուին: Այդ պատճառով սկզբնական ծաղկումները մեծ թափով եւ մէկ անգամէն առաջ կու գան եւ կ՚ըլլան ամբողջական: Այդ գաղտնիքը զուտ հոգեկան է։
ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան