ԻՆՔՆԻՐՄՈՎ ՀՊԱՐՏԱՆԱԼ

«Ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ». (ՂՈՒԿ. ԺԸ 14)։

Ղուկաս Աւետարանիչի ԺԸ. գլխուն 9-14 համարներուն մէջ Յիսուսի պատմած առակին մէջ՝ երկու հոգի կ՚աղօթեն Տաճարին մէջ. մին՝ փարիսեցի, միւսը՝ մաքսաւոր։ Փարիսեցին կը խորհրդանշէ ինքնիրմով հպարտացող, ինքնահաւան եւ պարծենկոտ եւ քննադատող մարդը, իսկ մաքսաւորը՝ համեստ, խոնարհ եւ ինքնաճանաչ մարդը։

Փարիսեցին՝ միշտ մարդոց հաճելի ըլլալ կ՚ուզէ եւ անոնցմէ գնահատուիլ կը սպասէ, իսկ մաքսաւորը՝ իր սիրտը կը բանայ Աստուծոյ խոնարհաբար։ Հոս երկու հակադիր կեցուածք կը ներկայանայ. հպարտութիւն եւ խոնարհութիւն։

Արդարեւ, երկու աղօթող մարդ Աստուծոյ առջեւ հաւասար են, բայց կը տարբերին իրենց զգացումներով եւ արտայայութիւններով։ Մաքսաւորներ, ժամանակին կը քննադատուէին փարիսեցիներու չնմանուելով, քանի որ փարիսեցիներ կրօնամոլ էին, այս մասին խստապահանջ եւ մոլեռա՛նդ։ Այս կէտին մաքսաւորներ խիստ քննադատութեան կ՚ենթարկուէին եւ կ՚արհամրուէին։

Աղօթքի ճամբով մենք Աստուծոյ ներկայութիւնը կ՚ապրինք եւ կը վայելենք։

Աղօթքի ընթացքին Աստուած կը խօսի անոր՝ որ խոնարհութեամբ կը մօտենայ Իրեն։ Ուստի, փարիսեցին աղօթած ատեն՝ եսասիրութիւն, հպարտութիւն, քննադատութիւն եւ յաւակնութիւն կը ցուցաբերէր։ Իսկ մաքսաւորը՝ պարզ, խոնահ եւ համեստ էր, եւ այս պատճառով անոր աղօթքը ընդունելի եղաւ։ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի կ՚ըսէ, թէ՝ աղօթքը պէտք է ամէն տեսակ աշխարհային փափաքներէ, զբաղումներէ զերծ ըլլայ, քանի որ աղօթքի ընթացքին մեզի հետ խօսողը մի՛շտ Յիսուս Քրիստոսը պէտք է ըլլայ։

Ուստի, երբ կ՚աղօթենք՝ պէտք է խոնարհ ըլլանք եւ միշտ փառք տալու համար աղօթենք։ Աղօթենք ո՛չ միայն մեզի համար, այլ ուրիշներու համար ալ, քանի որ բոլորս Աստուծոյ առջեւ նո՛յնն ենք։ Մեր սիրտերը աղօթքի սենեակ դարձնենք։

Աղօթքը ուժ է եւ զօրութիւն, եւ անոնց միջոցով կարելի է յաղթել «Չար»ին։

Խոնարհութիւնը՝ ստացական յատկութիւն մըն է, որ կարելի է իւրացնել սիրով։ Ուստի, խոնարհութիւնը սիրոյ արտայայտութիւն մըն է։ Խոնարհութիւնը քանի որ սիրոյ արտայայտութիւն է՝ նաեւ նուիրում կ՚ենթադրէ եւ այս կերպով ընթացքը կը կատարելագործուի։

Աստուած երբեք գոռոզին, հպարտին, մեծամիտին քովը չէ՛, այլ՝ հեզին եւ խոնարհին հետ է։ Հպարտութիւնը երկնայինը՝ երկրայինի, բարին՝ չարի կը վերածէ, ինչպէս հրեշտակը՝ սատանայի։ Իսկ խոնարհութիւնը՝ երկրայինը երկնայինի կը վերածէ, ստորինը կը բարձրացնէ։ Չէ՞ որ պտուղով լեցուն ծառը դէպի վար կը ծռի, կը կորանայ, կը խոնարհի…

Մարդն ալ նո՛յնն է սիրտը սիրով, միտքը գիտութեամբ լեցուն մարդը խոնարհ կ՚ըլլայ։ Ուստի, մարդ պէտք է պարծենայ իր խոնարհութեամբ…

Մարդիկ ընդհանրաապէս կը հպարտանան իրենց կարծեցեալ հարստութեամբ կամ գիտութեամբ, բայց հպարտութեան ամենէն վտանգաւորը իր հաւատքով պարծենալը եւ այդ մասին ուրիշները քննադատելն է։

Տարիներ առաջ, օր մը, մէկը մօտեցաւ ինծի՝ ձեռքը թուղթերով։ Թուղթերը երկարեց եւ ըսաւ ինծի. «Գրութիւն մը ունիմ, կարելի՞ է, որ անիկա խմբագրատուն յանձնէք, որպէսզի հրատարակուի թերթին մէջ…»։

«Սիրով» պատասխանեցի. «կը յանձնեմ, եթէ յարմար նկատուի, անշուշտ կը հրատարակուի…»։

Խօսակիցս շարունակեց. «Խնդրանք մըն ալ ունիմ» եւ երկարելով թուղթ մը՝ եւ որուն վրայ իր հեռաձայնի համարը գրուած էր ըսաւ. «Ինծի հեռաձայնեցէ՛ք, երբ ո՞ր օրը, որ հրատարակուի գրութիւնս եւ ա՛յն օրը հատ մը թերթ գնեմ…»։

Գրելով հպարտացողներ եթէ խոնարհութեամբ կարդալ գիտնային, այն ատեն միայն «մտաւորական» պիտի համարուէին։

Ի՞նչ կը խորհիք սիրելի՜ բարեկամներ, կարելի՞ էր որ այդ «գրութիւն»ը համարձակէի խմբագրատուն յանձնել…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 2, 2026, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մայիս 2, 2026