ՄՍԽՈՒՄԻ ԱՇԽԱՐՀ
Այսօրուան յօդուածը շատ աւելի լաւ հասկնալու համար պէտք է անգամ մը ուշադրութեամբ նայիք յօդուածին կցուած նկարին, ուր գրուած թուանշանները Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, գուցէ Եւրոպայի եւ կամ նոյնիսկ Միջին Արեւելքի մէջ ապրող անյայտ անձնաւորութեան մը մէկ օրուան ընթացքին կորսնցուցած գումարն է. մէկ միլիոն երեսուն հազար տոլար եւ աւելի: Ի դէպ, այս թիւերը շինծու կամ երեւակայածին չեն. առնուած են արդի աշխարհի մէջ յայտնի «Polymarket» կայքէն՝ որ իր բոլոր տեղեկութիւններով բաց է հանրութեան։ Որպէս ընթերցող կը հաւատաք, թէ միայն այս չէ՛ սակայն, օրական դրութեամբ նոյնքան եւ աւելի գումար «կորսնցնող»ներ շա՜տ կան աշխարհի վրայ։ Կորսնցնել բառը կը չակերտենք՝ որովհետեւ մեզի համար «կորուստ» թուացող այդ գումարը շատ շատերու համար կրնայ մանրուքներ ըլլալ:
Որպէսզի մէկ օրուան մէջ «կորսուած» այդ գումարի մեծութիւնը շատ աւելի հասկնալի ըլլայ, հետեւեալ օրինակը տանք.- եթէ նկատի ունենանք, որ Թուրքիոյ մէջ նուազագոյն աշխատավարձը 28 հազար թրքական լիրա է, ապա այդ գումարը ստացող անձը կը կարօտի աւելի քան 1620 ամիսի՝ որպէսզի այդ գումարը ունենայ։ Այլ խօսքով՝ 135 տարուան ընթացքին եթէ այդ գումարը առանց ծախսելու մէկտեղէ... հազիւ այդ գումարը կ՚ունենայ, իսկ Հայաստանի մէջ աշխատող բանուոր մը կը ստանայ 15,400 դրամ ամսուան ընթացքին՝ ընդամէնը 1200 տարուան ընթացքին կրնայ այդ գումարին տէր դառնալ:
Այս երեւոյթներուն դիմաց կ՚արժէ օրական դրութեամբ կարդալ համաշխարհային մամուլի մէջ ահազանգող սովամահութեան ցաւալի հաղորդագրութիւնները։ Յայտնի «Ալ Ժազիրա»ն իր էջին մէջ կը յայտնէ, թէ աշխարհի երեսին այսօրուան դրութեամբ գոյութիւն ունի աւելի քան երկու հարիւր միլիոն մարդ՝ որ սովամահ ըլլալու վտանգին դիմաց կը գտնուի։ Աշխարհի մէջ տեղ գտած անհաւասարութիւնը անտրամաբանական տարածութիւն մը ունի. մին՝ իր զաւակը բուժելու համար մի քանի հազար տոլարի կարօտ՝ իր զաւկին հիւծիլը կը դիտէ, իսկ անդին ուրիշ մը՝ այդ գումարին հազարապատիկը կը մսխէ ամենայն անտարբերութեամբ։ Կրնաք վստահ ըլլալ, որ «մսխել» բառը աշխարհի մէջ տեղի ունեցող մսխումին դիմաց համեստ ու պարզ կը մնայ. արձանագրը-ւած օրինակները հանրութեան դիմաց բացայայտ է. տանք օրինակներ. Ասիոյ մէջ մեծահարուստ մարդ մը ձուկ մը ուտելու համար կը վճարէ երեք միլիոն տոլար՝ ստանալով «Ձուկի արքայ» ածականը։ Անանուն մեծահարուստ մը կ՚ըմպէ հինգ հարիւր հազար տոլար արժող գինի մը։ Ամերիկացի մեծահարուստ մը մէկ բաժին միսի համար կը վճարէ երեսուն հազար տոլար։ Նիւ Եորքի մէջ մարդիկ մէկ աման պաղպաղակ ուտելու համար կը վճարեն հազար ամերիկեան տոլար։ Անյայտ մեծահարուստ մը աճուրդի ընթացքին բազկաթոռ մը ձեռք բերելու համար կը վճարէ տասնմէկ միլիոն տոլար ու այսպէս շարքը կարելի է շատ դիւրութեամբ երկարել, որովհետեւ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին այնպիսի գումարներ, որ մեր երեւակայութիւնը բաւարար չէ պատկերացում մը կազմելու:
Ամերիկացի յայտնի դերասան ու լրագրող Ուիլ Ռոճրս (Will Rogers, 1879-1935թթ.) իր յօդ-ւածներէն մէկուն մէջ հետեւեալը կը գրէ. «Բազմաթիւ մարդիկ կը ծախսեն այնպիսի հարստութիւն մը՝ զոր չեն վաստակած, կը գնեն բաներ՝ որոնց կարիքը չունին, որպէսզի տպաւորեն այն մարդիկը՝ զորս չեն սիրեր»։ Այս մէկը պարզ ու յստակ նախադասութեան մէջ ամփոփուած է մեր արդի ընկերութեան վիճակը։ Կայ մարդ, որ իր կեանքը մաշելով հանդերձ այդ հարստութեան մէկ տոկոսը չի յաջողիր ձեռք բերել, իսկ անդին կայ մարդ, որ առանց մատը շարժելու այդ հարստութեան տէր կը դառնայ։ Կար ժամանակ, երբ մարդիկ կը հաւատային, որ աշխատողը կը հարստանայ։ Ներկայ աշխարհի մէջ այդ համոզումը կեղծ կարելի է նկատել, որովհետեւ մեր շուրջ կան այնպիսի՜ մարդիկ, որոնք մարդկային պայմաններէ դուրս եւ վե՛ր աշխատանքի լծուելով հանդերձ՝ քայլ մը չեն յառաջդիմեր, մինչ ուրիշներ այդ աշխատանքին կէսը չկատարելով՝ օրէ օր կը հարստանան։ Ներկայ ընկերութեան մէջ գումար աշխատելու լաւագոյն ձեւը աշխատանքը չէ. հաւատացէ՛ք, որ աշխարհի երեսին ափրիկեցի ժողովուրդէն աւելի տքնաջան աշխատող ժողովուրդ մը գտնել կարելի չէ, իսկ անոնց աղքատութեան արդիւնքը յստակ է բոլորին:
Նման նիւթի մը դիմաց ակամայ կը յիշեմ բազմաթի՜ւ հայկական վարժարաններ, որոնք ոչ-այնքան մեծ գումարներու պակասի պատճառով առ յաւէտ իրենց դռները փակեցին. քանի՜ քանի օրաթերթեր, հանդէսներ վերջ տուին իրենց հրատարակութիւններուն՝ ծախսերու բեռը չկարենալ տանելու պատճառով։ Այդ բոլորը ընդունելի կը գտնէինք միայն այն պարագային, երբ իրապէս խնդիրը գումարի պակասը ըլլար։ Աւելի քան երբեք այսօր է, որ ունինք մեծահարուստ հայեր, սակայն, զարմանալի ձեւով այս հայ հարուստները իրենց ներկայ հարստութեամբ չեն յաջողիր կանգուն պահել այն բոլորը՝ զոր իրենց պապերը չգոյութեան, աղքատութեան պայմաններուն մէջ ստեղծեցին։ Մեր նախահայրերը չունէին դրամ, սակայն, յաջողեցան դպրոց ու եկեղեցի շինել։ Մենք այսօր ունի՛նք դրամ, սակայն, չենք կրնար ո՛չ թէ կառուցել՝ այլ պահել այդ կառոյցները: Վստահ եղէք, որ հայ ժողովուրդին մէջ եւս քիչ չեն անտեղի գումար մսխողները. վկայ՝ մի քանի տարիներ առաջ ամերիկեան համալսարանի մը հարիւր միլիոն տոլար նուիրող երկու հայերը՝ մանաւանդ այն ժամանակ, երբ հայ դպրոցը սփիւռքի մէջ օրէ օր դէպի թշուառութիւն կ՚առաջնորդուէր:
Այս անարդար վիճակին վերջ տալու համար լուծում մը կայ, սակայն, այդ մէկը կարելի պիտի ըլլար միայն այն ժամանակ, եթէ Աստուած մարդուն խոստացած չըլլար անգամ մըն ալ ջրհեղեղ չընել։ Այդ մէկն ալ Աստուծոյ սխալն է ըսենք:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Երեւակայութեան աշխարհին մէջ՝ երբ մանաւանդ գրականութիւն է, որ կ՚ընենք, մարդ ուզածը կրնայ պատկերացնել եւ նկարագրել: Իրականութեան գետնին վրայ՝ եթէ մէկը բան մը պիտի պատմէ, ապրող մարդիկը միայն պէտք է կանչուին վկայութեան եւ մեռելները՝ ո՛չ:
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան