ԴՊՐՈՑԸ՝ ԴԱՍԱԳԻՐՔԷՆ ԱՆԴԻՆ
Աշխարհի ամենէն խելացի անձերէն մէկը կը նկատուի Այնըշթայն, որ դպրոցը համալսարանէն շատ աւելի կարեւոր կառոյց կը նկատէ, որովհետեւ համալսարանի մէջ կրթութիւն ստացող երիտասարդի մտային զարգացումն ու գիտութեան հիմքերը դպրոցէն սկիզբ կ՚առնեն: Անցեալին տունն ու դպրոցը հաւասարապէս կարեւոր էին զարգացման համար, սակայն, ժամանակները փոխեցին որոշ արժէքներ եւ ծնողքը սկսաւ համոզուիլ, որ կրթութիւնը եւ շատ անգամ մինչեւ իսկ դաստիարակութիւնը ո՛չ թէ տան, այդ դպրոցին մէջ պէտք է փոխանցուի մանուկին:
Այնըշթայն 1936 թուականին Նիւ Եորքի համալսարանին մէջ ներկայացուցած է դպրոցի նուիրուած ճառ մը, ուր գիտնականը կ՚ըսէ. «Մարդկային հասարակութեան շարունակականութիւնն ու առողջութիւնը կ՚ազդուի դպրոցէն»։ Իր համոզումով՝ դպրոցը կ՚ապահովէ շարունակականութիւնը, որովհետեւ հոն է, որ մարդուն կը փոխանցուի մշակոյթը, գիտելիքը, արժէքները. հոն է, որ մանուկը կը զարգանայ թէ՛ մտապէս եւ թէ բարոյապէս։ Այլ խօսքով՝ զաւակը լոյս աշխարհ կու գայ որպէս «պարապ» սնտուկ մը. դպրոցն ու ծնողքն են, որ անոր մէջ արժէքներ կը լեցնեն եւ զինք լիակատար մարդ կը դարձնեն:
Այնըշթայն կ՚ուզէ, որ մարդկութիւնը դպրոցը պարզապէս գիտութիւն փոխանցելու ծառայող կառոյց մը չտեսնէ։ Անոր համոզումով՝ գիտութիւնը որպէս փաստ՝ «մեռած» է, սակայն, դպրոցը ո՛չ թէ «մեռած» գիտութեան, այլ կենդանի հասարակութեան պարտի ծառայել։ Այդ իմաստով ան կը հաւատայ, որ բացի գիտութենէն, դպրոցը պարտաւոր է անհատներու մէջ զարգացնել ունակութիւններ ու յատկութիւններ, որոնք կրնան մարդկութեան բարիքին ծառայել: Ան կ՚՚ուզէ, որ դպրոցը յաջողի անհատներու մէջ նպատակներ ստեղծել, որովհետեւ նպատակներ չունեցող միօրինակ անհատներու հասարակութիւնը աղքատ հասարակութիւն մըն է: Դպրոցին դերը գիտութենէն աւելի պէտք է ըլլայ անկախ մտածող ու գործող անհատներ առաջ բերել:
Մեծ գիտնականը իր ճառին մէջ կ՚ըսէ. «Ինծի համար ամենէն վատ բանը այն է, երբ դպրոց մը հիմնականին մէջ առաջնորդուի վախի, բռնութեան եւ արհեստական հեղինակութեան տակ. բռնի պահանջուած հեղինակութիւնն ու յարգանքը՝ պարզապէս կ՚ոչնչացնեն աշակերտի առողջ զգացումներն ու ինքնավստահութիւնը»:
Այս բոլորէն վեր, իմաստունը կը կարեւորէ փառասիրութենէն հեռու մնալու եւ միաժամանակ հեռու պահելու կարեւորութիւնը. Ուսուցիչն ու դպրոցը որպէս բարոյական սկզբունք, առաջին հերթին աշակերտէն պէտք է հեռու պահեն փառասիրութեան գաղափարը, որովհետեւ ապագային այդ փառասիրութիւնն է, որ մարդկութեան վնաս կը պատճառէ։ Այս բացը դպրոցական կեանքին մէջ մինչեւ օրս կը շարունակուի. ուսուցիչը անդադար համեմատականներ կը կատարէ աշխատասէր ու «ծոյլ» աշակերտին միջեւ՝ մոռնալով, որ այդտեղ ծուլութենէն աւելի կարողութիւններու հսկայական տարբերութիւն մը կրնայ ըլլալ։ Կայ աշակերտ, որ երկու անգամ լսելով ամբողջ դասը կրնայ հասկնալ ու սորվիլ, իսկ անդին կայ ուրիշը, որ պէտք է նուազագոյնը տասն-քսան անգամ կարդայ, որպէսզի լաւապէս մտապահէ եւ սորվի։ Այս պարագային երկու անգամ լսելով սորվողը աւելի աշխատասէր չէ, այլ այդ մէկը կարողութեան հարց է. աշխատասիրութիւնը սորվելու համար տրուած ջանքն է:
Դպրոցին միւս կարեւոր առաքելութիւնը՝ աշակերտին դիմաց ճշմարիտ աշխարհը ներկայացնելն է։ Այսօր շատ մը դպրոցներ աշակերտները բանտարկուած կը պահեն դասագիրքերուն մէջ, որոնք շատ անգամ կտրուած են ճշմարիտ կեանքէն: Այո, վերացական նիւթերու ուսուցումը եւս կարեւոր եւ օգտակար է աշակերտին, պէտք չէ հեքիաթներով ապրեցնել զանոնք: Դպրոցին հիմնական առաքելութիւնը աշակերտը ապագայ կեանքին՝ աշխարհին պատրաստելն է եւ հէքիաթներով կարելի չէ ճշմարիտ կեանքը ներկայացնել: Դպրոցէն դուրս գալով պզտիկը ինքզինք ամբողջութեամբ ուրիշ, օտար աշխարհի մը մէջ պէտք չէ գտնէ. ամենէն մեծագոյն նուէրը՝ որ դպրոց մը կրնայ իր աշակերտներուն ընել, ապա անոնց հոգեբանական ուժ եւ արթնութիւն տալն է, որովհետեւ այդ երկու կարեւոր երեւոյթներն են, որոնք աշակերտին մօտ պիտի ստեղծեն աւելի բարձր արժէքներու, ինչպէս նաեւ յաջողութեան ձգտում:
Այս բոլորը իրականացնելու համար իմաստուն գիտնականը կը պահանջէ, որպէսզի դպրոցները ունենան կատարեալ կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն ստացած ուսուցիչներ։ Դպրոցն ու տնօրէնութիւնը ուսուցիչին պէտք է տան ամէ՛ն տեսակի ազատութիւն՝ իր ոճով, իր մեթոտներով դասաւանդութիւնը կատարելու, որովհետեւ շատ մը դպրոցներու տնօրէնութեան համար կարեւորը այն է, որ դասագիրքի դասերը մինչեւ տարեվերջ աւարտին։ Ուսուցիչ մը կրնայ ամբողջ տարին դասագիրքին կէսն իսկ հասած չըլլայ, սակայն, շատ աւելի գիտութիւն եւ բարոյական արժէքներ փոխանցած ըլլայ աշակերտներուն՝ քան դասագիրքը: Ձախողած է այն ուսուցիչը, որ իր ամբողջ դասընթացքը պարզապէս գիրքով կ՚առաջնորդէ։ Նման ուսուցիչ մը ուսուցիչ ըլլալէ աւելի դասախօս է եւ մենք բազմիցս ըսած ենք, որ ուսուցիչ ու դասախօս տարբեր բաներ են. ուսուցիչ մը դասախօս կրնայ դառնալ, սակայն, դասախօս մը ուսուցիչ չի կրնար դառնալ, որովհետեւ այդ մէկը ունի շատ աւելի կարեւոր յատկութիւններ:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Հայերէն լեզուին մէջ կան բառեր, որոնք իրենց սովորական իմաստէն զատ ուրիշ, ոգեկան իմաստ ալ ունին: Օրինակի համար, երբ Արարատ կամ Մասիս կ՚ըսենք, մեր մտքի աչքերուն առջեւ կը պատկերանայ ո՛չ միայն ձիւնաբարձ գագաթով լեռ մը, այլեւ ցեղին յարատեւելու կամքը, յաւիտենականութիւնը խորհրդանշող սրբութիւն մը: Արաքսի պարագային՝ գետ մը, որ մայր է, եւ օտար հողեր ոռոգել ստիպուած ըլլալուն համար «ողբ» ունի եւ որու ափերուն վրայ օր մը «քայլամոլոր» թափառիլը ամէն հայ տղու երազն է:
ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան