ԵՐԱԽՏԱՒՈՐ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐ…
Սա անուրանալի է, սիրելիներ, որ Աստուծմէ խնդրելէ չենք դադրիր, միշտ կը պահանջենք, բայց մեր ստացածներուն համար շնորհակալութիւն յայտնելու, գոհութիւն տալու մէջ յաճախ կը թերանանք, անտարբեր կը գտնուինք այդ մասին։ Աստուած երբ քառասուն անգամ տայ մեր ուզածը, մէկ անգամ իսկ «շնորհակալ ենք», չենք ըսեր, բայց եթէ մէկ անգամ արդարացի կերպով իսկ զլանայ կամ ուշացնէ մեր ուզածը՝ դժգոհութիւններով, գանգատներով կը տաղտկացնենք զԱստուած։
Ա՛յս է մարդուս հոգեվիճակը ընդհանրապէս նաեւ իր շուրջիններուն՝ իր նմաններուն հանդէպ։ Մէկու մը քառասուն օր հաց տուր՝ մէկ օր միայն, թէեւ բանաւոր պատճառով մը մի տար, անմիջապէս քար կը նետէ քեզի։ Եւ բոլորիս ալ, գոնէ ամբողջ կեանքին՝ անգամ մը պատահած է, եւ թերեւս մենք ալ նոյնպէս վարուած ենք մեզի օգնողներուն դէմ։ Եւ աւելին՝ Աստուծոյ հետ ալ նոյնպէս շարժած ենք։ Անկեղծ՝ խոստովանի՛նք…
Աստուած ո՛չ միայն մեր խնդրածները կու տայ, այլ նաեւ՝ մեր չխնդրածները, որոնց պէտք ունինք։ Որովհետեւ Աստուած ամենատես է եւ կը թափանցէ մեր սիրտերուն։ Զոր օրինակ, երբ բժշկութիւն կը խնդրենք, բայց մեր բժշկութիւնը կ՚ուշանայ։ Սակայն կեանքը կը շարունակէ իր բնական ընթացքը եւ ա՛յն, որ հաւատքով եւ համբերութեամբ կը յուսայ՝ ի վերջոյ կը ստանայ իր ուզածը։
Երբ ամէն առաւօտ կը ծագի արեւը, ո՞վ կը խորհի եւ կը խնդրէ այդ մասին, բայց առանց խնդրանքի Աստուած կու տայ արեւը եւ երբեք չի զլանար անոր լոյսը եւ տաքութիւնը մեզի։ Կամ օդը՝ որ կը շնչենք եւ որ առանց անոր չենք կրնար կեանքը շարունակել, միթէ մեր խնդրանքի՞ն պատասխանն է։ Աստուած խնդրանքո՞վ կու տայ օդը մեզի։
Եթէ լրջօրէն խորհինք, պիտի տեսնենք, թէ մեր կեանքը բոլոր հանգամանքներով պարգեւ մը, շնորհ մըն է մեր բոլորին։ Պահ մը մտածենք սիրելի՜ներ, եթէ նախընտրութիւն մը ընելու պարտաւորութեան մը տակ ըլլանք, ո՞ր մէկը կը նախընտրեք. շնչառութեան համար մի քանի երկվայրկեանի օդը, թէ՝ մեծաքանակ դրամը։ Բնականաբար եւ բանականօրէն՝ շնչառութեան համար օդը՝ քանի որ երբ շնչառութեան համար օդը չըլլայ, այլապէս դրամը ի՞նչ բանի պիտի ծառայէ…
Բայց եւ ընդհանրապէս մարդիկ օդի համար չեն աղօթեր Աստուծոյ, բայց առանց խնդրանքի Ան կու տայ օդը, իսկ դրամի համար կ՚աղօթեն, եւ Աստուած երբեմն չի պատասխաներ կամ ուշ կը պատասխանէ, ինչո՞ւ համար արդեօք։ Որովհետեւ ամէն ինչ իր տեղը եւ իր ժամանակը, եւ կեանքի համար իր արժէքը, իր կարեւորութիւնը ունի։ Եւ այս պատճառով, Աստուծոյ պարգեւները մեր պէտքերուն կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան համեմատ է, եւ թէ պէտք է այս հոգեւոր աչքով նայիլ Աստուծոյ մեզի պարգեւածներուն։ Արդարեւ, ամենէն աշխարհասէր մարդն իսկ պիտի նախընտրէ օդը եւ անով շնորհուած կեանքի պարգեւը։
Երբ դժգոհութեան եւ գանգատելու պատճառները շատնան՝ պէտք է մեր ուշադրութիւնը դարձնենք ա՛յն թանկագին պարգեւներուն՝ զորս ուղղակի Աստուծոյ ձեռքէն կ՚ընդունինք, առա՛նց իսկ մեր խնդրուածքին։ Ուստի եւ մեր աղօթքները միա՛յն աղերսարկութիւններ ըլլալու չեն, նախ պէտք է փառք տալ Աստուծոյ իր տուածներուն համար, որոնք թերեւս աւելի թանկագին եւ անհրաժեշտ են քան մեր ուզածները։ Զգուշանանք զԱստուած յանձնակատարի մը դերին մէջ դնելէ։ Չաղօթենք միայն ուզելու համար, այլ՝ շնորհակալ ըլլալու, գոհութիւն յայտնելու համար։
Երբ կ՚ըսենք «աղօթեցի»՝ աւելի ճիշդ խօսած պիտի ըլլանք, եթէ ըսենք. «ուզեցի՛»։ Ուզելով, ուզելով կը մոռնանք տրուածը եւ տրուածին համար գոհութիւն չենք յայտներ եւ փառք չենք տար։ Նոյն ինքն Հօր մը համար շնորհակալ ըլլալ շա՜տ աւելի կարեւոր է, քան Անոր բերածին կամ տուածին համար, ա՛յս է մեր պակասը աղօթքի հասկացողութեան մէջ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 16, 2026, Իսթանպուլ