ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆ

«Այս իրողութիւններուն վկաներն ենք մենք, ինչպէս նաեւ Սուրբ Հոգին, որ Աստուած տուաւ իրեն հնազանդողներուն». (ԳՈՐԾ. Ե 32)։

Ի՞նչ կը նշանակէ «հնազանդութիւն»։

Հնազանդութիւն չի նշանակեր կատարել կարգ մը բաներ, կամ շատ մը բաներ, կամ Աստուծոյ հրամայած բաներուն մեծ մասը։ Ասիկա կատարեալ, անվերապահ կերպով, կէտ առ կէտ նուիրում, անձնատուութիւն, հնազանդութիւն եւ հպատակութիւն կը պահանջէ Աստուծոյ կամքին։ Ուստի, պէտք չէ ըլլալ Սաւուղին պէս։ (ԳՈՐԾ. Թ 17, ԺԳ 21, ԻԲ 7, ԻԲ 13, ԻԶ 14, ԾՆՆԴ. ԼԶ 37)։ Արդարեւ, գնով ծախու առնուած՝ մենք մեր անձին տէրը չենք։ Ամբողջութեամբ Աստուծոյ յանձնուած եւ տրուած։

Մենք մեր վրայ ալ իշխանութիւն չունինք։ Եւ Տէրը մեզ ի՛նչ կ՚ուզէ շինել, ո՛ւր կ՚ուզէ տանիլ, ինչպէ՛ս կ՚ուզէ գործածել, բոլորը Իր հրամանին, կամքին, առաջնորդութեան եւ հսկողութեան տակ է։ Կրնան ոմանք այս ճշմարտութեան արտայայտութիւնը ճակատագրապաշտութիւն (Fatalisme religieux) համարել, քանի որ քրիստոնէութիւնը հրամայականոն վարդապետութիւն մը՝ կրօն մը չէ, սխա՛լ է այդ մտածումը։ Տէրոջը կամքը բարի է, ուստի, որեւէ չար պատահար Աստուծոյ վերագրել սխա՛լ է։

«Քանզի Տէր Աստուածը արեւ եւ վահան է. Տէրը շնորհք եւ փառք պիտի տայ։ Բարութիւն մը պիտի չպակսեցնէ ուղղութեամբ քալողներէն». (ՍԱՂՄ. ՁԴ 11)։

«Եթէ Աստուած Իր Որդիին չխնայեց, այլ՝ մինչեւ իսկ զԱյն մահուան մատնեց մեզի համար, անոր հետ նաեւ ամէն բան պիտի չշնորհէ՞ մեզի». (ՀՌՈՎՄ. Ը 32)։

Աւետարանական խրատները իրենց բազմապիսի ձեւերով առաջարկուած են Քրիստոսի ամէն մէկ աշակերտին։ Եղբայրսիրութեան կատարելութիւնը՝ որուն կոչուած են բոլոր հաւատացեալները, նուիրեալ կեանքին կոչը ազատօրէն ընդգրկող անձերուն համար կ՚ըմբռնէ պարտաւորութիւնը Արքայութեան համար գործադրելու կուսակրօն ողջախոհութիւնը, աղքատութիւնը եւ հնազանդութիւնը։

Այս խրատներուն «ուխտադրում»ը, կատարուած՝ Եկեղեցւոյ կողմէ ճանչցուած կեանքի մնայուն վիճակի մը մէջ, կը յատկանշէ Աստուծոյ «նուիրուած կեանքը»։

Յիսուս Քրիստոսի հետեւիլը կը բովանդակէ գործադրութիւնը պատուիրաններուն։ Օրէնքը չէ ջնջուած (ՄԱՏԹ. Ե 17), բայց մարդը հրաւիրուած է վերագտնելու զայն եւ Վարդապետին Անձին մէջ, որ անոր կատարեալ գործադրումն է։ Համաբարբառ երեք Աւետարաններուն մէջ, Յիսուսի կոչը ուղղուած հարուստ երիտասարդին, թէ՝ «Եթէ կ՚ուզես յաւիտենական կեանքը մտնել, պատուիրանները պահէ՛». (ՄԱՏԹ. ԺԹ 17), Իրեն հետեւելու աշակերտի հնազանդութեամբ եւ պահպանելու պատուէրները, մերձեցուած է աղքատութեան եւ ողջախոհութեան կոչին. (ՄԱՏԹ. ԺԹ 6-12, ԻԱ 23-29)։

Աւետարանական խրատները անբաժանելի են պատուիրաններէն։

Մարդ որքան հնազանդի՝ այնքան աւելի ազատ կ՚ըլլայ. չկայ ճշմարիտ ազատութիւն եթէ ոչ ի սպաս բարիին եւ արդարին՝ ինչ որ կ՚իրականանայ հնազանդութեամբ։ Այս իմաստով անհնազանդութիւն եւ չարիք նախընտրելը՝ ազատութեան զեղծումն է եւ կը տանի մեղքին ստրկութեան. (ՀՌՈՎՄ. Զ 17)։ Հնազանդութիւնը կը ստեղծէ ազատութիւն եւ ազատութիւնը մարդը կը դարձնէ «պատասխանատու» իր արարքներուն՝ այն չափով՝ որ անոնք կամովին են։ Հնազանդութեամբ յառաջդիմութիւնը, ճանաչումը բարիին եւ ճգնակեցութիւնը կ՚աճեցնեն կամքին տիրապետութիւնը ինքն իր արարքներուն վրայ։ Հնազանդութիւնը ապահով ընթացք մը կու տայ ենթակային։

Քաջութիւնը ուժ կը պահանջէ՝ բարոյական ուժ մը, որ հետեւանքն է հնազանդութեան։ Բայց պէտք է յիշել, որ հնազանդութիւնը իր բարի հետեւանքները կ՚ունենայ, երբ հնազանդութիւնը կը կատարուի Բարիին եւ Ճշմարտութեան։

Մարդկային արարածը պէտք է միշտ հնազանդի իր խղճմտանքի ստոյգ դատողութեան…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս 10, 2025, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունիս 11, 2025