ՀՐԱՇՔԻ ՄԸ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

«Եւ նեղութեան օրը ինծի կանչէ. Ես քեզ պիտի ազատեմ եւ դուն զԻս պիտի փառաւորես». (ՍԱՂՄ. Ծ 15)։ «Այս պատճառով կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ի՛նչ որ աղօթքով խնդրէք, հաւատացէք, որ պիտի ստանաք եւ ձեր խնդրածը պիտի տրուի ձեզի». (ՄԱՐԿ. ԺԱ 24)։

Հաւատացեալին կեանքի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ հո՛ն՝ ուր անզօր կը մնան մարդկային կարողութիւն եւ կարելիութիւն, հոն ահաւասիկ կը հասնի՝ հրա՛շքը՝ հաւատքով կատարուած աղօթքի մը որպէս աստուածային պատասխան։ Որովհետեւ, հաւատացեալը գիտէ, թէ այն, ինչ որ անկարելի է մարդուն համար, Աստուծոյ համար կարելի է եւ քանի որ Աստուծոյ համար անկարելի որեւէ բան գոյութիւն չունի։ Եւ ահաւասիկ, այս ճշմարտութեան կը վկայէ անծանօթ «բարեկամ»ի մը անձնական կեանքի փորձառութիւնը։

Եւ «անծանօթ բարեկամ»ը կը պատմէ.

«Դժոխային սոսկալի ցաւերէ կը տառապէի, երբ հիւանդանոցի գլխաւոր բժիշկը կանչեց աւագ եղբայրս եւ առաջարկեց, որ զիս տեղափոխեն տուն, քանի որ իրենց բուժման բոլոր միջոցները արդէն սպառուած էին եւ բժիշկներու կարծիքով, միայն մէկ շաբաթուայ կեանք կ՚ենթադրուէր ինձ համար։ Ուստի մահամերձ վիճակով զիս տուն փոխադրեցին։

«Հարազատներուս հանգիստը չխռովելու գիտակցութեամբ բազմաթիւ անքուն գիշերներ լուսցուցի դաժան ցաւերէս ատամներս սեղմելով։ Վերջապէս հասաւ օրհասական պահը՝ երբ արհեստային ջանքերով կը ճգնէի եւ կը մաքառէի մահուան ճիրաններուն մէջ։

«Այս օրհնեալ գիշերը հօրեղբայրս արտասուաթոր աչքերով ծունկի եկաւ սնարիս մօտ, աղերսագին եւ լալագին հառաչանքներով աղօքեց եւ ապա սրտի մորմոքով ըսաւ.- Տղա՛ս, բժիշկները յոյս չեն յայտներ քու կեանքիդ համար, չափազանց ծանր է վիճակդ, բայց հաւատքով աղօթքէ, աղաչանքով մօտեցիր բժշկապետ Յիսուս Քրիստոսին, միմիայն Ա՛ն է օժտուած ամենակարող զօրութեամբ փրկելու քու անմահ եւ աստուածատիպ հոգին, բժշկելու քու ցաւատանջ մարմինը։

«Հօրեղբօրս մեկնումէն յետոյ երբ միայնակ, անօգնական վիճակի մէջ մեղքի եւ մահուան ծանրածանր լուծը կը ճնշէր հէգ հոգիս, մէկ երկվայրկեան խոկալով անառակ որդիի նման ինքս ինձ եկայ եւ իւրովի ըսի.- Բայց ես աղօթել չեմ գիտեր, ինչպէ՞ս աղօթեմ։

«Ո՜հ ինչ զարմանք. յանկարծ մտքի յափշտակութիւնը ինձ պարուրեց, մանուկի պէս զղջումով հեկեկալով ամբողջ հոգւով սրտաճմլիկ աղաղակեցի.- Ո՛վ իմ հօրեղբօրս Աստուածը, եթէ Դուն իրօք գոյութիւն ունի՛ս, փրկէ զիս եւ ես Քեզ կը հաւատա՛մ։

«Այս սրտառուչ աղերսանքէս անմիջապէս յետոյ կէս քուն, կէս արթուն տեսիլքի ձեւով երազ մը տեսայ։

«Սենեակս ողողուած էր լոյսով. կարծես թէ լուսաշող արեգակն էր, որ կը ճառագայթէր խաւարի մէջ։ Հրաշալի՜ փրկութիւնը կատարուած էր։ Ի լրումն այդ տեսիլքին՝ երկնային հոգեպարար վեհ զգացում մը համակեց ամբողջ էութիւնս, սիրտս ողողուեցաւ անսահման բերկրութեամբ։ Կը թուէր, թէ դաժան ցաւերս օդին մէջ կը տարածուէին։

«Սրտատրոփ կը սպասէի արշալոյսին։ Երբ լուսցաւ մայրիկս կանչեցի։ Խեղճ մայրս դողդոջուն ձայնով հարցուց, թէ տառապած ե՞մ ցաւերէս. իր օգնութեան կարիքը կը զգա՞մ։ Ան անտեղեակ էր կատարուածէն։ Պատմեցի անոր, որ այդ գիշեր բժիշկներու Բժիշկը եկաւ ինձ այցելելու եւ փրկելո՛ւ։ Ցնծութեան արցունքներ շողացին մօրս աչքերուն մէջ։ Անոր խնդրեցի, որ Աստուածաշունչ մատեանը բերէ։ Ինձ այնպէս կը թուէր, թէ տեսիլքիս այդ հրաշալի՜ Անձը կենդանի է եւ Աստուածաշունչ մատեանի մէջ կը գտնուի, ուստի, ձեռքս վերցնելով Սուրբ Գիրքը անընդհատ կարօտով կը համբուրէի եւ սրտիս վրայ կը սեղմէի։

«Մէկ շաբաթուայ ընթացքին զգացի, թէ ի՛նչպէս մարմնիս բոլոր ցաւերը գլխէս իջնելով մինչեւ ոտքերուս թաթերը հասան եւ անհետացա՛ն։

«Յիսուս մեծ բժիշկը մահուան շատ մօտ գտաւ զիս. գերեզմանէն հանեց, որպէսզի խեղճ մարդոց պատմեմ այս հրաշալի՜ փրկութիւնը։

«Բիւր փառք խաչեալ, թաղեալ, յարուցեալ եւ համբարձեալ մեր օրհնեալ Տէր Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսին, որ անարժանիս թշուառութիւնը փարատեց, հոգւոյս կոյր աչքերը բացաւ, կեանք շնորհեց եւ առաջնորդեց զիս փրկեալներու, հաւատացեալներու խումբին միանալու…»։

Եւ ասիկա, իրական կեանքէ առնուած փա՛ստ մըն է հաւատքով կատարուած սրտաբուխ աղօթքի զօրութեան։

Յաճախ կը յիշենք եւ կը յիշեցնենք՝ հրաշքներ միշտ կը պատահին, բա՛ւ է, որ հաւատք ունենանք եւ անդրադառնանք Ճշմարտութեան։ Եւ աղօթել գիտնանք…

Այս առթիւ, յանձնարարելի է ուշադրութեամբ անգամ մը եւս կարդալ՝ «Նարեկ»ի Բան ԽԳ հատուածը՝ ուր կը տեսնուի մեծ Բժշկապետին կարողութիւնը եւ զօրութիւնը՝ որ կը գերազանցէ ամէն միջոց եւ ամէն սպեղանի…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 12, 2026, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2026