ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ
Արտասովոր է նման արտայայտութիւն ունենալ, սակայն, պատերազմը միշտ բացասական ազդեցութիւն չ՚ունենար։ Մարդկային կեանքի մէջ տեղի ունեցած իւրաքանչիւր պատահար՝ անկախ դրական կամ բացասական ըլլալէ, ծնունդ կու տայ լաւատես ու յոռետես մարդոց, որոնք կը յաջողին նոյն արդիւնքէն ամբողջութեամբ տարբեր արդիւնքներ ստեղծել: Այս երկու տարբերութիւնները կարեւոր են, որովհետեւ կեանքը այս երկու տարբերութեան պայքարով է, որ կ՚առաջնորդուի. յոռետեսն ու լաւատեսը երկու տարբեր ուղղութիւններով նոյն նպատակը կը հետապնդեն՝ սակայն, ըմբռնումի եւ համոզումի ազդակները կ՚ըլլան տարբեր. մարդու նկարագիրն ու խառնուածքը կրնայ տարբերիլ:
Պատերազմին դրական ու լաւատես կողմը ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ՝ բացատրենք. պատերազմը իր բոլոր տեսակներուն եւ ձեւերուն մէջ բացասական երեւոյթ է. արդիւնքը՝ կեանքի կորուստ, աւերածութիւն ու տառապանք, սակայն, այս բոլորը թէ՛ հաւաքական եւ թէ անհատական գետնի վրայ կրնան լաւատեսութիւն դառնալ ժողովուրդներու համար (իսկ ուրիշներու համար կործանարար գործօն)։ Այսպէս.
Պատմութիւնը կը վկայէ, որ շատ մը պետութիւններու եւ ժողովուրդներու համար պատերազմը «անհրաժեշտ» է, որովհետեւ միայն այդ ժամանակ է, որ մարդոց մէջ մէկէն ի մէկ կ՚արթննայ ազգին, անկախութեան եւ պետականութեան հանդէպ ինքնագիտակցութիւնը, միայն այդ ժամանակ է, որ կը սկսին գիտակցիլ, թէ անհրաժեշտ է միասնութիւնն ու ամրապնդումը։ Պատերազմի ընթացքին է, որ մարդիկ կը սկսին աւելիով գնահատել ու կարեւորել խաղաղութեան, անկախութեան արժէքները: Շատ մը ազգեր պէտք է զոհասեղանին դնեն իրենց անկախութիւնը, որպէսզի հասկնան, թէ ինչ անտարբերութեամբ կ՚ապրէին, երբ ունէին զայն, երբ ունէին խաղաղութիւնը։ Բազմաթիւ ազգեր միայն ու միայն պատերազմի ժամանակ միաւորուելով յաջողած են փրկել անկախութիւնը։ Անշուշտ, այս բոլորը ըսելով կը շեշտենք, որ պատերազմը դրական երեւոյթ մը չէ, սակայն, ցաւ ի սիրտ, շատ մը ազգեր միայն այդ ժամանակ կ՚արթննան։ Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ եւս եղած են որոշ դէպքեր, սակայն, վերջին տարիներու մեր ազգային փորձառութիւնը ցոյց տուաւ, որ այլեւս պատերազմները եւս բաւարար չեն մեր գիտակցութիւնը արթնցնելու։ Պատերազմը ազգի մը ու պետութեան մը համար այն պահն է, ուր մեղաւոր պէտք չէ փնտռել։ Երբ անկախութիւնը վտանգուած է, կը նշանակէ հաշուեյարդար ընելու ժամանակը չէ։ Հո՛ս է, որ ի յայտ կու գայ լաւատեսն ու յոռետեսը։ Անշուշտ, այս պարագային ո՛չ յոռետեսութիւնը կրնայ լուծում տալ՝ ո՛չ ալ լաւատեսութիւնը, որովհետեւ լաւատես ըլլալով կարելի չէ պատերազմի մը յաղթել. յաղթանակը ուժ ու պայքար կը պահանջէ. յոռետեսութեամբ քննադատելն ու մեղադրելն ալ պատերազմի մէջ լուծում չէ. միակ լուծումը այդտեղ միասնութիւնն է ու պայքարի ոգին։ Կը հաւատանք, որ պատերազմի մէջ միայն զօրաւորը, նիւթապէս աւելի ապահովը չէ՛, որ կը յաղթէ։ Կամքը զէնքի չափ եւ աւելի կարեւոր է եւ իր իմաստն ու օգուտը ունի:
Անհատական գետնի վրայ պատերազմին յոռետեսութիւնն ու լաւատեսութիւնը կ՚ըլլայ այսպէս. նոյն պատերազմին համար մին դժգոհելով կ՚ափսոսայ ու կը վերյիշէ այն խաղաղ օրերը, երբ մարդ աւելի հանգիստ եւ ուրախ էր. կը սկսի պատերազմը տեսնել որպէս «կորուստ» փառաւոր անցեալի մը։ Յոռետեսին համար պատերազմի ժամանակ դրական ո՛չ մէկ բան կրնայ գոյութիւն ունենալ՝ մա՛նաւանդ երբ պատերազմը եղած է սարսափելի եւ արիւնալի: Սակայն, նոյն այդ պատերազմը ուրիշներու համար կը դառնայ լաւատեսութիւն՝ հետեւեալ ձեւով. օրինակ վերցուցէ՛ք Սուրիոյ մէջ վերջին տասնամեակին ապրուած պատերազմը։ Այսօր շատ մը սուրիահպատակ անձեր շնորհիւ պատերազմի իրենց «հանգիստ»ը գտան Եւրոպայի, Գանատայի եւ կամ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Անոնցմէ ո՛չ ոք կրնար երեւակայել, թէ օր մը Սուրիա կրնայ նման օրի մատնուիլ եւ «շնորհիւ» այդ պատերազմին, իրենք կրնան դուրս գալ Միջին Արեւելքէն ու հասնիլ այն ափերը՝ ուր ապրելու եւ հասնելու անիրականալի երազները կը հիւսէին: Շատ շատերու համար Սուրիոյ պատերազմը «փրկութիւն» եղաւ. շատեր, որոնք Սուրիայէ ներս անմխիթար վիճակի մէջ կը գտնուէին, այսօր Եւրոպայի զարգացած երկիրներու մէջ իրենց կեանքը կը կառուցեն. շատեր որպէս փրկութիւն դուրս ելան Սուրիայէն եւ շատեր իրենք զիրենք «ստիպուած» զգացին մնալ այնտեղ ու մինչեւ օրս կը շարունակեն ապրիլ՝ շատ անգամ մարդկային պայմաններէ հեռու՝ վատ դրութեան եւ վախի մթնոլորտի մէջ:
Այսօրուան օրինակը տուինք պատերազմի վրայ, սակայն, մարդկային կեանքի մէջ ամէ՛ն պարագայ, ամէ՛ն պատերազմ ունի նոյն վիճակը. մարդ իր դժբախտութենէն կրնայ լաւատեսութեան ծնունդ տալ, իսկ կայ մարդ, որ ամբողջութեամբ հակառակ՝ յոռետեսութեան մէջ ապրիլ ու կործանիլ: Կեանքի մէջ օրինակները շատ են. եղած են մարդիկ, որոնք դժբախտ եղելութիւններու պատճառով իրենց ամբողջ ունեցուածքը կորսնցուցած են, սակայն, այդ մէկը եղած է դրական այն իմաստով, որ պատճառ եղած է, որ այլ գործունէութիւն սկսին՝ ինչ որ զիրենք աւելի յաջողակ անձեր դարձուցած է։ Այս բոլորը ըսելով կը հաւատանք, որ դժբախտութիւնները չեն, որ մարդը կը կործանեն, մարդն է, որ ինքզինք կը կործանէ իր մտածողութեամբ, իր որոշումներով ու կեցուածքով. իւրաքանչիւրիս պայքարը մօտաւորապէս նոյնն է, սակայն, արդիւնքներն են տարբերողը:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Մարդկային հոգին նման է ծովին, որու մակերեւոյթը խաղաղ է, սիրուն, հարթ-հաւասար, բայց իր ներսին, յաւիտենական խաւարի եւ խորհրդաւոր անյայտութեան մէջ բազմաթիւ պատկերներ, հրաշալի երեւոյթներ ունի թաքցուցած:
ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան