ԾԻԱԾԱՆ (ՃԻԱ) ԱՅՎԱԶԵԱՆԻ ԵՐԱԶԱՆՔԸ ԵՒ ԿՏԱԿԻՆ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒՄԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ - ԿԵԱՆՔ ՄԸ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԻՐՔԻՆ, ԳԻՏԵԼԻՔԻՆ ԵՒ ՄԱՐԴՈՑ

Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ վերջերս կեանքի կոչուեցաւ իմաստալից եւ հեռանկարային նախաձեռնութիւն մը, որ միաժամանակ հայուհիի մը ամբողջ կեանքի երազանքին իրականացումն էր եւ քայլ մը՝ դէպի արդիական ու բոլորին հասանելի գրադարանային համակարգ։

Գրադարանի առաջին յարկին մէջ սեպտեմբերին բացուեցաւ «Աջակից ընթերցասրահ»ը, որ ստեղծուած է սփիւռքահայ գրադարանավար, մատենագէտ, գրքագէտ, գրականագէտ եւ հասարակական գործիչ Ծիածան (Ճիա) Այվազեանի երազանքին, կտակին եւ անոր ընտանիքին ցանկութեան համաձայն։

Նոր ընթերցասրահը նախատեսուած է յատուկ կարիքներ ունեցող ընթերցողներու համար․ ստեղծուած է միջավայր մը, ուր իւրաքանչիւր ընթերցող, անկախ իր ունեցած ֆիզիքական եւ այլ խնդիրներէ, կրնայ հաւասար հիմունքներով օգտուիլ գրադարանի գրական, կրթական եւ մշակութային պաշարներէն։

«Աջակից ընթերցասրահ»ը համալրուած է ձայնագրուած գիրքերով, կոյրերու համար յօրինուած Պրայլեան գրատիպով տպուած գրականութեամբ եւ այլընտրանքային ձեւաչափերով հրատարակութիւններով, ինչպէս նաեւ ժամանակակից թեքնոլոժիք լուծումներով եւ յարմարեցուած սարքաւորումներով։ Նոր միջոցները հնարաւորութիւն կու տան գրականութիւնն ու տեղեկատուութիւնը մատուցելու զանազան յարմար ձեւերով եւ ընթերցանութիւնը դարձնելու աւելի դիւրին, արդիւնաւէտ ու մատչելի։ Կոյրերը, վատ տեսնողները, անդամալոյծները, դժընթերցութիւն ունեցողները եւ այլ սահմանափակումներով անձինք իւրաքանչիւրը այստեղ իր նախընտրած ձեւաչափով կրնայ կարդալ գիրքեր, ամսագրեր կամ լսել զանոնք, շօշափել, տեսնել եւ այլն։

Այս ընթերցասրահը, սակայն, միայն նոր տարածք մը չէ։ Անոր ետին կայ տասնամեակներու աշխատանք մը, գրադարանային մասնագիտութեան նուիրուած կեանք մը եւ գիրքը մարդոց հասանելի դարձնելու գաղափարին հաւատացող հայուհիի մը կտակը։

ԳԻՐՔԸ՝ ԿԵԱՆՔԻ ԸՆԿԵՐ

Ծիածան (Ճիա) Լեւոնի Այվազեան ծնած է 1934 թուականին, Յունաստանի Քաւալա քաղաքը։ Ան Լեւոն եւ Զապէլ Այվազեաններու դուստրն էր։ Երկու ծնողներն ալ Օսմանեան կայսրութենէն հոն հասած էին. հայրը՝ Եոզկատի կողմերէն էր, իսկ մայրը՝ Մարմարա ծովու նաւահանգիստ Պանտըրմայէն։

Լեւոն եւ Զապէլ Այվազեանները չորս զաւակներ ունեցան՝ Ծիածան, Ադամ, Գրիգոր եւ Արշալոյս։

Լեւոն Այվազեան ուսուցիչ էր եւ Մերձաւոր Արեւելքի զանազան երկիրներու հայկական վարժարաններուն մէջ դասաւանդած է։ Պատերազմները, տարածաշրջանի անկայուն կացութիւնը եւ ուսուցչական իր ասպարէզը պատճառ դարձան, որ ընտանիքը յաճախ փոխէ իր բնակավայրը։

Ճիայի մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցան Յունաստանի, Կիպրոսի, Պաղեստինի, Յորդանանի եւ Լիբանանի մէջ։ Ան 1940-ականներու սկիզբը մանկութիւնը ապրեցաւ նացիներու կողմէ գրաւուած Յունաստանի մէջ, իսկ յետագային ականատես եղաւ 1947 թուականի Պաղեստինի պատերազմին։ Ընտանիքին անդադար տեղափոխութիւնները, պատերազմներու եւ գաղթի պատճառած մարդկային ողբերգութիւնները խոր հետք ձգեցին անոր աշխարհընկալումին վրայ։

Այդ պայմաններուն մէջ գիրքը դարձաւ Ճիայի ամենահաւատարիմ ուղեկիցը։

Փոքր տարիքէն հայուհին արտասովոր հետաքրքրութիւն ունէր ուսման եւ գիտելիքի հանդէպ։ Յունաստանի այն քաղաքին մէջ, ուր ընտանիքը ապաստանած էր նացիական գրաւման տարիներուն, ան ինքնուրոյն սորվեցաւ յունարէն այբուբենը, որպէսզի կարենար գիրքեր գնել եւ կարդալ։

Այս սէրը գիրքին հանդէպ յետագային պիտի վերածուէր ամբողջ կեանք մը տեւող մասնագիտական առաքելութեան։

ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՅՈՐԴԱՆԱՆԷՆ UCLA

Յորդանան տեղափոխուելէ ետք Ճիա ընդունուեցաւ Ամմանի Աղջիկներու Բրիտանական աւագ վարժարանը։ Մինչ այդ ան անգլերէն չէր գիտեր եւ այդ լեզուն սորվեցաւ հոն։

1959 թուականին Այվազեաններու ընտանիքը վերջնականապէս հաստատուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, Լոս Անճելըս։

Ճիա Այվազեան, որ ուսանած էր Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, իր ակադեմական ուսումը շարունակեց Լոս Անճելըսի Գալիֆորնիոյ համալսարանին՝ UCLA-ի մէջ։ 1967 թուականին ստացաւ անգլերէնի պսակաւոր աստիճանը, իսկ 1968 թուականին՝ գրադարանագիտութեան մագիստրոսի աստիճանը։

1982 թուականին նոյն համալսարանին մէջ ստացաւ Մերձաւոր Արեւելքի լեզուներու եւ մշակոյթներու փիլիսոփայութեան թեկնածուի աստիճան՝ մասնագիտանալով հայ գրականութեան մէջ։

Գիտելիքի հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը չէր սահմանափակուեր համալսարանական կրթութեամբ։ Անոր ակադեմական հետաքրքրութիւնը պիտի տանէր զինք աշխարհի զանազան անկիւնները, ուր մասնակցեցաւ հայկական մշակոյթին եւ պատմութեան նուիրուած գիտաժողովներու, դասախօսեց եւ հրատարակեց հայկական նիւթերով ուսումնասիրութիւններ։

ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՅԻՆ ԿԵԱՆՔ ՏՈՒՈՂ ԱՆՈՒՆԸ

Ճիա Այվազեանի մասնագիտական կեանքը սերտօրէն կապուեցաւ Լոս Անճելըսի Գալիֆորնիոյ համալսարանի գրադարանին հետ։

Ան գրադարանին մէջ աշխատանքի սկսաւ 1967 թուականին, իսկ 1968 թուականին նշանակուեցաւ հայերէն եւ յունարէն գիրքերու գրացուցակավար, յետոյ երկար տարիներ աշխատեցաւ իբրեւ հայերէն եւ յունարէն գրականութեան բաժնի գրադարանավար։ 2009 թուականին, երկարամեայ ծառայութենէ ետք, հանգստեան կոչուեցաւ։

Աւելի քան չորս տասնամեակ՝ 1968-2009 թուականներուն, ան Լոս Անճելըսի Գալիֆորնիոյ համալսարանի գրադարանի հայկական հաւաքածոներու պատասխանատուն էր։

Այվազեանի հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ հայկական հաւաքածոն, որ սկզբնական շրջանին կը հաշուէր շուրջ 2-3 հազար միաւոր, աճեցաւ մինչեւ շուրջ 23 հազար միաւորով։ Նշանաւոր այս համալսարանի գրադարանը դարձաւ Արեւմտեան կիսագունդի հայկական գիրքերու ամենամեծ հաւաքածոներ ունեցող գրադարաններէն մէկը եւ հայկական նիւթերու համար Արեւմտեան ԱՄՆ-ի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը։

Ճիա Այվազեան կարեւոր դեր ունեցաւ նաեւ Լոս Անճելըսի Գալիֆորնիոյ համալսարանի «Նարեկացի» հայագիտական ամպիոնի զարգացման գործին մէջ։

Տարիներ շարունակ ուսանողներուն եւ հետազօտողներուն կ՚օգնէր գտնելու իրենց ուսումնասիրութիւններուն համար անհրաժեշտ նիւթերը։ Իր աշխատանքի էական մասերէն մէկը նաեւ հայկական գիրքերն ու նիւթերը գիտնականներու եւ ընթերցողներու հասանելի դարձնելն էր։

Հայ գրադարանավարներու հետ սերտ գործակցութեամբ՝ Ճիա Այվազեան մասնակցեցաւ նաեւ հայկական գիրքերու գրացուցակագրման չափանիշներու հաստատման աշխատանքներուն։

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կարդալով իր կենսագրութիւնը՝ կը տեսնենք, որ Ճիա Այվազեան իր մասնագիտական աշխատանքը չէր սահմանափակեր համալսարանի պատերով։ Ան աշխուժօրէն մասնակցեցաւ ամերիկահայ համայնքի հասարակական եւ մշակութային կեանքին, ծառայեց բազմաթիւ յանձնախումբերու եւ խորհրդակցական մարմիններու մէջ։ Եղած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ), Հայկական Սենֆոնիք երաժշտութեան ընկերակցութեան, Լոս Անճելըսի Գալիֆորնիոյ համալսարանի հայոց լեզուի եւ մշակոյթի բարեկամներու ծրագրերուն, Թէքէեան մշակութային միութեան (ԹՄՄ), «Արշակ Տիգրանեան» վարժարանի եւ այլ կառոյցներու յանձնախումբերու անդամ։

Առանձնայատուկ աշխուժութեամբ մասնակցած է Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ընկերակցութեան եւ Հայ կանանց միջազգային միութեան աշխատանքներուն։

Իր երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին ան մասնակցեցաւ հայկական մշակոյթին ու պատմութեան նուիրուած բազմաթիւ գիտաժողովներու եւ դասախօսեց բազմապիսի նիւթերու շուրջ, որոնց շարքին՝ «Հայկական ժողովրդական հեքիաթը», «Հայկական ձեռագրերը եւ մանրանկարչութիւնը», «ԱՄՆ-ի գրադարաններուն մէջ հայկական հաւաքածոներու զարգացման խնդիրները» եւ այլ ուսումնասիրութիւններ։

Անոր հրատարակութիւններու եւ դասախօսութիւններու շրջանակը կը ներառէր նաեւ հայ գրականութիւնը, բանահիւսութիւնը, հայկական մամուլը եւ հայ կիներուն վերաբերող նիւթեր։ Ան կը դասախօսէր նաեւ հայ թագուհիներու, գրագէտներու եւ պատմութեան նշանաւոր հայ կիներու մասին։

Այս աշխատանքը կը ցոլացնէր իր հիմնական համոզումը՝ հայկական գիրքն ու մշակութային ժառանգութիւնը պէտք է պահպանուին, բայց նոյնքան կարեւոր է զանոնք մարդոց հասանելի դարձնելը։

ԿԱՊԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ

Ճիա Այվազեանի եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի բարեկամութիւնը շուրջ չորս տասնամեակի պատմութիւն ունի։ Տարիներու ընթացքին այդ կապը վերածուած էր ջերմ ու ամուր բարեկամութեան՝ հիմնուած գիրքի, գիտութեան եւ հայ մշակոյթի հանդէպ ընդհանուր նուիրուածութեան վրայ։ Ճիա Այվազեան Հայաստանի Ազգային գրադարան այցելած է քանի մը անգամ՝ գրեթէ ամէն անգամ, երբ գտնուած է Հայաստանի մէջ։

Այս կապը տարիներու ընթացքին դրսեւորուած է նաեւ հայրենանպաստ նախաձեռնութիւններով։ 2004 թուականին, անոր նախաձեռնութեամբ՝ ԱՄՆ-ի մէջ կազմակերպուած է մեծածաւալ գրքահաւաք մը, որուն արդիւնքով հաւաքուած է աւելի քան 11 հազար միաւոր գրականութիւն՝ գիրքեր, հանդէսներ եւ այլ տպագիր նիւթեր, ուղարկուած է Հայաստանի Ազգային գրադարան։ Այս հարուստ նուիրատուութիւնը դարձաւ գրադարանի հաւաքածոներու կարեւոր համալրում եւ այսօր ալ կը շարունակէ ծառայել ընթերցողներու ու հետազօտողներու։

Հայ գրադարանավարներու հետ իր սերտ գործակցութեան եւ գրադարանային գործի զարգացման մէջ ունեցած նշանակալի ներդրումին համար Հայաստանի Ազգային գրադարանը 1991 թուականին զինք պարգեւատրած է «Յակոբ Մեղապարտ» յուշամետալով։

2022 թուականի փետրուար 10-ին, Լոս Անճելըսի մէջ, 87 տարեկան հասակին, մահացաւ Ծիածան (Ճիա) Այվազեան։

Անոր մահուան առիթով Միջազգային հայկական գրադարաններու եւ արխիւներու ընկերակցութիւնը իր ցաւակցութեան մէջ զայն յիշատակեց իբրեւ Միացեալ Նահանգներու առաջին սերունդի հայ կին գրադարանավարներէն մէկը՝ շեշտելով անոր երկարամեայ նուիրումը հայկական գիրքերու եւ հաւաքածոներու պահպանման ու հետազօտողներուն հասանելի դարձնելու գործին։

ԿՏԱԿԸ, ՈՐ ԸՆԹԵՐՑԱՍՐԱՀԻ ՎԵՐԱԾՈՒԵՑԱՒ

Ճիա Այվազեանի կտակին համաձայն՝ անոր ընտանիքը որոշեց շարունակել այն գործը, որուն ան ամբողջ կեանքը նուիրած էր։

Ազգային գրադարանին մէջ «Աջակից ընթերցասրահ»ի բացման արարողութեան կառավարական եւ այլ հիւրերու հետ ներկայ էին նաեւ Ճիա Այվազեանի ընտանիքի անդամները։ Անոր եղբայրը՝ Ադամ Այվազեան, եղբօր կինը՝ Անի Այվազեան, թոռները՝ Նեթան Գրիգոր Այվազեան եւ Սեւաննա Այվազեան, ինչպէս նաեւ ընտանիքի այլ անդամներ մասնակցեցան բացման արարողութեան։

Անի Այվազեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Ազգային գրադարանին՝ Ճիա Այվազեանի երազանքն ու նպատակն իրականութիւն դարձնելու համար։

Իսկ Սեւաննա Այվազեանի ելոյթը յատուկ զգացական պահ մը ստեղծեց։ Ան արտասանեց Ճիայի հօր՝ Լեւոն Այվազեանի՝ իր դստեր նուիրուած բանաստեղծութիւնը։ Ընտանիքի յիշողութիւնը, հօր սէրը եւ տարիներ առաջ ծնած երազանքը միացան նոյն վայրին՝ Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ։

Ճիայի եղբօր թոռը՝ Նեթան Գրիգոր Այվազեան ըսաւ, որ այս նախաձեռնութեամբ Ծիածան (Ճիա) Այվազեան «պարզապէս յիշողութիւն չէ», այլ կենդանի ներկայութիւն է՝ հոգիի հարստութեամբ, որ օրինակելի պիտի ըլլայ գալիք սերունդներուն համար։

Բացման հանդիսութեան ընթացքին Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեան շեշտեց, որ գրադարանները իբրեւ մարդակեդրոն հաստատութիւններ կը պահպանեն իրենց հիմնական փիլիսոփայութիւնը՝ ըլլալ հասարակութեան համար հասանելի եւ անվճար տարածքներ։ Այս տեսանկիւնէն, յատուկ կարիքներ ունեցող անձերուն համար գրադարանէն օգտուելու կարելիութիւնը առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունի։

Բացման օրը այցելուները հնարաւորութիւն ունեցան ծանօթանալու ընթերցասրահին, փորձարկելու սարքաւորումները եւ տեսնելու, թէ ինչպէս կրնան գրականութիւնն ու տեղեկատուութիւնը ներկայացուիլ նոր ու դիւրին ձեւաչափերով։

«Աջակից ընթերցասրահ»ը նոր տարածք մը ըլլալէ աւելի՝ Ճիա Այվազեանի կեանքին ու համոզումներուն շարունակութիւնն է։ Այնտեղ, ուր գիրքը հասանելի կը դառնայ նոր ձեւով, կը շարունակուի նաեւ այն գործը, որուն ան նուիրեց իր ամբողջ մասնագիտական կեանքը՝ պահպանել գիտելիքը եւ զայն հասանելի դարձնել բոլորին։

«ԲԱՌԱՅԻՆ ԿՈՒՐՈՒԹԻՒՆ»՝ ԿԱՐԴԱԼՈՒ ԵՒ ԳՐԵԼՈՒ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Դժընթերցութիւնը, որ ծանօթ է նաեւ իբրեւ «բառային կուրութիւն, ուսուցողական դժուարութիւն մըն է, որ գլխաւորաբար կ՚ազդէ կարդալու, գրելու, ուղղագրութեան եւ լեզուի հնչիւնները զատորոշելու կարողութեան վրայ։ Խնդիր մը, որ յաճախ անտեսուած կը մնայ, մինչդեռ ընթերցանութեան դժուարութիւնը կրնայ էականօրէն ազդել մարդու կրթական, մասնագիտական եւ առօրեայ կեանքին վրայ։ Հետեւաբար, գիրքը բոլորին հասանելի դարձնելու համար անհրաժեշտ է հաշուի առնել նաեւ այն ընթերցողները, որոնց համար սովորական գիրքը կարդալը նոյնքան դիւրին չէ։

Անիկա մտաւոր թերութիւն կամ տեսողական խնդիր մը չէ։ Դժընթերցութիւն ունեցող անձը կրնայ ունենալ բնականոն կամ բարձր բանականութիւն եւ սորվելու լիակատար փափաք, սակայն, լեզուական տեղեկութիւնները կը մշակէ տարբեր ձեւով։

Դժընթերցութիւնը սովորաբար առաջին անգամ կը նկատուի դպրոցական տարիներուն, երբ երեխան կը սկսի աւելի լրջօրէն կարդալ ու գրել։ Ոմանց մօտ դժուարութիւնը կը սահմանափակուի ուղղագրութեամբ, մինչ ուրիշներու մօտ ընթերցանութիւնը կը դառնայ դանդաղ, յոգնեցուցիչ եւ աւելի մեծ կեդրոնացում պահանջող գործընթաց։

Առաջին նշաններէն կրնան ըլլալ խօսքի ուշ զարգացումը, լեզուի հնչիւնները զատորոշելու դժուարութիւնը, յանգաւոր բառեր գտնելու կամ բառերը վանկերու բաժնելու անկարողութիւնը։

Դպրոցական տարիքի երեխան կրնայ դժուարանալ տառերը համապատասխան հնչիւններու վերածելու, հնչիւնները իրարու միացնելով բառ կազմելու, նոր բառեր կարդալու կամ բառեր ճիշդ ուղղագրելու մէջ։ Ընթերցանութիւնը կրնայ ըլլալ դանդաղ եւ ոչ սահուն, իսկ կարդացածը անմիջապէս ըմբռնելը՝ դժուար։

