ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ Ի ԾՆԷ ՉԻ ԳԱՐ

Յաճախ կը կարծենք, որ ինքնավստահութիւնը մարդկային բնաւորութեան գիծերէն մէկն է եւ մարդու հետ լոյս աշխարհ կու գայ, սակայն, հոգեբանութիւնը կու գայ բացատրելու, որ այդ մէկը առեղծուած մըն է. ինքնավստահութիւնը թէ՛ բնաւորութիւն է եւ թէ միջավայր։ Ներկայ գիտութիւնը կ՚ըսէ, որ մանուկը ո՛չ ինքնավստահ կը ծնի եւ ո՛չ ալ անինքնավստահ։ Մարդ արարածը իր մէջ ունի խառնուածք՝ որոնք որոշ մարդկային գիծերը կը պարունակեն, սակայն, ինքնավստահութիւնը միջավայրով է, որ կը ձեւաւորուի՝ կամ ամբողջութեամբ կ՚անհետանայ: Օրինակի համար, կան մանուկներ, որոնք օտար եւ անծանօթ դէմքերու հետաքրքրութեամբ կը նային, իսկ անդին ուրիշներ օտար դէմքեր տեսնելով կը կծկուին, կու լան։ Այս մէկը «ինքնավստահ» կամ «անինքնավստահ», «քաջ» կամ «տկար» ըլլալու հետ որեւէ աղերս չունի։ Արդի ուսումնասիրողներ կը յայտնեն, որ մանուկը օտար աշխարհին հանդէպ ունեցած իր հետաքրքրութիւնը եւ կամ վախը դարձեալ ծնողքէն կը վերցնէ եւ անոնց հանդէպ ունեցած ապահովութեամբ ու վստահութեամբ է, որ կը մօտենայ օտարին։ Այլ խօսքով՝ ինքնավստահ ըլլալ չըլլալը ո՛չ թէ ծնած վայրկեանին, այլ ընտանիքին հետ մանուկին ունեցած յարաբերութեամբ, իր ստացած դաստիարակութեամբ է, որ կը զարգանայ կամ ամբողջութեամբ կը նահանջէ:

Անշուշտ, միայն ընտանիքին հետ ունեցած յարաբերութիւնները բաւարար չեն ուժեղ ինքնավստահութիւն մը կերտելու։ Իւրաքանչիւր մանուկ ինքնավստահութեան պարագային կ՚անցնի երեք տարբեր աստիճաններէ։ Առաջին տեղը, ինչպէս ըսինք, ընտանիքն է. երկրորդը՝ սեփական փորձն է. ինչքան ալ ծնողը քաջալերէ, ինքնավստահ զաւակ մը ստեղծէ, այդ զաւակը սեփական փորձով է, որ իր ուժերն ու սահմանները պիտի գիտնայ. ձախողութեան ինչ ըլլալը սեփական փորձով պիտի գիտնայ: Երրորդ՝ իր հասակակիցներու կողմէ ընդունելութիւնն է՝ ընկերութեան մէջ իր ուրոյն տեղը ունենալը:

Այսօր մեր շուրջ կը տեսնենք երկու տեսակ ծնողք. մէկը կատարուած լաւ գործի մը համար զաւակը կը գնահատէ «ապրիս»ով մը, քաջալերական խօսքով մը, իսկ միւսը՝ կատարուած լաւ գործերը մոռցած՝ շեշտը կը դնէ բացասականներուն եւ բարկութեամբ կը մօտենայ: Կան ծնողներ, որոնք ճիշդ ծնողք ըլլալը քննադատ ծնողք ըլլալ կը կարծեն։ Պէտք է հրամայել, պէտք է բարկանալ, պէտք է խիստ ըլլալ՝ որպէսզի դաստիարակուի, սակայն, արդի մանկավարժութիւնը կու գայ բացատրելու, որ քննադատութեան մէջ մեծցող մանուկը ինքնավստահ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ անդադար իր մէջ կ՚ունենայ սխալելու վախը։ Նոյնիսկ մեծահասակներ իրենց լաւագոյն գործերը որոշ սխալներէ ետք կը կատարեն։ Մանուկը իր փոքր տարիքին սխալիլէ պէտք չէ վախցնել, որովհետեւ ապագային իր դիմաց յայտնուած իւրաքանչիւր ձախողութիւն մարտահրաւէր չի դառնար, այլ պարզապէս վախ կը պատճառէ եւ այդ մէկն է, որ ինքնավստահ եւ անինքնավստահ անձերու մէջ տարբերութիւն կը դնէ: Այո, ծնողներ ինքնավստահ զաւակներ կ՚ուզեն ունենալ, սակայն, այդ մէկը խօսքով չի գար. իսկական ինքնավստահութիւնը ձախողութեան հանդէպ ունեցած կարծիքէն ու ըմբռնումէն ու ջանքէն առաջ կու գայ:

Մենք յաճախ կը կարծենք, որ ինքնավստահութիւնը կարեւոր է աւելի ուրախ ու երջանիկ մանկութիւն մը ունենալու համար, որովհետեւ ինքնավստահ մանուկը աւելի համարձակ ու ձգտող կ՚ըլլայ՝ քան հակառակը, սակայն, փոքր տարիքէն տրուած ինքնավստահութիւնը ո՛չ թէ ուրախ մանկութեան, այլ ձեւաւորուող ապագայ անհատին համար կարեւոր է։ Ծնողքին ձեռքն է մանուկը երկու հակառակ կողմեր առաջնորդել։ Ինքնավստահ մանուկը կ՚ըսէ «կը փորձեմ» ու սեփական փորձով կը փորձէ յաղթահարել, իսկ անինքնավստահը «չեմ կրնար» ըսելով՝ իր պարտութիւնը ի սկզբանէ կը յայտարարէ: Ինքնավստահ մանուկը հասարակութեան մէջ կը սկսի սորվիլ իր շահերը պաշտպանել, գիտնալ երբ այո պիտի ըսէ եւ երբ ոչ, մինչ անինքնավստահը ո՛չ թէ իր ազատ կամքով, այլ շրջապատի ճնշումէն ազդուելով է, որ որոշում կը կայացնէ:

Այս բոլորէն անդին մանկավարժութիւնը կը վկայէ, որ ինքնավստահ մանուկները շատ աւելի ստեղծագործ կ՚ըլլան, աւելի պատասխանատուութիւն կրողներ կ՚ըլլան՝ քան անինքնավստահները: Ինքնավստահ մանուկը ապագային շատ աւելի կայուն մեծահասակ կը դառնայ եւ ա՛լ աւելի յաջողութիւններ կ՚արձանագրէ իր մասնագիտական կեանքին մէջ:

Այս բոլորով հանդերձ ըսենք նաեւ, որ շրջապատին եւ կամ ծնողքին կողմէ սերմանուած ինքնավստահութիւնը եւս կրնայ ունենալ իր բացասական կողմերը։ Արհեստականօրէն մանուկին փոխանցուած ինքնավստահութիւնը իրական կեանքի մէջ շատ աւելի մեծ հետեւանքներ կը ձգէ, օրինակի համար, ծնողքը կը համոզէ, որ մանուկը կարող է, կրնայ այս մէկը ընել, սակայն, իրականութիւնը այդպէս չէ. մի քանի փորձ ետք մանուկը ինքզինք կը գտնէ յուսախաբութեան մէջ: Այս իսկ պատճառով ինքնավստահութիւնը թէ՛ իրական գետնի վրայ հիմնուած պէտք է ըլլայ եւ թէ հաւասարակշռուած, որովհետեւ շատ ինքնավստահութիւնը կրնայ մանուկը առաջնորդել անկրթութեան։ Այդ իսկ պատճառով այս մէկը ծնողական արուեստ է՝ որ պէտք է լաւագոյն ձեւով գործել, որպէսզի ի յայտ գայ կատարեալ ստեղծագործութիւն մը՝ հաւասարակշռուած ու գիտակից:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Հասունցնել աստիճանաբար մանուկի ինքնագիտակցութիւնը՝ կը նշանակէ զայն մարդացնել, զայն տէր դարձնել իր հոգեկան հարստութիւններուն եւ ճակատագրին:

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2026