ՊԵՐՃ ՊՌՕՇԵԱՆԻ ՀԵՏ
3 յունիսի այգաբացի առաջին շառայլները ողջունելով, Հայաստանի մէջ աշտարակցիները կ՚արթննան արտերու եւ հանդերու մէջէն իրենց մեծանուն գրողին՝ Պերճ Պռօշեանի (Յովհաննէս Տէր-Առաքելեան Ստեփանի՝ աւազանի անունով, Աշտարակ գիւղ, 3 յունիս 1837 - Պաքու, 23 նոյեմբեր 1907, թաղուած է Խոջիվանքի Հայոց պանթէոնը, Թիֆլիզ) գրական բերքերու հպարտանքը ապրելու, ի լուր աշխարհին բարձրացնելու «Սօս եւ Վարդիթեր»ի համբաւեալ երգիչին անցելայուշ երգերը:
Եւ ոչ միայն «Սօս եւ Վարդիթեր»ի, այլեւ «Կռուածաղիկ», «Հացի խնդիր», «Ցեցեր», «Բղդէ», «Սկիզբն երկանց», «Յունօ» վէպերու, «Ադամայ մութը», «Շատերից մէկը», «Աքցազչին», «Միքէլ Ազենց Աբդուլը», «Մեր Խեչօն», «Օրը կիրակի է, երազը՝ սուտ», «Գիւղական խանութպան», «Վարդի իւղը՝ մահադեղ», «Բուլի-բուլի» պատմուածքներու եւ զրոյցներու, «Յուշիկներ» ինքնակենսագրական պատումներու, «Հայ վարժապետը» վիպակի, որ կը վերթեւէ իր ազգայնաշունչ-հայրենաշունչ համաստեղութեամբ:
Հարկաւ իրաւունք ունին աշտարակցիները իրենց Աշտարակ գիւղի (այժմ՝ քաղաք) անունը մեր գրականութեան մէջ պարագրկելու եւ ընթերցողի հիացման ու հպարտութեան պատուանդանին կանգնեցնելու, յանուն Պերճ Պռօշեանի, որ իր սիրակարօտ սեւեռումները Աշտարակ քաղաքի ամբողջ համայնապատկերին տարածած, կու գայ հայ ժողովուրդին աւետելու այս տարի իր ծննդեան 189-ամեակը:
Բերէք եւ միաձուլէք Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» հրաշակերտ դիւցազնավէպի մտքի ու սրտի տրոփներուն անդնդախոյզ վէրքերը, այդ վէրքերուն ալ հայրենահունչ հառաչները, ապա դուք պիտի գտնէք նո՛յն տառապանքէն ծնած ու անոր աւիշով սնած «Սօս եւ Վարդիթեր»ը Պերճ Պռօշեանի, սակայն, պռօշեանակա՛ն ինքնատպութեամբ:
Դեռ աշակերտ Թիֆլիզի Ներսիսեան դպրոցի՝ Պերճ Պռօշեան ձեռք կը բերէ Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»ն, կը յափշտակուի վէպին բովանդակութենէն: Ասիկա ապագայ վիպասանին երկրորդ հանդիպումը կ՚ըլլայ Աբովեանի հետ: Առաջինը՝ իր ուսանողական տարիներուն էր, 1845-ին, երբ իր ծննդավայրի Շապուհ Շահնազարեանի տէրթոդիկեան տիպի դպրոց այցի էր եկած Աբովեան, որ տեսուչին առաջարկով դասարանին մէջ կը գնահատէ յառաջադէմ փոքրիկն Յովհաննէսը՝ ապագայ Պերճ Պռօշեանը, կարծէք իր օրհնանքը տալով պատանի Պերճի նորափթիթ տաղանդին:
22 տարեկանին Թիֆլիզի Ներսիսեան դպրոցի նախապատրաստական դասարանի ուսուցիչ: Տարի մը ետք, 1860-ին, Պռօշեան երբ հրատարակութեան կը յանձնէ իր առաջին վէպը՝ «Սօս եւ Վարդիթեր»ը, կը բացայայտէ, թէ իր վէպը ծնած է «Վէրք Հայաստանի»ի մայր երակէն, անոր հարազատ յուզումներուն աղբիւրէն, հանդիսանալով արեւելահայ վիպագրութեան ազգայնական-հայրենասիրական շունչով, իրապաշտ հայեացքներով պայքարուն ոգիին կենդանութիւն բերող առաջին վէպերէն մին:
19-րդ դարու անուանի բանաստեղծ եւ հայ քննադատական մտքի մեծ երախտաւոր Միքայէլ Նալպանտեան, ի թիւս այլ աշխատութիւններու, ծաւալուն աշխատութեամբ մը անդրադարձած է Պերճ Պռօշեանի «Սօս եւ Վարդիթեր» վէպին՝ «Կրիտիկա. Սօս Եւ Վարդիթեր» խորագրի տակ: Նալպանտեան թէեւ ցոյց կու տայ անոր մէջ գտած շատ մը հակասութիւնները, որոշ թերութիւնները, թոյլ կողմերը, սակայն նոյն ատեն կ՚արժեւորէ գործը, որ կ՚արտացոլացնէ իրապաշտ վիպասանին երկնատուր տաղանդը:
Վէպը՝ որ կը պատմէ Սօս եւ Վարդիթեր՝ գիւղացի երկու պատանիներու ողբերգական սիրոյ պատմութիւնը, կ՚ընդգծէ, որ անիկա կառուցուած է ո՛չ թէ որպէս ընտանեկան տրամա, այլ՝ ժողովրդական կեանքի ողբերգութիւն: Վէպին մէջ Պռօշեան դրամի աւերիչ ազդեցութիւնը կը ներկայացնէ այնպիսի ուժով, ուր պարզ կը դառնայ, որ ազգային-հասարակական կեանքի մէջ բոյն դրած այդ ցեցը քիչ-քիչ կրծելով՝ իրեն կ՚ենթարկէ կեանքի կառավարումը բոլոր ոլորտներէ ներս, ի վերջոյ հասարակութեան համար դառնալով չարիք:
1879-ին նախ «Փորձ» ամսագրին մէջ տպագրուած, ապա 1880-ին առանձին հատորով լոյս տեսած «Հացի խնդիր» վէպին հրատարակութենէն ինն տարի ետք, բնական է, որ Պռօշեան իր «Ցեցեր» (1889) վէպին մէջ ընդլայնելով աղեղը քննադատութեան նետին, այս անգամ թիրախ դարձնէ ընկերութեան մէջ բոյն դրած արիւնկզակ ցեցերու դիրքերը՝ նիւթը ներդաշնակելով ու կարգաւորելով Սոնէի ու Սամփսոնի միջեւ սիրոյ պատմութեամբ: Այստեղ ցեցապետը Բալասան աղան է, որ «ունի փող եւ ուրեմն՝ իրաւունք», ամէնուրեք իր թելադրութիւններն ու բռնութիւնը տարածելու:
Արդարեւ, Հայաստանի մէջ յառաջիկայ 7 յունիսի ընտրութիւններու իրարընդդէմ ատելավառ ամբաստանութիւններու մթնոլորտէն հեռու, աշտարակցիներ, այսօր կտրելով պատրանքի շղթաները, ցնծագին ղօղանջներու պէս կը բարձրաձայնեն բանաստեղծ Վահրամ Ալազանի (1903-1966) «Աշտարակ» բանաստեղծութիւնը, որ տարիներով հայ ընթերցողին մէջ եւ հայ երգիչներու երգացանկին վրայ ոգեւորիչ կանչ ու պատգամ եղաւ՝ հպարտութիւն առթող երգ, ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ սփիւռքի հայագաղութներէ ներս, յատկապէս առինքնող ու հմայիչ կատարողութեամբ հայրենի բազմավաստակ ժողովրդական արտիստ, էսդրատային անզուգական մեներգչուհի Ռաիսա Մկրտչեանի.
Հպա՜րտ նստած ժայռերի յաւերժական սեղանին,
Որդիներին քաջագործ, աղջիկներով գեղանի,
Իմ Հայաստան աշխարհի շողշողացող անգին ակ,
Ծիծեռնակի ուրա՜խ բոյն՝ Դոդոխեանի Աշտարակ:
Հենց այս դարը քո պայծառ ապագան է քեզ նշում,
Մասիս սարը մեր փառքի հին արձանն է մշուշում,
Գովքդ ասող երգիչը՝ Քասախ գետը ոտքիդ տակ,
Ուրախութեա՜ն լի սեղան՝ Պռօշեանի Աշտարակ:
Քո խաղողի ողկոյզում ես զգում եմ խինդը մեր,
Մեր հայկական անպարփակ, համայնական սի՜րտը մեծ,
Ստեղծագործ ու ճարտար, աշխատանքի ժիր փեթակ,
Երջանկութեա՜ն օրօրան՝ Շահազիզի Աշտարակ:
Տո՛ւր երգերիս նոր թեւեր, տո՛ւր երանգներ քո բախտից,
Տո՛ւր մի ողկոյզ, մի բաժակ՝ այգիներից դրախտիդ,
Որպէս որդի ընդունիր քո հիւրընկալ յարկի տակ,
Երգիչների՜ հայրենիք՝ Ալազանի Աշտարակ:
Բազմակողմանի տաղանդով օժտուած Պերճ Պռօշեան մշակած է նաեւ թատրերգութիւնը՝ հանդիսանալով գրական այդ սեռի մշակման ռահվիրաներէն մին մեր գրականութեան մէջ, թեւ ու թիկունք ըլլալով մասնաւորապէս Գաբրիէլ Սունդուկեանին: Հետեւաբար, իրմէ մեզի հասած «Աղասի» եւ «Բամպակ առնող» երկերը կը վկայեն վաւերական մեծութիւնը գրական այդ սեռին մէջ:
Նուազ արժէքաւոր չէ իր թարգմանական բերքն ալ: Պռօշեան թարգմանիչի իր հմտութիւնը դրսեւորած է նաեւ Լեւ Թոլսթոյի «Մանկութիւն եւ պատանեկութիւն», Չարլզ Տիքընզի «Տէյվիտ Քոփըրֆիլտ», Նիքոլայ Կոկոլի «Ամուսնութիւն» եւ այլ օտար հեղինակներու գործերու թարգմանութեանց ընդմէջէն: Ու այս բոլորին հետ, կարելի՞ է մոռնալ Արագածոտնի մարզի Աշտարակ գիւղին մէջ 1948-էն ի վեր մեծ վիպասանի անուամբ գործող ու բիւրաւոր այցելուներ ընդունող տուն-թանգարանը: Բաց աստի՝ իր անունով գոյութիւն ունեցող փողոցներն ու դպրոցները՝ Երեւանի, ամբողջ Հայաստանի ե՛ւ Արցախի տարածքին:
Պերճ Պռօշեանի «կարապի երգը» հանդիսացաւ «Հայ վարժապետը» վիպակը, որ անծանօթ մնաց հայ բանասիրութեան, կամ քիչ մը հեռու՝ գրական սեւեռումէ ու լուսարձակներէ: Անիկա ո՛չ միայն այժմէական ու հրատապ է իր նիւթով ու այնտեղ ներկայացուած տիպարներով, այլ կարելի է համարել գրողին փառապսակը՝ դասակարգային պայքարի ցցուն կողմերով, աղքատին ու հարուստին, իրաւատիրոջ ու անիրաւ մարդուն միջեւ տեղի ունեցող առօրեայ բախումներու պատկերներով, որոնք կը թակեն հայ դպրոցին, անոր դաստիարակչական կենսական դերին հանդէպ մեր ժողովուրդին մէջ կապարի ծանրութեամբ նստած անհոգութիւնը, հայերէն լեզուի հանէպ հայ աղաներու անփուփութիւնը: Այդպիսով հայ սերունդները նետելով գիրկը օտարացման, յետո՜յ ալ «ցաւելո՜ւ-ողբալո՜ւ», թէ «կարելի չեղա՜ւ փրկել հայ դպրոցը, կարելի չեղաւ հայ աշակերտին ջամբել հայերէն լեզու եւ հայոց պատմութիւն…»:
Մեր անզուգական բանաստեղծ Սիամանթօն կը սիրէր յաճախ գրել. «Կ՚աշտարակուի՜մ թախիծներովս եւ յուզումներո՜վս այս գիշեր…»:
Պերճ Պռօշեանի ծննդավայր Աշտարակը, Վահրամ Ալազանի «Աշտարակ» քերթուածը, Սիամանթոյի «աշտարակուող թախիծները…» միաձուլուելով, այսօր մինչեւ ո՜ր բարձունքները աշտարակեցին մեր յուզումնայեղց ներաշխարհը…:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
Պէյրութ