ԻՐԱՐ ՍԻՐԵ՛ՆՔ
«Սիրելինե՛ր, սիրե՛նք իրար, որովհետեւ, սէրը Աստուծոյ պարգեւն է. ուստի ով որ կը սիրէ՝ Աստուծմէ ծնած է եւ զԱստուած կը ճանչնայ։ Իսկ ով որ չի սիրեր՝ զԱստուած չի ճանչնար, որովհետեւ Աստուած սէր է… Ոեւէ մէկը բնաւ զԱստուած չէ տեսած։ Եթէ իրար սիրենք՝ կը նշանակէ թէ Աստուծոյ հանդէպ սէրը մեր մէջ կատարեալ է եւ Աստուած մեզի միացած կը մնայ… Ո՛վ որ զԱստուած կը սիրէ, պէ՛տք է իր եղբայրն ալ սիրէ». (Ա ՅՈՎՀ. Դ 7-8, 12, 21)։
Սէրը կեանքին հի՛մն է, քանի որ Աստուած սէ՛ր է, եւ առանց սիրոյ կեանք չկայ, քանի որ առանց Աստուծոյ ոչինչ կայ։ Այս ուղղութեամբ եղբայրսիրութիւնը պատգամ է, կենսական, էական պատգա՛մ մը։
Եւ երբ «եղբայր» կ՚ըսենք, ինչպէս յաճախ կրկնած ենք, ասիկա կը նշանակէ ամբողջ «մարդկութիւն»ը, քանի որ Արարչին նկատմամբ բոլոր արարածներ հաւասար դիրքի վրայ են եւ անոնց մէջ արարչութեամբ խտրութիւն չկա՛յ։ Այս կէտէն մեկնելով, զոր օրինակ, երբ կ՚աղօթենք, բոլոր մարդկութեան համար կ՚աղօթենք։ Ուստի, առանց եղբայրսիրութեան՝ որ է առանց մարդասիրութեան աղօթքը ոչինչ կ՚արժէ, քանի որ այդ աղօթքին մէջ սէր չկայ։ Արդարեւ, եթէ աղօթքի մէջ սէր չկայ, աղօթքը չի հասնիր իր նպատակին, քանի որ աղօթքը ուղղուած պէտք է ըլլայ Աստուծոյ եւ «Աստուած սէ՛ր է»։
Եղբայրը՝ իր նմանը արտաքինով դատել եւ գնահատել՝ ճշմարտութեան չի տանիր մարդը, քանի որ մարդ միայն արտաքինով՝ տեսնուած մարմնաւոր երեւոյթով ամբողջ էութիւնը չի ներկայացներ, ան ունի նաեւ ներքին՝ անտեսանելի էութիւն մը, եւ մարդ՝ արտաքին եւ ներքին մարդով ամբողջ մըն է։ Ներքին մարդը կը ներկայացնէ սէրը՝ սիրոյ մարդը, մարդ էութեան հոգեւոր կողմը։ Եւ սէրն է, որ կանգուն կը բռնէ մարդը, սիրով է, որ ան կ՚ազնուանայ, կը զարգանայ, կ՚աճի եւ վերջապէս կը կատարելագործուի։ Սէրը մարդուն կենդանութեան հիմը, սիւնը, առանցքը եւ կշիռն է, առանց սիրոյ կեանք չկա՛յ։
Սիրոյ ստորոգելիներէն մին եւ կարելի չափով կարեւորագոյնն է՝ ներողամտութիւնը։ Սէրը մարդս ներողամիտ կ՚ընէ. սէրը կը ներէ՛…
Աստուածաբանական հայեցակէտով ներողութիւնը Աստուծոյ կողմէ թողութիւնն է ժամանակաւոր պատիժին՝ այն մեղքերուն համար, որոնց յանցանքը արդէն ջնջուած է։ Լաւ տրամադրուած հաւատացեալը այս թողութիւնը կ՚ընդունի որոշուած պայմաններով եւ ներգործութեամբ Եկեղեցւոյ, որ փրկչագործութեան իբր մատակարար՝ Քրիստոսի եւ սուրբերուն հատուցումներուն գանձը իր իշխանութեամբ կը բաշխէ եւ կը տնօրինէ։ Ներողութիւնը մասնակի է կամ լիակատար՝ ըստ մեղքերուն պատճառած ժամանակաւոր պատիժին մասնակի կամ ամբողջական արձակումին։ Ոեւէ հաւատացեալ կարող է ներողութիւն շահիլ՝ ըլլա՛յ իր անձին համար, ըլլա՛յ զայն յատկացնելով ննջեցեալներուն։
Մարդոց ալ կը վերաբերի ներողութիւնը. մարդ ներելու է իր բարեկամը՝ եղբայրը, բայց նաեւ՝ օտարը, քանի որ «օտար»ն ալ իր նմանն է՝ իր «ուրիշ երեսը», ներելու է մինչեւ իսկ թշնամին, քանի որ ան ալ մա՛րդ է։ Արդարեւ, Յիսուս Իր իսկ օրինակով ցոյց կու տայ, թէ ո՛րքան պէտք է սիրել ո՛չ միայն հարազատը, իրենը, այլ նաեւ «օտար»ը եւ «հակառակորդ»ը։ Նենգամիտ մարդը չի ներեր. սիրով լեցուած պէտք է ըլլայ ներելու համար։
Ներելու համար, նաեւ պէտք է մարդ նախ ինքզինք քննէ, ինքզինք դատէ եւ դատապարտէ եւ եթէ կրնայ՝ ներէ՛։ Մարդուս սխալները ա՜յնքան շատ են, որ իր ամբողջ կեանքը չի բաւեր զանոնք սրբագրելու, այլապէս ինչպէ՞ս դատապարտէ իր նմանը։
Սիրելու, ներելու, մարդոց միջեւ խտրութիւն չդնելու, բարոյական հաւասարութիւնը պահելու տիպարը Յիսուս Ի՛նքն է, ուստի, Անոր պէս սիրենք, ներենք, եղբայրսիրութեան՝ մարդասիրութեան հրաւիրենք մեր նմանները, եւ թիկունք կ՚անգնինք իրարու…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 19, 2025, Իսթանպուլ