ՔՆՆԱԴԱՏՈՂԻՆ ՓՈԽԱՐԷՆ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ԱԿԱՆՋ ՏՈՒՐ
Մեր թուականէն մի քանի տարիներ առաջ եկեղեցական մը սփիւռքահայ մամուլի մէջ կը ստորագրէր յօդուած մը, որուն մէջ կը քննադատէր եկեղեցին քննադատողները՝ ըսելով, թէ այդ քննադատողները եկեղեցւոյ համար ի՞նչ ըրած են։ Եկեղեցականին յօդուածին մէջ իսկ յստակ է, որ ան երբեք չէ՛ կրցած քննադատութիւն բառին ճշգրիտ որակումը հասկնալ։ Մեր ազգը մինչեւ այսօր չկրցաւ հասկնալ «քննադատութիւն» եւ «ցեխարձակում» բառերու տարբերութիւնը։ Եթէ եկեղեցականը լաւապէս հասկցած ըլլար քննադատութիւն բառին իմաստն ու նպատակը, ո՛չ թէ եկեղեցին քննադատողները «մեղաւոր» կը նկատէր, այլ քննադատ մըն ալ ինք կը դառնար, որովհետեւ քննադատութիւնը իր մէջ ունի նպատակ բիւրեղացնելու եկեղեցին եւ ո՛չ «պապին անսախալական»ութեան նման ընդունելու այդտեղ տեղի ունեցող ճիշդ կամ սխալ եղելութիւնները:
Եկեղեցականը իր գրութեան մէջ մեղադրելու քննադատներուն կ՚ըսէ. «Անոնք քանի՞ հոգի եկեղեցի բերած են, որպէսզի քրիստոնեայ ընտանիքը բարգաւաճի: Երիտասարդական կամ այլ հաւաքոյթներու քանինե՞ր իրենց ներկայութիւնը բերած են»։ Իրականութեան մէջ, այս հարցադրումին պատասխանը շատ պարզ ու յստակ է. մարդ եկեղեցւոյ հանդէպ իր ունեցած սէրը կրնայ արտայայտել տարբեր միջոցներով. մին կրնայ իր սիրայօժար ծառայութիւնը ընծայել, իսկ ուրիշ մը եկեղեցականին ըսածին պէս եկեղեցւոյ բարօրութեան համար գործնական գետնի վրայ աշխատիլ, սակայն, ի յայտ եկող սխալները բարձրաձայնելու համար վերոյիշեալ բոլոր երեւոյթները անհրաժեշտ չե՛ն։ Եկեղեցին որպէս կառոյց քննադատողները ուսումնասիրելու եւ անոնց անձը առաջնահերթ նկատելու փոխարէն՝ պարտին բարձրաձայնուած քննադատութիւնը ի նկատի ունենալ։ Անշուշտ, քննադատել կ՚ըսենք, որովհետեւ լաւապէս գիտենք, որ քննադատել եկեղեցին ատել չի՛ նշանակեր. ատողը չի՛ քննադատեր. ատողը կը վատաբանէ եւ քննադատութեան եւ վատաբանութեան մէջ մեծ տարբերութիւն գոյութիւն ունի։ Առ այս կ՚ուզենք այսօր մի քանի տողերով պատասխանել եկեղեցականին որոշ հարցադրումներուն.
«Եթէ մեր մայրը հիւանդանայ, կը լքե՞նք զինք, թէ՞ ի գին ամէն զոհողութեան բուժման ճիգեր կը կատարենք»։ Իրականութեան մէջ, եթէ մայր-զաւակ յարաբերութեան մէջ պիտի մտնենք, ապա կրնանք ըսել, որ աշխարհի ամենէն մեծ չարագործին համար նոյնիսկ իր զաւակը ամենէն անմեղ արարածն է. նոյնը հակառակը։ Հիմա այստեղ առաջարկուածը ի՞նչ է. եկեղեցին որպէս «մայր» նկատելով աչք ու ակա՞նջ գոցել այդտեղ տեղի ունեցող սխալներուն։ Ի դէպ, եկեղեցւոյ քննադատութիւնն ու զայն գլխաւորողները քննադատելը եւս ունի մեծ տարբերութիւն. կաթողիկոսէն սկսեալ, ամէ՛ն եպիսկոպոս, վարդապետ ու աբեղայ իրականութեան մէջ մարդ են եւ ենթակայ են սխալելու. մարդկային վիճակ մըն է այդ մէկը։ Հայր սուրբը կ՚ըսէ. «Եկեղեցին մայրս ու մայրդ է, իսկ եթէ սիրտս կամ սիրտդ պէտք է ըլլայ, պիտի տա՛նք, որպէսզի անիկա ապրի»։ Իրականութեան մէջ, քննադատութիւնը եւս այդ սիրտը տալէն բանով մը չի տարբերիր, որովհետեւ հաւատացեալ մարդը, իր եկեղեցին սիրող մարդը կ՚ուզէ իր եկեղեցին տեսնել իր կատարելութեան մէջ։ Եթէ համաձայն ենք, որ մարդ սխալական է, հետեւաբար, այդտեղ կատարելութիւն կարելի չէ գտնել. կատարելութեան ձգտում կարելի է գտնել եւ այդ կատարելութեան ձգտումն է, որ մարդը քննադատութեան կ՚առաջնորդէ։ Մեր մօտ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ տարածուած է այն միտքը, որ քննադատողը մի՛շտ թշնամի է… չե՛նք գիտեր, սակայն, քննադատութենէն շատ աւելի մեծ մեղք ու սխալ է տեսնել անարդարութիւն, տեսնել սխալ եւ լռել. լռելը եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած սիրոյ արտայայտութիւն չի՛ կրնար դառնալ. այդ մէկը լոկ անտարբերութիւն որպէս կրնայ դիտուիլ:
Հայր սուրբը իր գրութեան վերջաւորութեան կը գրէ. «Ըլլանք եկեղեցւոյ պաշտպանը եւ ո՛չ հեռուէն քննադատողը»։ Այնպէս կը ներկայացուի, որ պաշտպանն ու քննադատը իրարու հակառակ են. այնպէս կը դիտուի, որ պաշտպանը սիրողն է, իսկ քննադատողը ատողը։ Եկեղեցին պաշտպանել չի՛ նշանակեր քննադատութենէն հեռու մնալ, որովհետեւ մարդ պաշտպանելու սիրոյն է, որ կը քննադատէ, որպէսզի անոր մէջէն վերանայ սխալները։ Որպէս վերջաբան հայր սուրբը կը յիշէ նաեւ Դաւիթ մարգարէի այս խօսքը. «Կը նախընտրեմ գաւիթիդ մէջ իմ անցուցած մէկ օրս, քան թէ հազար ուրիշ օրեր` գաւիթէդ դուրս ապրուած»։ Դարձեալ պատկերը նոյնն է. քննադատողը եկեղեցւոյ գաւիթէն դուրս ըլլալու վիճակ մը կը ստանայ այս տողերով:
Օրինակի համար, խօսինք պարզ բացթողումի մը մասին. վերջին մի քանի տարիներուն ականատես եղանք որոշ եկեղեցականներու գայթակղութեան. այն եկեղեցականը, որ եկեղեցւոյ ղեկավարին կողմէ սիրուած է, իր կարգին մէջ մնաց «անսասան»։ Եկեղեցին ամէն ջանք ի գործ դրաւ այդ արարքի տարածումը կանխելու համար, սակայն, անդին նոյն սխալին համար կարգալոյծ հռչակեց այլ եկեղեցական մը։ Հիմա Քրիստոսի արդարութիւնը քարոզող եկեղեցին ի՛նք թող պատասխանէ. այստեղ արդարութիւն կը տեսնէ՞ք. կը կարծէ՞ք, թէ ճիշդ է կատարուած նոյն արարքին համար երկու տարբեր ուղղութիւններ որդեգրել։ Արդար Աստուած երկրորդ գալուստին նոյն սկզբունքո՞վ պիտի դատէ իր ժողովուրդը։ Այս մէկը պարզ օրինակ մըն է բազմահազար այն օրինակներէն, որոնք կարելի է բերել։ քննադատողներուն դէմ պայքարելու փոխարէն ականջ պէտք է դնենք անոնց քննադատութեան, որովհետեւ քննադատուած անարդարութիւնները սրբագրելը շատ աւելի արդիւնք կու տայ՝ քան քննադատողները հալածելն ու քարկոծելը:
Հիմա պատասխանը ընթերցողինն է. կատարուած սխալներուն դիմաց լռո՞ղն է իր եկեղեցին սիրողը՝ թէ զանոնք բարձրաձայնողը:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Երբ
ժողովուրդը միացած է եւ պատրաստ կռուելու, ոգեւորուած միեւնոյն վեհ զգացմունքով, այլեւս ոչինչ կ՚արժէ ո՛չ թշնամիի զօրաբանակը, ո՛չ թնդանօթը եւ ոչ օտարի պաշտպանութիւնը:
ԱՆԱՆՈՒՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան