ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ՝ ՈՐՈՒՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԵՐԱՆԵԼԻ ԵՆ

Արցունքը մեր կեանքի անբաժան մէկ մասն է. մարդ լոյս աշխարհ գալու ժամանակ կու լայ եւ այդ օրէն միշտ ուրախութեան եւ լալու մէջ իր կեանքը կը տարուբերի։ Մարդ տարիքով ինչքան յառաջանայ, նոյնքան տառապանքի ու ցաւի ազդեցութիւնը փոփոխութիւն կը կրէ. մանկութենէն պատանեկութիւն, ապա երիտասարդութիւն, մեծահասակութիւն. բոլոր ժամանակներն ալ ունին իրենց տարբեր ցաւերն ու մտահոգութիւնները. մարդկային կեանքի ընթացք, որ վերջաւորութեան միայն յիշատակ կը ձգէ մարդուն մօտ՝ ապրուած լաւ օրերու եւ վատ վայրկեաններու: 

Մարի Պէյլէրեան միշտ կը խուսափի իր սանուհիներուն բացասական նիւթեր խօսելէ՝ կ՚ուզէ, որ անոնց մէջ վառ մնայ կեանքի բոցը, խանդավառութիւնը, սակայն, միւս կողմէ, լաւապէս կը գիտակցի, որ անարդար պիտի ըլլար, եթէ ինք որպէս ուսուցիչ չխօսէր կեանքի ճշմարտութեան մասին, որ այն չէր՝ ինչ սանուհիները կը կարծէին։ Ան իր վերջին «Մի՛ վհատիք» խորագրեալ նամակին մէջ կը գրէ. «Չէի ուզեր այսպէս խօսելով կանուխէն տխրեցնել ձեր անհոգ ու զուարթ սիրտերը, սակայն, տղաքս, պէտք է դուք հիմակուց գիտնաք, թէ կեանքը միշտ այսօրուայ կեանքը չի մնար եւ թէ դուք այժմէն պիտի պատրաստուիք արի ըլլալու եւ կեանքի կռիւին համար զինուելու»:

«Կեանքի կռիւը ահաւոր է. անիկա լեցուն է է՛ն դառն անակնկալներով, է՛ն աներեւակայելի տանջանքներով եւ ահա ատոնց դիմանալու, ատոնց դէմ կռուելու համար պէտք է, որ դուք ըլլաք խիզախ, հպարտ եւ անվեհեր», կը գրէ ան: 

Մարի աշխարհը ճակատամարտի, իսկ մարդիկը կռուող զինուորներու տեղ կը դնէ. պատերազմէն յաղթանակած դուրս կու գայ ան՝ որ պատերազմի դաշտին վրայ չի մեռնիր: Այս պարագային մեռնողները անոնք են, որոնք կը յաղթուին կեանքէն, որոնք չեն յաջողիր դիմադրել: Մարիի համոզումով՝ կեանքի մէջ չյաղթուիլը շատ աւելի մեծ հերոսութիւն ու ուժ կը պահանջէ՝ քան պատերազմի դաշտին վրայ. պատերազմի դաշտին վրայ մարդ մի քանի օր, մի քանի ամիս կրնայ կռուիլ, սակայն, կեանքի պատերազմը յաւիտենական է, ամէ՛ն օր է: 

Յուսահատութիւնն ու տխրութիւնը Մարիի համար պարտութիւն չեն. ան լաւապէս գիտէ, որ կեանքը պիտի չդադարի այդ բացասական երեւոյթները մեզի տալէ: 

Այդ դժուարութիւններուն դիմաց Մարրի իր սանուհիներուն կը յորդորէ. «Մի՛ վհատիք, եթէ որբ էք, թշուառ, լքեալ, մենաւոր...: Կամեցէ՛ք միայն եւ ձեր կամքին ուժովը պիտի կրնաք ճամբայ բանալ ձեզի համար, նոյնիսկ բախտին է՛ն շփացած զաւակներուն քալած ճամբաներուն քովէն»: Մարի չի կեդրոնանար կեանքի դժուարութիւններուն վրայ. իր կեդրոնացումը այդ բոլորը յաղթահարելուն մէջ է, ինչ որ այս պարագային կամքն է. նոյնիսկ աշխարհի մեծագոյն պատերազմներու ժամանակ զէնքէն առաջ կամքով է, որ յաղթական կը տարուի: Պէտք է ապրելու, պայքարելու կամք ունենալ. «Կամքի ու կորովի հզօր ճիգով մը թօթուեցէք ձեր վրայէն յուսահատութեան կապարէ ծանրութիւնը, յուսացէ՛ք, հաւատացէ՛ք, սիրեցէ՛ք միշտ ու սիրոյ նոր ծաղիկներ պիտի գան փթթիլ ձեր սրտերուն անապատին մէջ»: Կեանքի դժուարութիւնները չեն, որ մարդը կործանումի կը տանին. մարդը կը կործանի, երբ վերջացնէ իր ուժը, կամքը։ Մարիի խօսքերով՝ պէտք չէ սիրտը մեռցնել. մարդ ճշմարիտ դժբախտութիւնը այն ժամանակ կը սկսի ապրիլ: 

