«ԿՈՄԻՏԱՍԷՆ ԱԽՈՌԻ ՀՈՏ»
Ժամանակ մը պատմութեան կարեւորագոյն էջերը գրաւած, սակայն, այսօր ոչնչացած բոլոր պետութիւնները միշտ չէ, որ եղած են արտաքին թշնամիներու կամ քաղաքական պարտութեան զոհը։ Շատ անգամ պատճառը պէտք է գտնել անոր ներաշխարհին՝ ներքին կեանքին մէջ, որովհետեւ ազգ մը արտաքին թշնամիներէն շատ աւելի մեծ հարուած կը հասցնէ ինքն իր ազգին, երբ կը սկսի սեփական արժէքները մոռնալ։ Ու եթէ կը հաւատանք ներքինին արտաքինէն շատ աւելի վնասաբեր ըլլալուն, ապա լուրջ հարցականի մը դիմաց կը գտնուինք։ Հայ ժողովուրդին կորուստը արտաքի՞ն թէ ներքին բնոյթ պիտի կրէ։ Գուցէ մարդիկ մտածեն, թէ կորուստէն ետք արտաքին թէ ներքին ի՞նչ կարեւորութիւն ունի. ըսենք. արտաքին թշնամիի կողմէ պարտութեան մատնուիլ ու կորսուիլը շատ աւելի արժանապատիւ է՝ քան սեփական անտարբերութեան զոհ երթալը:
Արտաքին թշնամիէն շատ աւելի մեծ թշնամիներ են մեր ներքին թերութիւնները եւ մենք պարտինք այդ թերութիւնները լաւապէս ճանչնալ, որովհետեւ ինչպէս հին չինական փիլիսոփայութիւնը կ՚ըսէ. «Ուրիշները ճանչնալը իմաստութիւն է, սակայն, ինքզինք ճանչնալը՝ լուսաւորութիւն»։ Մեր թերութիւնները դէպի սրբագրութիւն տանելու համար անհրաժեշտ է այդ լուսաւորութիւնը։ Այս կապակցութեամբ հայ ազգը ունի բազմաթիւ թերութիւններ, սակայն, եթէ ուզենք անոնցմէ միայն մէկը առանձնացնել, ապա վստահաբար պիտի ըլլայ սեփական արժէքները գնահատել չգիտնալու թերութիւնը, որ հիմնական արգելք կը հանդիսանայ մեր յառաջդիմութեան մէջ։ Որպէսզի այդ թերութիւնը վերացական չթուի, տանք պարզ օրինակ մը
Օրին՝ երբ Կոմիտաս Վարդապետ երգչախումբով բեմ կը բարձրանայ ու հայկական երաժշտութիւնը կը ներկայացնէ, այդ շրջանի մամուլին մէջ կը յայտնուին քննադատական յօդուածներ, որոնց մէջ կ՚ըսուէր. «Կոմիտասի հայկական երգերէն ախոռի հոտ կու գայ»։ Մինչ Կոմիտաս Վարդապետ այդ «ախոռ»ի հոտը կը մեկնաբանէր հետեւեալ ձեւով. «Ժողովրդական երգի բնորոշ հոտը հայոց լեռնաշխարհի գունագեղ ծաղիկներու բոյրն է»։ Հակառակ այն իրողութեան, որ այսօր Կոմիտաս հայ մշակոյթի մեծագոյն գործիչներէն մին կը նկատուի, իր ժամանակին այնքան ալ «սիրելի» չէ եղած հանրութեան, սակայն, այդ մէկը Կոմիտասի անձին հետ աղերս չունի. հայկական հիւանդութեան մը հետեւանքն է պարզապէս, որովհետեւ շատ ալ ընդունուած բան չէ սեփականը գնահատելը՝ մա՛նաւանդ երբ զայն ներկայացնողը այլ հայրենակից մըն է՝ մանաւանդ եկեղեցական: Նոյն տրամաբանութեամբ շատեր կը քննադատէին այսօր որպէս հայ գրականութեան մեծագոյն դէմքերը հանդիսացողները։ Այդ քննադատներէն քանի՞ն որպէս արժէք կը յիշուին այսօր. հարցական է: Այս թերութեան մէջ, անշուշտ, կայ տարօրինակ այլ իրողութիւն մը. նոյն ժամանակաշրջանին՝ երբ հայեր Կոմիտաս Վարդապետը կը քննադատէին, օտարներ սքանչացումով կ՚արտայայտուէին թէ՛ Կոմիտասի եւ թէ անոր ստեղծած «ախոռի հոտ» ունեցող երաժշտութեան մասին: Այս արժէքներու գնահատման մասին Կոմիտասի կարծիքը հասկնալու համար պէտք է կարդալ տարածուած այն խօսակցութիւնը, որ տեղի ունեցած է Յովհաննէս Թումանեանի տան մէջ, ուր Կոմիտաս Վարդապետ կ՚ըսէ.- «Հայերս զարմանալի օտարամոլ ժողովուրդ ենք. կը քաշուինք, կ՚ամչնանք բացէ բաց մեր սեփական արժէքները սիրելէ, գնահատելէ»: Կոմիտաս Վարդապետ կը շարունակէ. «Ստրկամիտ մարդուն յատուկ մոլութեամբ մենք մերը փնտռելով՝ կը սիրենք ուրիշինը»։ Կը կարծենք, թէ գուցէ նոյն հիւանդութեան հաշւոյն այսօր չունինք մշակութային գործիչներ, չունինք գրողներ, չունինք նուիրեալներ, որովհետեւ նոյն այդ մտածումն ու զգացումը ունէին Կոմիտասի ժամանակաշրջանի մարդիկ։ Եթէ նոյն հիւանդութեամբ շարունակենք ու մնանք, գուցէ երբեք ալ պիտի չունենանք վերոյիշեալ նուիրեալները, որովհետեւ խնդիրը չունենալուն մէջ չէ՝ այլ զանոնք չգնահատելուն մէջ է:
Մինչեւ օրս Կոմիտաս Վարդապետի մասին բազմաթի՜ւ աշխատութիւններ լոյս տեսած են։ Մեր երազներէն մէկն է, օր մը տեսնել Կոմիտաս Վարդապետի մասին լոյս տեսած բոլոր բացասական յօդուածներուն եւ հրապարակախօսութիւններուն մէկտեղումը, որովհետեւ անոնք թիւով այնքան ալ քիչ չեն։ Կոմիտաս Վարդապետ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ալ այնքան սիրուած անձնաւորութիւն մը չէ եղած՝ մանաւանդ նախանձոտ միաբանակից եկեղեցականներու կողմէ։ Անշուշտ, Կոմիտաս Վարդապետ իր կենդանութեան ունեցած է զինք քաջալերողներն ու գնահատողները, սակայն, որպէս ազգի հերոս աւելի սկսած է ճանչցուիլ իր հիւանդութենէն՝ մահէն ետք:
Ի դէպ, Կոմիտաս իրեն դէմ եղած հալածանքը սեփական մշակոյթի հանդէպ արշաւ կ՚ընդունէր։ Թումանեանի տան մէջ կ՚ըսէր. «Եթէ այսպէս շարունակուի՝ մենք կեցած ենք այլասերման ճամբուն վրայ»։ Թումանեան հայ ժողովուրդի օտարամոլութիւնը դարաւոր քաղաքական պայքարներու եւ անազատութեան հետեւանք կը կարծէր։ Թումանեան օտարամոլութիւնը որպէս միջոց կը տեսնէ՝ սեփական գոյութիւնը պահելու համար, սակայն, Կոմիտաս այդ մէկը քաղաքականէն անդին՝ որպէս հիւանդութիւն, որպէս սէր կը մեկնաբանէ եւ անոր վախճանը այնքան ալ դրական չի տեսներ:
Այս բոլորը ի միտի ունենալով պէտք է լաւապէս ուսումնասիրենք. չունի՞նք արժէքներ, թէ ոչ չունինք զանոնք գնահատելու սովորութիւնը։ Գուցէ այսօր եւս կան Կոմիտասներ՝ որոնք ամէն տեսակի գնահատանքէ հեռու կը շարունակեն գործել ո՛չ թէ սեփական անձի, այլ հայ մշակոյթի բարօրութեան ի խնդիր:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Ամէն օր նոր բան մը կը բերէ իր հետ, ամէն օր նոր պատմութիւն մը ունի:
ՏԻԳՐԱՆ ԿԱՄՍԱՐԱԿԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան