ԱՄԵՆԷՆ ԲԱՐՁՐ ՎԿԱՅԱԿԱՆԸ

Մարդ արարած որոշ բնաւորութեամբ մը կը ծնի՞, թէ ոչ ժամանակի ընթացքին այդ բնաւորութիւնը կը կազմուի իր մէջ՝ չեմ գիտեր, սակայն կը հաւատամ, որ ազատութիւն ու կամք ունեցող մարդը, հակառակ բնածին որոշ գիծերու, ունի ուժն ու կարողութիւնը որոշ ընտրութիւններ կատարելու՝ ինչքան ալ դժուար ու խրթին ըլլայ այդ մէկը: Մարդկային կեանքը բախումն է բնաւորութեան ու ընտրութիւններու, որուն մէջ իր հիմնական դերը ունի գիտակցութիւնը՝ որ կրնայ մշտական փոփոխութիւն կրել: Անշուշտ, պէտք չէ զանց ընել դաստիարակութեան եւ կրթութեան ունեցած ազդեցութիւնը, որուն կը պարտի մարդ իր ինքնութիւնը: Շատեր կը հաւատան, որ բնաւորութիւնը կարելի չէ փոխել, սակայն հոգեբանութիւնը կը հաւատայ, որ եթէ մարդ չի կրնար իր բնաւորութիւնը փոխել՝ նուազագոյնը կրնայ զայն ձեւաւորել, ինչ որ կը պահանջէ ինքնաճանաչում: 

Այս բոլոր մտածումները պարզ ու բնական են, սակայն, կայ վտանգաւոր երեւոյթ մը. մարդիկ յաճախ իրենց սխալներն ու թերացումները կը փորձեն արդարացնելով «բնածին» բնաւորութիւններով. Այս մէկը հոգեբանականօրէն շատ վտանգաւոր երեւոյթ մըն է, որովհետեւ այս համոզումով մարդ իր սխալները սրբագրելու, սխալը ճիշդ դարձնելու փոխարէն կը նախընտրէ մնալ այնպէս՝ ինչպէս որ է, այդ բոլոր սխալները նկատելով «բնաւորութեան անփոփոխ մէկ մասը»: 

Մարդկային բնաւորութեան կարեւոր յատկանիշներէն մէկը կը կազմէ խոնարհութիւնը. ոմանք այդ մէկը բնածին «շնորհք» կը նկատեն, սակայն, մենք կը հաւատանք, որ բնածին ըլլալէ աւելի մարդկային ընտրութիւն է. խոնարհութիւնը շատեր «շնորհք» կը նկատեն, սակայն, մենք այդ մէկը շնորհք ըլլալէ աւելի կը տեսնենք որպէս «բնական» մարդկային ընթացք մը, որովհետեւ մարդ արարածը՝ որ ժամանակաւոր է այս աշխարհին վրայ՝ հպարտանալու եւ գոռոզանալու ո՛չ մէկ պատճառ: 

Անշուշտ, ինչպէս Պարոյր Սեւակ, շատ ուրիշներ եւս հպարտութեան եւ գոռոզութեան մէջ տարբերութիւն կը դնեն, հպարտութիւնը՝ անմեղ, իսկ գոռոզութիւնը մեղք նկատելով: Հին փիլիսոփաներ եւս հպարտութիւնը որակած են որպէս «խելքի պակասութիւն»:

***

Այս բոլորին մասին սկսայ մտածել, երբ «խելքի պակասութիւն» ունեցող անձ մը գոռոզանալու աստիճան հպարտացաւ իր «բարձրագոյն» կրթութեամբ. պաշտօնական էջերու մէջ անոր անունը պարտաւոր էին նշել իր «դոկտ.»ի տիտղոսով. վերջապէս ինք պարզ անձ մը չէր. ունէր համալսարանական բարձրագոյն կրթութիւն մը՝ որ զինք շատ աւելի բարձր կը դարձնէր ուրիշներէն եւ այս երեւոյթը ինքնաբերաբար պատ-ճառ եղաւ, որպէսզի գրի առնենք այս գրութիւնը: 

Գուցէ շատերու համար անընդունելի թուի այս մէկը, սակայն, վստահ ենք, որ այն մեծահասակներն ու տարեցները, որոնք դպրոցի երես անգամ տեսած չեն շատ աւելի բարձր կրթութիւն ունին քան անոնք՝ որոնք աշխարհի ամենէն մեծ ու բարձր համալսարաններու մէջ ուսում առած, իրենց բարձրագոյն վկայականներով կը հպարտանան: Եթէ այդ «բարձրութիւն»ը վկայականի մը՝ թուղթի կտորի մը մէջ կ՚ուզեն տեսնել, ապա այդ պարագային, այո, անոնք թուղթի կտորով մը շատ աւելի բարձր ուսում ունին քան ուրիշներ, սակայն, մարդկային կեանքի մէջ այդ թուղթը բաւարար չէ «բարձր» դառնալու համար. ի դէպ մեր հայ գը-րողներէն շա՜տ շատեր համալսարանական կրթութիւն չունէին՝ չըսելու համար, որ անոնցմէ շատ շատեր դպրոցի բնական կարգերը անգամ աւարտած չէին: Մերօրեայ աշխարհը մարդը կը դատէ նախ իր նիւթական կարողութեամբ, ապա թուղթի վրայ գրուած համալսարանական կրթութեամբ մը, սակայն, կու գանք ըսելու, որ ո՛չ մեծ գումարներ ունեցողը եւ ո՛չ ալ բարձր համալսարաններու վկայական ունեցողներն են ճշմարիտ «մեծ»երը: 

Այս երեւոյթը մեզի յիշեցնել կու տայ հինէն եկող պատմութիւն մը, որ բարձրագոյն կըր-թութեան ինչ ըլլալը ցոյց կու տայ: 

***

Օր մը վաճառական մը յայտարարութիւն կը տարածէ, թէ կարեւոր գործի մը համար օգնականի մը կարիքը ունի՝ բարձր վարձատրութեամբ: 

Այս յայտարարութեան վրայ բազմաթի՜ւ անձեր կը ներկայանան, իրենց համալսարանական վկայականներով ու երկար տարիներու աշխատանքի փորձերով, սակայն, վաճառականը անոնցմէ կ՚ընտրէ անձ մը՝ որ համեմատած միւսներուն շատ աւելի նուազ փորձ ու կրթութիւն ունի: 

Միւս աշխատակիցները զարմանքով կ՚ուզեն պատճառը գիտնալ։ Անոնցմէ մէկը կը համարձակի հարցնել. «Ուրիշներ շատ աւելի բարձր վկայականներ ունէին, ինչո՞ւ համար զինք ընտրեցիր»։

Իմաստուն վաճառականը կը պատասխանէ.

-Սխալ ես. այդ տղան շատ վկայականներ ունի՝ նոյնիսկ միւսներէն աւելի: Սենեակ մտնելէ առաջ ոտքերը լաւ մը սրբեց եւ դուռը գոցեց առանց աղմուկ հանելու. կը նշանակէ կարգապահ է: Դեռ ներս չմտած գլխարկը հանեց եւ արագ ու կտրուկ պատասխաններ տուաւ իմ հարցերուս. ուրեմն քաղաքավար է: Իր նստած աթոռէն ելաւ ու տեղ տուաւ ներս մտնող կաղ մարդուն. ուրեմն բարեսիրտ է ու յարգալիր: Ծռեցաւ ու գետնէն վերցուց գիրքը, որ ես դիտմամբ գետինը ձգած էի, մինչ միւս «ուսեալներ»ը գիրքին քովէն անցան: Կրթուած ձեւով համբերութեամբ իր կարգը կը սպասէր. ուրեմն կրթուած ու օրինապահ տղայ է: 

Միթէ այս բոլորը աշխարհի ամենէն բարձր ու լաւ վկայականը չէ՞... երանի ամէ՛ն ծնողք այս վկայականով օժտէ իր զաւակը՝ փոխան միւս վկայականներուն, որուն խորքը ամայութիւն է:

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Մարդը պէ՞տք է չափել իր վկայականներով:

Պատասխան. Մարդը պէտք չէ գնահատել իր վկայականներով ու պաշտօններով, որովհետեւ այդ բոլորը ընդամէնը փաստաթուղթեր են, որոնք ցոյց կու տան անոր ձեռքբերումները: Մարդու խոր արժէքը կը չափուի անոր բարոյականութեամբ, մտաւոր ուժով, գործերով եւ շրջապատի վրայ իր ունեցած ազդեցութեամբ: Վկայականները կրնան հնարաւորութիւններ ապահովել, սակայն, մարդկային ինքնութիւնն ու հեղինակութիւնը կը ձեւաւորուին վարքագիծի, ինչպէս նաեւ մարդոց հանդէպ ունեցած վերաբերմունքով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ​

Երեւան

 

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2025