ԹԱՐԳՄԱՆԻՉ ՀԵՐՈՍՆԵՐ
Հոկտեմբերը, Սրբոց Թարգմանիչներու հերոսական աշխատանքին եւ մեծ վաստակին անգին արժէքը բացայայտող ամիսն է։ Աստուծոյ եւ Անոր Խօսքին հանդէպ սէր ունեցող հաւատացեալներ՝ թարգմանած, գրի առած, գրչագրերով զարդարած եւ տպած են եւ այս կերպով «Թագուհի թարգմանութեանց»ը մեզի հասցուցած են ի գին մեծ զոհողութիւններու՝ անձնուիրաբա՛ր։
Ուստի, պէտք է ամէն հայ քրիստոնեայ ըսելիք եւ ընելիք բան մը ունենայ այս մասին՝ Աստուծոյ Խօսքը սիրելով, կարդալով եւ զայն տարածելով։ Եւ ա՛յս իսկ է Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետներու պատուէրը մեզի՝ այսօր։
Արդարեւ, այսօր, թէեւ նոյն եռանդը չէ մնացած, սակայն, պէտք է «փլատակ շէնք»ը վերանորոգուի եւ վերաշինուի։ Հայ մշակոյթի «կիսափուլ շէնք»ին վերանորոգման՝ կ՚արժէ, որ «քար» մըն ալ մենք ըլլանք եւ վերականգնենք այս սուրբ կառոյցը։ Որովհետեւ իր մշակոյթին անծանօթ ազգ մը կ՚օտարանայ նաեւ իր իսկ ինքնութեան։ Լեզուն, գիրը, գրականութիւնը՝ ամբողջ մշակոյթը անձնագիրն է ազգի մը։
Պէտք չէ՛ մոռնալ եւ անտարբեր մնալ, անտեսել անցեալը՝ պատմութիւնը, ուր հայ ժողովուրդը հացէն առաջ Աստուածաշունչ մատեանի մը ուզեց տիրանալ՝ իր անձնական, հարազատ Աստուածաշունչ մատեանին, եւ բազմաթիւ հեղինակներու ստեղծագործութիւնները պահ մը մէկդի դրած, սկսաւ Աստուածաշունչ մատեանը կարդալ՝ վերադառնալ փափաքելով իր իսկ իրաւ եւ սեփական արմատերուն՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի, Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի, Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի, նաեւ թագաւորներու, հոգեւորական դասին, իշխաններուն, մտաւոր արժէքներուն եւ, վերջապէս, ռամիկ ժողովուրդի հոգեվիճակին, աստուածային ճշմարտութիւնները գնահատելու փորձառութեան։
Բայց այսօր, ընդհանրապէս, կը պակսի խորունկ հոգեւոր գրականութիւն մշակելու, գրութիւնները հոգեմտաւոր դաշտի մէջ խտացնելու փափաքը՝ աւելի շատ խճողուելով բարոյագիտական եւ հոգեբանական խարխափումներով, փոխանակ Աստուածաշունչ մատեանի միշտ թարմ, հոգեշահ, հարուստ եւ այնքա՜ն գեղեցիկ ճշմարտութիւնները մեկնաբանելու եւ հայերէն լեզուի զուլալ աղբիւրով փոխանցելու եւ յագեցնելու հայ ժողովուրդի ծարաւի հոգին։ Այսօր, եւ դժբախտաբար, հայը օտարացած է իր հարազատ լեզուին, գիրին եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթին, անշուշտ, միշտ յարգելով արժանաւոր բացառութիւնները։
Ինչո՞ւ մտահոգութիւնը ունենանք, թէ հայ թերթի մէջ հրատարակուած որեւէ գրութիւն արդեօք քանի՞ հոգի պիտի կարդայ։
Այս մասին, ինչպէս յաճախ կը կրկնենք՝ ամէն հոգեւորական նաեւ մտաւորական է եւ փոխադարձաբար՝ ամէն մտաւորական ալ հոգեւորակա՛ն։ Ապա ուրեմն, ինչո՞ւ հեռու մնալ հոգեւոր գրութիւններէ, որոնք սնունդն են հոգիին, եւ մա՛րդ չի կրնար իր կեանքը գոյապահպանել եւ գոյատեւել առանց հոգիի։ Ուստի, մշակոյթի կարեւոր մաս կը կազմեն հոգեւոր գրութիւնները, մանաւանդ հայ ժողովուրդին համար, քանի որ հայ մշակոյթի հաստատման, պահպանման եւ զարգացման գործին՝ հոգեւորականներու դերը եւ աշխատանքը անուրանալի՛ են եղած ամբողջ պատմութեան մէջ եւ նաեւ այսօր…
Մա՛րդ իր հարազատին, իր սեփականին այսքան օտար կրնա՞յ ըլլալ… եւ որքա՜ն ցաւալի էր լսել հայ մարդէ մը երբ հայ լեզուն կ՚անուանէր «անպէտ լեզու» եւ ուրիշէ մը՝ որ կ՚ըսէր. «Ինչ օգուտ եւ շահ պիտի ունենամ հայերէն սորվելով, ինչո՞ւ սորվիմ հայերէն…» եւ այդ հայ վարժարանէ շրջանաւարտ հայ մըն էր…
Ուստի, մարդս պէտք է դատել ո՛չ այնքան իր ըսածէն, որքան տուածէն՝ գործէն. ո՛չ թէ իր ճառէն, այլ իր առաքինութիւններէն։ Սակայն, չսխալելու համար իր դատումին մէջ, պէտք է կարենալ նայիլ տուողին եւ տուրքին՝ հոգիի եւ ո՛չ թէ սոսկ մարմնի աչքով. քանի որ տրուածին մէջ ո՛չ թէ քանակն է, որ կը շինէ անոր արժէքը, այլ ոգին՝ որ տալ կու տայ զայն, եւ կերպը՝ նոյն ատեն, որով կը տրուի անիկա։
Այլաբանական ոգին՝ որ շատ կանուխէն, առաքելական ժամանակներէն նոյնիսկ, ջիղը եղած է Սուրբ Գիրքին մեկնաբանական գիտութեան, առանց թէեւ չափազանցուած ծայրայեղութիւններու, երբեմն երբեմն երեւցած է նաեւ մեր մէջ, Սուրբ Գիրքը կեանքով եւ պատմութեամբ, եւ կեանքը եւ պատմութիւնը Սուրբ Գիրքով մանաւանդ բացատրելու հրայրքը՝ որ քրիստոնէական իմաստասիրութեան ամենէն յատկանշական նկարագիրը եղած է։
Եւ այս ուղղութեամբ, Ս. Աւետարանի «Այրի կնոջ լումայ»ին պատմութիւնը, որքա՜ն կը համակերպի հայ մշակոյթի ամբողջ պատմութեան՝ ուր հայ ժողովուրդը իր ամբողջ էութեամբ նուիրուած, ծառայած է իր մշակոյթին՝ լեզուին, գիրին եւ գրականութեան համար, որպէսզի գոյապահպանուի եւ գոյատեւէ ան եւ հասնի մինչեւ մեր օրերը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