ՈՐՈՇ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԷՄ

Անցնինք ներքին կեանքին։ Կը հաւատանք, որ եկեղեցին՝ որ կը խօսի Աստուծոյ արդար դատաստանին մասին, պարտաւոր է արդարութեամբ առաջնորդուիլ եւ պէտք է ընդունիլ, որ մեր եկեղեցւոյ յարկին տակ արդարութիւնը՝ նոյնիսկ ամենէն մեծ եկեղեցականի մօտ գրեթէ գոյութիւն չունի։ Օրինակը տանք մեր ապրածէն։ Այսպէս, պատկերացուցէք կաթողիկոսի կողմէ «նուազ սիրուած» եկեղեցական մը եկեղեցականի անվայել «մեղք»ի մէջ յայտնուի՝ որպէս պատիժ ի գործ կը դրուին եկեղեցական կանոնները՝ կարգալուծութիւն կամ փիլոնազրկութիւն տեղի կ՚ունենայ եւ եկեղեցականը կը յանդիմանուի եւ որպէս պատիժ հրապարկաւ կը խայտառակուի, սակայն, երբ նոյն մեղքին մէջ յայտնուի սիրելի միաբան մը՝ նոյն արդարութիւնը տեղի չ՚ունենար։ Անշուշտ, այս մէկը մանաւանդ՝ եթէ տեղի ունենայ կաթողիկոսական մակարդակով՝ անվստահութիւն կը ներշնչէ: 

Բ. Օրինաց գիրքին մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «Դատարանին մէջ երեսի մի՛ նայիք». այլ խօսքով՝ մի՛ նայիք անձը ով է եւ օրէնքի եւ արդարութեան հիման վրայ դատաստան կատարեցէք։ Օրինակի համար, եթէ գոյութիւն ունի երեւոյթ մը, որ Հայր Եղիային համար յարիր չէ որպէս եկեղեցական, նոյնպէս յարիր չի կրնար ըլլալ Հայր Յակոբին կամ ուրիշին համար։ Եթէ նոյն մեղքին համար առաջինը կարգալոյծ կը հռչակուի, իսկ երկրորդը անմեղ՝ կը նշանակէ լուրջ արդարութեան խնդիր մը գոյութիւն ունի։ Որպէս եկեղեցական անոնք շատ աւելի լաւ պէտք է գիտնան, որ Աստուած մարդիկը պիտի դատէ իրենց գործերուն համեմատ եւ ո՛չ անձերուն. օրինակի համար, պիտի չըսէ Յակոբին այս մեղքը նկատի չունենանք, սակայն, նոյն մեղքին համար ուրիշ մը գեհենի կրակին արժանացնէ։ Աստուծոյ արդարութիւնը այդ մէկը չարտօնէր։ Հաւատացեալներուն համար եւս վստահութեան լուրջ հարց է տեսնել, թէ օրէնքը մէկուն համար խստութեամբ կը գործէ, սակայն, ուրիշին համար լուռ կը մնայ։ Եթէ եկեղեցին իր ներքին կեանքով արդար չըլլայ, ինչպէ՞ս կարելի է աշխարհի վրայ արդարութիւն հաստատելու մասին մտածել: 

Այո, Աստուածաշունչը կը յիշատակէ, թէ Քրիստոս ունէր իրեն «սիրելի» աշակերտներ, սակայն, կը հաւատանք, թէ Արդար Աստուած ըլլալով բոլորին կը սիրէր հաւասարապէս եւ եթէ Քրիստոս է եկեղեցւոյ օրինակն ու տիպարը, ապա եկեղեցականները եւս պարտին զիրար սիրել նոյն հաւասարութեամբ։ Մեր եկեղեցւոյ մէջ այդ «սիրելի» ըլլալ չըլլալը շատ յստակ ձեւով ի յայտ կու գայ՝ կաթողիկոսը հանգիստ ու բարօր երկիրները կը ղրկէ բոլոր այն միաբանները, որոնց հանդէպ տարբեր ու յատուկ սէր ունի, իսկ անոնք, որոնք այդ սէրը վայելելու արժանի եղած չեն՝ շատ մը գաղութներու մէջ տառապանքի համար կը ղրկուին։ Օրինակ՝ կան միաբաններ, որոնք իրենց ամբողջ կեանքը Պարսկաստան, Հալէպ, Գամիշլի եւ նման շրջաններու մէջ կ՚ամբողջացնեն, իսկ ուրիշներ ի սկզբանէ կը մեկնին Տուպայ, Քուէյթ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ այլուր։ Անշուշտ, ծառայութիւնը տեղ չի ճանչնար. եկեղեցւոյ եւ ազգին ծառայելու կոչուած եկեղեցականը պարտաւոր է ծառայել հոն՝ ուր եկեղեցականի կարիքը կայ, սակայն, արդար չէ զանց ընել եկեղեցականի կարողութիւնները եւ նկատի ունենալ լոկ սիրուած ըլլալ չըլլալը։ Արդար ըլլալու համար ըսենք, որ այսօր կան եկեղեցականներ, որոնք Ամերիկայէն այս կողմ՝ Միջին Արեւելք եկած չեն, սակայն, միեւնոյն ատեն կան ուրիշներ՝ որոնք իրենց գտնուած տեղէն քայլ մը անգամ հեռու գացած չեն։ Գուցէ որպէս աշխարհական մարդիկ դժուարանան հասկնալու այս բոլորին պատճառը, սակայն, որպէս նախկին եկեղեցական յայտնենք. կաթողիկոսը կը փորձէ տարածել այն համոզումը, թէ ինք մօտէն կը հետեւի միաբան հայերու կեանքին. կը փորձէ համոզել, որ լաւապէս գիտէ բոլորին կարողութիւններն ու ունակութիւնները։ Սակայն, իրականութիւնը այդպէս չէ. իրականութիւնը այն է, որ կաթողիկոսը կ՚ունենայ իրեն սիրելի մի քանի եկեղեցականներ եւ այդ եկեղեցականներու ճամբով տեղեկութիւններ կը քաղէ այս կամ այն միաբանին մասին։ Արդէն անհաւասարութիւնը կը սկսի այս կէտէն. եկեղեցականին ապագայ ճակատագիրը կախուած կ՚ըլլայ այդ սիրելի միաբանին զինք սիրել-չսիրելէն։ Գուցէ եկեղեցականը շնորհքով ու կարողութիւններով օժտուած մէկը ըլլայ, սակայն, սիրելի միաբանին բացասական կարծիք յայտնելը կրնայ իր ազդեցութիւնը ունենալ։ Հետեւաբար, կաթողիկոսը ո՛չ թէ մօտէն կը ճանչնայ եկեղեցականները, այլ զանոնք կ՚ընդունի այնքանով՝ ինչքանով որ շուրջինները կը ներկայացնեն: Օրինակի համար, Հայր Եղիա մը կրնայ հրաշալի կարողութիւն ունենալ, հրաշալի գործեր կատարած ըլլալ, սակայն, կողմնակի «սիրելի»ներու բացասական կարծիքը շատ աւելի վստահելի թուի՝ քան արդիւնքը: 

Մենք նման երեւոյթներ կուսակցութիւններու եւ ակումբներու մէջ վարժ ենք տեսնելու, սակայն, եկեղեցւոյ մէջ՝ ուր Քրիստոսի արդարութիւնը կը քարոզուի՝ երբեք ալ արդարացի չենք գտներ: 

Ընդունինք թէ ոչ, այսօր եկեղեցւոյ մէջ գոյութիւն ունի ըսի ըսաւ ու բամբասանք։ Եկեղեցականները զիրար ամրապնդելու եւ նեցուկ կանգնելու փոխարէն՝ իրարու դէմ կը պայքարին։ Ի դէպ, ակամայ կը յիշեմ եկեղեցական մը, որ կաթողիկոսի աչքը մտնելու եւ «սիրելի» դառնալու համար օրական դրութեամբ անոր կը փոխանցէր ժամերգութեան չմասնակցող եկեղեցականներու ցանկը. որոշ եկեղեցականները (սիրելիները) ունէին մենաշնորհը չմասնակցելու, սակայն, որոշ միաբաններու համար պարտադիր հանգամանք ունէր այդ մէկը։ Եկեղեցին պէտք է դուրս բերել կնոջական այս ըսի ըսաւի ու կռիւի մթնոլորտէն: 

•շարունակելի…

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Բառերն ալ իրենց բնական մտերմութիւնները ունին. զիրար կը սիրեն եւ միասին կու գան թեւն թեւի մարդու գրչին ծայրը. նոյնիսկ եթէ կանչուած չեն, նոյնիսկ եթէ չես ուզեր, նոյնիսկ եթէ անպատշաճ է քիչ մը անոնց հետ գտնուիլը:

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2026