ՄՐՋԻՒՆԻ ՉԱ՞Փ ԱԼ ՉԿԱՆՔ
Մենք որպէս հայ ժողովուրդ մեր անցեալէն՝ անցած ճամբայէն դասեր չկրցանք քաղել. գուցէ աշխարհի վրայ ուրիշ ո՛չ մէկ ազգ չէ՛ ունեցած այնքան մտաւորականութիւն՝ ինչքան մենք, չէ՛ ունեցած այնքան գրականութեան ճամբով փոխանցուող խրատներ՝ ինչքան մենք, սակայն, միւս կողմէ եւս գոյութիւն չէ ունեցած նաեւ ազգ մը՝ որ այդ խրատները այնքան ոտնակոխած ըլլայ՝ ինչքան մենք: Ինչպէս նախապէս ալ ըսած ենք, որ չկայ ազգ մը, որ միասնութեան կարեւորութեան մասին այնքան շատ խօսած ըլլայ, անոր արժէքը այնքան շատ հասկցած ըլլայ՝ ինչքան մենք, սակայն, գիտնալով ու հասկնալով հանդերձ չենք կրցած կեանքի վերածել: Սակայն, ինչպէս բոլորը պիտի ընդունին, աշխարհի մեծագոյն դասը, որ մարդ կրնայ քաղել մայր բնութիւնն է եւ մենք ինչպէս բոլոր պարագաներուն, այս պարագային եւս չենք կրցած մեր դասերը քաղել նաեւ մայր բնութենէն:
Հայ մտաւորականութեան մէջ կան բազմաթիւ դէմքեր, որոնք գրականութեան ճամբով բազմատեսակ դասեր յղած են մեր ժողովուրդին. անոնց մէջ կայ նաեւ փոքրամասնութիւն մը՝ որ կարելի է կոչել մարգարէներ եւ անկասկած անոնցմէ մէկն է Խրիմեան Հայրիկը: Ցաւ կ՚ապրինք երբ տեսնենք, որ մեր ժողովուրդի զաւակներուն մեծամասնութիւնը Խրիմեան Հայրիկ ըսելով ծերունազարդ եկեղեցական մը կը պատկերէ. անձ՝ որ ծանօթ է անուանապէս, սակայն անոր մտաւորական գործունէութիւնը այնքան ալ ծանօթ չէ բոլորին՝ մանաւանդ նոր սերունդին: Այո, Խրիմեան Հայրիկ եկեղեցական էր, սակայն եկեղեցական ըլլալէ առաջ եւ վեր՝ մտաւորական էր. անձ՝ որ կ՚ապրէր հայու ցաւով, կ՚ապրէր հայուն համար. կը ծառայէր ու կը պայքարէր հայուն համար՝ որպէսզի ան ունենայ բարօր ապագայ մը, բոլորին երազած Ազատ Անկախ Հայրենիքով:
Խրիմեան Հայրիկ իր «Սիրակ եւ Սամուէլ» աշխատութեան Զ. դասին մէջ (Աշխատութիւն եւ հաց) տակաւին ցեղասպանութենէն 40 տարիներ առաջ կարծես մարգարէութիւնը կ՚ունենայ որ հայ ազգը պիտի ենթարկուի ցեղասպանութեան եւ հետեւաբար իր աշխատութեան մէջ կարեւորութեամբ կը խօսի կոտորածէ ետք, արհաւիրքէ ետք դարձեալ վերականգնելու եւ ապրելու, ստեղծագործելու եւ աշխատելու կարեւորութեան մասին եւ այս մէկը կատարած ժամանակ որպէս օրինակ կ՚ընտրէ մրջիւնը եւ կը հաւատամ, որ ցեղասպանութեան դիմաց տրուած մեծագոյն դասն ու բացատրութիւնը կրնայ այս մէկը ըլլալ՝ գրուած արհաւիրքէն տասնամեակներ առաջ.
«Եւ դու, որդեակ իմ, երբ մրջիւնի բունէն՝ կ՚անցնիս՝ կաց պահ մի ու զննէ, տես ու զարմացիր թէ քանի՞ աշխոյժ է այդ նկուն կենդանին. իւր բոյնէն մինչեւ քառասուն քայլ աւելի ուղղագիծ ճամբայ կը բանայ, կարաւան կարաւան անդադար կ՚երթայ կու գայ. միշտ մի հատիկ պարէնով կը բեռնաւորի, կը բերէ կ՚ամբարէ իւր բոյնը. եթէ պատահմամբ կոխես ու ճմլես զինք ի գետին, եթէ սայլին անիւն իւր ճամբոյ վրայէն անցնի, հազարներով ջախջախուին, նա տակաւին աշխատութենէն չի կասիր եւ երբեք չի թողուր իւր բացած արիւնոտ ուղեգիծն. այլ դիակներու վերայ կը կոխէ ու կ՚անցնի իբրեւ աշխատութեան աննկուն շահատակ»:
Այսօր ցեղասպանութեան մասին խօսած ժամանակ տեղի-անտեղի կը լսենք այս արտայայտութիւնը. «Դուրս գալ զոհի հոգեբանութենէն»։ Խրիմեան Հայրիկ տասնամեակներ առաջ այդ դասը կու տար մեր ժողովուրդին՝ մրջիւնի օրինակով. այսօր եթէ տեսնել 100 մրջիւն աշխատանքի մէջ են եւ սպաննես անոնցմէ միայն 20-ը, պիտի տեսնես, որ մնացեալ 80-ը հակառակ եղած դժբախտութեան կը շարունակեն իրենց աշխատանքը, որովհետեւ գուցէ այդ մրջիւնները եւս կը գիտակցին, որ լացով ու ողբով այդ մրջիւնները երբեք պիտի չվերակենդանանան եւ այդ 80-ը իր գոյութիւնը ապահովելու համար ո՛չ թէ պէտք է լայ, այլ պէտք է աշխատի: Նոյնն էր պարագան մեր ժողովուրդին եւ ըսենք, որ շատ շատեր սփիւռքի մէջ այդ զոհի հոգեբանութեամբ ապրելու փոխարէն այդ մրջիւններուն նման վարուեցան՝ ստեղծեցին դպրոց, եկեղեցի, ակումբ, մամուլ եւ գրեթէ ամէն ինչ՝ որ ազգն ու ինքնութիւնը կանգուն պահելու համար պէտք է:
Միւս օրինակը որ Խրիմեան Հայրիկ կու տայ... մեղուներն են: Մենք անոնցմէ եւս դասեր ունինք քաղելիք թէ՛ անցեալին եւ թէ այսօր: Մեղուն կ՚երթայ հեռուներ, ծաղկաւէտ հովիտներ կը շրջի եւ մեղրանիւթը ժողվելէ ետք իր բոյնը կը վերադառնայ՝ այդ արդիւնքը իր բոյնին մէջ արժեւորելու եւ մեղրի վերածելու համար: Այդ մեղուները հեռուներ կ՚երթան՝ սակայն իրենց համար իրենց բոյնը կը մնայ միակ հայրենիք. անոնք դուրսի նիւթը, դուրսի հարստութիւնը կը բերեն «հայրենիք»՝ հարստացնելու համար իրենց սեփական տունը: Հայը չկրցաւ մեղուներէն այդ օրինակը վերցնել. գնաց դուրս եւ դուրսի պետութիւնները զարգացուց՝ իր հայրենիքը ձգելով «որբ» ու անպաշտպան: Գացէ՛ք սերտեցէք Միջին Արեւելքի մէջ հայերու ունեցած դերը. մշակոյթ, թատրոն, արուեստ, արհեստ զարգացան հայերու ձեռքով, որովհետեւ հայը չկրցաւ իր հայրենիքը զարգացնել այնքան՝ ինչքան զարգացուց օտարին պետութիւնը:
Այս բոլորը մտածել կու տան, որ մենք շատ մը դասեր գիտենք, սակայն, դասը լսողն ու գործադրողը ո՜վ է... միասնութեան կարեւորութիւնը գիտենք, սակայն, կեանքի չենք կոչեր։ Մրջիւններու ապրելու օրինակը գիտենք՝ սակայն ապրելու տեղ ողբալը կ՚ընտրենք։ Մեղուներու «հայրենիք»ի կապուածութիւնը գիտենք՝ սակայն հեռու կը մնանք մեր հայրենիքէն:
Ամօթ է պարզապէս:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Գիտնալ ու չընե՞լը ամօթ է՝ թէ ընդհանրապէս չգիտնալը:
Պատասխան. Գիտնալն ու չընելը աւելի ամօթ է, քան ընդհանրապէս չգիտնալը, որովհետեւ առաջինը կը բացայայտէ ո՛չ թէ գիտելիքի բացակայութիւնը՝ այլ կամքի, պատասխանատուութեան եւ ճշմարիտ արժէքներու հանդէպ գիտակցութեան պակասը: Երբ մարդ գիտէ ինչն է ճիշդը, բայց, այդ ճիշդին համապատասխան չի գործեր, կը նշանակէ գիտակցաբար կը հրաժարի բարոյական դիրքորոշումներէն: Մինչդեռ չգիտնալը կրնայ ըլլալ ուսման կամ հասունացման ընթացք: Գիտակցաբար չգործելը ի հեճուկս գիտելիքի ցոյց կու տայ անտարբերութեան գոյութիւնը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան