ԽՕՍՔՈՎ ԲԺՇԿՈՒԻԼ

Մարդ՝ հոգի, միտք եւ մարմինէ բաղկացած ամբողջութիւն մըն է, եւ ուրեմն պէտք է հաւասարապէս՝ առանց մէկը միւսէն զատելու խնամէ զանոնք։ Արդարեւ, մէկուն պակասը, թերացումը, վնասումը կ՚ազդէ միւսին, եւ այսպէս պէտք չէ մէկը միւսին նկատմամբ գերադաս նկատել։ Եթէ մարմինը սնունդի պէտք ունի՝ միտքն ալ, հոգին ալ սնունդի պէտք ունին։ Եթէ մէկը, զոր օրինակ, մարմինը դարմանումի կը կարօտի, նաեւ միտքը եւ հոգին ալ դարմանումի պահանջքը կ՚ունենայ, եւ ասոնք իրարմէ անջատ չեն, քանի որ «մարդ» կոչուած ամբողջութեան մը բնական անդամներն են։

Խօսքով կարելի՞ է դարմանուիլ կամ բժշկուիլ։

Խօսքով կարելի՛ է, ինչ որ Նարեկաբուժութիւնը՝ Նարեկի խօսքերով փաստուած է ասիկա։

Արդարեւ, Նարեկ աղօթագիրքը կը բուժէ հոգին եւ երբ հոգին բուժուի՝ կը բուժուի նաեւ յաջորդաբար միտքը եւ մարմինը։ Սա ակնյայտ է, որ սուտը եւ չարը կը հիւանդացնէ մարդը, իսկ ճիշդը եւ բարին՝ կը դարմանէ, կը բուժէ, եւ ճիշդը եւ բարին հաւատքն է եւ ուրեմն հաւատքով, հաւատքի խօսքով կարելի է բուժուիլ, կարելի է դարմանուիլ։

Անշուշտ, ասիկա անհնարին կը թուի անոնց՝ որոնք աշխարհը կը դիտեն միայն մարմնաւոր աչքով եւ կը տեսնեն միայն նիւթը, նիւթեղէնը։ Բայց, ինչպէս նախապէս յիշեցինք՝ կեանքը, մարդկային կեանքը միայն մարմին, միայն նիւթ չէ՛։ Եւ ահաւասիկ, ճիշդ այս կէտին կը տարբերի իրաւ հաւատքը եւ կարծեցեալ՝ ձեւական հաւատքը։ Ձեւական հաւատքը միայն կը նայի, բայց իրաւ հաւատքը՝ կը նայի եւ սակայն կը տեսնէ՛ նաեւ։

Այն որ իրա՛ւ հաւատքով կը լսէ «Խօսք»ը՝ կը բժշկուի, կը դարմանուի։ Յիշենք, որ Յիսուս երբ կը բժշկէր հիւանդ մը, կը հարցնէր. «Կը հաւատա՞ս…»։ Ուրեմն, չի՛ բաւեր լսել կամ արտասանել «Խօսք»ը, այլ՝ հաւատալ աներկմիտ եւ առանց տարակոյսի։ Արդարեւ, տարակոյսը, վարանումը, երկմտութիւնը մարդը կ՚առաջնորդեն թերամտութեան, ինչ որ իրաւ հաւատք չէ եւ որով նպատակի հասնիլ անկարելի՛ է։

Նարեկի Բան Ժ-ի մէջ կը յիշուի սա խօսքը. «Ամէն բան հնարաւոր է անոր համար որ կը հաւատայ». (ՄԱՐԿ. Թ 22)։ Եւ ինչպէս կ՚ըսէ Նարեկացին. «… հաւատք՝ որ իբրեւ աստուածամերձ զօրութիւն, ինքնին բաւական է կեանք տալու համար, ինչպէս Աստուծոյ օրհնաբանեալ բերանը վկայեց.- Հաւատք քո կեցուցին զքեզ»։

Ուստի, յստակ տեսութիւնը, կատարեալ իմաստութիւնը՝ Աստուծոյ հետ ընտանութիւնը, որդիական մտերմութիւնը եւ Բարձրեալին աներկբայ ճանաչումը մասն են հաւատքին՝ այն ազնուական եւ ընտիր առաքինութեան, որ ընդմիշտ կը մնայ անվթար եւ անխափան, պատուակից ըլլալով սիրոյ եւ յուսոյ։ Ապա ուրեմն մենք իրաւամբ է, որ երբ Աստուծոյ աներկմիտ երկրպագուն ընդունեցինք կեանքի այս նախաշաւիղ առաջնորդը՝ հաւատքը, որ ապառնի եւ ծածկուած բաները երկբայութեան՝ հոգիի աչքով կը տեսնէ. (Նարեկ Բան Ժ)։

Արդարեւ, «Նարեկ»ը միայն աղօթագիրք մը չէ, այլ կեանքի ուղեցոյց մը, բացատրագիր մը։

Շրջան մը եղած է, որ «Նարեկ»ը «բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյ» անուանուած է. բայց անիկա հաւատացեալին համար պարզ գեղեցիկ խօսքերու հաւաքածոյ մը չէ, այլ՝ երկրորդ Աստուածաշունչ, Աստուծոյ կենսատու, բուժիչ Խօսքին գիրքն է։

Ապա ուրեմն, երբ կայ հաւատք, իրաւ եւ հաստատ հաւատք, «Խօսք»ը կը բուժէ ամէն հիւանդութիւն, քանի որ ան կը դպի հոգիին եւ հոգին կարելի չէ անջատել մարմինէն։ Եթէ հոգին առողջ է՝ մարմինը եւ միտքն ալ կ՚առողջանան, եւ երբ անոնք հիւանդ են՝ կը բժշկուին, երբ ախտաւոր են, կը դարմանուին։ Եւ այս իմաստով «Խօսք»ը իրապէս բուժիչ զօրութիւն ունի, քանի որ «Բանը Աստուծոյ հետ էր եւ Բանը Աստուած էր…». (ՅՈՎՀ. Ա 1)։ Եւ առանց խօսքի միտք չկա՛յ, քանի որ խօսքն է, որ ընթացք կու տայ մտքին, խորհուրդին։

Բայց բացարձակապէս հեռո՛ւ պէտք է ըլլալ ձեւականութենէ, ձեւապաշտութենէ. ոմանք Նարեկը կը դնեն իրենց բարձի տակ եւ առանց իր էջերը բանալու օգուտ կը սպասեն անկէ եւ ինչպէս ուրիշ աղօթքներ։ Ասիկա, կատարեալ ձեւապաշտութիւն է եւ չունի որեւէ օգուտ։ Ուստի պէտք է կարդալ Նարեկը՝ խորանալ անոր մէջ եւ որքան աւելի կարդանք՝ պիտի տեսնենք եւ պիտի վկայենք անոր զօրութեան՝ Խօսքին զօրութեան եւ բուժիչ ուժին։

Արդարեւ, Խօսքը երբ չի գործեր, երբ չի ներգործեր՝ չի կրնար ցոյց տալ իր զօրութիւնը, եւ երբ հաւատք կայ, հոն գործ կայ, վաստակ կայ։ Չի՛ բաւեր «հաւատացեալ եմ…», ըսել, այլ պէտք է «հաւատացեալ ըլլա՛լ»՝ գործով ցոյց տալ հաւատքը։

Նարեկը՝ նարեկաբուժութիւնը Խօսքին հաւատալով ի՜նչ հրաշքներ իրականացուցած, ի՜նչ անկարելիութիւններ կարելիի է վերածած։ Նարեկը «Խօսք»ին՝ կեանքին թարգմանն է եղած, եւ ասիկա բազմաթիւ դէպքերով ապացուցուած է։

Հոն՝ ուր կայ ճշմարտութիւն եւ բարութիւն, հոն կա՛յ հաւատք, եւ հոն ուր կայ հաւատք, հոն կա՛յ ճար եւ դարման, եւ Նարեկը կը խօսի ճշմարտութեան եւ բարութեան վրայ՝ հաւատքի վրայ, բայց աներկմիտ ճշմարիտ հաւատքով կը բուժէ, կը դարմանէ ամէն ախտ, ամէն հիւանդութիւն…

«Խօսք»ը անպակաս ըլլայ մեր կեանքէն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 12, 2025, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 13, 2025