ԱԴՐԻԱԿԱՆԻ ԱՀԵՂ ՄԱԿԸՆԹԱՑՈՒԹԻՒՆԸ. ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴՆ ՈՒ ՍՈՒՐԲ ՂԱԶԱՐԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՈԳԻՆ

Վենետիկի նեղ ջրանցքներուն վրայ սահող նաւակները, հին կամուրջները եւ զբօսաշրջիկներով լեցուն փողոցները այսօր դժուար թէ յիշեցնեն, որ ընդամէնը քանի մը տասնամեակ առաջ այս քաղաքը կանգնած էր աւերման եզրին։ 

Վաթսուն տարի առաջ՝ 1966 թուականի նոյեմբերի 4-ին, Ադրիականի աննախադէպ մակընթացութիւնը ջուրի տակ ձգեց պատմական Վենետիկի մեծ մասը՝ սպառնալով ո՛չ միայն հազարաւոր բնակիչներու կեանքին, այլեւ մարդկութեան մշակութային ամենաարժէքաւոր ժառանգութիւններէն մէկուն։

Սակայն, այդ նոյն աղէտը դարձաւ նաեւ վերածնունդի պատմութիւն մը։ Աշխարհի զանազան երկիրներէն հասած աջակցութիւնը, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ անհատներու համախմբուած ջանքերը նոր շունչ տուին քաղաքին։ Վենետիկի այսօրուան շքեղութիւնը այդ միասնականութեան կենդանի վկայութիւնն է՝ ապացոյց մը, թէ մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու կամքը կրնայ յաղթահարել նոյնիսկ բնութեան ամենադաժան հարուածները։

Այս համաշխարհային փորձութեան մէջ իր առանձնայատուկ տեղը ունեցաւ նաեւ հայ մշակոյթի դարաւոր ամրոցը՝ Սուրբ Ղազար կղզին։ Երբ Ադրիականի աղի ջուրը կը բարձրանար, վանքի միաբաններն ու աշակերտները բնութեան դէմ մրցելով կը փորձէին փրկել ձեռագիրները, գիրքերը, տպագրական մեքենաները եւ ազգային յիշողութիւնը մարմնաւորող անգնահատելի գանձերը։ 

Վենետիկի ջրհեղեղին պատմութիւնը, հետեւաբար, նաեւ Սուրբ Ղազարի փրկութեան պատմութիւնն է։

1966․ ԱԴՐԻԱԿԱՆԸ ԽՈՒԺԵՑ ՎԵՆԵՏԻԿ

1966 թուականի նոյեմբերի 4-ին, Վենետիկը ենթարկուեցաւ իր պատմութեան ամենածանր բնական աղէտներէն մէկուն։ 

Աննախադէպ մակընթացութիւնը (յայտնի «Բարձր ջուր» անունով), յորդառատ անձրեւները, գետերու վարարումը եւ հարաւ-արեւելեան սաստիկ քամին միաժամանակ հարուածեցին քաղաքը՝ ջուրի մակարդակը հասցնելով 194 սանթիմեթրի։

Այս ցուցանիշը երկար տարիներ մնաց Վենետիկի պատմութեան ամենաբարձր արձանագրուած մակարդակը։

Թէեւ Վենետիկը դարեր շարունակ ապրած է պարբերաբար կրկնուող բարձր ջուրերու հետ, 1966 թուականի ջրհեղեղը իր ծաւալով եւ հետեւանքներով բացառիկ էր։ Հազարաւոր բնակիչներ անօթեւան մնացին, պատմական շէնքեր, եկեղեցիներ, թանգարաններ եւ մշակութային հաւաքածոներ ծանր վնասներ կրեցին, իսկ քաղաքին տնտեսական կեանքը օրերով կաթ-ւածահար եղաւ։ 

Սակայն, 1966 թուականի նոյեմբերեան աղէտը միայն Վենետիկով չէր սահմանափակուած։ Իտալիոյ բազմաթիւ շրջաններ եւ քաղաքներ նոյնպէս ենթարկուեցան սաստիկ հեղեղումներու, որոնց հետեւանքով երկրի տարածքին աւելի քան հարիւր մարդ զոհուեցաւ։ Առաւել ծանր հարուածներէն մէկը կրեց Ֆլորանսը, տուժեցին նաեւ երկրի այլ քաղաքներ ու բնակավայրեր։ Առնօ գետի վարարումը մարդկային տասնեակ զոհերու կողքին ծանր վնաս հասցուց Ֆլորանսի պատմական կեդրոնին, եկեղեցիներուն, թանգարաններուն, գրադարաններուն եւ անգնահատելի արուեստի ու գրական ժառանգութեան։

Մինչեւ 2019 թուականը 1966-ի ջրհեղեղը կը նկատուէր Վենետիկի պատմութեան ամենակործանարար բնական աղէտը։ Թէեւ 2019 թուականին քաղաքը կրկին ենթարկուեցաւ ծանր մակընթացութեան, որուն հետեւանքով պատմական կեդրոնին մեծ մասը ջուրի տակ մնաց եւ նորէն զոհեր եղան, 1966 թուականի աղէտը մինչեւ այսօր կը շարունակէ մնալ այն շրջադարձային փորձութիւնը, որ արմատապէս փոխեց Վենետիկի պահպանութեան նկատմամբ աշխարհի վերաբերմունքը։

Աղէտին իրական ծաւալը, սակայն, ամբողջութեամբ կը բացայայտուի անոր պատճառած մարդկային, նիւթական եւ մշակութային կորուստներուն մէջ։

ՔԱՂԱՔԻ ԿՐԱԾ ՎՆԱՍՆԵՐԸ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ ՍԿԻԶԲԸ

Ադրիականի աղի ջուրը անխնայ խուժեց Վենետիկի պատմական կեդրոնը՝ վնասելով քաղաքի ամենանշանաւոր կոթողները։

Սուրբ Մարկոսի տաճարի ստորգետնեայ դամբարանները ամբողջովին ջրասոյզ եղան, ջուրը ներթափանցեց դարաւոր խճանկարներու եւ մարմարեայ յատակներու տակ, իսկ եկեղեցիներ, թանգարաններ, բնակարաններ ու առեւտրական հաստատութիւններ ծանր վնասներ կրեցին։ Քաղաքի ջրային փոխադրամիջոցներու մեծ մասը շարքէ դուրս եկաւ, նաւամատոյցներ խորտակուեցան, իսկ ելեկտրականութեան եւ հեռահաղորդակցութեան ցանցերը օրերով դադրեցան գործելէ։

Նոյեմբերի 4-ի առաւօտեան ջուրը ժամ առ ժամ կը բարձրանար։ Սուրբ Մարկոսի հրապարակը վերածուած էր ընդարձակ ծովածոցի, իսկ Տոճերու պալատը շուրջ մէկուկէս մեթր ջուրի տակ մնաց։ Երեք օր շարունակ տեղատարափ անձրեւները եւ մակընթացութիւնը կը շարունակէին աւերել քաղաքը։ Վենետիկը ամբողջովին մեկուսացաւ արտաքին աշխարհէն, հազարաւոր բնակիչներ ստիպուած էին կեանքը շարունակել ջուրով ողողուած փողոցներու մէջ, իսկ խանութներու, արհեստանոցներու եւ առեւտրական հաստատութիւններու մեծ մասը կա՛մ վնասուեցաւ, կամ ամբողջովին կորսնցուց իր գոյքը։

Բայց աղէտին յաջորդած օրերուն սկսաւ նաեւ Վենետիկի մեծ վերականգնման շրջանը։ Բազմաթիւ երկիրներու կառավարութիւններ, մշակութային հիմնարկներ, միջազգային կազմակերպութիւններ եւ անհատ բարերարներ ձեռք երկարեցին քաղաքին։ ՒՒՆԷՍՔՕ-ն, Վենետիկի պահպանութեան յանձնախումբերը եւ բազմաթիւ այլ կազմակերպութիւններ նախաձեռնեցին լայնածաւալ վերականգնման աշխատանքներ, որովհետեւ բոլորին համար պարզ էր, որ Վենետիկը միայն Իտալիոյ քաղաք մը չէր, այլ ամբողջ մարդկութեան մշակութային ժառանգութեան անփոխարինելի մասը։

Սակայն, Վենետիկի այս համաշխարհային ողբերգութիւնը ունի նաեւ հայկական էջ մը, որ նոյնքան զգայուն է։

ՍՈՒՐԲ ՂԱԶԱՐԸ՝ ԱՂԷՏԻ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ

1717 թուականին, Մխիթար Սեբաստացին եւ իր աշակերտները Վենետիկի Ծերակոյտէն ստացան այդ ժամանակ լքուած կղզին եւ զայն վերածեցին հայ ազգային վերածնունդի բացառիկ կեդրոնի։ Երկուքուկէս դարու ընթացքին Սուրբ Ղազարը դարձաւ լեզուագիտութեան, պատմագրութեան, տպագրութեան, ձեռագրագիտութեան եւ հայագիտական ուսումնասիրութիւններու համաշխարհային օճախ մը։ Դիմագրաւեց Նափոլէոնի բռնագրաւումները, քաղաքական փոթորիկները եւ պատերազմները՝ պահպանելով իր առաքելութիւնն ու ինքնուրոյնութիւնը։

1966 թուականի նոյեմբերին, երբ Ադրիականի ալիքները կը հարուածէին Վենետիկը, այդ նոյն վտանգը հասաւ նաեւ Սուրբ Ղազար։

Վանքի միաբանները եւ աշակերտները ստիպուած էին վայրկեաններու ընթացքին որոշել, թէ նախ ի՛նչ պէտք է փրկել։ Անոնց առաջնահերթութիւնը շէնքերը չէին, այլ հայ մշակոյթի դարերով հաւաքուած գանձերը՝ ձեռագիրները, հնատիպ գիրքերը, մամուլի հաւաքածոները, տպագրական մեքենաներն ու արխիւները։

Այդ օրերու ամենահաւաստի եւ անմիջական վկայութիւնը մեզի հասած է 1967 թուականին Մխիթարեան միաբանութեան «Բազմավէպ» ամսագրին մէջ Հ. Ներսէս Տէր-Ներսէսեանի ստորագրած յօդուածին շնորհիւ։ Ան ականատեսն էր դէպքերուն եւ նաեւ անձամբ մասնակցած էր փրկարար աշխատանքներուն, ուստի, իր վկայութիւնը բացառիկ արժէք ունի։ Անոր գրառումները ցոյց կու տան, թէ ինչպէս ջուրը մէկ առ մէկ կը ներթափանցէր վանքի բաժինները, ինչպէս միաբաններն ու աշակերտները վտանգելով իրենք զիրենք՝ կը փորձէին փրկել գիրքերն ու մշակութային ժառանգութիւնը, նաեւ ինչպէս ամբողջ հայութիւնը օրերու ընթացքին համախմբուեցաւ Սուրբ Ղազարի կողքին։

Կը վերահրատարակենք վկայութիւնը՝ ամբողջութեամբ։ 

ՈՂՈՂՈՒՄ ՍՈՒՐԲ ՂԱԶԱՐԻ

Նոյեմբերի 4-ի ջրհեղեղը, որ հարուածեց գրեթէ բոլոր Իտալիան, մանաւանդ Ֆիրենցէ ու Վենետիկ քաղաքները, չխնայեց նաեւ Ս. Ղազարին, հակառակ որ անոր պարիսպները մնացին անխորտակելի: Աննախընթաց մակընթացութիւն մը, որուն նմանը չի յիշատակուիր հազար տարիէ ի վեր, միացած հարաւ-արեւելեան կատաղի քամիին (120 հզրմդր․ ժամական արագութեամբ), խուժեց յանկարծ Վենետիկի խաղաղ լճակին վրայ: Յորդահոս անձրեւը կու տար իսկական Ջրհեղեղի մը տխուր պատկերը: 

Ծովի ջուրը բարձրացած էր մէկուկէս մեթրէն աւելի, սովորական աստիճանէն վեր։ Վանքի մեծ ու փոքր նաւամատոյցներէն եւ շրջապատի այլ յարակից մուտքերէն անգամ (չպատահած եղելութիւն) ջուրը խուժեց ներս մայր դրան առջեւ․ հասաւ մինչեւ 1,13 մ. բարձրութեան: Հակառակ որ ստորին յարկի սրահները թեթեւ զառիվեր մը ունին, յորդահոս ջուրը մտնելով հիւրանոցէն, առաջացաւ մինչեւ խոհանոց, ճաշարան, եկեղեցի, շտեմարաններ, աշխատաւորներու սենեակներ, նորընծայարան, ներքին մատուռ:

Ըստ վանքի ժամանակագրութեան, 1916-ի նոյեմբերի 21-ին տեղի ունեցած է մեծ մակընթացութիւն մը եւ ջուրը սեղանատան մէջ հասած է մինչեւ 0,38 մ. բարձրութեան. այս անգամ սակայն բարձրացաւ մինչեւ 0,78 մ.: Իսկ եկեղեցին, ջուրը անցնելով ատեանէն, մտաւ դաս ու բարձրացաւ մինչեւ աւագ բեմի երրորդ աստիճանը (0,44 մ. դասին մէջ): Թէ՛ 1916-ի, թէ՛ 1935-ի եւ թէ 1951-ի մակընթացութիւններուն ջուրը չէր մտած դաս։ 

Վանքի քառանկիւնին ներքին պարտէզը, արտաքին պարտէզին մեծ մասը եւ այգին երկար ժամեր մնացին ջուրերու տակ. սովորական պայմաններուն, ջուրը վեց ժամուան ընթացքին կը սկսէր քաշուիլ, այս անգամ յամառօրէն մնաց 12 ժամէն աւելի: Իմացանք, որ Վենետիկի լճակին պաշտպան՝ դարաւոր հսկայ թումբերն ալ խորտակուեր են ծովի ահեղ ալիքներուն դիմաց, եւ Ադրիականը կատաղօրէն խուժեր է ներս:

Ս. Ղազարի վարի յարկերէն մասնաւորաբար վնասուեցան սեղանատան եւ եկեղեցւոյ ընկոյզէ որմնատախտակները, ներքնայարկի կահ-կարասիները. իսկ մարմարեայ սիւներուն վրայ իջաւ նաւթային թանձր մրուր մը։ Ջերմաբաշխի կեդրոնները, իրենց ելեկտրական սարքերով եւ բոցահան մեքենաներով սուզուեցան ջուրերու տակ։ Դադրեցաւ ելեկտրականութիւն ու հեռաձայն: 

Մինչ մէկ կողմէն ջուրերը կը բարձրանային ահեղ թափով, ներսը պայքարը սկսած էր փրկելու համար կարելին. միաբաններ ու աշակերտներ կը բարձրացնէին եւ ապա քիչ մըն ալ աւելի կը բարձրացնէին ամէն թանկագին առարկայ, գիրք ու լրագիր: 

Հակառակ ամէն նախազգուշութեան, ջուրը մտաւ նաեւ տպարան, որ թէեւ ներքնայարկի վրայ, սակայն հինգ աստիճան աւելի բարձր է միւս յարկաբաժիններէն։ Տպագրական բազմաթիւ մեքենաներու ներքնամասերը մնացին աղի ջուրին տակ: 

Երիտասարդ վարդապետներէն յանդգնագոյններ բոկոտն իջան տպարան, գրեթէ լողալով, փրկելու համար այնտեղէն ալ կարելին. ի մասնաւորի, հայկական մանրանկարչութեան նորատիպ պրակները եւ… յաջողեցան: Դժբախտաբար, անկարելի եղաւ պարպել գրավաճառանոցի հսկայ շտեմարանը, ուր ջուրը շուրջ կէս մեթր բարձրութեամբ մտաւ: Բաւական թիւով հին ու նոր տպագրութիւններ թաղուեցան ջուրերու տակ, խլելով արցունքը բոլոր միաբաններուն: 

Անդին, քամին պարտէզին մէջ կը տապալէր հսկայ ու գեղեցիկ ծառեր. բայց այդ այնքան չէր մտահոգեր մեզ, որքան մշակութային գանձերը։ Բարեբախտաբար գրադարանի, ձեռագրատան, դիւանի, լրագրային հաւաքածոներու ճոխ բաժինները կը գտնուէին վերին յարկերուն մէջ, ուր ջուրը չէր կրնար հասնիլ: Որեւէ վտանգ չպատահեցաւ այդ գանձերուն: Սակայն, ստորին յարկին մէջ բաւական վնասուեցան լրագրային հաւաքածոներու երկրորդ օրինակները: 

Այս բոլորը հազիւ քանի մը ժամուան ընթացքին։ Առաւօտեան ժամը 9 կ՚անցնէր, երբ զգացինք ջուրերուն խուժումը. կէսօրին արդէն ամէն ինչ ջուրին տակ էր սուզուած: Վարդապետներն ու աշակերտները, ջուրերու դէմ պայքարելէ ետք, հուսկ քաշուեցան վերի յարկերը՝ չոր ճաշ մը կատարելու։ Բարեբախտաբար, տօնական օր ըլլալով, հացը նախորդ օրէն եկած էր. ու գոնէ ատիկա չպակսեցաւ: Իսկ մնացած ուտելիքները վարի մառանէն վեր փոխադրելու համար՝ մինչեւ իսկ զուարճալի հնարքներու հարկ եղաւ դիմել: 

Ու մթնեց․ իջաւ տխուր երեկոն սառ ջուրերուն վրայ, վառեցան մոմերը․ բայց ջուրը կը մնար յամառօրէն: Գիշերուան ժամը տասի ատեններն էր, երբ նշմարեցինք, թէ ջուրը վերջապէս սկսած էր քաշուիլ: Արդէն կը մարէին մոմերն ալ, կը վառէր լոկ յոյսը։ Հովը դադրած էր. աստղազարդ գիշեր մըն էր:

Առաւօտուն դարձեալ խոնաւ օդը պատեր էր. ջուրերը բոլորովին քաշուած էին, ձգելով սակայն ջարդի ու թալանի տխուր տպաւորութիւն: Եւ ահա դարձեալ գործի. մաքրելու, սրբելու եւ տեղաւորելու ամէն ինչ, կարգ մը բաներ ալ նետելու առ յաւէտ: Օրեր կ՚անցնին․ բայց հետզհետէ աւելի զգալի կը դառնայ ջուրին գործած հսկայ աւերը: Հեռաձայնը կը սկսի բանիլ. եւ ահա տխուր լուրեր կը բարդուին: 

Ինչպէս ծանօթ է, վանքը ունի Վենետիկի նահանգին մէջ հողային կալուածներ, գիւղացիներու յանձնուած՝ մշակութեան համար։ Գրեթէ բոլոր այդ հողամասերը՝ այգիներ, մրգաստաններ, բանջարանոցներ, մնացած էին ջուրերու եւ տիղմի տակ։ Աղէտին արդիւնքը զգալի պիտի ըլլայ մինչեւ մէկ կամ երկու տարի, ըստ մասնագէտներու․ իսկ կորուստը աղէտաբեր է թէ՛ վանքին եւ թէ հողամշակ գիւղացիներուն համար։ Դժբախտաբար, աղէտին չյաջորդեցին չոր ու արեւոտ օրեր, գոնէ մասամբ դարմանելու համար վնասները։ Տպարանը շաբաթներով մնաց ամուլ, մեքենաներու նորոգութեան գործով լոկ զբաղած։ Բաւական մեծ էր իսկապէս կորուստը հնատիպ մատեաններու եւ «Բազմավէպ»երու հին շարքերուն մէջ․ յարկ եղաւ յաջորդ օրերուն եւ ամիսներ շարունակ, թրջած գիրքերն ու թերթերը մէկիկ մէկիկ բանալ ու փռել՝ վանքի վերին նրբանցքներուն մէջ, վառարաններուն մօտիկ, չորցնելու համար այդ բոլորը՝ պրակ առ պրակ, էջ առ էջ: 

Ո՛չ մէկ վնաս վարդապետներուն, աշակերտներուն եւ աշխատաւորներուն: 

Բաւական վնաս ունեցաւ նաեւ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանը․ հոն ջուրը ներս խուժած է ստորին յարկի պատուհաններէն իսկ, միասին բերելով քաղաքի ստորախաւերէն հաւաքած նաւթը ու սեւցնելով պատերը։ Ամբողջ պարտէզը սուզուած է ջուրի տակ։ Վարժարանը զուրկ մնացած է ելեկտրական լոյսէ ամբողջ վեց օր։ Բարեբախտաբար, խոհանոցը բարձր ըլլալով, վնաս չէ կրած. կերակուրը անպակաս է եղած. հացը կարելի եղած է ճարել մերձաւոր Մեսթրէ քաղաքէն։ Դասարաններն ալ բոլոր երկրորդ յարկի վրայ ըլլալով, չեն վնասուած․ սակայն, վարի յարկը ամբողջ կեղտոտած է։ Վարժարանին նորոգութիւնները տակաւին չէին աւարտած ու փճացած են շինութեան վերաբերեալ կարգ մը նախանիւթեր․ վնասուած են ստորին բոլոր սենեակները, մանաւանդ հեռատեսիլի եւ շարժանկարի սրահը, լուացքի մեքենաները, ջերմութեան կեդրոնը, դպրոցական գրադարանը, հանդերձատունը եւ այլ յարակից մասեր։ Ո՛չ մէկ վնաս անձի։ Դասերը կանոնաւորաբար շարունակուած են, նոյնիսկ մոմի լոյսով։ 

Վնասուած է նաեւ քաղաքին մէջ գտնուող Հայոց Ս. Խաչ եկեղեցին. ջուրը փճացուցած է գորգեր, ընկոյզէ հին ու արժէքաւոր նստարաններ ու թողած է եկեղեցին աւերակ վիճակի մէջ։ Վենետիկցի բարեպաշտ ընտանիք մը յաջորդ առտու կանուխ փութացած է մաքրելու եւ կարգ ու կանոն դնելու Հայոց եկեղեցւոյն մէջ, օգնելով հոգաբարձու մեր վարդապետին: 

Աղէտին լուրը շուտով կը հասնի Միլան ու արտասահման, մինչեւ Ամերիկա եւ Հայաստան․ եւ իսկոյն, սրտեռանդն ազգակիցներ, թէ՛ վշտակցական-քաջալերիչ նամակներով, նոյնիսկ հեռաձայնով, եւ թէ վեհանձն նուէրներով՝ ինքնաբերաբար կը փութան օգնել միաբանութեանս: 

Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթի պատուարժան խմբագրութիւնը, անմիջապէս, հանգանակութեան կը ձեռնարկէ, ինքնաբուխ կոչով մը։

Միլանի հայ գաղութը՝ գլխաւորութեամբ Գաղութային միութեան, «Հայ տուն»ի եւ Մշակութային միութեան իր կազմակերպութիւններուն, ինքնայօժար ազնուութեամբ կոչ կ՚ուղղէ իտալաբնակ բոլոր հայերուն՝ փութալու օգնութեան։ Արտասահմանի բոլոր հայ թերթերու խմբագրութիւնները, սրտի մեծ ցաւով, արձագանգ կու տան ողողումի դժբախտ դէպքին։ 

Ս. Ղազարի օգնութեան դիմելու շարժումը կ՚անցնի ծովերը, կը հասնի մինչեւ Մերձաւոր Արեւելք, Լիբանան, Եթովպիա, Արժանթին, Միացեալ Նահանգներ: Լիզպոնի «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Նիւ Եորքի կեդրոնը, բարեգործական այլ հաստատութիւններ, տիկնանց խնամակալութիւններ, հայրենակցական միութիւններ, խմբագրութիւններ ու խմբագիրներ, ազնուահոգի անհատներ, մեծով պզտիկով, կը բերեն իրենց պատրաստակամ մասնակցութիւնը՝ Ս. Ղազարի վնասները փութով դարմանելու մտահոգութեամբ: …Բացառիկ յուզում ու քաջալերանք կ՚ազդէ վանքին՝ Սուրբ Էջմիածնի գահակալ Վեհափառ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի վշտակցական հեռագիրը, որուն կը յաջորդէ երկրորդ մը՝ սրտաբուխ նուիրատուութեան մը հետ: Բազմաթիւ այլ ցաւակցական նամակներ կը հասնին Հայաստանի գիտական ու մշակութային կեդրոններէն, որոնք մեծ տխրութեամբ համակուած՝ լուրեր կ՚ուզեն մեր աղէտէն: Միաբանութիւնը մեծ յուզումով կը նկատէ հայ ժողովուրդին վեհանձն ընթացքը եւ մեծապէս քաջալերուած՝ իր անկեղծ ու խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ բոլորին: Շնորհակալութիւն, որ գործնականօրէն պիտի յայտնուի որդիական ու կրկնապատիկ նուիրումով՝ հայ մշակոյթին եւ ազգային գանձերու անարատ պահպանումին, որուն ի սպաս կերտուած է Ս. Ղազար: 

Ս. Ղազարու միաբանները չափազանց յուզուած են, յատկապէս այն երեւոյթին համար, որ առանց իրենց կողմէ հրատարակուած կոչերու, հայ ժողովուրդը՝ ինքնայօժար ու սրտաբուխ պատրաստակամութեամբ՝ օժանդակութեան ամուր թումբ մը բարձրացուց, սանձելու համար Ադրիականի խրոխտ ալիքները: 

Հայ ժողովուրդին նուիրած լումաները պիտի ծառայեն ո՛չ միայն նիւթապէս գեղազարդելու Ս. Ղազարը՝ իր նախկին վայելչութեամբ, այլ պիտի տան շատ աւելի բարձր արդիւնք՝ բողբոջելով հայ մշակոյթի անդաստանին մէջ, երախտագիտութեան ծաղիկներով:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2026