ՈՐՈՇ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԷՄ

Աւելի առողջ մթնոլորտ մը ունենալու համար պէտք է վերադառնալ արդարութեան եւ հաւասարութեան։ Այդ անհաւասարութիւնը կարելի է տեսնել գրեթէ բոլոր ոլորտներու մէջ. օրինակի համար, կան որոշ միաբաններ, որոնք ունին մէկէ աւելի պաշտօններ եւ մէկէ աւելի պաշտօններ ունենալով ունին շատ աւելի պատասխանատուութիւն եւ, հետեւաբար, հաշուետու են իրենց պարտաւորութիւններուն համար։ Անդին կան միաբաններ, որոնք անպաշտօն, իրենց «պտոյտ»ն ու հանգիստը կը վայելեն։ Ի դէպ, երկու պաշտօն ունեցողն ու անպաշտօնը կը վարձատրուին եւ կը գնահատուին նոյն մակարդակով։ Աւելի՛ն, պաշտօններ ունեցողէն հաշիւ կը պահանջուի, յաճախ բարկութիւն կը լսէ, մինչ միւսը իր սենեակին մէջ իր հանգիստը կը վայելէ: Յաճախ միաբաններ կը փորձեն այդ մէկը դրական ընդունիլ. աւելի պաշտօն ունին, որովհետեւ մտապէս աւելի կարող են, սակայն, իրականութիւնը այդպէս չէ։ Պարզապէս արդար չէ անձ մը պաշտօններով ծանրաբեռնել, իսկ ուրիշը ձգել իր հանգիստին մէջ եւ վերջաւորութեան հաւասարապէս գնահատել։ Աշխատանքի մէջ գտնուող եկեղեցականը նոյն գնահատանքին ու վարձատրութեան արժանանալով եթէ իր կատարած փոքր սխալին համար բարկութեան պիտի արժանանայ՝ կը նախընտրէ նստիլ իր սենեակը եւ հանգիստը վայելել: 

Արդար ըլլալու համար պէտք է ըսել, որ եկեղեցական կարգը ձգած միաբաններուն մեծամասնութիւնը հեռացած է ո՛չ թէ որովհետեւ հոգեւոր կեանքը չէ սիրած, այլ չէ սիրած այն ներքին կեանքը, որուն մէջ կ՚ապրին եկեղեցականները: Այդ ներքին կեանքը ներկայացնելու համար պատմենք հետեւեալը.

Առիթով մը կաթողիկոսին գաւազանակիրը սեղանատան մէջ յայտարարութիւն մը բաժնեց։ Եկեղեցական հայրերէն մին կարդալով յայտարարութեան առաջին երեք բառերը՝ «այստեղ սխալ մը կայ» ըսաւ։ Գաւազանակիրը կարծեց տպագրական, ուղղագրական կամ քերականական սխալ մը կայ այդտեղ, սակայն, եկեղեցականին միտքը ուրիշ էր. սխալ էին առաջին երեք բառերը. «սիրելի միաբանակից եղբայրներ»։ Այդտեղ ո՛չ ոք իրարու սիրելի, միաբանակից ու եղբայր էր, որովհետեւ այն մրցակցութիւնը՝ որ գոյութիւն ունի այդ յարկին տակ, ո՛չ սէրէն, ո՛չ եղբայրութենէն եւ ոչ ալ միաբան ըլլալէ կրնայ ծնիլ:

Անշուշտ, բարոյական այդ անհաւասարութեան վրայ կու գայ նիւթական անհաւասարութիւնը եւս եւ այդ մէկը կարելի է բացատրել շատ պարզ ու յստակ օրինակով մը։ Մայրավանքի մէջ ապրող միաբանները շատ աւելի քիչ կը վարձատրուին՝ քան դուրսը՝ մանաւանդ Ամերիկա կամ Գանատա ապրող եկեղեցականները եւ այդ տարբերութիւնը իրական օրինակով այսպիսի տեսք մը ունի։ Մայրավանք ապրող եկեղեցականը կը ստանար 200-250 ամերիկեան տոլար, սակայն, Ամերիկայէն կամ Գանատայէն արձակուրդի համար մայրավանք եկած եկեղեցականին մէկ օրուան համար վարձած ինքնաշարժը կ՚արժէր 250-300 ամերիկեան տոլար։ Այլ խօսքով՝ մէկ միաբանին ամբողջ ամսուան ընթացքին ստացած վարձատրութենէն աւելի մեծ գումար միւս միաբանը մէկ օրուան մէջ կը մսխէր։ Անշուշտ, երկուքն ալ աղքատութեան ուխտ կատարած են, սակայն, կեանքն ու պայմանները երկուքին համար նոյնը չեն եւ եկեղեցական կեանքին մէջ նիւթապէս ապահով ըլլալը մեծ նշանակութիւն ունի՝ մանաւանդ ապագայի հանդէպ։ Օրինակ՝ ան, որ մեծ հարստութեան տէր չէ մայրավանքի իր սենեակին մէջ՝ աննշմար ձեւով եւ կամ գուցէ ծերանոցին մէջ կրնայ վախճանիլ, սակայն, վիճակը տարբեր է, եթէ ունի մեծ նիւթական կարողութիւն։ Օրինակի համար, այսօր աշխարհի վրայ կան եկեղեցականներ, որոնք իրենց եկեղեցական պաշտօնը աւարտած, հանգստեան կոչուած, սակայ, մայրավանք չեն վերադարձած. Ամերիկայի կամ Գանատայի մէջ ունին տուներ, գուցէ նաեւ խանութներ ու աշխատանք։ Տրամաբանութիւնը կ՚ըսէ, թէ եկեղեցական իր պաշտօնը աւարտած իւրաքանչիւր եկեղեցական պարտի վերադառնալ մայրավանք, այնպէս ինչպէս կ՚ընեն բոլոր այն տարեց եկեղեցականները, որոնք նիւթապէս այնքան ալ փայլուն վիճակ մը չեն ունեցած: Ի դէպ, տարօրինակ չէ՞ արդեօք «հարուստը Երկինքի Արքայութիւն պիտի չի՛ մտնէ» քարոզող որոշ եկեղեցականներու տարօրինակ հարստութիւնը։ Մինչ այդ, ըսենք, որ եկեղեցականը եւս կարիք ունի նիւթական վարձատրութեան եւ անոր լաւագոյն բացատրութիւնը կու տայ Խրիմեան Հայրիկ իր «Պապիկ եւ թոռնիկ» աշխատութեան մէջ: 

Հետեւաբար, այս քննադատութեան որպէս լուծում եկեղեցին պէտք է հասկնայ, որ իւրաքանչիւր եկեղեցական ունի հաւասար ապրելու իրաւունքը։ Ցաւ ի սիրտ, նիւթական անհաւասար վիճակը ստեղծած է այնպիսի իրավիճակ մը, որ բոլորը ցանկան դէպի դուրս, դէպի Գանատա կամ Ամերիկա երթալ։ Ո՛չ ոք կ՚ուզէ մայրավանքին մէջ ապրիլ, որովհետեւ դուրսը կեանքը շատ աւելի «հանգիստ» է։ Այդ հանգստութիւնը բացատրենք հետեւեալ ձեւով. մայրավանք ապրող եկեղեցականը պարտի ամէն առտու եւ իրիկուն ժամերգութեան մասնակցիլ, իրեն տրուած պաշտօնը կատարել իր գրասենեակէն ներս։ Մինչդեռ կը տեսնենք դուրսը ապրող եկեղեցականներու կեանքը. ժամերգութիւն չունին. գրասենեկային պաշտօն չունին. ամիսը չորս կիրակի պատարագի ներկայ կը գտնուին եւ կը ստանան մայրավանքի մէջ ապրող եկեղեցականին աշխատավարձին մօտաւորապէս տասն անգամ աւելին: Մինչեւ այս անարդարութիւններուն լուծում չտրուի՝ ներքին կեանքը կարգաւորել հնարաւոր պիտի չըլլայ:

•​շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Փայլուն դիրքի հասնող մարդը միշտ ամէնուն նախանձը կը շարժէ իր շուրջը, ու ամէն անկում գոհացում մ՚է, զոր բախտն այդ չար հոգիներուն կը նետէ:

ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2026