ԾԱՌԱՅԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ

«Քու Տէր Աստուածդ պէտք է պաշտես եւ միայն Անո՛ր ծառայես». (ՄԱՏԹ. Դ 10)։
«Պաշտել» կը նշանակէ՝ ծառայել, այսինքն՝ Աստուծոյ կամքին համաձայն հաղորդակցութեան մէջ մտնել։
Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսի գրած նամակին մէջ կը յորդորէ՝ աստուածպաշտութեամբ մաքրուիլ։ Ուստի, «Աստուծոյ ընտանիքը, այսինքն՝ կենդանի Աստուծոյ Եկեղեցին ճշմարտութեան սիւնը եւ խարիսխն է։ Եւանհերքելիօրէն մե՛ծ է աստուածպաշտութեան խորհուրդը…». (Ա ՏԻՄ. Գ 15-16)։
«Սարկաւագ» կը նշանակէ ծառայող, սպասաւոր եւ կամ գործակից, օգնական։ Ուրիշ առումով, աստուածպաշտութիւնը ծառայութեան միջոցով իրագործող անձ։ Ուստի, ան եկեղեցւոյ մէջ այն անդամն է՝ որաղքատներուն եւ հիւանդներուն ծառայելու պարտականութիւնը եւ պաշտօնը ունի։ Ընդհանուր եկեղեցականպատմութեան մէջ կան չորս սարկաւագներ, բարձր ծառայութեան որպէս տիպար, որոնք մեծծառայութիւններ կատարած եւ դիրքերու հասած, բայց միշտ «սարկաւագ» մնացած են։ Այս ալ ցոյց կու տայ, թէ աստուածպաշտութեան եւ ծառայութեան արժէքը աստիճանին եւ տիտղոսին մէջ չի կայանար։ Բոլորիսծանօթ են այս սարկաւագները.
ա) Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայ,
բ) Աթանաս Աղեքսանդրացի,
գ) Եփրեմ Ասորի,
դ) Յովհաննէս Իմաստասէր։
Իրենց մասին, անշուշտ, պէտք է անջատաբար խօսիլ, բայց իրենց հասարակաց կէտը այն է, որսարկաւագի աստիճանով իսկ կարելի է ի՜նչ մեծագործութիւններ եւ ծառայութիւններ կատարել, որունկենդանի վկանները եղան իրենք։
Ի՞նչ է գաղտնիքը. ծառայասիրութիւն, անկեղծ աստուածպաշտութիւն՝ նուիրագործութեամբ, մշտատեւաղօթքով, խոնարհութեամբ եւ իմաստութեա՛մբ։ Ուստի եւ երբ մէկը անկեղծ աղօթող մը, խոնարհութեամբ եւիմաստութեամբ ծառայող մը, զԱստուած պաշտող մըն է, Աստուծոյ առջեւ կարեւոր չէ, թէ ի՛նչ աստիճան, ի՛նչդիրք ունի։
«Ծառայեցէ՛ք Տէրոջը ուրախութեամբ. Անոր առջեւ կեցէք ցնծութեամբ։ Ճանչցէ՛ք թէ Տէրն է Աստուած. Անիկա ստեղծեց մեզ եւ ո՛չ թէ մենք». (ՍԱՂՄ. Ճ 2-3)։ Ուստի, շնորհքներ, յատկութիւններ, աստիճաններ եւդիրքեր արժէք կը ստանան, երբ անձնակեդրոն ըլլան։ Ուստի, մարդկային կեանքի ծայրագոյն կոչումըԱստուած ճանչնալ եւ զայն անկեղծութեամբ պաշտելն է՝ Անոր ծառայել՝ Իր կամքին համաձայն…
«Կրօնքը շահի մեծ աղբիւր է, այո՛, իր ունեցածովը գոհանալ գիտցողին համար։ Արդարեւ, մեզի հետորեւէ բան չբերինք աշխարհ, եւ որեւէ բան պիտի չկարենանք տանիլ մեզի հետ։ Եթէ ուտելիք եւ հագնելիքունինք՝ անոնցմով բաւարարուինք։ Իսկ անոնք, որ հարստանալ կ՚ուզեն՝ փորձութեան եւ թակարդի մէջկ՚իյնան։ Կը բռնուին շատ մը անմիտ եւ վնասակար ցանկութիւններով, որոնք մարդիկը մահուան եւ կորուստիանդունդը կը գլորեն։ Որովհետեւ բոլոր չարիքներու արմատը դրամասիրութիւնն է։ Շատեր դրամ դիզելուձգտելով՝ հաւատքէն շեղեցան եւ իրենք զիրենք տանջեցին բազմաթիւ ցաւերով», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (ԱՏԻՄ. Զ 6-10)։
Եւ մեր կեանքի փորձառութիւնը մեզի ցոյց տուաւ, թէ «փառասիրութիւն»ն ալ աշխարհի չարիքներէնշատերուն արմա՛տն է։
Աստուծոյ առջեւ բոլորս հաւասա՛ր ենք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 19, 2026, Իսթանպուլ