ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾ ՉԷ ՆԻՒԹԱԿԱՆՈՎ

Զանազան առիթներով խօսած ենք դպրոցին կարեւոր դերին եւ արժէքին մասին, հաւատալով, որ դպրոցը՝ ընտանեկան դաստիարակութեան կողքին կարեւորագոյն ազդակներէն մէկն է ապագայ սերունդը հայ պահելու եւ անոնց մէջ հայու դաստիարակութիւն ու արժէքներ սերմանելու համար. առ այդ հաւատացա՛ծ ենք ու կը շարունակենք հաւատալ, որ մեր դպրոցները՝ մանաւանդ սփիւռքի տարածքին մէջ շահութաբեր միջոցներու չե՛ն կրնար վերածուիլ. սփիւռքի մէջ հայկական դպրոցը հայ աշակերտին դիմաց բարձր կրթաթոշակով չի՛ կրնար ներկայանալ, որովհետեւ սփիւռքի մէջ մեր դպրոցներն ու հաստատութիւնները հարստացնելէ շա՛տ աւելի առաջնահերթ է հայ աշակերտին հայեցի դաստիարակութիւնը: 

Այս նիւթը շատ կարեւոր կը նկատենք, որովհետեւ անձամբ ականատես կ՚ըլլանք, թէ ինչպէս աշակերտներ պատասխանատուներու որոշումով «դուրս» կը մնան քննութիւններէն՝ կրթաթոշակը վճարած չըլլալու պատճառով: Մեր ղեկավարները չհասկցան, որ հայ աշակերտը կրթելը ո՛չ թէ շահութաբեր «ձեռնարկ» է, այլ պարտաւորութիւն՝ զոհողութիւն. այսօր կը տեսնենք, թէ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ այլ տարածքներու մէջ կը շարունակուին «ազգային» հաստատութիւններ կառուցուիլ՝ շէնք, թանգարան, մարզասրահ եւ այլն։ Նոր շէնքերու, յուշարձաններու եւ թանգարաններու փոխարէն այդ գումարը թող ծախսուի մեր դպրոցներուն՝ որովհետեւ ամէն ժամանակէ աւելի այսօր կարիքը ունինք դպրոցական դաստիարակութեան՝ մանաւանդ սփիւռքի պայմաններուն մէջ: 

Մեր թուականէն մօտաւորապէս եօթ տարիներ առաջ լիբանանահայ Սալբի Մկրտիչեան-Թէլֆէյեանը հարցազրոյցի մը ընթացքին կ՚ըսէր. «Դպրոցները սկսած են շատ բարձր կրթաթոշակ պահանջել, այս մէկը ժողովուրդին վրայ շատ վատ ազդեցութիւն ունեցաւ, որովհետեւ բարձր դասակարգի պատկանող որոշ խաւ մը, փոխանակ այդ բարձր գումարը հայկական դպրոցին վճարելու, կը նախընտրէ իր զաւակը արաբական դպրոցներ ուղարկել, իսկ կայ նաեւ խաւ մը, որ չի կրնար մեծագումար կրթաթոշակները վճարել եւ կը նախընտրէ իր զաւակները պետական անվճար դպրոցներ ղրկել կամ ընդհանրապէս դպրոցէն հանել»։ Այս տողերուն մէջ կան հիմնական երկու մտահոգութիւն. կան որոշ հայեր, որոնք պատրաստ են մեծամեծ գումարներ վճարել օտար դպրոցներու, սակայն, երբ կարգը հասնի հայկականին՝ այդ գումարը «մեծ» կը թուի ըլլալ։ Անշուշտ, այս հիւանդութիւնը ունի ազգային մակարդակ մը. մենք կրնանք մեծ գումար վճարել օտար արուեստագէտի մը աշխատութեան՝ սակայն այդ մէկը «շատ» նկատել՝ երբ արուեստագէտը հայ է, որովհետեւ մեր մէջ տարածուած է այն ախտը, որ հայը պարտաւոր է եւ հետեւաբար ձրիակերութիւնը մեղք մը պիտի չնկատուի: Անշուշտ, մեր հիմնական մտահոգութիւնը երկրորդ խումբին պատկանողներն են, որովհետեւ արաբական եւ տեղական դպրոցները սփիւռքի մէջ շատ աւելի հասանելի են ու գրեթէ անվճար, սակայն, անոնք կամաւորաբար կ՚ուզեն հայկական դպրոցի մէջ հասակ առնել. անոնց ծնողները կը փափաքին, որ անոնք հայկական վարժարանի մէջ իրենց դաստիարակութիւնը ստանան: 

Այս բոլորը նկատի ունենալով մեր բոլոր դպրոցները՝ անոնք ըլլան կուսակցութեանց, եկեղեցւոյ եւ կամ կազմակերպութիւններու հովանաւորութեան տակ, պէտք է լաւապէս գիտակցին, որ առաջնահերթութիւնը այդտեղ հայ աշակերտին հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելն է եւ ո՛չ հասութաբերութիւնը: 

Իրականութեան մէջ այս ցաւ պատճառող ընթացքը մեր մէջ նոր չէ. հաւատացէ՛ք, որ հարիւրաւոր տարի առաջ նոյն էր վիճակը՝ ինչ որ այսօր: Մեր թուականէն 125 տարիներ առաջ՝ 1900 թուականին Վառնայի մէջ լոյս տեսնող «Իրաւունք» երկշաբաթաթերթը իր «շաբաթ, 9 սեպտեմբեր 1900-ի թիւի խմբագրականին մէջ կը գրէ. «Աղքատ եւ նուազ բարեկեցիկ դասակարգը իր զաւակին ամբողջ տարուան մը համար, ուտեստի եւ հագուստի ծախքերը մտածելէ զատ ստիպուած է նաեւ վարժարանին համար վճարել թոշակը եւ մուտքի տուրքն ալ մտածելու: Ահա այս անողոք մտածումը նիւթական համեստ պայմաններու տակ ապրող շատ մը ընտանիքներու զաւակները կը զրկէ ուսումնական կեանքէն եւ անչափահասներու երամակ մը վարժարաններէ խլուելով կը նետուին շուկայական կամ գործարանական կեանքին մէջ»:

Ահաւասի՛կ, 125 տարուան հնութիւն ունեցող վիճակ մը...: Եթէ պէտք ըլլայ, դպրոցները պարտաւոր են անվճար դառնալ, որովհետեւ փառք Աստուծոյ մեր կուսակցութիւններն ալ, եկեղեցին ալ, կազմակերպութիւններն ալ նոյնինքն այդ ժողովուրդին շնորհիւ է, որ հարստացած են: 

Այս մէկը շատ շատերու համար գուցէ մեծ խնդիր չթուի, սակայն, մենք ունեցած ենք դժբախտութիւնը տեսնելու, թէ ինչպէս հայկական վարժարաններ աշակերտը կը հեռացնեն ու տուն կը ղրկեն՝ կրթաթոշակը վճարած չըլլալու համար։ Լիբանանի մէջ քիչ չեն այն աշակերտները, որոնք քննութեան օրը բոլոր աշակերտներու ներկայութեամբ մնացած են քննութենէն դուրս՝ կրթաթոշակը ամբողջացուցած չըլլալու պատճառով: 

Պարզապէս ամօթ կը զգանք, որ ունինք որոշ հայ ղեկավարներ, որոնք հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը եւ կրթաթոշակի արժէքը չեն կրնար զանազանել:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Սփիւռքի մէջ հայ ծնողքը եթէ չունի նիւթական կարողութիւն իր զաւակը հայկական դպրոց ղրկելու, ի՞նչ պէտք է ընէ:

Պատասխան. Սփիւռքի մէջ եթէ հայ ծնողքը չունի նիւթական կարողութիւն իր զաւակը հայկական դպրոց ղրկելու, ապա դպրոցը պարտաւոր է ապահովել այդ զաւակին հայեցի դաստիարակութիւնը՝ անկախ ընտանիքի նիւթական վիճակէն: Հայ դպրոցներու առաքելութիւնը միայն կրթութիւն տալը չէ, այլ նաեւ ազգային ինքնութեան պահպանումն է եւ այդ պատասխանատուութիւնը չի կրնար պայմանաւորուիլ միայն նիւթականով: Հետեւաբար, կրթական հաստատութիւնները պէտք է ստեղծեն աջակցութեան ծրագիրներ, կրթաթոշակներ եւ զեղչեր, որպէսզի բոլոր հայ աշակերտները, առանց խտրութեան ունենան հայերէն լեզուի, պատմութեան ու մշակոյթի դաստիարակութիւն ստանալու հնարաւորութիւն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 19, 2025