ՀԱՅՐԸ՝ ՈՐՊԷՍ ԱՆՁ

Աստուծոյ «Հայր» անունով կոչուիլը յայտնի է բազմաթիւ կրօններու մօտ։ Աստուածութիւնը յաճախ դիտուած է իբր «հայր աստուածներու եւ մարդոց»։ Իսրայէլի մօտ Աստուած կոչուած է «Հայր» իբրեւ «Արարիչ» աշխարհի. (Բ ՕՐ. ԼԲ 6), (ՄԱՂ. Բ 10)։ Աստուած առաւել եւս Հայր է Իսրայէլի, իր «անդրանիկ որդիին» (ԵԼՔ. Դ 22) հետ կնքուած ուխտին եւ օրէնքի պարգեւին պատճառով։

Աստուած կոչուած է նաեւ Իսրայէլի թագաւորին Հայր. (Բ ՍԱՂ. Է 14)։ Մասնայատուկ կերպով, Աստուած «Հայր է աղքատներուն», որբին եւ այրիին՝ որոնք իր սիրազեղ պաշպանութեան տակ կը գտնուին. (ՍԱՂՄ. ԿԷ 6)։

«Վասնզի ինչպէս Հայրը իր անձին մէջ կեանք ունի, այնպէս ալ Որդիին տուաւ, որ իր անձին մէջ կեանք ունենայ». (ՅՈՎՀ. Ե 26)։

Աստուածը «Հայր» անուանելով, հաւատքի լեզուն կը յայտնէ երկու գլխաւոր տեսութիւն. նախ՝ թէ Աստուած ամէն բանի սկզբնական ծագումն է եւ վերանցական իշխանութիւն։ Միաժամանակ Ան իր բոլոր որդիներուն համար բարութիւն է եւ հոգածութիւն։ Աստուծոյ հայրական այս գորովը կրնայ նաեւ արտայայտուիլ Աստուծոյ եւ Իր արարածին միջեւ մայրութեան պատկերով. (ԵՍ. ԿԶ 13), (ՍԱՂՄ. ՃԼ 2)։

Հաւատքի լեզուն այս ձեւով օրինակ կը քաղէ ծնողներուն մարդկային փորձառութենէն, որոնք որոշ իմաստով Աստուծոյ առաջին ներկայացուցիչները կը հանդիսանան մարդուն համար։ Այս փորձառութիւնը սակայն կ՚ըսէ նաեւ, թէ մարդկային ծնողները սխալական են, թէ կրնան այլակերպել դիմագիծը հայրութեան եւ մայրութեան։ Ուստի տեղին է յիշեցնել, թէ Աստուած գերիվեր է մարդկային սեռին զանազանութենէն։

Ինք ո՛չ այր է եւ ո՛չ ալ կին, Ինք Աստուած է։ Գերիվեր է նաեւ մարդկային հայրութենէն եւ մայրութենէն (ՍԱՂՄ. ԻԶ 10), մնալով հանդերձ անոնց նախապատճառն ու չափանիշը (ԵՓՍ. Գ 14-15), (ԵՍ. ԽԹ 15)։

Ո՛չ ոք հայր է ինչպէս Աստուած հայր է։

Յիսո՛ւս է որ յայտնեց, թէ Աստուած «Հայր» է, նախապէս անլուր նշանակութեամբ Աստուած Հայր է ո՛չ թէ միայն Արարիչ, Ան նաեւ յաւիտենական Հայր է՝ առընչաբար Իր Միածին Որդիին հետ, որ յաւիտենական Որդի է միմիայն Իր Հօր. «Ո՛չ ոք կը ճանչնայ Որդին եթէ ո՛չ Հայրը, ինչպէս որ ո՛չ ոք կը ճանչնայ Հայրը եթէ ո՛չ Որդին եւ ան՝ որուն Որդին կ՚ուզէ յայտնել զԻնք». (ՄԱՏԹ. ԺԱ 27)։

Ահա թէ ինչո՛ւ համար առաքեալները Յիսուսը կը դաւանին որպէս «Բանն, որ սկիզբէն իսկ՝ … Աստուծոյ մօտն էր եւ Աստուած է». (ՅՈՎՀ. Ա 1), իբրեւ «պատկեր անտեսանելի Աստուծոյ». (ԿՈՂ. Ա 15), իբրեւ «ճառագայթ Անոր փառքին եւ պատկեր՝ Անոր գոյացութեան». (ԵԲՐ. Ա 3)։

Հայր Աստուած առաջին Անձն է Երրորդութեան. մեր հաւատքին դաւանութիւնը կը սկսի Աստուծմով, քանի որ Աստուած է «Առաջինը եւ Վերջինը». (ԵՍ. ԽԴ 6), սկիզբը եւ վախճանը ամէն բանի։ Ուստի «Հաւատամք»ը կը սկսի Հօր Աստուծմով, որովհետեւ Հայրը առաջին «Աստուածային Անձ»ն է Ամենասուրբ Երրորդութեան, մեր «Հանգանակ»ը կը սկսի երկինքի ստեղծումով եւ երկրի արարչութեամբ, քանի որ արարչագործութիւնը սկիզբն եւ հիմնակէտն է Աստուծոյ բոլոր գործերուն։

Աստուած, արդարեւ, «Անձ» է, որ կը գործէ սիրով, բարութեամբ, իմաստութեամբ, ազատ կամքով որպէս ամենակարող եւ ամենատէր։ «Անձ» կը նշանակէ մտածող, բանականութեամբ գործող կենդանի գոյութիւն, ապա ուրեմն Աստուած խորհող, իմաստութեամբ գործող, դատողութեան տէր կենդանի գերադաս եւ գերագոյն միակ Էակն է անհասանելի, որ կ՚ապրի անժամանակ միջոցի մը մէջ եւ կը տիրէ ամէն էութեան։ Եւ ահաւասի՛կ, մարդուն Աստուծոյ նմանութիւնը կ՚ամփոփուի «անձ» գաղափարին մէջ…

Կեանքի մէջ զանազան նեղութիւններ կայ, եւ այդ նեղութիւնները յաղթահարելու, նուաճելու միջոցը քա՛ջ ըլլալն է, եւ քաջ ըլլալու համար «անձ» ըլլալ պէտք է, այն ինչ որ մարդս կը նմանցնէ Աստուծոյ։ Եւ «անձ» ըլլալ կը նշանակէ իմաստութեամբ եւ բանակութեամբ ապրիլ եւ գործել։

Եւ եթէ Քրիստոս յաղթեց մահուան եւ յարութիւն առաւ, վերակենդանացաւ, ապա երբ մենք նմանինք Անոր, մենք ալ պիտի յաղթահարենք ամէն դժուարութիւն եւ անշուշտ մա՛հը։

Նմանինք Յիսուսի եւ ստանանք Անոր «անձ»նաւորութիւնը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 30, 2025, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յունիս 2, 2025