ՀՈԳԵԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
Երբ Սուրբ Գիրքը առանց վերապահութեան կարդացուի, պայման է, որ ընթերցողը ունենայ այն ներքին հոգեկան փոփոխութիւնը՝ սրտի՛ փոփոխութիւնը եւ կամ ուրիշ խօսքով՝ պէտք է ունենայ վերստին ծնունդ, ինչպէս Տէր Յիսուս շատ յստակ եւ վճռական կերպով կ՚ըսէ. «Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ՚ըսեմ քեզի.- Եթէ մարդ մը նորէն չծնանի, չի՛ կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը տեսնել». (ՅՈՎՀ. Գ 3)։ Եւ ուրեմն, կարեւոր է սրտի փոփոխութիւնը, քանի որ մարդ՝ մեղքով ծնած բնութիւն ունի։ Մարդ աշխարհ եկած է կամքով չարին հակամէտ։ Աստուածաշունչ Մատեանին խօսքն ալ այս կը ճշդէ։ Բայց արարչութեան ատեն՝ սկիզբէն այսպէս չէր։ Նախածնողն՝ Ադամ եւ Եւա ստեղծուած էին սուրբ, անապականեալ, անբիծ, անարատ եւ անվնաս, քանի որ Աստուած բարի է եւ երբեք չար բան չի ստեղծեր։ Աստուած երբ ստեղծագործութեան եօթներորդ օրը հանգստացաւ Իր գործերէն՝ Ան յայտարարեց, թէ բոլոր Իր գործերը բարի՛ էին։
Ադամ անհնազանդութեամբ ինկաւ եւ կորսնցուց իր սկզբնական անարատ սուրբ վիճակը։ Ան եղծանեց Աստուծոյ պատկերը, որով ինք ստեղծուած էր, ապա յաջորդ սերունդներ՝ որոնք իր սերունդէն են, ժառանգեցին այս ծնային մեղքի եւ ամէծքի բնութիւնը։ Հետեւաբար բոլոր մարդկային սերունդներ ինկան եւ Ադամէն ժառանգեցին մեղքը։
Առաջին Ադամէն մեղքը ժառանգեց մարդը, իսկ երկրորդ Ադամէն՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսէ, որ երկինքէն էր, փրկութիւն ստացաւ։ Ուստի, մարդ բնազդաբար անկարող է տեսնելու Քրիստոսի հոգեկան երկնային թագաւորութիւնը այս երկրի վրայ, ի՛նչ որ պահուած է իր աչքերէն։
Մարդիկ կրնան իմաստուն ըլլալ եւ գիտնալ աշխարհիկ շա՜տ բաներ, կրնան հանճարեղ ըլլալ եւ գիտնալ ժամանակաւոր բաներ, իրողութիւններ, սակայն, երբ հոգեւոր-կրօնական հարցեր եւ իրականութիւններ քննելու ըլլան, յաճախ իրենց տրամաբանութիւնը կը կուրնայ։ Կարծես հաստ քօղ մը կայ անոնց սրտին վրայ եւ զանոնք անկարող կը դարձնէ տեսնելու՝ ի՛նչ որ ճշմարտութիւն է, քանի որ ամէն մարզի մէջ նախապաշարումը եւ մոլեռանդութիւնը արգե՛լք է ամէն ճշմարտութեան յայտնութեան։ Այնքան ատեն, որ անոնք այս բնական դարձած վիճակին մէջ են, ապարդիւն է անոնց պատմել Աստուծոյ սրբութեան, անփոփոխելի արդարութեան, հոգեւոր օրէնքներուն եւ գալիք դատաստանին մասին, նաեւ պատմել իրենց հսկայական մեղքերուն եւ իրենց կործանման մասին։ Ուստի, մարդուն սիրտը փոփոխութեան պահանջքը ունի. «Որովհետեւ այս աշխարհի իմաստութիւնը Աստուծոյ առջեւ յիմարութիւն է։ Ան իմաստունները իրենց խորամանկութեան մէջ կը բռնէ». (Ա ԿՈՐՆԹ. Գ 19)։ Այս ճշգրիտ պատկերն է բոլոր անհոգ եւ անտարբեր մարդոց՝ որոնք եկեղեցիներ կը լեցնեն։
Ա՛յս է գաղտնիքը այդ ահաւո՜ր անտարբերութեան՝ հոգեւոր հարցերու նկատմամբ, ինչ որ մարդոց մէջ ընդհանրացած է. շատերու մէջ եւ Աւետարանը դարձած է «կնքուած գիրք» մը։
Նորոգութիւնը սրտէն կու գայ։ Ոմանք շատ զբաղած են, ժամանակ չունին, ոմանք տարօրինակ փորձութիւններէ կ՚անցնին, կարծես իրենցմէ զատ ո՛չ մէկը կ՚անցնի…։ Այդ բոլորը՝ «նոր սիրտ»ի պէտք ունին։ Երբ անոնց սիրտը՝ բնութիւնը փոխուի, ալ չես լսեր պատճառաբանութիւններ, պատրուակներ ժամանակի չգոյութեան կամ անբաւարարութեան եւ կամ զանազան փորձութիւններու մասին։ Որովհետեւ. «Ամէն ձոր պիտի բարձրանայ, ամէն լեռ եւ բլուր պիտի ցածնայ. խորտուբորտ տեղերը հաւասար պիտի ըլլան, որպէսզի Տիրոջ ճամբան պատրաստուի…». (ԵՍ. Խ 4)։
Դարձեալ, մարդիկ, ընդհանրապէս բնութեամբ չեն ախորժիր եւ սիրեր Քրիստոսի ուսուցումները, քանի որ մարդոց առօրեայ ուրախութիւնը Հօր կամքը կատարել չէ՛։ Ընդհակառակը՝ բնութեամբ իրենց անձնական ճամբան կը սիրեն, իրենց միտումները. ա՛յդ է իրենց միակ «օրէնք»ը։ Անոնք պտուղ կը բերեն իրենց անձին համար միայն, եւ ո՛չ՝ Աստուծոյ։
Իսկ անոնք՝ որոնք Լերան քարոզը (ՄԱՏԹ. Ե) կ՚ընդունին՝ որպէս իրենց կեանքի օրէնքը, անոնք՝ որոնք հոգիով աղքատներուն, սգաւորներուն, խոնարհներուն, անօթիներուն եւ արդարութեան ծարաւի եղողներուն կը կարեկցին, հոգ կը տանին՝ աշխարհ զանոնք կ՚ատէ եւ կը մերժէ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ, 16, 2026, Իսթանպուլ