ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Մարդ ներկան կ՚ապրի՝ անցեալի յիշատակներով եւ ապագայի փափաքներով։ Եւ մարդ, անցեալի եւ ապագայի շրջանին միշտ, դարերու ընթացքին կը ձգտի ազատութեան եւ որուն անմիջապէս կը յաջորդէ անկախութիւնը։ Ազատութիւնը մարդուն առաջնակարգ ցանկութիւնն է։ Բայց ազատութեան եւ անկախութեան համար պէտք է հնազանդիլ ազատութեան եւ անկախութեան բնական սահմաններուն։ Հնազանդելով եւ հաւատարիմ մնալով՝ պէտք է պայքարիլ, եւ բազմաթիւ նեղութիւններու, դժուարութիւններու եւ ընդդիմաբանութիւններու դէմ պէտք չէ՛ երբեք կորսնցնել այս հրաշալի՜ հեռանկարը։ Ազատութիւնը արժանապատուութի՛ւնն է մարդուս։ Առանց ազատութեան մարդը չի՛ կրնար իրականացնել իր կոչումը եւ «մա՛րդ» ըլլալ…
«Ազատութիւն»ը, արդարեւ, իմացականութեան, բանականութեան եւ կամքին մէջ արմատացած կարողութիւնն է գործելու կամ չգործելու, ընելու այս կամ այն, ինքնակամ վճռելու կատարելիք գործեր։ Ինքնակամութեամբ իւրաքանչիւր ոք տէ՛ր է իր անձին։ Մարդուն մէջ ազատութիւնը զօրութի՛ւն մըն է աճումին եւ հասունութեան՝ ճշմարտութեան, բարութեան եւ սիրոյ մէջ։ Ազատութիւնը կը հասնի իր կատարելութեան, երբ կը կարգաւորուի դէպի Աստուած՝ մեր երանութիւնը։
Ազատութիւնը կը կիրարկուի մարդկային արարածներուն փոխյարաբերութիւններուն մէջ։ Ազատութիւնը, սակայն սահմանաւոր է եւ սխալական։ Եւ մարդ իր ազատութեան մէջ յաճախ սխալ կը գործէ՝ սկսեալ Ադամէն։ Ան մեղանչեց եւ կը մեղանչէ ազատօրէն՝ մերժելով Աստուծոյ սիրոյ ծրագիրը, խաբելով ինքզինք։ Ազատութեան անսահման գործադրութեան փափաքը ինքնախաբէութիւն է։
Մարդկութեան պատմութիւնը, իր ծագումէն սկսեալ, վկան է դժբախտութիւններու, կեղեքումներու եւ ձախողութիւններու՝ որոնք ծնած մարդուն սրտէն՝ իբր հետեւանք ազատութեան սխալ եւ յոռի գործածութեան։ Ապա ուրեմն, ազատութեան գործածութիւնը կը ստեղծէ ծանր պատասխանատուութիւն մը նաեւ ենթակային վրայ։
Ազատութեան գործածութիւնը իրաւո՛ւնք մըն է մարդուն։ Ազատութիւնը գործածելու իրաւունքը՝ պահանջք մըն է անբաժանելի մարդուն արժանապատուութենէն, մանաւանդ կրօնական եւ բարոյական մարզին մէջ։ Բայց ազատութեան կիրարկումը չ՚ենթադրեր իրաւունքը ամէն բան ըսելու եւ ամէն բան ընելու։
Իր սահմաններուն մէջ ազատութիւնը մարդս կ՚ընէ «բարոյական անձ»։ Մարդը երբ կը գործէ ինքնակամ կերպով, ան, այսպէս ըսելու համար «հա՛յրն է իր արարքներուն»։ Մարդկային արարքները՝ որոնք ազատօրէն ընտրուած են յետ խղճի քննութեան, որակաւորելի են ըստ բարոյականի։ Անոնք «բարի» են կամ «չար»։ Մարդկային արարքներուն բարոյականութիւնը կախում ունի. ընտրութեան առարկայէն, հետապնդուած նպատակէն կամ դիտաւորութենէն եւ գործելու պարագաներէն։
Մարդկային արարքներուն բարոյականութեան առարկան, դիտաւորութիւնը եւ պարագաները կը հանդիսանան անոր «աղբիւրները» կամ բաղադրիչ տարրերը։ Ուստի, աշխարհ ստեղծուած է հակադրութիւններու հրաշալի՜ ներդաշնակութեան մը վրայ, հոն՝ ուր կայ իրաւունք, հոն կայ նաեւ պարտք եւ պարտականութիւն, եւ հոն՝ ուր կայ ազատութիւն, հոն կայ նաեւ պատասխանատուութիւն։ Մարդուն կատարելութիւնը կը կայանայ այս ներդաշնակութեան տնտեսութեան միջոցով. այն մարդը՝ որ իրաւունքը կը վայելէ պարտաւորութիւններուն հաւատարիմ մնալով, եւ այն՝ որ ազատութիւնը կը գործադրէ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ, եթէ ո՛չ կատարեալ, բայց կատարելութեան ճամբու վրայ ապահո՛վ ընթացող մըն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 18, 2025, Իսթանպուլ