ԱՆՑԵԱԼԻ ՎԵՐԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ՝ ՅԱՆՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԻ. ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԿԻՆԵՐՈՒ ԳՐԱԿԱՆ-ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ - ԶՐՈՅՑ՝ ԲԱՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԹԵԿՆԱԾՈՒ, ՏՈՑԵՆԹ ՆԱՅԻՐԱ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆԻ ՀԵՏ

Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը՝ նուիրուած արեւմտահայ կին խմբագիրներուն, որուն առիթով բացուեցաւ նաեւ թեմաթիք ցուցահանդէս մը։ Ցուցահանդէսը համախմբած էր արեւմտահայ կին մտաւորականներու հիմնադրած, խմբագրած կամ անոնց գործօն մասնակցութեամբ հրատարակուած պարբերականներ։ 

Ներկայացուած էին «Կիթառ», «Ծաղիկ», «Հայ կին», «Արտեմիս», «Ծաղիկ յատուկ կանանց», «Տոմար ընտանեկան», «Ազդակ», «Երեւակ», «Արշալոյս», «Պարտէզ», «Մեր ուղին», ԺԱՄԱՆԱԿ եւ այլ պարբերականներ։ Յատկանշական է, որ ընտրուած մամուլի անուններէն այսօր լոյս կը տեսնէ միայն ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, եւ ուր, զանազան սերունդներու կիներ մէկ դարէ աւելի իրենց յստակ եւ արժէքաւոր հետքը ձգած են, այդ աւանդը կը շարունակուի նաեւ այսօր։ 

Ձեռնարկի ընթացքին հնչած զեկուցումները ամբողջական պատկեր մը տուին ընտրուած նիւթին շուրջ։

Հայաստանի Հանրապետութեան Գիութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ, Պատմութեան կաճառի գլխաւոր գիտաշխատող, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր եւ «Բանբեր հայագիտութեան» հանդէսի գլխաւոր խմբագիր Ալպերթ Խառատեան ներկայացուց արեւմտահայ կին խմբագիրներու դերը մամուլի կազմաւորման եւ զարգացման գործին մէջ՝ անդրադառնալով Հայկանոյշ Մառքի, Զապէլ Եսայեանի, Սիպիլի, Արշակուհի Թէոդիկի եւ այլոց գործունէութեան։

Հայաստանի Հանրապետութեան Գիութիւններու ազգային ակադեմիայի «Մ․ Աբեղեան» գրականութեան կաճառի յառաջատար գիտաշխատող, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, տոցենթ Նայիրա Համբարձումեան հանդէս եկաւ Էլպիս Կեսարացեանի առաջնորդական կերպարին նուիրուած զեկոյցով՝ դիտարկելով զայն իբրեւ հասարակութեան եւ միջավայրի բարենորոգման կարեւոր գործօն։

Նոյն հիմնարկի գիտաշխատող, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Աստղիկ Սողոյեան ներկայացուց Զապէլ Եսայեանի կեանքն ու հասարակական-հրապարակախօսական գործունէութիւնը, մինչ Երեւանի Պետական համալսարանի ռոմանոգերմանական բաժանմունքի մագիստրոս Աստղիկ Շմաւոնեան անդրադարձաւ Սրբուհի Տիւսաբի կեանքին ու գործունէութեան՝ ներկայացնելով զայն իբրեւ առաջին հայ կին արձակագիր։ 

Հանդիպման ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ Նայիրա Համբարձումեանի կազմած, խմբագրած եւ ծանօթագրած «Էլպիս Կեսարացեան․ Էսսէներ, բանաստեղծութիւններ, նամակներ» գիրքը։ Անիկա յատկանշական երեւոյթ մըն է հայ գրականագիտական եւ պատմագիտական դաշտին մէջ՝ իբրեւ առաջին համակարգուած ուսումնասիրութիւնը ականաւոր արեւմտահայ գրող, խմբագիր, մտաւորական եւ կանանց իրաւունքներու ջատագով Էլպիս Կեսարացեանի (1830-1913թթ.) կեանքին ու ժառանգութեան։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ը առանձին անդրադարձ պիտի կատարէ գիրքին եւ Նայիրա Համբարձումեանի ուսումնասիրութեան, իսկ մինչ այդ, ձեռնարկին եւ ցուցահանդէսին առիթով, իր հետ ունեցանք հարցազրոյց մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

-Խնդրեմ կարճ ներկայացնել ծրագրի գաղափարը եւ այն նպատակները, որոնք դրած էք «Արեւմտահայ կին մտաւորականներու գրական-մշակութային ժառանգութիւնը» ծրագրի հիմքին։

-Միջոցառման հիմնական գաղափարը արեւմտահայ կին մտաւորականներու ստեղծած, բայց յաճախ մոռցուած կամ քիչ ուսումնասիրուած գրական ու հրապարակախօսական ժառանգութեան վերայայտնագործումն ու արժեւորումն է։ Միջոցառումը նպատակ ունէր ցոյց տալ, որ ներկայացուող կիները եղած են ո՛չ միայն գրողներ, այլ նաեւ աշխոյժ հասարակական գործիչներ, խմբագիրներ, բարերարներ, որոնք ձեւաւորած են իրենց ժամանակի մտաւոր ու մշակութային տիրոյթը։

Միջոցառումը կազմակերպուած է «Կանայք, պարբերականները եւ տպագիր մշակոյթը 1840-1920 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ» հետազօտական թեմայի շրջանակին մէջ: Այս թեմայի ղեկավարը ես եմ։ Մեր խնդիրը ո՛չ միայն կանանց կողմէ տպագրուած հանդէսները հետազօտելն ու գիտական արդիւնք ունենալն է, այլեւ ուսումնասիրուած գիտական նիւթը հանրայնացնելը, ընկերային տարբեր շերտերուն հասանելի դարձնելը, ինչ որ, կը կարծեմ, մենք յաջողութեամբ կատարեցինք 2026 թուականի մարտ-ապրիլ ամիսներուն՝ սկսելով դպրոցներէն ու քոլէճներէն, հասնելով մինչեւ գրադարաններ ու համալսարաններ։

Նշեմ, որ նախագծի շրջանակին մէջ գրականութեան եւ պատմութեան կաճառներու աշխատակիցներու համագործակցութեան շնորհիւ ստեղծուած է միջմասնագիտական խումբ մը, որպէսզի իրականացնէ այս միջգիտակարգային հետազօտութիւնը: Ասիկա կարեւոր է պատմութեան, բանասիրութեան, լրագրութեան, արեւելագիտութեան եւ այլ բաժանմունքներու դասախօսներու եւ ուսանողներու եւ ընդհանրապէս, այդ հիմնահարցերով զբաղողներուն համար, որոնք կը զինուին անցեալի փաստական գիտելիքներով եւ կը ծանօթանան արեւմտահայ տուեալ ժամանակահատուածի կին խմբագիրներու ո՛չ միայն տպագիր գրական-մշակութային ժառանգութեան, այլեւ անոնց հասարակական-քաղաքական գործունէութեան:

Գիտական այս թեմայի հիմնական նպատակներն են՝ հաւաքել, ուսումնասիրել եւ հանրայնացնել արեւմտահայ կին հեղինակներու կողմէ հրատարակուած հանդէսները եւ պարբերականները, անոնց ստեղծագործութիւնները, վերականգնել այդ կիներու տեղը հայ գրականութեան եւ մամուլի պատմութեան մէջ, ներկայացնել անոնց դերը հասարակական կարծիքի ձեւաւորման եւ կանանց ինքնագիտակցութեան զարգացման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ խթանել ժամանակակից հետաքրքրութիւնը այդ ժառանգութեան նկատմամբ՝ գիտական այսօրինակ նախագիծերու միջոցով։

Ընդհանուր առմամբ, միջոցառումը միտուած էր ո՛չ միայն անցեալի վերարժեւորման, այլ նաեւ ներկայի հետ կապ ստեղծելուն՝ ցոյց տալով, թէ ինչպէս հայ մտաւոր ժառանգութիւնը կը շարունակէ իր ազդեցութիւնը ունենալ այսօր։

-Ո՞րն էր միջոցառման գլխաւոր պատգամը ժամանակակից հայ հասարակութեան եւ ինչո՞ւ կարեւոր է յատկապէս այսօր նորովի արժեւորել արեւմտահայ կին մտաւորականներու դերը։

-Միջոցառման գլխաւոր պատգամը ժամանակակից հայ հասարակութեան այն է, որ ազգային եւ հասարակական զարգացումը կարելի չէ լիարժէք պատկերացնել առանց արեւմտահայ կին մտաւորականներու աւանդի գնահատման։ Անոնց գործունէութիւնը ցոյց կու տայ, որ կանայք եղած են ո՛չ միայն գրական-մշակութային գործընթացներու մասնակիցներ, այլ նաեւ գաղափարական փոփոխութիւններու նախաձեռնողներ՝ ազդելով կրթութեան, հասարակական մտածողութեան եւ մամուլի զարգացման վրայ։

Այս ժառանգութեան նորովի արժեւորումը արդի ժամանակներուն մէջ կարեւոր է, որովհետեւ այն կը վերականգնէ պատմական արդարութիւնը եւ կը լրացնէ հայ գրականութեան եւ մշակութային պատմութեան այն բացերը, ուր կանանց դերը յաճախ մնացած է անտեսուած։ Բացի այդ, անիկա կ՚օգնէ աւելի ամբողջական հասկնալ ազգային ինքնութեան ձեւաւորումը՝ ընդգծելով, որ այդ ինքնութիւնը ստեղծուած է կանանց եւ տղամարդոց համատեղ մտաւոր աշխատանքի արդիւնքով։

Միեւնոյն ժամանակ, արեւմտահայ կին մտաւորականներու փորձը արդիական է նաեւ այսօր, քանի որ անոնց բարձրացուցած խնդիրները՝ կրթութիւն, հասարակական մասնակցութիւն, սեռային հաւասարութիւն, կը շարունակեն մնալ կարեւոր։ Անոնց ժառանգութիւնը կրնայ ծառայել իբրեւ ներշնչման աղբիւր եւ մտածողութեան օրինակ ժամանակակից հասարակութեան համար՝ ցոյց տալով, որ նոյնիսկ սահմանափակ պայմաններու մէջ կարելի է ձեւաւորել ազդեցիկ մտաւոր եւ մշակութային ձայն։

-Ցուցադրութեան ներկայացուած պարբերականները ինչպէ՞ս ընտրուած են եւ ի՞նչ նշանակութիւն ունին զանոնք հայ մամուլի պատմութեան համար։

-Հայաստանի Ազգային գրադարանի թամանեանական մեծ ցուցասրահին մէջ հինգ առանձին ցուցափեղկերու մէջ ներկայացուեցան արեւմտահայ կին մտաւորականներու կողմէ հիմնադրուած, խմբագրուած կամ անոնց աշխոյժ մասնակցութեամբ հրատարակուած պարբերականներ ու հանդէսներ։

Ցուցադրութեան ներկայացուած պարբերականները ընտրուած չեն պատահականօրէն: 

Նախ՝ ընդգրկուած է ժամանակագրական լայն շրջան մը, որ թոյլ կու տայ տեսնել մամուլի աստիճանական զարգացումը՝ վաղ կայացած թերթերէն մինչեւ աւելի մասնագիտացած ու գաղափարական ուղղուածութիւն ունեցող պարբերականներ։

Երկրորդ՝ համադրուած են ինչպէս կանանց կողմէ հրատարակուած հանդէսներ, այնպէս ալ ընդհանուր հասարակական-քաղաքական պարբերականներ, որոնց շնորհիւ կարելի է հասկնալ, թէ ինչպէս կանանց ձայնը ձեւաւորուած է առանձին հարթակներու մէջ եւ յետագային ներգրաւուած ընդհանուր հանրային խօսոյթի մէջ։

Երրորդ՝ ցուցակին մէջ ընդգրկուած են աշխարհի զանազան կեդրոններ ներկայացնող հրատարակութիւններ՝ Պոլիս, Զմիւռնիա, Գահիրէ, Փարիզ, Թիֆլիզ եւ այլ վայրեր, ինչ որ կը վկայէ, թէ հայ մամուլը եղած է տարածուած ու համահայկական, ո՛չ թէ սահմանափակուած է մէկ աշխարհագրական տարածքով։

Չորրորդ՝ ներկայացուած են մամուլի զանազան ժանրեր՝ օրաթերթեր, հանդէսներ, տարեցոյցներ եւ գրական-մշակութային պարբերականներ, որոնք ցոյց կու տան մամուլի բազմակողմանի գործառոյթը։ 

Այս պարբերականներու նշանակութիւնը հայ մամուլի պատմութեան մէջ բազմաշերտ է։ Անոնք կարեւոր դեր կատարած են հայ ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ։ Օսմանեան կայսրութենէն ներս, ապա՝ սփիւռքի տարածքին, նպաստած են կրթութեան տարածման եւ հասարակական մտքի ձեւաւորման։ Մամուլը դարձած է այն հիմնական հարթակը, ուր քննարկուած են ժամանակի կարեւորագոյն հարցերը՝ կրթութիւն, դաստիարակութիւն, ընկերային յարաբերութիւններ, կանանց իրաւունքներ եւ ազգային խնդիրներ։ Յատկապէս կանանց կողմէ խմբագրուած եւ հրատարակուած հանդէսներն ու պարբերականները մեծ դեր ունեցած են կանանց ինքնագիտակցութեան բարձրացման եւ հասարակական կեանքի մէջ անոնց աշխոյժ մասնակցութեան խթանման գործին մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ, ընդհանուր մամուլը ապահոված է այդ գաղափարներու տարածումը լայն հասարակութենէն ներս։ 

Այսպիսով, ցուցադրութեան մէջ ներառուած պարբերականները կը ներկայացնեն ո՛չ միայն առանձին հրատարակութիւններ, այլ ամբողջ համակարգ մը, որուն միջոցով ձեւաւորուած է հայ հասարակական միտքը, զարգացած է մշակոյթը եւ պահպանուած է ազգային ինքնութիւնը՝ զանազան ժամանակներու եւ զանազան վայրերու մէջ։

-Ցուցադրուած թերթերուն մէջ էր նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը, ինչպէ՞ս ընտրուած է զայն, ի՞նչ կրնաք ըսել անոր ունեցած դերին մասին՝ ձեր նշած նիւթերուն առընչութեամբ։ 

-Բոլորս գիտենք, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը Պոլսոյ մէջ 20-րդ դարասկիզբին հիմնականին մէջ տղամարդոց կողմէ հիմնուած եւ ղեկավարուող ընդհանուր քաղաքական-հասարակական թերթ էր եւ ո՛չ թէ բացառապէս կանանց կողմէ ստեղծուած կամ ղեկավարուող պարբերական, ինչպէս, օրինակ, «Արտեմիս», «Ծաղիկ», «Ծաղիկ կանանց յատուկ», «Հայ կին» եւ այլ հանդէսներն էին։ 

Այսինքն, ԺԱՄԱՆԱԿ չի պատկանիր այն նոյն խումբին, ինչ որ իգական սեռի կողմէ հիմնուած, այսպէս ըսած՝ կնակերտ (ֆեմինիստ իմաստով) մամուլն է։ Բայց հոս շատ հետաքրքրական երեւոյթ մը կայ, որ կ՚ենթադրէ հետեւեալ գիտական հարցը՝ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ կին մտաւորականները կը ներգրաւուէին ԺԱՄԱՆԱԿ-ին մէջ։

Հակառակ որ օրաթերթը կանանց կողմէ չէ հիմնադրուած, սակայն, 20-րդ դարասկիզբին զայն ունէր խմբագրական համեմատաբար բաց քաղաքականութիւն, եւ երբ Օսմանեան կայսրութեան վերջնական շրջանին հայկական մամուլը որոշ չափով դարձաւ ազատական, ԺԱՄԱՆԱԿ եւ նման թերթերը սկսան տպագրել զանազան քաղաքական եւ գաղափարական կողմնորոշում ունեցող հեղինակներու նիւթեր, որոնց մէջ կային բազմաթիւ կիներ։

Կը ներգրաւուէին նաեւ այնպիսի կին մտաւորականներ, որոնք ունէին բաւարար կրթութիւն եւ հեղինակութիւն ու այլեւս չէին սահմանափակուեր միայն «կանանց համար» հանդէսներով։ Այսինքն, այդ կիները ունէին տուեալ ժամանակի համար բարձր կրթութիւն եւ բարձր ինքնագիտակցութիւն, կրնային գրել հրապարակախօսական յօդուածներ, գեղարուեստական գործեր, կը ստեղծագործէին։ Անոնք կ՚ընդլայնէին հասարակական թեմաները՝ անդրադառնալով ընտանիքի, կրթութեան, դաստիարակութեան, բարոյականութեան եւ այլ հիմնախնդիրներու, որոնք «ընդունելի» էին կանանց համար։ Ասիկա կանանց համար ժամանակի ընթացքին դարձաւ մուտքի դուռ՝ դէպի աւելի լայն հրապարակախօսութիւն։

Այս հանգամանքը կը թողուր իր անուղղակի ազդեցութիւնը, սակայն, լիակատար վերահսկողութիւն չէր սահմաներ, իսկ այս պարագային կարեւոր տարբերիչը հետեւեալն է՝ կանանց հանդէսներուն մէջ (օր. «Ծաղիկ կանանց յատուկ»ին մէջ), կանայք կը խմբագրէին ու կը սահմանէին օրակարգը, իսկ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի նման թերթերու աշխատանքի մէջ կանայք կը մասնակցէին իբրեւ աշխատակիցներ, բայց չէին որոշեր ամբողջ խմբագրական քաղաքականութիւնը։ Այսպէս, Երուանդ Օտեանի, Վահան Թէքէեանի, Արշակ Չօպանեանի, Գրիգոր Զօհրապի, Թէոդիկի, Քէչեանի, Գալփաքճեանի, Ժիրայր Շիրակացիի, Զաւէն Պիպեռեանի, Զահրատի եւ այլոց կողքին կարելի է արձանագրել նաեւ Զապէլ Եսայեանի անունը։ Ան ամենաաշխոյժ եւ ազդեցիկ դէմքերէն էր, կը տպագրէր ո՛չ միայն հրապարակախօսական յօդուածներ կանանց իրաւունքներու, ընկերային անարդարութեան, ազգային խնդիրներու մասին, այլեւ՝ գրական ստեղծագործութիւններ։ Անոր բնագիրները յաճախ կը տպագրուէին պոլսահայ տարբեր թերթերու մէջ, այդ կարգին՝ ընդհանուր ուղղուածութեան մամուլի մէջ, ինչպիսին ԺԱՄԱՆԱԿ-ն էր; 

Ըստ էութեան՝ մեր ցուցադրութեան մէջ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը չէ ընտրուած իբրեւ կանանց կողմէ խմբագրուող թերթ, այլ իբրեւ մարմին մը, ուր արդէն ձեւաւորուած կին մտաւորականները սկսած են ներգրաւուիլ եւ ազդեցութիւն ունենալ։ Եթէ կանանց սեփական հանդէսները ինքնուրոյն ձայն էին, ապա ԺԱՄԱՆԱԿ-ի նման թերթերը այն մարմիններն էին, ուր այդ ձայնը սկսաւ ծաւալուիլ հիմնական հանրային խօսոյթին մէջ։ Կարեւոր է նշել նաեւ, որ երկու եղբայրներէն մէկուն՝ Սարգիս Գօչունեանի մահէն ետք, անոր այրին՝ Արաքսի Գոչունեանն է դարձած օրաթերթի արտօնատիրուհին։ 

Ի՞նչ կը գրէին արեւմտահայ կին մտաւորականները այսօրինակ թերթերու մէջ։ Այս հեղինակները, երբ կ՚երեւնային ընդհանուր մամուլին մէջ, սովորաբար կը գրէին կրթութեան, դաստիարակութեան, աշխատանքի եւ տնտեսական ինքնուրոյնութեան, ընտանիքի եւ ամուսնութեան նոր օրինակներու մասին, ինչպէս նաեւ կնոջ հասարակական դերի կարեւորութեան, հասարակական բարեփոխումներու անհրաժեշտութեան, երբեմն նաեւ քաղաքական ու ազգային հարցերու մասին։ Անոնք կրցան կանանց հարցը դուրս բերել նեղ շրջանակէն եւ դարձնել հասարակական խնդիր։

Ինչո՞ւ է ասիկա կարեւոր․ այսօրինակ թերթերը կ՚ապահովէին կանանց իրական ազդեցութիւնը․ զանոնք կը կարդային բոլորը՝ տղամարդիկ, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ։ Հետեւաբար՝ այս կանայք ո՛չ թէ պարզապէս կը հրատարակուէին, այլ աստիճանաբար կը կոտրէին մամուլի տղամարդակեդրոն բնոյթը եւ կը փոխէին թեմաներու շրջանակը, այսինքն՝ կանանց ձայնը կը դառնար հասարակութեան ձայնին մէկ մասը, ո՛չ թէ առանձին շերտ։ 

-Ի՞նչ հիմնական աւանդ ունեցած են արեւմտահայ կին գրողները՝ մամուլի մէջ։ 

-Ասիկա ամենայատկանշականն է, թէ՝ ի՛նչ աւանդներ ունէին, ի՛նչ լեզուով եւ ի՛նչ հնարքներով կը գրէին արեւմտահայ կին մտաւորականները, որպէսզի իրենց մտքերը հասկնալի ու ընդունելի դառնան նաեւ տղամարդոց համար։ Իբրեւ օրինակ առնենք Զապէլ Եսայեանի, անոր ժամանակակիցներու կամ անոնցմէ կանուխ ձեւաւորուած հրապարակախօսութիւնը (ոճի բնորոշ վերարտադրութեամբ)։

Այս համատեքստին մէջ՝ ուշագրաւ է մայրութեան գաղափարի օգտագործումը եւ տարածումը․ կիներ յաճախ իրենց պահանջները կը ներկայացնէին ո՛չ թէ հակադրութեամբ, այլ, այսպէս կոչուած, ընդունելի արժէքներու միջոցով։ Անոնք չէին վիճարկեր տղամարդոց անմիջական գերակայութիւնը, այլ ցոյց կու տային, որ կնոջ զարգացումը օգտակար է ամբողջ հասարակութեան։ Հետեւաբար՝ կինը պէտք է կրթուէր, քանի որ տգէտ կինը չէր կրնար դաստիարակել կիրթ սերունդ։ 

Միւս կարեւոր յատկանիշը բարոյական լեզուն էր կամ ոչ-յարձակողական պայքարը։ Օրինակ, Սրբուհի Տիւսաբի յօդուածներուն մէջ յաճախ կը հանդիպին «արդարութիւն», «աշխատութիւն», «տնտեսական անկախութիւն», «բարոյական զարգացում» բառերը։ Անոնց միջոցով, սակայն, առաջին հայ արձակագրուհին չ՚ըսեր՝ «մենք կ՚ուզենք իշխանութիւն», այլ կ՚ըսէ՝ «հասարակութիւնը պարտաւոր է ըլլալ արդար»։ 

Տուեալ ժամանակի համար առաւել ընդունելի էր նաեւ հարցադրումներու միջոցով կնոջ համոզելու կարողութիւնը։ Ուղղակի, ճակատային պնդումներու փոխարէն, անոնք յաճախ կ՚օգտագործէին հարցումներ․ «Կրնա՞յ արդեօք հասարակութիւնը յառաջդիմել, եթէ անոր մէկ կէսը զուրկ է կրթութենէ»։ Այս մէկը ուժեղ հնարք էր, որովհետեւ ընթերցողը կը սկսէր ինքզինքին պատասխանել եւ աւելի դիւրին կ՚ընդունէր միտքը։ 

Զապէլ Եսայեանի քով կը տեսնենք նաեւ անձնական փորձի ու զգացումի կիրառութիւնը․ իրական-կենսագրական պատմութիւններ, կանանց կեանքի նկարագրութիւններ, զգացական, բայց վերահսկուած տօն։ Սա շատ կարեւոր էր, որովհետեւ տղամարդ ընթերցողը ո՛չ միայն կը լսէր փաստարկը, այլ նաեւ կը զգար խնդիրը։

Եւ, ի վերջոյ, եթէ բնութագրենք արեւմտահայ կին մտաւորականներու պահանջները, ապա միանշանակ կրնանք ըսել, որ անոնք չափաւոր կամ աստիճանական էին. անոնք հազուադէպ կը պահանջէին կտրուկ յեղափոխութիւն։ Փոխարէնը՝ կրթութիւն-ետքը աշխատանք-ետքը իրաւունքներ։ Այս քայլ առ քայլ մօտեցումը աւելի իրատեսական էր եւ չէր յառաջացներ կտրուկ դիմադրութիւն տղամարդոց կողմէ։ Այսօրինակ լեզուն պատահական չէր, քանի որ կին մտաւորականները կրնային խելացիօրէն շրջանցել ընկերային սահմանափակումները եւ իրականութեան մէջ յառաջ կը տանէին բաւական յառաջադէմ գաղափարներ։ Այսինքն՝ անոնք կը գրէին կամ կը խմբագրէին այնպէս, որ չվախցնեն, բայց փոխեն մտածողութիւնը, ինչն ալ կը հիմնաւորէր անոնց առաջնորդութիւնը եւ աւանդը ո՛չ միայն մամուլի, այլեւ հասարակութեան, միջավայրի ձեւաւորման եւ զարգացման գործին մէջ։

-Ծրագրի նպատակներէն մէկը կանանց «առաջնորդական դերակատարութեան» բացայայտումն է։ Ըստ ձեզի՝ ի՞նչն էր այն գլխաւոր շարժիչ ուժը, որ թոյլ տուաւ 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու սկիզբին կանանց հիմնադրել սեփական հանդէսները, թերթերն ու ազդել հասարակական կարծիքի վրայ։

-Գիտական այս նախագծի կարեւոր նպատակներէն մէկը, այո՛, կանանց առաջնորդական դերակատարութեան բացայայտումն է, անոնց կողմէ եւ անոնց մասնակցութեամբ տպագրուած մամուլի եւ գրականութեան պատմութեան ընթացքի առաւել խորքային եւ գաղտնագրուած հիմնահարցերու լուսաբանումն ու քննութիւնը, ինչպէս նաեւ 1840-1920 թուականներու միջեւ ինկած ժամանակահատուածի՝ նորովի տեսական-քննադատական մեկնաբանումը: Այս հետազօտութիւնը կարեւոր քայլ մըն է նաեւ հասարակութեան մէջ կնոջ նշանակութեան եւ արժեւորման շարունակական գործընթացին մէջ:

19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու սկիզբին կանանց կողմէ սեփական հանդէսներու ու թերթերու ստեղծումը մէկ պատճառի արդիւնք չէր․ ատիկա քանի մը փոխկապակցուած ուժերու համադրութիւն էր։ Բայց, եթէ պէտք է առանձնացնել «գլխաւոր շարժիչ ուժը», ապա զայն կարելի է ձեւակերպել իբրեւ կրթութեան եւ ինքնագիտակցութեան աճի հիման վրայ ձեւաւորուած ընկերային ու քաղաքական ինքնադրսեւորման պահանջ։ 

Ես կրնամ նշել քանի մը հիմնաւոր պատճառներ, որոնք կարելի կը դարձնէին այդ «շարժիչ ուժի» գործարկումը․

Կրթութեան եւ դաստիարակութեան տարածումը․ 1840-ական թուականներէն սկսեալ կանանց շրջանակին մէջ կրթութիւնը եւ դաստիարակութիւնը զգալիօրէն աճեցաւ։ Աւելի շատ կանայք սկսան գրել, կարդալ, վերլուծել։ Այս մէկը անոնց տուաւ ո՛չ միայն գործիքներ, այլեւ վստահութիւն՝ սեփական ձայնը լսելի դարձնելու համար։

Տպագրութեան եւ արհեստագիտութեան (technology) զարգացումը․ Տպագրական արհեստագիտութեան զարգացումը եւ հասանելիութիւնը ստեղծեցին գաղափարական այն միջավայրը, որ թոյլ տուաւ աւելի լայն հանրութեան՝ այդ կարգին կանանց (Էլպիս Կեսարացեան, Սրբուհի Ա. Երիցեան, Մարի Պէյլէրեան, Հայկանոյշ Մառք, Զապէլ Եսայեան եւ այլք) դառնալ թերթերու ու հանդէսներու խմբագիրներ, պայքարիլ ազատ խօսքի համար, ուստի՝ տպագիր մամուլը դարձաւ այդ պայքարի հիմնական հարթակներէն մէկը։

Ընկերային սահմանափակումներու յաղթահարման ցանկութիւնը․ Կանայք երկար ժամանակ դուրս մղուած էին հանրային կեանքէն, սակայն կը շարունակէին պայքարիլ իրենց քաղաքացիական, աշխատանք եւ ձայն ունենալու հաւասար իրաւունքներուն համար (Սրբուհի Տիւսաբ, Սիպիլ, Արշակուհի Թէոդիկ եւ այլք)։ Ճիշդ այդ սահմանափակումը դարձաւ հակառակ շարժիչ ուժ՝ ստեղծելու սեփական հարթակներ, ուր կրնային արտայայտուիլ ազատօրէն։

Համախմբում եւ ցանցերու ձեւաւորում․ Կանանց կողմէ հիմնադրուած կազմակերպութիւնները, սալոնները, վարժարանները, դպրոցները, բարեսիրական ընկերութիւններն ու միութիւնները եւ կրթական այլ հաստատութիւնները նպաստեցին համագործակցութեան։ Մամուլը դարձաւ այդ ցանցերը միաւորող օղակ։

Ամփոփելով՝ նշեմ, որ գլխաւոր շարժիչ ուժը ո՛ միայն արտաքին պայմաններն էին, այլեւ կանանց ինքնարտայայտուելու, իրաւունքներ ձեռք բերելու եւ հասարակութեան մէջ իրենց տեղը վերաիմաստաւորելու ներքին պահանջը։

Եւ մամուլը, անշուշտ, այդ պայքարի ամենաարդիւնաւէտ գործիքներէն մէկն էր։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2026