ԿԱՄ ՄՕՐՈՒՔՍ ԿԸ ԿՏՐԵՄ՝ ԿԱՄ ՎԱՐԴԱՊԵՏ Կ՚ԸԼԼԱՄ
Տգե՛ղ պիտի հնչէ չէ՞, եթէ ըսենք Լեռ Կամսար անօթի էր… Հաւատացէ՛ք, որ իրականութիւնը շատ աւելի տգեղ է՝ քան այս արտայայտութիւնը: Լեռ Կամսար եւս դատապարտուած էր շատ մը հայ մտաւորականներու ճակատագրին՝ թշուառութիւն ու չքաւորութիւն։ Անշուշտ, այս մէկը գրողին համար կսկիծ մըն էր. ան իր անօթութենէն ամօ՛թ կը զգար, որովհետեւ իր կեանքը հայ գրականութեան, հայ լեզուին նուիրած մշակ մը, անտեսուած չէր կրնար ըլլալ։ Անշուշտ, իր եսասիրութենէն ելլելով ան իր անօթի վիճակը կը փորձէր ծածկել, սակայն, անոր գրութիւններուն մէջ կամայ թէ ակամայ կը հանդիպինք որոշ բողոքներու: Յատկանշական է 28 տարեկան հասակին Լեռ Կամսարի գրած «Վարժապետի մը յիշատակարան»ը գրութիւնը։ Հայ մեծագոյն գրողներէն Րաֆֆի իր յայտնի աշխատութեան՝ «Խաչագողի յիշատակարան»ին մէջ կը փորձէր խաչագողերու կեանքը ներկայացնել, իսկ Լեռ Կամսար իր այս գրութեամբ կու գար վարժապետի մը կեանքը ներկայացնելու:
Լեռ Կամսարի գրիչով վարժապետը իր յիշատակարանին մէջ կը գրէ. «Միսին ֆունտը երեսունհինգ կոպեկի բարձրացած է: Մարմինս յօժար է՝ քսակս տկար: Ճաշարանին առջեւէն անցածս պահուն տեսայ խոհարարը՝ շամփուրը կրակին վրայ դրած՝ անկարգ ու գրգռիչ հոտեր կը հանէ: Կեցայ խորովուող միսին առջեւ եւ աղօթեցի.- «Տէր, եթէ կարելի է, այս միսին շամփուրն անցուր ինձմէ, ո՛չ թէ որպէս ես կամիմ, այլ որպէս դու…»: Անշուշտ, Լեռ Կամսարի այս «երգիծական» նմանակումին մէջ կայ խոր վէրք մը. հայ վարժապետը անօթի, միսի կարօտ կը փորձէ իր գոյութիւնը քաշքշել։ Անշուշտ, այս տողերով Կամսար կ՚ուզէ ընդհանուր բողոք մը բարձրացնել ո՛չ միայն իր, այլ ընդհանուր հայ լեզուի մշակներու եւ ուսուցիչներու կողմէ, որովհետեւ այդ անօթութիւնը, աղքատութիւնը ո՛չ թէ ուսուցիչին կամ լեզուի մշակին, այլ ազգին ամօթն է։ Նման նուիրեալներու թշուառութեան համար կարելի է մեղադրել միայն ու միայն հասարակութիւնը, որովհետեւ ի սկզբանէ յստակ է, որ գրական գործիչը ո՛չ թէ հարստանալու եւ բարւոք կեանք մը ապրելու, այլ տանջուելու եւ նուիրուելու կանչուած է: Աշխարհի մէջ կայ այն հասկացողութիւնը, որ հարուստները խելացի՝ իսկ աղքատները անմիտներ են։ Լեռ Կամսարի եւ այլոց ժամանակ պատկերը հակառակ էր. հարուստ էր անուս գաւառցի վաճառականը, սակայն աղքատ՝ ամբողջ կեանք մը գիր գրականութեան նուիրածը: Լեռ Կամսարի երգիծական խօսքերով հայ մտաւորականը միայն Աստուծոյ յոյսով է, որ «կը կշտանար»:
Անշուշտ, այստեղ բացի քննադատութենէն՝ ի յայտ կու գայ նաեւ Լեռ Կամսարի իմացական կարողութիւնը. ան ընդամէնը չորս տողերու մէջ կը յաջողի ըսել չորս տողէն շատ շատ աւելին:
Հայ մտաւորականին թշուառութեան մասին կատարած երգիծանքը այստեղ չ՚աւարտիր անշուշտ։ Լեռ Կամսար նոյն աշխատութեան տարբեր մէկ օրագիրին մէջ կը գրէ. «Մօրուքս… ո՜հ, կ՚երկարի ու կ՚երկարի: Երէկ երեկոյ հայելիին դիմաց ժողովի նստեցայ ու քանի մը կարեւոր որոշումներ կայացուցի այս առթիւ: Որովհետեւ սափրիչին յատկացնելիք պիւտճէ չունիմ, այսպէս որոշած եմ. եթէ մօրուքս չի կրցայ խուզել տալ մինչեւ որոշածս ժամանակամիջոցին եւ աշխարհական մօրուքին սահմաններէն անցաւ, այն ատեն կամայ թէ ակամայ վարդապետ պիտի ձեռնադրուիմ, ալ ուրիշ ճար չի մնաց»: Լեռ Կամսար հասարակութիւնը քննադատելու, բարկանալու եւ այս անարդար երեւոյթին դիմաց ջղայնանալու փոխարէն, առաջնահերթ կը նկատէ իր ոճը ի գործ դնել. երգիծական ոճով խօսիլ երեւոյթներու մասին՝ որոնք հասարակութեան վէրքերն են:
Այլ օրագիրի էջի մը մէջ՝ 10 յունիս, երկուշաբթի, կը կարդանք. «Մեր հոգաբարձութիւնը գիտութեան մէջ հսկայաքայլ կը յառաջդիմէ: Հիմա փորձեր կը կատարէ վարժապետութիւնը առանց հացի ապրեցնելու»։ Լեռ Կամսար դիտել կու տայ, որ հայ մտաւորականը այս աշխարհի վրայ կենդանի պահելու միակ ձեւը զանոնք անօթութեան վարժեցնելն է։ Այլ խօսքով՝ պէտք չէ գիտակցութիւն ու խիղճ ակնկալել ժողովուրդէն։ Լեռ Կամսար կը գրէ. «Երեւանի գաղթական հոգաբարձութիւնը ութ վարժապետներու վրայ այդ ուղղութեամբ փորձեր կը կատարէ, զրկելով անոնց ամառուայ երկու ամսուայ հացի դրամէն։ Հոգէբարձութիւնը պիտի տեսնէ, եթէ ութ վարժապետներ կրցան երկու ամիս անօթի ապրիլ, եկող տարի աւելորդ սեպելով ամառուայ կերածը, պիտի կտրէ ընդհանուր գաղթական վարժապետներու արձակուրդի երեք ամսականները»:
Վիշտ պատճառող այս գրութիւնը կ՚ուզենք վերջացնել դարձեալ Լեռ Կամսարի երգիծական նկարագրութեամբ. «Միսին եւ իւղին ստեղծագործութենէն ի վեր հայ վաճառականներն ու Էջմիածնի միաբանները կը տառապին իրենց հագուստին վրայ թափած իւղի բիծերը սրբելէն: Իմ գիւտէս ի վեր, ալ վերջ տանջանքներուն: Ես գտայ, որ հագուստը մաքուր պահելու համար պէտք է… ցամաք հաց ուտել»:
Եթէ գրականութեան հանդէպ սէր ունիք, մեր խորհուրդն է անպայման կարդալ Լեռ Կամսարի «Վարժապետի մը յիշատակարանը» գրութիւնը, ծիծաղաշարժ պատմութեանց մէջէն հասկնալու համար, որ անոնց՝ Լեռ Կամսարի եւ անոր նման բազմաթի՜ւ մտաւորականներու կեանքը այնքան ալ ծիծաղաշարժ չանցաւ, սակայն զանոնք մոռնալու լաւագոյն ձեւը՝ ծաղրելն է:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Կը սիրեմ մանկան շուրթերու առաջին խօսքերը թոթով, կուսական թարթիչներու արցունքն առաջին, առաջին կայծե՛րը պատանեկան նայուածքին:
Ես կը սիրեմ արշալոյսը բոլո՛ր բեղուն կուրծքերուն, բոլո՛ր խոհուն ճակատներուն, բոլո՛ր թռչող թեւերուն, բոլո՛ր հորիզոններուն:
ՌԱՖԱՅԷԼ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան