ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՕԳՈ՞ՒՏ, ԹԷ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄ - ՊԻԼ ԿԷՅԹՍԻ ԱՀԱԶԱՆԳԸ

Ամենանշանաւոր համակարգչային ձեռնարկատէրերէն մէկը՝ «Մայքրոսոֆթ»ի համահիմնադիր Պիլ Կէյթսը, որ իր կեանքի մեծ մասը նուիրած է համակարգչային արհեստագիտութեան զարգացման, այսօր կը մտահոգուի այն արագութեամբ, որով արհեստական բանականութիւնը (իմացականութիւնը) կը փոխէ աշխարհը։ Ան երկարաշունչ խոհագրութիւն մը գրած է իր անձնական հարթակին՝ «GatesNotes» վրայ (Կէյթսի գրառումներ)։

Պիլ Կէյթս մտահոգուած է արհեստական իմացականութեան այն արագընթաց զարգացումով, որուն ականատեսն է մարդկութիւնը։

Ան այն մարդն է, որ տակաւին տասներեք տարեկանին, երբ առաջին անգամ ծանօթացած էր համակարգիչներուն, հիացած էր անոնց՝ մարդկային բանականութեան նման կարողութիւններ ձեռք բերելու գաղափարով։ Այսօր, տասնամեակներ անց, նոյն մարդը կը տեսնէ, որ այդ երազանքը մասամբ իրականութիւն դարձած է, բայց միաժամանակ կը հարցնէ՝ արդեօք մենք պատրա՞ստ ենք այն աշխարհին, զոր կը ստեղծենք։

Պիլ Կէյթս վստահ է՝ արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ) կրնայ ըլլալ երբեւէ ստեղծուած ամենամեծ հաւասարեցնող ուժը կամ անարդարութեան ամենավտանգաւոր աղբիւրը՝ երբեւէ ստեղծուած։ 

Եւ այս երկու հնարաւորութիւններուն միջեւ տարբերութիւնը կախուած պիտի ըլլայ ո՛չ միայն արհեստագիտութենէն, այլ՝ մարդոց կողմէ կայացուած քաղաքական եւ բարոյական որոշումներէ։

Իր խոհագրութեան մէջ Պիլ Կէյթս կ՚ըսէ, որ իր ողջ կեանքի ընթացքին ընդամէնը երկու աշխատանք ունեցած է։ Առաջինը՝ «Մայքրոսոֆթ»ն էր, ուր ան մասնակցեցաւ ծրագրային ապահովման զարգացման եւ համակարգիչները մարդոց համար աւելի օգտակար դարձնելու գործին։

Երկրորդը՝ 2008-էն սկսած իր բարեսիրական աշխատանքն է, երբ «Մայքրոսոֆթ»ի մէջ կուտակած հարստութիւնը սկսաւ օգտագործել աշխարհի առողջութիւնը, կրթութիւնը եւ արդարութիւնը բարելաւելու նպատակով։

Այս երկու փորձառութիւններն ալ, ըստ իրեն, կը բացատրեն արհեստական բանականութեան նկատմամբ իր երկակի վերաբերմունքը։

Նախ, ան տեսած է, թէ ինչպէ՛ս արհեստագիտութիւնը կրնայ մարդուն հնարաւորութիւնները ընդարձակել։ Իսկ այժմ ան կը տեսնէ, թէ նոյն արհեստագիտութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ խորացնել հարուստներու եւ աղքատներու միջեւ գոյութիւն ունեցող վիհը։

«Այս անգամ ամէն ինչ իսկապէս տարբեր է», կը զգուշացնէ Կէյթս եւ կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ այս անգամ տարբեր է։ 

Նոր արհեստագիտութիւնները սովորաբար ժամանակ կը պահանջեն հասարակութեան մէջ տարածուելու համար։

Անհատական համակարգիչի պարագային, օրինակ, տասնամեակներ պահանջուեցան, մինչեւ ծրագրերը զարգանային, գիները իջնէին, մարդիկ սորվէին գործածել համակարգիչները եւ ընկերութիւնները վերակազմակերպէին իրենց աշխատանքային գործընթացները։

ԱԲ-ի պարագան տարբեր է․ զայն չի պահանջեր, որ մարդը ամբողջութեամբ նոր սարք մը սորվի։ Արհեստական իմացականութիւնը արդէն կ՚աշխատի մեր ունեցած համակարգիչներուն եւ հեռախօսներուն վրայ։ Աւելին՝ մարդը կրնայ անոր հետ խօսիլ իր բնական լեզուով։

Հոս է Պիլ Կէյթսի հիմնական մտահոգութիւններէն մէկը․ մենք ստիպուած չենք յարմարիլ ԱԲ-ին, որովհետեւ ԱԲ-ն կրնայ յարմարիլ մեզի։ Անիկա կրնայ դիտել այն նոյն ուսուցողական տեսանիւթը, զոր մարդը կը դիտէ, կարդալ հրահանգները, ուսումնասիրել տուեալները եւ այդ գիտելիքը անմիջապէս գործածել։

Այս արագութիւնը նախադէպ չունի։

«Մարդիկ կը թերագնահատեն ԱԲ-ի արագութիւնը», կը գրէ համակարգչային ամենահսկայ մարդոցմէ մին եւ կը նկատէ, որ բազմաթիւ մարդիկ տակաւին թերահաւատ են արհեստական իմացականութեան նկատմամբ, որովհետեւ անոր համակարգերը երբեմն սխալներ կը գործեն։

Մինչեւ վերջերս ԱԲ-ի որոշ համակարգեր, օրինակ, չէին կրնար վստահօրէն լուծել պարզ տրամաբանական խնդիրներ։ Անոնք երբեմն կը սխալէին նոյնիսկ այնպիսի պարզ հարցերու մէջ, ինչպէս օրինակ՝ հաշուել, թէ «համակարգիչ» բառին մէջ քանի հատ «ա» կայ։

Բայց Պիլ Կէյթս կը զգուշացնէ, որ այս թերութիւնները արագօրէն կը շտկուին։ Նոր սերունդի արհեստական բանականութեան տիպերը արդէն կը սորվին ստուգել իրենց պատասխանները, գտնել իրենց սխալները եւ բարելաւել իրենց աշխատանքը։

Հետեւաբար, այն փաստը, որ արհեստական իմացականութիւնը այսօր երբեմն կը սխալի, պատճառ չէ ենթադրելու, որ վաղը նոյն մակարդակին պիտի մնայ։

Պիլ Կէյթսի ամենամեծ մտահոգութիւններէն մէկը աշխատաշուկային ապագան է։

ԱԲ-ն կրնայ փոխարինել ո՛չ միայն ֆիզիքական աշխատանքը, այլ նաեւ այն աշխատանքները, որոնք երկար ժամանակ կը համարուէին բացառապէս մարդկային բանականութիւն պահանջող։

Իրաւաբաններու օգնականներ, ծրագրաւորողներ, հաշուապահներ, յաճախորդներու սպասարկման աշխատակիցներ, վերլուծաբաններ, վաճառքի աշխատակիցներ եւ բժշկական ոլորտի որոշ գործառոյթներ արդէն սկսած են փոփոխուիլ։

Եւ Պիլ Կէյթսի մտահոգութիւնը այն է, որ այս փոփոխութիւնը կրնայ տեղի ունենալ մէկ տասնամեակի ընթացքին, մինչդեռ նախորդ արհեստագիտական յեղափոխութիւնները տեղի ունեցած են քանի մը սերունդներու ընթացքին։

Ո՞Վ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԱՄԵՆԱԽՈՑԵԼԻՆ

Առաջին հերթին վտանգի տակ կրնան ըլլալ սկսնակ եւ միջին մակարդակի աշխատատեղիները։

Երիտասարդ մը, որ այսօր համալսարան կ՚աւարտէ եւ կը փնտռէ իր առաջին աշխատանքը, կրնայ յայտնուիլ այնպիսի շուկայի մը մէջ, ուր ընկերութիւնները նախկինին պէս մեծ թիւով սկսնակ աշխատողներու կարիքը չունին։

Այս փոփոխութիւնը արդէն նկատելի է որոշ ոլորտներու մէջ։ Բայց, խնդիրը միայն «ճերմակ օձիքաւորները» չեն (գրասենեակի մէջ որոշ աշխատանք կատարողները)։

Մարդամեքենաները տակաւին այնքան զարգացած չեն, որքան արհեստական իմացականութեան համակարգերը, սակայն, անոնց գինն ալ աստիճանաբար կը նուազի։ Պիլ Կէյթս կը կանխատեսէ, որ այս տասնամեակի վերջին «խելացի» մարդամեքենաները կրնան մրցիլ մարդոց հետ որոշ ֆիզիքական աշխատանքներու մէջ՝ շինարարութենէն մինչեւ հիւրընկալութեան ոլորտ։

Ըստ Կէյթսի, ԱԲ-ն եւ մարդամեքենաները միասին կրնան հարուածել աշխատաշուկայի երկու ծայրերը՝ թէ՛ գրասենեակային, թէ՛ ֆիզիքական աշխատանքին։

Պիլ Կէյթսի համար աշխատանքի հարցը զուտ տնտեսական չէ։

Յայտնի փաստ է, որ մարդը աշխատանքով կը ստանայ ո՛չ միայն իր ապրուստի միջոցը, այլ նաեւ արժանապատուութեան զգացում, ընկերային կապեր եւ իր ապագան կառավարելու զգացողութիւն։

Եթէ մեծ թիւով մարդիկ միաժամանակ կորսնցնեն իրենց աշխատանքը, հետեւանքները կրնան տարածուիլ ամբողջ հասարակութեան մէջ։

Պիլ Կէյթս կը բերէ Մեծ ճգնաժամի օրինակը, երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործազրկութիւնը հասած էր շուրջ 25 տոկոսի։ 

Եթէ մեքենան մարդուն փոխարինած է, անոր ետ դարձը միշտ չէ, որ կարելի է սպասել։

ԱԲ-ի երկրորդ մեծ վտանգը անվտանգութիւնն է։

Այսօր համացանցի վրայ կարելի է գտնել տեղեկութիւններ՝ ռումբերու, կայքահէն յարձակումներու, կենսաբանական զէնքերու եւ այլ վտանգաւոր գործողութիւններու մասին։

Բայց նախորդ ժամանակներուն անհրաժեշտ էր որոշակի գիտելիք եւ փորձ՝ այդ տեղեկութիւնը գործածելու համար։

Արհեստական իմացականութիւնը կրնայ այդ շեմը զգալիօրէն իջեցնել։

Անիկա կրնայ օգնել քիչ փորձ ունեցող յանցագործի՝ ստեղծելու աւելի համոզիչ խաբէութիւններ, կեղծ տեսանիւթեր, համակարգչային յարձակումներ կամ անձնականացուած խարդախութիւններ։

Այսօր արդէն իսկ տեսանելի է այս վտանգը՝ կեղծապատկերներու, կեղծ ձայնագրութիւններու եւ ԱԲ-ով ստեղծուած ապատեղեկատուութեան տարածումով։

Աւելի լուրջ է ենթակառուցուածքներու վտանգը։ Հիւանդանոցներ, դրամատուներ, ջրամատակարարման համակարգեր, ելեկտրական ցանցեր եւ պետական համակարգեր կրնան դառնալ նոր սերունդի համակարգչային յարձակումներու թիրախ։

Այս պարագային վնասը պիտի չկրեն միայն համակարգիչները։ Վնասը կրնայ հասնիլ ուղղակի մարդոց։

Պիլ Կէյթսի երրորդ մտահոգութիւնը աւելի հեռուն կ՚երթայ։

ԱԲ-ի համակարգերը աստիճանաբար կը դառնան այնքան բարդ, որ անոնք երբեմն կը կատարեն այնպիսի գործողութիւններ, որոնք զիրենք ստեղծողները նախապէս չէին նախատեսած։

Եթէ այս համակարգերը ապագային ունենան սեփական նպատակներ սահմանելու, երկար ժամանակ ինքնուրոյն գործելու եւ իրենց կարողութիւնները բարելաւելու աւելի մեծ հնարաւորութիւններ, հարցը այլեւս միայն այն պիտի չըլլայ, թէ մարդիկ ինչպէ՞ս կը գործածեն արհեստական իմացականութիւնը։

Հարցը կրնայ դառնալ՝ մարդիկ տակաւին որքանո՞վ պիտի կարենան վերահսկել զայն։

ՎՏԱՆԳԸ՝ ՄԵՐ ԵՐԵԽԱՆԵՐԸ

Պիլ Կէյթսի մտահոգութիւններուն մէկ այլ կողմը շատ աւելի անձնական է։

ԱԲ-ն կրնայ դառնալ մարդու մշտական ընկերակիցը՝ միշտ հասանելի, երբեք չնեղացող, միշտ լսող եւ օգտատէրին յարմարուող։

Սակայն մարդոց հետ յարաբերութիւնները այդպէս չեն։

Իրական ընկերութիւնը կը պահանջէ համբերութիւն, տարաձայնութիւն, զիջում եւ երբեմն նաեւ անյարմար իրավիճակներու դիմանալ։ Երեխան այդ յարաբերութիւններուն մէջ կը սորվի բանակցիլ, լսել, հասկնալ ուրիշը եւ յաղթահարել մերժումը։

ԱԲ-ի ընկերակիցը կրնայ, ընդհակառակը, միշտ ըսել այն, ինչ օգտատէրը կ՚ուզէ լսել։

Այս պատճառով Պիլ Կէյթս կը վախնայ, որ երեխաներու համար ԱԲ-ն կրնայ վերածուիլ «պաշտպանուած ջերմատունի» մը, ուր անոնք չեն ստանար փորձառութիւնը այն փոքրիկ դժուարութիւններու, որոնք անհրաժեշտ են ուժեղ չափահասներ դառնալու համար։

Հարցումը պարզ է՝ եթէ մեքենան միշտ կը մտածէ մեր փոխարէն, մենք ե՞րբ պիտի սորվինք ինքնուրոյն մտածել։

ԱԲ-Ն ԿՐՆԱՅ ՆԱԵՒ ՓՐԿԵԼ ԿԵԱՆՔԵՐ

Պիլ Կէյթսի տեսակէտը, սակայն, արհեստական իմացականութեան դէմ միայն նախազգուշացում մը չէ։

Ընդհակառակն՝ ան համոզուած է, որ այս արհեստագիտութիւնը կրնայ մարդկութեան համար բացառիկ բարիք դառնալ։

Առողջապահութեան մէջ ԱԲ-ն կրնայ բժիշկներուն օգնել աւելի արագ ախտորոշումներ կատարել, բժշկական պատկերներ ուսումնասիրել եւ վտանգաւոր հիւանդութիւններ վաղ փուլին յայտնաբերել։

Այն վայրերուն մէջ, ուր մասնագէտ բժիշկները քիչ են, արհեստական իմացականութիւնը կրնայ լրացնել այդ բացը։

Գիւղատնտեսութեան մէջ կրնայ օգնել աղքատ երկիրներու ագարակատէրերուն՝ եղանակային կանխատեսումներ ստանալու, հասկնալու, թէ ո՛ր սերմը ցանել, ինչպէ՛ս պաշտպանել բերքը եւ ինչպէ՛ս բարձրացնել արտադրողականութիւնը։

Կրթութեան մէջ ԱԲ-ն կրնայ աշակերտին համար դառնալ անհատական ուսուցիչ՝ բացատրելով այն, ինչ ան չի հասկնար, նաեւ ուսուցիչը ազատելով այն աշխատանքներէն, որոնք անոր ժամանակը կը խլեն։

Պետական ծառայութիւններու պարագային ԱԲ-ն կրնայ պարզեցնել բարդ դիմումներու եւ փաստաթուղթերու գործընթացը՝ քաղաքացիներուն օգնելով աւելի արագ ստանալ այն աջակցութիւնը, որուն իրաւունք ունին։

Այսինքն՝ նոյն արհեստագիտութիւնը, որ կրնայ մարդուն աշխատանքը խլել, կրնայ նաեւ մարդուն ժամանակը վերադարձնել։

ՄԵԾ ՀԱՒԱՍԱՐԵՑՆՈ՞Ղ, ԹԷ ՄԵԾ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ

Այստեղ է, որ Պիլ Կէյթսի հիմնական գաղափարը կը դառնայ կարեւոր։

ԱԲ-ն ինքնաբերաբար արդար աշխարհ մը պիտի չստեղծէ։

Եթէ նոր արհեստագիտութեան օգուտները կեդրոնանան քանի մը մեծ ընկերութիւններու եւ հարուստ անհատներու ձեռքը, իսկ միլիոնաւոր մարդիկ կորսնցնեն իրենց աշխատանքները, զայն կրնայ խորացնել արդէն գոյութիւն ունեցող անհաւասարութիւնը։

Բայց, եթէ կառավարութիւնները եւ միջազգային կազմակերպութիւնները հիմա իսկ մտածեն այն մասին, թէ ինչպէ՛ս օգուտները բաժնել բոլորին միջեւ, արհեստական իմացականութիւնը կրնայ դառնալ պատմութեան ամենամեծ հաւասարեցնող ուժերէն մէկը։

Պիլ Կէյթսի համոզումով՝ աշխարհի առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ ո՛չ թէ ԱԲ-ի զարգացումը կասեցնելը, այլ մարդը պաշտպանելը այդ զարգացման ընթացքին։

Այս նպատակով Կէյթս իր խոհագրութեան մէջ հետաքրքրական գաղափար մը առաջ կը քաշէ՝ որոշ աշխատանքներ վերապահել մարդոց։ Ան այս գաղափարը կը կոչէ «Մարդուն վերապահուած» (Human Reserved)։

Օրինակ՝ տարեցներու խնամքը կրնայ այնպիսի ոլորտ մը ըլլալ, ուր մարդկային ներկայութիւնը պէտք չէ ամբողջութեամբ փոխարինուի մեքենայով։

Պիլ Կէյթս կը յիշէ իր հօր վերջին տարիները, երբ ալցայմըրի հիւանդութեան պատճառով ան կարիք ունէր շուրջօրեայ խնամքի։ Խնամողները կրնային հասկնալ զայն նոյնիսկ այն պահերուն, երբ ան այլեւս դժուարութիւն ունէր արտայայտուելու։

Այդ խնամքին մէջ կար բան մը, որ միայն թեքնիքական չէր՝ մարդկային ներկայութիւն։

Նոյնը կրնայ վերաբերիլ բժշկութեան։ Թէեւ ԱԲ-ն կրնայ բժիշկին օգնել ախտորոշելու հիւանդութիւնը, Պիլ Կէյթս կը հարցնէ՝ արդեօք պէ՞տք է մեքենան մարդուն յայտնէ, որ ան անբուժելի հիւանդութիւն ունի։

Թեքնիքակապէս՝ թերեւս այո։

Մարդկայնօրէն՝ գուցէ ոչ։

ԱՇԽԱՐՀԻՆ ԾՐԱԳԻՐ ՊԷՏՔ Է

Պիլ Կէյթսի ամենաուժեղ կոչերէն մէկը ուղղուած է կառավարութիւններուն։

Ան կը պնդէ, որ աշխարհը դեռ չունի ԱԲ-ի դարաշրջան մտնելու իրական ծրագիր։

ԱԲ-ն պիտի ազդէ աշխատանքի, կրթութեան, առողջապահութեան, ազգային անվտանգութեան, ընտրութիւններու, հարկային համակարգերու, ուժանիւթի եւ նոյնիսկ մարդոց հոգեբանական կեանքին վրայ։

Հետեւաբար, մէկ նախարարութիւն կամ մէկ ընկերութիւն չի կրնար այս խնդիրը լուծել։

Անհրաժեշտ է համագործակցութիւն՝ կառավարութիւններու, գիտնականներու, արհեստագիտական ընկերութիւններու, ուսուցիչներու, բժիշկներու, աշխատողներու եւ հասարակութեան միջեւ։

Եւ ոչ միայն՝ ազգային մակարդակով։

ԱԲ-ի վտանգները սահմաններ չեն ճանչնար։ Համակարգչային յարձակումները, ապատեղեկատուութիւնը, կենսաբանական վտանգները եւ հզօր ԱԲ համակարգերու մրցավազքը միջազգային բնոյթ ունին։ Հետեւաբար, Պիլ Կէյթս կը կարծէ, որ անհրաժեշտ է նաեւ միջազգային կառոյց մը, որուն դերը մասամբ կրնայ նմանիլ միջուկային անվտանգութեան կամ միջազգային օդանաւային կանոնակարգերու համակարգերուն։

ԱԲ-Ն ԱՐԳԻԼԵ՞Լ, ԹԷ ԿԱՌԱՎԱՐԵԼ

Պիլ Կէյթսի դիրքորոշումը, ի վերջոյ, արգիլման կոչ մը չէ։ Ան կը խոստովանի, որ եթէ գոյութիւն ունենար ԱԲ-ի զարգացումը դանդաղեցնելու իրատեսական ծրագիր մը, ինք հաւանաբար պիտի աջակցէր անոր։

Սակայն, ան չի կարծեր, որ աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական մրցակցութեան պայմաններուն մէջ նման բան տեղի պիտի ունենայ։

Հետեւաբար, ընտրութիւնը, որուն առջեւ կանգնած ենք, աւելի բարդ է։

ԱԲ-ն պիտի զարգանայ։ Հարցը այն է, թէ մենք ինչպէ՞ս պիտի ապրինք անոր հետ։

Կը թուի, որ ապագայի մեծ պայքարը պիտի չըլլայ մարդուն կամ մեքենային միջեւ։ Իրական պայքարը պիտի ըլլայ այն մարդոց միջեւ, որոնք կը շահին արհեստական իմացականութեան ստեղծած նոր հարստութենէն, եւ այն մարդոց միջեւ, որոնք կրնան կորսնցնել իրենց աշխատանքը, ապահովութիւնը կամ իրենց ապագան վերահսկելու զգացումը։

Ուստի, Պիլ Կէյթսի հիմնական հարցումը ոչ թէ՝ «ԱԲ-ն վտանգաւո՞ր է», այլ՝ «Մենք ի՞նչ կանոններով պիտի օգտագործենք այս աննախադէպ ուժը», հարցումն է։

Եւ թերեւս նշանաւոր համակարգչային ձեռնարկատիրոջ այս մտահոգութեան ամենակարեւոր կողմը հոն է, որ ան այլեւս միայն նոր արհեստագիտութիւն մը ստեղծելու մասին չի խօսիր։ Ան կը հարցնէ՝ ի՞նչ տեսակ աշխարհ կ՚ուզենք ստեղծել այդ թեքնոլոժիով։

Իսկ այս հարցումին ետին կայ ամբողջ պատմութեան ամենէն զարմանալի հակասութիւնը։ Այսօր մեզի այս հարցումը կ՚ուղղեն այն մարդիկ, որոնք ո՛չ միայն առաջինը ըմբռնեցին արհեստական իմացականութեան հսկայական ներուժը, այլեւ տարիներ շարունակ առաջնորդեցին անոր զարգացումը։

Իրենք ստեղծեցին, իրենք հարստացան եւ այժմ իրենք մտահոգուած են։ Առաջին հայեացքով՝ այս հակասութիւնը իսկապէս զարմանալի է, նոյնիսկ՝ ապշեցուցիչ։ Արհեստական իմացականութեան զարգացումը մեծ չափով առաջ մղող մարդիկ այսօր իրենք են առաջինները, որոնք կը զգուշացնեն անոր հնարաւոր վտանգներուն մասին։

Եթէ անոնք, որոնք այս արհեստագիտութիւնը ստեղծեցին, անոր ներուժը ամենէն լաւ կը ճանչնան եւ այժմ կը վախնան անոր հետեւանքներէն, ապա ի՞նչ պիտի ընենք մենք՝ հասարակութեան պարզ անդամներս, որ ո՛չ զայն ստեղծած ենք, ո՛չ ալ անոր զարգացման ընթացքը որոշած, բայց, ակամայէն յայտնուած ենք անոր ազդեցութեան ներքեւ, որ տեսակ մը ճիրաններ են։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2026