ԲԵՐԱ՝ ԳԱՍԸՄՓԱՇԱՅԻ ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Բերա՝ պատմութեան ընթացքին ունեցած է վեց եկեղեցի. Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի, Ս. Յարութիւն եկեղեցի, Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցի, Գասըմփաշայի Ս. Յակոբ եկեղեցի, Ֆէրիգիւղի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցի։
ԳԱՍԸՄՓԱՇԱՅԻ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ
Գասըմփաշայի Ս. Յակոբ եկեղեցիին առաջին հիմնարկութեան յիշատակութիւնը կարելի է գտնել Ազգային հիւանդանոցի 1901-ի «Ընդարձակ օրացոյց»ին մէջ՝ ուր կ՚ըսուի, թէ Ս. Յակոբ եկեղեցին Յովհաննէս Չամաշըրճեան Պատրիարքի (Յովհաննէս ԺԱ. Բաբերդցի Չամաշըրճեան. 1800-1801, 1802-1813) օրով, 1811 թուականին շինուած է. վերակացութեամբ Տօնիկ ամիրայի։
Դարձեալ, «Ընդարձակ օրացոյց»ին մէջ կը յիշատակուի, թէ Յակոբ Սերովբեան Պատրիարքի (Յակոբոս Գ. Պալատեցի Սերովբեան. 1839-1840, 1848-1858) օրով 1857 թուականին նոյն եկեղեցին շինուած է Տօնիկ ամիրայի նուիրած հողին վրայ՝ Յակոբ Նորատունկեանի մասնակի նուիրատուութեամբ։ Եւ ասկէ կարելի է ենթադրել, թէ այս վերոյիշեալ թուականին վերաշինուած է նոյն եկեղեցին։
Բերայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ արձանագրութիւններէն կը տեղեկացուի, որ Գասըմփաշա, իբրեւ «միացեալ թաղ», 1861-էն մինչեւ 1870-ը մատակարարուած է Բերայի թաղական խորհուրդին կողմէ՝ որ 29 սեպտեմբեր 1863 թուականին նոյն եկեղեցւոյն եկեղեցպան՝ վերակացու կը կարգէ հետեւեալ անձերը. Մարտիրոս Շամլեան, Տէմիրճի Յարութիւն, Թիւլպէնտճի Յովհաննէս, Շէրիտճի Գաբրիէլ Փանոսեան, Եազմաճը Մարտիրոս Յակոբեան, Քէօսէլէճի մահտեսի Մատթէոս Սէֆէրեան։
1864-ին այս եկեղեցին կը նորոգուի եւ բակին մէջ քահանաներու եւ եկեղեցականներու յատուկ սենեակներ կ՚աւելցուին։ Նոյն թուականներուն Գասըմփաշայի եկեղեցին ունեցած է իրեն կից դպրոց մը՝ որուն դասատուն էր պր. Զենոբ. եկեղեցպանները 26 օգոստոս 1864-ին կը խնդրեն, որ թաղական խորհուրդը անոր ամսական մը որոշէ։
Նոյն թուականին Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ պաշտօնավարող քահանայ հայրն էր Տ. Կարապետ։
Գասըմփաշայի «աղքատիկ» թաղին այս եկեղեցւոյն հասոյթը չէր բաւեր իր ծախքերուն, հետեւաբար թաղական խորհուրդը պարտաւորուած էր միշտ անոր ծախքերը գոցել Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հասոյթէն։ 1870-ին Բերայի թաղին առթիւ կազմուած Ընտրողական ժողովը, որուն ատենապետն էր Միքայէլ Մամիկոնեան եւ ատենադպիրը՝ Յարութիւն Մէրեէմգուլի, ընտրական գործողութիւններու եւ նախապատրաստութիւններու առթիւ նկատի կ՚առնէ նաեւ Բերա-Գասըմփաշա միացեալ թաղի խնդիրը։ Եւ որովհետեւ այս երկու թաղին «միացեալ» ըլլալէն ո՛չ մէկ օգուտ տեսնուած էր Բերայի թաղին համար եւ հեռաւորութեան պատճառաւ դժուար կ՚ըլլար նոյն եկեղեցւոյն եւ թաղային դպրոցին մատակարարութեան հսկողութիւնը, օրուան պատրիարքին գիտակցութեան ներքեւ Ընտրողական ժողովը խորհրդակցութիւն կը կատարէ նոյն թաղի երեւելիներէն Թորոս պէյ Գիսակի, ինչպէս նաեւ եկեղեցպաններուն հետ, եւ երկուստեկ հաւանութեամբ կ՚որոշուի բաժանումը՝ որ կը վաւերանայ Ազգային վարչութեան կողմէ եւ 1870-ին Գասըմփաշաի կ՚ըլլայ «առանձին թաղ» եւ կ՚ունենայ այնուհետեւ իրեն յատուկ թաղական խորհուրդը եւ առանձին մատակարարութիւնը։
9 մայիս 1919-ին, կամ 10 մայիսին կը պատահի Գասըմփաշայի մեծ հրդեհը եւ հրոյ ճարակ կ՚ըլլան եկեղեցին, վարժարանը, յարակից շէնքերը եւ անոր շրջակայ բոլոր տուները, մեծ մասամբ հայաբնակ։ Եկեղեցիին պատերը քարուկիր էին, բայց ներքին մասը փայտաշէն էր մեծ մասամբ, այնպէս որ հրդեհէն ոչ մէկ բա կարելի կ՚ըլլայ ազատել, բացի մէկ քանի եկեղեցական անօթներէ։
Յակոբ Նորատունկեան՝ որ որդին էր Էքմէքճի պաշի Պաղտասարի, եւ նոյն եկեղեցւոյն վերաշինման, նորոգութեան եւ այլ պէտքերուն նպաստած էր միշտ, 86 տարեկանին մեռնելով՝ թաղուած է նոյն եկեղեցւոյ բակը՝ 1898 թուականին։
1919-ի հրդեհէն շատ ետքը անոր զմռսեալ մարմինը փլատակներուն տակէն հանուելով՝ ամփոփուեցաւ Շիշլիի ազգային գերեզմանատունը՝ 19 հոկտեմբեր 1926 թուականին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 31, 2025, Իսթանպուլ