ԼՌՈՒԹԻՒՆ. ՀՐԱՇՔ ՈՒ ՍԱՐՍԱՓ

Հայ գրականութեան մէջ կան աշխատութիւններ, որոնք հասարակ վէպ կամ գիրք ըլլալէ աւելի փիլիսոփայական գանձեր են. աշխատութիւններ՝ որոնք մարդը կը մղեն մտածելու, վերլուծելու եւ վերատեսութեան ենթարկելու համոզումները։ Անոնք պարզապէս լեռ ու ձոր, գաւառի կամ Պոլսոյ կեանքին մասին չէ՛ որ կը պատմեն: 

Նման ուժ ունեցող գիրք մըն է Աւետիս Ահարոնեանի «Լռութիւն» գիրքը, որ ընթերցողին դիմաց կը բանայ հետեւեալ կարեւոր հարցումը. լռութիւնը լա՞ւ բան է՝ թէ ոչ։ Վստահ եղէ՛ք, որ Ահարոնեանի այս վէպը անգամ մը կարդալէ ետք պատասխանը ձեր կարծածին չափ այդքան այլ դիւրին պիտի չըլլայ։ Այդ վէպը կարդացած ենք աւելի քան տասնհինգ տարի առաջ ու տակաւին լռութեան ինչութիւնը կը շարունակէ մնալ անյայտ, որովհետեւ ինչքա՛ն պատուական՝ նոյնքան սարսափելի ու զարհուրելի է լռութիւնը: 

Ահարոնեանի այս աշխատութիւնը սիրային վէպ մըն է. նկարիչ մը հանգիստի համար քաղաքէն կը հեռանայ եւ իր հանգստավայրին մէջ կը ծանօթանայ աղջկայ մը՝ որուն հանդէպ կը սկսի սէր տածել, սակայն, աղջկան եւ տղուն միջեւ կան հիմնական տարբերութիւններ. տղամարդը լռութեան մեծ սիրահար է, մինչ կնոջ համար լռութիւնը սոսկալի է։ Եւ այսպէս զոյգերը իրենց թեզերով կը փորձեն միմեանց համոզել, թէ ինչ է լռութիւնը: 

Տղամարդուն համար լռութիւնը հանգստութիւնն է, մտամփոփման պահն է. տղամարդը լռութեան մէջ կը յաջողի աւելիով ամփոփել իր մտածումները, զգացումները։ Տղամարդուն համար լռութիւնը ուժ է, որովհետեւ լռելն ու սպասելը այդքան ալ դիւրին բաներ չեն, որովհետեւ կեանքի մէջ ամենէն կարեւոր արուեստներէն մէկն ալ սպասելու արուեստն է՝ համբերելն է եւ այդ բոլորը լռութեան մէջ աւելի ուժ կը գտնեն: Տղամարդը կը հաւատայ, որ լռութեան մէջ է, որ մարդ կրնայ լաւագոյն որոշումները կայացնել՝ երբ ինքն իր անձին հետ առանձնանալու առիթը կ՚ունենայ։ Այդ ժամանակ կը սկսի իրապէս հասկնալ իր ներքին ցանկութիւններն ու նպատակները՝ հեռու ուրիշներու ակնկալիքներէն ու կեղծաւոր կարծիքներէն: Համաշխարհային գրականութեան մէջ կարելի է գտնել լռութեան մասին ըսուած բազմաթի՜ւ դրական արտայայտութիւններ, օրինակի համար, ֆրանսացի յայտնի գրող եւ փիլիսոփայ Ժան Ժաք Ռուսօ իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Լռութեան մէջ ես կը գտնեմ իմ անձս, բնութիւն ու Աստուածս»։ Ուրիշ մը կ՚ըսէ. «Խելացի մարդիկ կը սիրեն լռել», իսկ այլ գրող մը լռութիւնը ոսկի կ՚անուանէ։ Արդի հոգեբանութիւնը եւս կը հաւատայ, որ լռութիւնը մարդկային միտքը աւելի առողջ կը պահէ. լռութեան մէջ մարդու ջիղերը հանգստութիւն կը գտնէ. լռութիւնը ինքնագիտակցութիւնը կը զարգացնէ, որովհետեւ լռութիւնը մարդուն համար տարածութիւն մը կը ստեղծէ՝ ուր մարդ աւելի առողջ ձեւով իր խնդիրներուն լուծում կը գտնէ։ Շատեր կը հաւատան, որ կեանքի լաւագոյն որոշումները մարդիկ լռութեան մէջ կը կայացնեն: Այսպէս կարելի է լռութեան «դրական» կողմերուն մասին անվերջ գրել, սակայն, Աւետիս Ահարոնեան մարդուն դիմաց կը բանայ միւս դուռը. կրնա՞յ ըլլալ, որ այդ մէկը մեր կարծածին չափ այդքան ալ անմեղ ու դրական երեւոյթ մը չէ: 

«Լռութիւն» վէպի հերոսուհին կ՚ատէ լռութիւնը եւ այդ մէկը ընելու համար վստահաբար ունի իր պատճառները: Սկսինք. աշխարհի ամենէն դաժան արարքները լռութեան մէջ կը կատարուին, օրինակի համար, երէկ գիշեր՝ երբ ողջ աշխարհը կը քնանար, ո՜վ գիտէ քանի քանի անհատներ ոճրագործութեան զոհ գացին։ Երէկ գիշեր՝ երբ ամբողջ աշխարհը կը քնանար, ո՜վ գիտէ քանի քանի հոգիներ իրենց ամբողջ կեանքի վաստակը մի քանի վայրկենուան մէջ գողերուն յանձնեցին։ Գիշերուան լռութեան մէջ ո՜վ գիտէ քանի երիտասարդ ինքնասպանութեամբ իր կեանքին վերջ տուաւ. ո՜վ գիտէ քանի՜ քանիներ, երէկ գիշեր լռութեան մէջ արցունքներու մէջ խեղդուեցան: Մարդկային տառապանքին ամենէն բարձր մակարդակը լռութեան մէջ է, որ կ՚ապրի մարդ. լռութեան մէջ է, որ յուսախաբ սիրտերը կը մեռնին։ Ահարոնեան կը գրէ. «Մեռնող սիրտերը լռութեան մէջ փուլ եկող աշխարհներն են, որոնք երբեք չեն շինուիր»: Աշխարհը ունի բազմաթի՜ւ զոհեր եւ այդ զոհերէն մի քանին միայն ձայն կը բարձրացնեն։ Անոնցմէ շատեր լռութեան մէջ կ՚ապրին իրենց տառապանքը, որուն համար Ահարոնեան կը գրէ. «Երանի՜ թէ մեր այս դժբախտ աշխարհին մէջ ճչալ կարենային բոլոր զոհերը, որոնք լռութեան մէջ կը տառապին, ցաւերու բեռին տակ ծածուկ կը տնքան եւ իրենց սիրտին խորերը լռութեամբ կու լան»: 

Ահարոնեանի վէպի հերոսուհին լռութիւնը կը բնութագրէ որպէս ներքին թշնամի, որովհետեւ այդ լռութեան մէջ է, որ ազնիւ հոգիներ կ՚աւերուին, խուլ խաւարին մէջ է, որ անմեղ հոգիներ կը տառապին: Հերոսուհին այս եզրակացութեան կը հասնի, որովհետեւ հարազատ քոյրը լռութեան մէջ տղամարդ մը սիրելով վերջաւորութեան հոգեբուժարան կ՚առաջնորդուի։ Քոյրը իր սէրը կ՚ապրի լռութեան մէջ եւ երբ սիրած տղամարդուն մահուան լուրը տեղ կը հասնի՝ նոյն լռութեան մէջ կը խելագարի… Այս բոլորը նկատի ունենալով հերոսին կ՚ըսէ. «Տիեզերքի մէջ ամէն ինչ մահ ունի… անմահը միայն տառապանքն է, որ կապուած է մարդկային խեղճուկ ճակատագրին հետ»: 

Այս բոլորը նկատի ունենալով ամէ՛ն անգամ երբ լռութեան մէջ գտնուինք, անոր անուշութիւնը վայելած ատեն միաժամանակ մտածենք, թէ նոյն լռութիւնը ի՜նչ դժբախտութիւններ կը ծնի։

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Մեծագոյն դժբախտները անոնք չե՛ն, որոնք կը տառապին իտէալի մը համար զոհուելով. օ՜հ, ո՛չ. անոնք չեն: Մեծագոյն դժբախտները անոնք են, որոնք կ՚ուզեն ծառայել, բայց չե՛ն կրնար. կ՚ուզեն ծառայել բանի մը, որեւէ բանի, իրենց եղբայրներուն, իրենց հայրենիքին, վերջապէս հաւաքական իտէալի մը կառքին լծուիլ, դառնալ անոր լծկան եզները, բայց չեն ուզեր զիրենք, կը մերժեն իրենց օգնութիւնը, որովհետեւ… կառք չկայ, եղբայրներ, կառք չկայ, բա՛ն չկայ:

ԿԱՐՕ ՓՈԼԱՏԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 19, 2026