«Ուրիշները սիրելուն, ուրիշներու նուիրուելուն, ուրիշներու օգնելուն մէջն է իրական երջանկութիւնը», կ՚ըսէ Մարի։ Անոր համոզումով՝ մարդկային մեծագոյն նուիրումը՝ որ նաեւ Աստուածային կ՚որակէ Մարի, կարենալ ինքզինք տալ, նուիրելուն մէջն եւ տալը, նուիրուելը պայման չէ նիւթական հարստութեամբ պայմանաւորուի. անոնցմէ մէկն է օրինակ սէրը: «Դուք տղաքս աւելի՛ սիրեցէք, աւելի՛ անձնուէր, աւելի առաքինի եղիք, եթէ կրնաք, ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, մարդիկ որչափ ալ կոյր ըլլան, օր մը անպատճառ կը ճանչնան զձեզ, գուցէ ձեզ կորսնցնելէ ետքը, ձեր մահուանէն ետքը, բայց կը ճանչնան վերջապէս, այն ատեն արցունքով կը փնտռեն զձեզ եւ ձեր կենդանութեան ատեն զձեզ ճանչցած չըլլալնուն համար կը զղջան»: 

Ահաւասիկ, այս նամակներուն մէջ Մարի կ՚ամփոփէ որպէս ընդհանրապէս մարդ եւ յատկապէս որպէս իգական սեռի ներկայացուցիչ ժամանակաւոր ու չար այս աշխարհին մէջ որպէս արժանապատիւ հայ ապրելու ձեւերը: Երանի՜ ամէն հայ իրեն որպէս ուսուցչուհի ընդունի Մարի Պէյլէրեանը եւ յանձն առնէ ծայրէ ի ծայր կարդալ նամակներու այս շարքը. նամակներ՝ որոնք սեղմ տողերու մէջ կը փոխանցեն կեանքի ամբողջ խորհուրդն ու գոյատեւելու միջոցները: Նշուած բոլոր կէտերը նկատի ունենալով՝ յօդուածը կ՚աւարտենք Մարի Պէյլէրեանիի խօսքերով.

«Տեսաք ահա՛, տղաքս, թէ ինչ պիտի ըլլան ձեր զէնքերը կեանքի կռիւին համար: Հաստատուն կամք, զգայուն եւ սիրող սիրտ, խիզախ, անվեհեր հոգի, գործող միտք եւ աշխատող ձեռքեր: Մի՛ վհատիք բնաւ ու մի՛ վախնաք, դուք կեանքի մէջ յաջողուածներէն պիտի ըլլաք»:

•վերջ

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Մանուկին պէ՞տք է խօսիլ աշխարհի չարութիւններուն մասին:

Պատասխան. Մանուկին աշխարհի չարութեան մասին խօսիլը պէտք է ըլլայ չափաւոր եւ անոր տարիքին համապատասխան, որպէսզի վախնալով չկորսնցնէ իր ապահովութեան զգացումը: Աշխարհի չարութիւններուն մասին լռելն ու մանուկին չխօսիլը կրնայ զինք անպատրաստ վիճակի մէջ ձգել, իսկ չափազանց մանրամասնութիւնները ծանրաբեռնել: Պէտք է խօսիլ պարզ լեզուով՝ շեշտելով, թէ չարին քով միշտ կայ բարին, որոնք պատրաստ են օգնել եւ պաշտպանել: Այս ձեւով մանուկը կը սորվի զգօն ըլլալ եւ աշխարհէն չվախնալ եւ հասկնալ, որ դժուարութիւններուն դիմաց միշտ գոյութիւն ունի կամքի ուժը, պայքարի ոգին եւ այլոց աջակցութիւնները:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 20, 2025