ԱՆԳՈՐԾ ՀԱՅԱԳԷՏ ՄԸ

Երեւանի կայարաններէն մէկուն մէջ կը հանդիպինք երիտասարդի մը, որ տարիներ առաջ, Հալէպի մէջ աւարտած էր հայագիտականը ու իր աւարտաճառը ներկայացնելով՝ արժանացած էր հայագէտի կոչումին։ Կը հաւատանք, որ շատեր պարտին այս մէկը գնահատելի գտնել, որովհետեւ համաշխարհայնացման այս պայմաններուն մէջ՝ երբ բազմաթի՜ւ ոլորտներ «փայլուն ապագայ» կը խոստանան, հայագիտականով հետաքրքրուած եւ հետաքրքրութենէն անդին այդ մէկը որպէս կեանքի ասպարէզ ընտրած երիտասարդներ տեսնելը հպարտացնող երեւոյթ է միանշանակ, սակայն, այդ հպարտութիւնը մեր անտարբերութեան դիմաց կրնայ երկար չտեւել։ Հայագիտականը յաջողութեամբ աւարտած երիտասարդը իր մասնագիտութեան վերաբերեալ ո՛չ մէկ աշխատանք կը գտնէ եւ իր հայագէտի կոչումով կ՚աշխատի ամերիկացիներու եւ կամ գուցէ եւրոպացիներու շահերուն համար՝ փոխանակ հայ լեզուի զարգացման: 

Անշուշտ, այս դժբախտ վիճակին դիմաց ամէ՛ն անգամ կը յիշեմ տասնամեակներ շարունակ բարձր բեմերէն «մարդուժի՛ պակաս ունինք», բարձրաձայնողները, որոնք իրենց անկարողութիւնը մարդուժի պակասով կը փորձէին արդարացնել: 

Անշուշտ, այս դժբախտ իրողութեան մէջ մեղաւորները շատ են։ Առաջին հերթին մեղաւոր են բոլոր անոնք, որոնք գաղութի մը, կազմակերպութեան մը, կուսակցութեան մը ղեկավարութիւնը կը ներկայացնեն։ Մեղաւոր են բոլոր անոնք, որոնք գաղութի մէջ որոշում կայացնելու իրաւունքը ունենալով հանդերձ կը բաւարարուին մարդուժի պակասը լալով: Նախապէս ըսած ենք եւ կը շարունակենք մնալ նոյն համոզումին վրայ. կար ժամանակ, երբ գաղութները նիւթական կարողութիւն չունէին, սակայն հակառակ վիճակին՝ պակաս չէին անոնք, որոնք յօժարակամ ու նուիրումով կը ծառայէին որպէս ուսուցիչ, որպէս հրապարակախօս, որպէս ազգային գործիչ։ Բայց եւ այնպէս, ժամանակը եկաւ իրողութիւնը շրջելու. գաղութները ինչքա՛ն նիւթապէս հարստացան՝ այնքան նուիրեալներու թիւը նահանջ արձանագրեց։ Անշուշտ, պատճառները բազմաթիւ են, սակայն, գրենք հիմնական մի քանի խնդիրներու մասին։ 

Առաջին՝ տարբերութիւն նիւթական բարեկեցութեան եւ ազգային պարտաւորութեան միջեւ.- Մեր գաղութի ներկայացուցիչները՝ որոնք ոչ-բնական ձեւով մէկէն ի մէկ հարստութիւններու տէր սկսան դառնալ, շարունակեցին համոզուած մնալ, որ հայ ուսուցիչը, հայ գրողն ու հայ մշակոյթի գործիչը պարտի իր ծառայութիւնը մատուցել «ազգային պարտաւորութեամբ» եւ հետեւաբար պարտի ունենալ ոչ-բարեկեցիկ վիճակ մը՝ ինչ որ հայ ուսուցիչին ու գործիչին համար մտահոգիչ երեւոյթ մը չէ եւ երբեք ալ չէ եղած: Պէտք է իւրաքանչիւր գաղութի ղեկավար, իր ազգին դիմաց տայ այն հարցին պատասխանը, թէ ինչպէ՞ս եղաւ, որ նիւթական կարողութեան աճին զուգահեռ ազգային գործին նուիրուած մարդոց համար չկրցան ստեղծել արժանապատիւ պայմաններ։ Մեր ղեկավարութիւնը այդ մարդոց նուիրումը «պարտաւորութիւն» կարծեց եւ այնպէս ալ չկրցաւ գնահատել անոնց նուիրումը. այդ նուիրումը շատ աւելիով գնահատելու փոխարէն բնական երեւոյթի վերածեցին: Պահ մը այդ ղեկավարները զրկեցէ՛ք իրենց նիւթական կարողութենէն եւ տեսէ՛ք, թէ անոնցմէ քանի՞ն պիտի շարունակէ մնալ իր պաշտօնին. անոնցմէ քանի՞ն այդ մէկը պիտի շարունակէ կատարել որպէս «նուիրում» ու «պարտաւորութիւն». կը կարծենք ո՛չ մէկը: Եւ այս հարցին միակ լուծումը այս ղեկավարներուն ձեռքն է այսօր: 

Անդադար կը բողոքենք, որ Եւրոպայի, Ամերիկայի, Գանատայի եւ բազմաթի՜ւ այլ երկիրներու մէջ մայրենի լեզուն կը նահանջէ, եթէ այդ նահանջը իրապէս կը մտահոգէ գաղութի ղեկավարները, ապա ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս հակառակ ժամանակներու պահանջին ինքզինք հայագիտական ուսման նուիրած այդ երիտասարդուհին կը շարունակէ մնալ «անգործ»։ Անգործ բառը կը չակերտենք, որովհետեւ այդ իր անգործութեան պատճառը պարզապէս մեր անգործութեան եւ անտարբերութեան արդիւնքն ու հետեւանքն է: 

Պէտք է մեզմէ իւրաքանչիւրին համար ամօ՛թ ըլլայ տենսել ինքզինք հայագիտական ուսման նուիրած երիտասարդներու անգործութիւնը։ Այդ մէկը բնական կրնար ըլլալ միայն ա՛յն ժամանակ, երբ բոլորը հայագէտ՝ իսկ հայերէն լեզուն կորսուելու վտանգին դիմաց գտնուած չըլլար։ Երբ սփիւռքի տարածքին ապրող ամէ՛ն հայու համար առաջին լեզուն հայերէն՝ իսկ արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէնը ըլլար երկրորդական լեզու: Հայերէն լեզուի նուիրուածները իրաւունք ունին անգործ մնալու միայն այն ժամանակ, երբ հայ ազգի մեծամասնութիւնը հայագիտութիւն աւարտած ու հայագէտ դարձած ըլլայ։ Այնքան ատեն որ այդ անկարելի երազէն հեռու ենք՝ անկարելի է: 

Այս բոլորը ցաւ կը պատճառեն, որովհետեւ արդէն իսկ քիչ են անոնք՝ որոնք հայերէն լեզուն ու հայագիտութիւնը կ՚ընտրեն որպէս ապագայ ասպարէզ։ Օրէ օր շատ աւելի յստակ կը դառնայ հայերէն լեզուի ուսուցիչի պակասը՝ մանաւանդ սփիւռքի մէջ։ Թէ՛ պակասը ունինք եւ թէ միւս կողմէ ունինք մարդուժը, որ անգործութեան մատնուած է: Այս անտարբերութեամբ արժանի ենք օր մը ոչնչանալու՝ մեր իսկ սեփական սխալներուն ու անհոգ վերաբերմունքին պատճառով:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Յարատեւող ճիգին առջեւ չկայ բան մը որ դիմանայ, դժուարը դիւրին, անկարելին հնարաւոր կը դառնայ:

ՌԵԹԷՈՍ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2026