ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ՝ ՈՐՈՒՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԵՐԱՆԵԼԻ ԵՆ
Երկրորդ գրութիւնը, որ Մարի կը նուիրէ իր աշակերտներուն, կը կրէ «Պարկեշտ եղի՛ք» խորագիրը։ Մարի կը սքանչանայ աշակերտական անմեղութեան վրայ, որովհետեւ նայելով իր սանուհիներուն կը տեսնէ մաքրութիւն, անբծութիւն. դպրոցական տարիներուն ուսանող մը կրնայ չար ըլլալ՝ սակայն ո՛չ երբեք պիղծ ու անմաքուր. դուրսի կեանքն է, որ զիրենք կը փոխէ եւ իրենցմէ կը խլէ դպրոցական անմեղութիւնը: Մարի դժբախտութեամբ կը տեսնէ դուրսի աշխարհը եւ ի դիմաց իր սանուհիներուն մաքրութեան կ՚ըսէ. «Է՜հ ոչ, տղա՛քս, ժամանակ պիտի գայ, եւ այդ ժամանակը մօտաւոր է, քանի որ մէկ քանի ամիսէն թողած ձեր սիրելի դպրոցը պիտի մտնէք կեանքի մէջ, ուր պիտի տեսնէք, թէ կեանքը վարժարանական գրասեղաններու վրայ ապրուած սուրբ կեանքը չէ՛ եղեր միայն, եւ դպրոցէն դուրս՝ կայ եղեր ուրիշ կեանք մըն ալ, որը ափսո՜ս ձեզի համար օրինակելի ըլլալէ շա՜տ հեռի է, եւ եթէ դուք ձեր մէջ չգտնէք առնական կորով եւ խիստ առաքինութիւն մաքառելու համար այդ մոլութիւններով լեցուն կեղծ ու թշուառ աշխարհին դէմ, պիտի կրնաք սայթաքիլ…»:
Դպրոցական կեանքէն դուրս մղուած պայքարը դաժան է, այդ իսկ պատճառով Մարի կ՚ուզէ, որպէսզի անոնք պայքարիլ ու մաքառիլ սորվին. այդ կեանքը օրինակելի ըլլալէ հեռու է եւ շատ անգամ իգական սեռէն անգամ առնական կորով ու խիզախութիւն կը պահանջէ։ Մարի ինք պայքարող է, սակայն միաժամանակ մտահոգ, որ կեանքը կրնայ վիրաւորել իր անմեղ սանուհիները. անոնցմէ ոմանք կամայ-ակամայ կը սայթաքին: Մարի ուսուցչութիւնը չ՚ըներ որպէս «պաշտօն» կամ «ապրուստի միջոց». այդ մէկը կը կատարէ մօր մը զաւակին հանդէպ ունեցած զգուշութեամբ եւ իւրաքանչիւրին ապագան մտածելով կ՚ըսէ. «Եւ այս մտածումը զիս չարաչար կը տանջէ եւ սիրտս կը դողայ ձեզի համար ո՛վ իմ սիրելի տղաքս, ու կը տարակուսիմ, խղճի խայթեր կ՚ունենամ, մտածելով թէ՝ արդեօք պէտք եղածին չափ կրցա՞յ ձեր հոգւոյն խորքերուն մէջ քանդակել առաքինութեան ու ճշմարտութեան սկզբունքները թէ՝ բաւականաչափ խօսեցա՞յ աշխարհային ապականութեանց եւ անմաքրութեանց մասին եւ անոնց դէմ տիրականօրէն մաքառելու միջոցները ձեզի ցոյց տուի՞ …»:
Ուսուցիչը աշակերտի ապագայ սայթաքումին, ապագայ դժուարութեան համար նախ եւ առաջ ինքզինք կը մեղադրէ, որովհետեւ կը հաւատայ, թէ ուսուցիչը մեծ ու խոր ազդեցութիւն ունի աշակերտի կեանքին մէջ եւ անոր մէկ խօսքը կրնայ մեծ փոփոխութիւններ առաջ բերել անհատի կեանքին մէջ։ Մեր իրականութեան մէջ յաճախ դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը գիտելիքներու պաշար որպէս կ՚ակնկալուի, սակայն, ճշմարիտ դաստիարակութիւնը աշակերտը ապագայ կեանքին պատրաստել է եւ իւրաքանչիւր ուսուցիչ պէտք է ինքզինք պատասխանատու նկատէ, որովհետեւ ուսուցչութիւնը դասապահերով սահմանուած ժամանակահատուած մը չէ։ Մարի ինք ալ որպէս իգական սեռի ներկայացուցիչ մաքառած ու պայքարած էր. իր սեփական փորձով փորձած էր կարելի եղած չափով կեանքի ինչութիւնը սորվեցնել: Անշուշտ, Մարի իր գրութեան մէջ կը զգայ մեղաւորութիւն մը, որովհետեւ աշակերտներուն բարութիւնն ու մաքրութիւնը նկատի ունենալով՝ յաճախ խուսափած էր որոշ չարութիւններու մասին խօսելէ «չուզելով աղտոտութիւնը բրտօրէն մատնանշել մաքրութեան այնքա՜ն քովիկը եւ պղտորել այն ջինջ, լուսաւոր հաւատքը, որ ձեր իտէալիստ դպրոցականի հաւատքն էր կեանքի մասին, եւ հիասթափութեան մատնել ձեր երջանիկ պատանեկութիւնը»։ Եյս տողերէն կը հասկնանք, որ Մարի կեանքի հանդէպ յոռետես անձ մըն էր եւ այդ մէկը գուցէ կարելի է վերագրել իր կենսագրութեան, որ որպէս իգական սեռի ներկայացուցիչ այնքան ալ հեզասահ անցած չէր:
Աշակերտ մը իր դպրոցական տարիներուն երազներ կը հիւսէ, որոշ պատրանքներ կ՚ունենայ եւ կը կարծէ կեանքը այն է՝ ինչ դպրոցական ժամերն ու միջավայրը. պատանեկութեան տարիներուն գրեթէ ամէն զգացական անձ բանաստեղծութիւններ կը գրէ ու կը կարդայ, որոշ նպատակներ ու երազներ կ՚ունենայ, սակայն, երբ դառնայ մեծահասակ՝ իրապէս կը հասկնայ, որ այդ բոլորը պարզապէս երազներ էին եւ ներկայ ճշմարտութիւնը ո՛չ մէկ աղերս ունի դպրոցական անմեղ պատրանքներուն հետ։ Մարի չ՚ուզեր իր աշակերտները կեղծ ու սուտ երազներով ապրին, սակայն, միւս կողմը, չ՚ուզեր ապականել այդ երազներուն անմեղութիւնը. «Իմ սրտիս մէջ բաւականաչափ ուժ չգտայ ձեր մէջ անգթօրէն մեռցնելու համար կարգ մը պատրանքներ, որոնք պատանեկութեան բանաստեղծութիւնը կը կազմեն եւ որոնք՝ անոր ուժը, ուրախութիւնը եւ փառքը ըլլալու սահմանուած են»:
Այստեղ Մարին կը գտնենք հակասութեան մը մէջ. կ՚ուզէ իր սանուհիներուն կեանքի ամբողջ ճշմարիտ պատկերը փոխանցել, սակայն, միւս կողմէ, կ՚ուզէ պահել այդ բոլորը՝ որպէսզի անաղարտ ու մաքուր մնան անոնց երազները։ Սակայն, այս երկրորդը ընելով լաւապէս կը գիտակցէր, որ դարձեալ ապագային որպէս վնաս կրնայ իր հետեւանքները ունենալ. «Ես ուզեցի որ դուք իտէալ կեանքը ընէիք ձեր կուռքը, ձեր պաշտամունքի առարկան եւ անոր յաղթանակին համար միայն տրամադրէիք ձեր բոլոր ուժերն ու կարողութիւնները»:
Մարիի գրութենէն կը հասկնանք, թէ ինչքա՜ն կ՚ուզէր, որ սանուհիները մի՛շտ մնային աշակերտ, մնային նոյն տարիքը եւ երբեք դէմ առ դէմ դուրս չգային այդ չար կեանքին, սակայն այդ մէկը եւս պատրանք է. կեանքը իր ընելիքը ուշ կամ կանուխ պէտք է ընէ:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ուսուցիչը պատասխանատո՞ւ է աշակերտին ապագային համար:
Պատասխան. Ուսուցիչը պատասխանատու է աշակերտին ապագային համար, որովհետեւ ան միայն գիտելիք չի փոխանցեր, այլ մտածելակերպ ու արժէքներ կու տայ աշակերտին: Ուսուցիչին խօսքը, վերաբերումը եւ օրինակելի ընթացքը կրնայ աշակերտին ուղղութիւն դառնալ՝ ճիշդ ընտրութիւններ կատարելու, նպաստելով անոր կարողութիւններու զարգացման եւ բացայայտման: Սակայն աշակերտի ապագան ուսուցիչի կողքին կախուած է նաեւ ընտանիքէն, հասարակութենէն եւ իր սեփական ջանքերէն. ուսուցիչը ունի պատասխանատուութիւն, սակայն միայն իր վրայ վստահուած չէ այդ մէկը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան