ՃԳՆՈՒԹԻՒՆ

Ճգնութիւնը արդի միտքին առհասարակ խորթ է եւ անհաղորդ եւ անըմբռնելի։ Մրցումներու, հսկայական մեքենական կոյր ուժերու անորոշ ընթացքով՝ գերզբաղած, արագընթաց եւ խճողեալ կեանք կ՚ապրինք ընդհանրապէս։ Գործնապաշտ դար մըն է, որ կ՚ապրինք։ Եւ այս կեանքը ամէն ամայութիւն եւ առանձնութիւն կ՚ուզէ նուաճել եւ ամէն լռութիւն ձայնի փոխակերպել՝ յաճախ աղմուկի յանգելով։

Սակայն, ճգնութիւնը կեանքի եւ գործի ուրացումը չէ իր խոր իմաստին մէջ։ Ուստի, ան հոգեկան եւ մտաւոր պատրաստութեան ընթացք մըն է՝ մարդոց ներքին ուժերը սեւեռուն կէտի մը վրայ խմբող, ապակեայ ոսպնեակ մը՝ արեւու ճառագայթներուն դիմաց։

Քաջացման, զօրացումի, պիրկ ընթացք մըն է ճգնութիւնը՝ մարդկային անձին իրեն սեփական հունին եւ հողին մէջ արմատացումը ունեցող որպէս հեռակէտ, նման այն ժայռին՝ որուն արմատները հողին մէջ են թաղուած եւ ամէն օր կը ձգտին երթալ խո՜ր, աւելի խոր…։

Խորութեան գացող ապահով եւ անշեղ ճամբայ մըն է ճգնութիւնը, որ վերջակէտ չունի, քանի որ տեւական ինքնապատրաստութեան, ինքնանորոգման, ինքնուժեղացման ընթացք մըն է՝ որ մարդը կ՚առաջնորդէ դէպի խորերը իր անձին եւ դէպի հեռո՜ւները իր գործին, իր կեանքին։

Մեծութիւնները առհասարակ իրենց համար անհրաժեշտ նախապայման ունին ճգնութեան մէջ ներքին լուռ աճումի ընթացքին։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ մեծգործութիւններ ծագում առած են ընդհանրապէս առանձնութեան մէջ։ Ուստի, խոկումի պահը փիլիսոփայական երեւոյթ չէ միայն յատուկ առումովը բառին։ Արդարեւ, ներհայեցողութեան այն ակնարկը՝ որով մարդ իր աչքերը իր հոգիի աշխարհին վրայ կը սեւեռէ՝ ո՛չ միայն կը հասունցնէ մարդը ինք իր էութեան ըմբռնումին եւ իր առաքելութեան իմացումի մէջ, այլ եւ զայն կը մղէ դէպի շարժում բայց… պրկումէ ետք։

Այս իմաստով, ճգնութիւնը ուժական բնոյթով կեանքի վիճակ մըն է եւ ո՛չ կայական կամ կրաւորական։

Ճգնութիւնը առանձնացում է, բայց ոչ առանձնութիւն։ Կտրուիլ, անջատուիլ աշխարհէն. բայց աշխարհի արտաքին ժխորէն եւ ընթացիկ վազքէն միայն։ Ուստի, ան բացակայութիւն մը չէ աշխարհէն, այս բառին խորունկ, ճշմարիտ հասկացողութեամբը։ Ոչ ալ փախուստ կեանքէն, ինչպէս յաճախ կը պատկերացուի ան «պարտուողական» հոգեբանութեան պիտակին տակ։

Ճգնութիւնը խուսափում չէ՛ պարտականութիւններէ եւ պատասխանատուութենէ ընկերութեան հանդէպ. ընդհակառակը՝ պատասխանատուութեան ամենէն նուիրական զգացումին մշակման եղանակն է եւ պարտքի գիտակցութեան լարումի միջոցը։ Քաջութեան, հոգեկան արի եւ տոկուն կեցուածքին մէջ տկարացում չէ՛ ան, եթէ այդ ըլլար պարագան, անտեսանելի վիճակներու հասնող ապրումները ինք իրեն պիտի չպարտադրէր ճգնող մարդը, մարմնաչարչարութեան իսկ հասնող խստակեցութեան կարգավիճակի մը գործադրումով։

«Պարապութիւն» մը չէ՛ ճգնութիւնը։

«Գոյութիւն» մըն է՝ «ըլլա՛լ» մըն է եւ ո՛չ թէ «ըլլալէ դադրիլ» մը ճգնութիւնը՝ ինչպէս եւ ընդհանրապէս այնքան դիւրին եւ արագ դատումով կը ներկայացուի։ Լիութիւն մը՝ «լեցուն ըլլալ» մըն է առանց աղմուկի եւ առանց խճողուն ըլլալու։ Ըլլալ մըն է գաղափարներու աշխարհի մը մէջ, իտէալներու, տեսիլներու, հեռանկարներու, հոգեմտաւոր խորհրդածութիւններու մտերմութեան ջերմ մթնոլորտին մէջ։

Ճգնութիւնը՝ «բացուիլ» մըն է այնպիսի իրականութիւններու հանդէպ, թափանցում՝ ճշմարտութեան թաքնուած մասերուն, որոնք առօրեայ իրականացումին, խճողումին, մեքենականութեան զոհերն են։ Եւ պարզ խօսքով՝ ոգեկան իրողութիւններու ո՛չ երեւակայական, ո՛չ տեսական, այլ իրակա՛ն, գոյութենական ներկայութեան մէջ «ապրի՛լ» մըն է ճգնութիւնը։

Ճգնութիւնը՝ «ըլլալ» է մարդոց հետ՝ որոնց կարելի չ՚ըլլար հանդիպիլ փողոցին մէջ առհասարակ. մարդոց հետ՝ որոնց առանձնական եւ մտերիմ, մեզի յատուկ ներկայութիւնը մեզ կը բանայ մեծ փորձառութիւններու լոյսին մէջ։ Նիւթին հետ որպէս «նիւթ» կորսուած մարդերու ոգեղէն ներկայութիւնը վերստեղծող ամենէն ուժական, վաւերական ընթացքն է ճգնութիւնը։

Աստուծոյ եւ ժողովուրդի ծառայութեան ինքզինք կոչուած զգացող մարդուն համար մա՛նաւանդ առանձնապէս ըլլալ Աստուծոյ հետ, դէմ առ դէմ, ինքզինք դիտել «հայելի»ին մէջ իր աստուածակերպ բնութեան եւ աստուածատուր առաքելութեան եւ միանգամայն ինքզինք զգա՛լ անօրինակ ներկայութեանը մէջ այն անձերուն՝ զորս նախահայր, ռահվիրայ, հերոս, մարտիրոս, սուրբ կը դաւանի այս բառին իսկական առումով՝ անձնական համոզումէ եւ հաւատքէ բխող հասկացողութիւն եւ կեցուածք, որքա՜ն երջանիկ զգացում է եւ ի՜նչ զօրեղ եւ սրտապնդող ո՛ւժ։

Անցեալը ամբողջ ոգեղինացած՝ ներշնչող ուժի վերածել է ճգնութիւնը։

Եւ առանձնութիւն է ճգնութիւնը եւ ո՛չ երբեք՝ մինակութիւն, ո՛չ երբեք՝ լքուած, մեկուսի ըլլալ, քանի որ հո՛ն է Աստուած, ներկա՛յ…

Պատմութիւնը, անցեալը վերապրիլ է տեսիլքի մը մէջ պայծառ եւ առաքինութեան մը մէջ նուիրական՝ Աստուծոյ ներկայութեան, Անոր հետ։

Ճգնութիւնը՝ մտքի թռիչք մըն է դէպի բացուող, բայց մթագին հորիզոնները ապագային։ Շքեղ խորհուրդներու, ազնուական ապրումներու եւ զարգացած մտքի բորբ հնոց մըն է ան։

Եւ սիրելի՜ներ, ճգնութեան պսակումն է ծառայութիւնը։ Խոկումին, աղօթքին, ընթերցումին, հոգեկան միստիք ապրումին, հաղորդութեան անհրաժեշտ է, որ միանայ կեանքի փորձը։ Ի վերջոյ, կեանքին դիմաց՝ բանտ չէ՛ ճգնարանը, ուր իրենք զիրենք դատապարտող մարդիկ փակուին գերեզմանային մութ աշխարհի մը մէջ։ Եւ ահա՛ ճգնարանի խոկումին մէջ եւ կեանքի փորձին հանդիպումէն է, որ կը ծնի բուն տեսիլքը, հոգեկան հուրով, բոցով վառուած տեսիլքը…

Ճգնութեան մէջ է, որ մարդ կ՚անդրադառնայ սիրոյ եւ իր նմաններուն նկատմամբ իրերօգնութեան կարեւորութեան եւ անհերքելի բացարձակ ճշմարտութեա՛ն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս 19, 2025, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունիս 20, 2025