ՄԱՐԴՈՒ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ՝ ԱԶԱՏ ԽՕՍՔ

Մեր ժամանակաշրջանին մէջ ամենէ՛ն շատ լսուած, սակայն, միաժամանակ ամենէն շատ անտեսուած արժէքը խօսքի ազատութիւնն է. արժէք՝ որ գրեթէ բոլոր պետութիւններու կողմէ կը ներկայացուի որպէս անքակտելի մարդկային իրաւունք, ժողովրդավարութեան հիմք, սակայն, յայտնի եւ անյայտ ձեւերով կը սահմանափակուի եւ տարբեր ճնշումներու կ՚արժանանայ: Անշուշտ, խօսքի ազատութեան պայքարը նոր պայքար մը չէ. ամէ՛ն ժամանակ, ամէ՛ն դարաշրջան ունեցած է խօսքի ազատութեան կալանքը. պետութիւններ իրենք զիրենք ինչքան ալ որպէս խօսքի ազատութեան քարոզիչներ ներկայացնեն՝ դէմ են խօսքի ազատութեան, որովհետեւ բռնակալութեան ամենէն հզօր թշնամին խօսքի ազատութիւնն է: 

Եթէ սերտենք պատմութիւնը, պիտի տեսնենք, որ խօսքի ազատութեան պատճառով մարդ արարածը մի՛շտ ալ եղած է հալածուած. օրինակի համար, հին փիլիսոփաներէն շատ շատեր դատապարտուած, նոյնիսկ սպաննուած են իրենց կարծիքներն ու համոզումները բարձրաձայնելու համար։ Անոնցմէ մէկն է, օրինակ, Սոկրատես, որ Ք.Ա. 399 թուականին Աթէնքի դատարանին կողմէ մահուան կը դատապարտուէր. մահուան կը դատապարտուէր, որովհետեւ իր խօսքերուն մէջ կ՚ըսէր հետեւեալները. «Ձեր առաջնորդները չեն գիտեր ճշմարտութիւնը», ժողովուրդին կը յորդորէր ամէ՛ն ինչ հարցնել՝ ճշմարտութիւնը գտնելու համար: 

Պատմութեան մէջէն կարելի է ի յայտ բերել բազմաթի՜ւ անուններ ու զոհեր, որոնք տանջուած եւ ամբողջ կեանք մը հալածուած են՝ իրենց խօսքերուն եւ միտքերուն պատճառով։ Հայ գրականութեան մէջ եւս պակաս չեն այնպիսիները՝ որոնք ստիպուած եղած են խեղդել իրենց ձայնը. անոնցմէ մէկն է, օրինակ, Եղիշէ Չարենց, անոնցմէ մէկն է, օրինակ, Պարոյր Սեւակ։ Վկա՛յ Պարոյր Սեւակի գիրքերու անունները. «Եղիցի լո՜յս», որովհետեւ այն վիճակը՝ որուն մէջ հայ ժողովուրդը կը գտնուէր, խաւար էր եւ լոյսի կարիքը կար. «Ականջդ բեր ասեմ», որովհետեւ իր ըսելիքները բարձրաձայն պիտի չկարենար ըսել. «Մարդը ափի մէջ».... որովհետեւ հայ ժողովուրդը ափի մէջ բռնուած ու զրկուած էր իր ազատութենէն. արդի՞ւնք. կեղծ արկած մը եւ ոչ եւս է հայ բանաստեղծը: Ա՞յլ օրինակ. վերցուցէ՛ք Լեռ Կամսարը, որ իր կեանքի կարեւոր մէկ բաժինը անցուց աքսորի մէջ. օրինակ վերցուցէք Երուանդ Օտեանը, որ իր այս կամ այն աշխատութեան պատճառով մի՛շտ դատարաններն էր. տակաւին կարելի է շարքը երկարել՝ որովհետեւ թիւով քիչ չեն խօսքի ազատութեան զոհերը:

Պատմութեան մէջ կարեւոր տեղ ունի 1859 թուականին անգլիացի փիլիսոփայ Ճոն Ստուարտ Միլի գրած «Ազատութեան մասին» գրութիւնը, որ հակառակ ժամանակի բռնութիւններուն, կը բարձրաձայնէր խօսքի ազատութեան կարեւորութիւնը եւ իր գրութեան մէջ կը շեշտէր, որ իւրաքանչիւր մարդ պէտք է ազատ ըլլայ՝ եթէ այդ ազատութիւնը վնաս չի պատճառեր ուրիշներուն: Այնպէս ինչպէս այսօր, նոյնպէս անցեալին պետութիւններ կը հալածէին հակառակ կամ նոյնիսկ սխալ կարծիքը։ Միլ կու գար իր գրութեամբ պաշտպանելու, որ մարդու կարծիքները անհատական են, անձնական են եւ նոյնիսկ հակառակ կամ սխալ ըլլալու պարագային չեն դադրիր խօսքի ազատութեան մէջ մտնելէ։ Ան կը հաւատար, որ սխալ կարծիք գոյութիւն չունի. պարզապէս գոյութիւն ունի մտածումներու տարբերութիւններ, որովհետեւ իւրաքանչիւրին համար ճիշդի հասկացողութիւնը տարբեր էր. այն բանը՝ որ ինծի համար սխալ է, ուրիշին համար կրնայ ճիշդ ըլլալ: Ճոն Ստուարտ Միլ կը հաւատար, որ պետութիւնը խօսքի ազատութիւնը սահմանափակելու իրաւունք ունի միայն այն ժամանակ, երբ այդ մէկը ուրիշներու ազատութեան, բարօրութեան վնաս կը հանդիսանայ։ Այլ խօսքով՝ պետութիւնը միայն ու միայն կրնայ ուրիշներու իրաւունքը պաշտպանել եւ ո՛չ թէ կարգաւորել անձնական համոզումները:

Այսօր թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ թէ գրեթէ աշխարհի վրայ գտնուող բոլոր երկիրներու բանտերուն մէջ կան անձեր՝ որոնք քննադատուած, բանտարկուած եւ հալածուած են իրենց խօսքին պատճառով։ Այնպէս, ինչպէս Խորհրդային Միութիւնը գրող մը աքսորի կ՚ենթարկէր, նոյնպէս այսօր շատ մը գրողներ, մտածողներ, լրագրողներ բանտերու մէջ իրենց խօսքի պատիժն է, որ կը կրեն: 

Մեր թուականէն 38 տարիներ առաջ՝ 1988 թուականին, հնդիկ գրող եւ մտածող Սալման Ռուշտի գրեց գիրք մը՝ «Սատանայական քերթուած» խորագրով. գիրք՝ որ պատճառ եղաւ, որ գրողը մահուան դատապարտուի իսլամական պետութեան կողմէ։ 1989 թուականին Իրանի առաջնորդ Խումէյնի կրօնական մահապատիժ սահմանեց, որուն պատճառով գրողը երկար տարիներ փախստականի կեանքով ապրեցաւ: Գիրքի ընթերցումը արգիլուեցաւ Իրանի, Հնդկաստանի եւ այլ իսլամական երկիրներու մէջ. այս աշխատութեան պատճառով գիրքին հեղինակը նոյնիսկ ենթարկուեցաւ յարձակումներու, դանակահարուեցաւ: Բարեբախտաբար հեղինակը՝ Սալման Ռուշտի տակաւին ողջ է եւ կը շարունակէ մնալ խօսքի ազատութեան խորհրդանիշ: Հայ գրականութիւնը ունեցած է բազմաթի՜ւ Սալման Ռուշտիներ. մեր հայ գրողներէն շատ շատերու աշխատութիւնները լոյս չտեսած ոչնչացած են։ Մենք այսօր հպարտ ենք մեր գրականութեամբ, սակայն, եթէ ըլլայ խօսքի ազատութիւնը, մենք շա՜տ աւելի մեծ ու հարուստ գրականութիւն պիտի ունենայինք՝ քան այսօր: 

Եթէ մարդիկ չեն կրնար ազատ արտայայտուիլ՝ կը նշանակէ չեն կրնար նաեւ ազատ ապրիլ եւ վա՜յ այն ազգի զաւակներուն, որուն ազատութիւնը իշխանութեան որոշումներուն եւ անարդարութիւններուն մէջ է։ Մարդ իրապէս ազատ է, երբ կրնայ իր միտքը առանց դատապարտուելու վախի արտայայտել:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Անիրաւութիւնը շատ վատ բան է: Ան կարծուած այսօրուան օգուտը՝ շատ եւ չկարծուած վնասներ կը ծնի: Աւելի լաւ է արդարութեամբ մեռնիլ, քան թէ անիրաւութեամբ իշխել:

ԾԵՐԵՆՑ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մարտ 18, 2026