Չափահասներու մօտ նոյն դժընթերցութիւնը կրնայ շարունակուիլ։ Անոնք կրնան դանդաղ կարդալ, դժուարանալ երկար պատմութիւն մը ամփոփելու, տեղեկութիւն մը մտապահելու, բարձրաձայն կարդալու կամ օտար լեզու սորվելու մէջ։ Դժընթերցութեան մասին տարածուած սխալ պատկերացում մըն է այն կարծիքը, թէ անիկա հիմնականօրէն տառերը կամ բառերը հայելիի պէս հակառակ ուղղութեամբ կարդալն է։

Իրականութեան մէջ նման սխալներ շատ երեխաներ կ՚ընեն, երբ նոր կը սորվին կարդալ ու գրել, եւ անոնք ինքնին դժընթերցութեան յատկանիշ չեն։ Բուն դժուարութիւնը աւելի շատ լեզուի հնչիւնները մշակելու, տառերն ու հնչիւնները իրարու կապելու եւ բառերը արագ ու ճիշդ ճանաչելու գործընթացին մէջ է։ Դժընթերցութեան յառաջացման մէջ դեր ունին թէ՛ ժառանգական, թէ՛ միջավայրային գործօններ։ Անիկա յաճախ ընտանիքներու մէջ կը հանդիպի։ Միեւնոյն ժամանակ, երեխային ստացած ուսուցման որակը, ուսուցիչներու մօտեցումը եւ ընտանիքի աջակցութիւնը կրնան էական ազդեցութիւն ունենալ ընթերցանութեան զարգացման վրայ։

Գիտական ուսումնասիրութիւնները նաեւ ցոյց կու տան, որ դժընթերցութիւն ունեցող անձերու ուղեղին մէջ լեզուի եւ ընթերցանութեան մշակման հետ կապուած որոշ շրջաններու գործունէութիւնը կրնայ տարբեր ըլլալ։ Ուղեղի պատկերային քննութիւնները ուսումնասիրողներուն օգնած են աւելի լաւ հասկնալու այս տարբերութիւնները։

Դժընթերցութեան դրսեւորումը կրնայ նաեւ կապ ունենալ լեզուի կառուցուածքին հետ։ Անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի նման ուղղագրական աւելի բարդ համակարգ ունեցող լեզուներու մէջ ընթերցանութեան դժուարութիւնները կրնան աւելի ակնյայտ ըլլալ, մինչ որոշ այլ լեզուներու մէջ տառ-հնչիւն համապատասխանութիւնը աւելի կանոնաւոր է։

Դժընթերցութիւնը երբեմն կ՚ուղեկցուի այլ ուսուցողական կամ զարգացման դժուարութիւններով։ Անոնցմէ են ուշադրութեան պակասի եւ գերաշխուժութեան խանգարումը, գրելու դժուարութիւնը՝ դժգրութիւնը, լսողական տեղեկութիւնը մշակելու խնդիրները եւ շարժումներու համադրման որոշ դժուարութիւնները։

Սակայն, այս վիճակներէն մէկուն առկայութիւնը պարտադիր չի նշանակեր, որ անձը տողանցութիւն ունի, եւ ո՛չ ալ դժընթերցութիւն ունեցող բոլոր անձերուն մօտ կը հանդիպին նոյն ուղեկցող դժուարութիւնները։

Դժընթերցութիւնը պարզ քննութեամբ մը չ՚ախտորոշուիր։ Գնահատման ընթացքին մասնագէտները կը դիտարկեն երեխային կարդալու, գրելու եւ ուղղագրելու կարողութիւնները, լեզուական հմտութիւնները, յիշողութիւնը եւ հնչիւնները մշակելու կարողութիւնը։

Կարեւոր են նաեւ ծնողներու եւ ուսուցիչներու դիտարկումները, երեխային դպրոցական յառաջդիմութիւնը եւ տան ու դպրոցի մէջ անոր վարքը։ Վաղ բացայայտումը մասնաւոր կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ անհրաժեշտ կրթական աջակցութիւնը կարելի է սկսիլ այն ժամանակ, երբ կարդալու եւ գրելու հմտութիւնները տակաւին կը ձեւաւորուին։

Դժընթերցութիւնը վերացնող յատուկ դեղամիջոց գոյութիւն չունի։ Սակայն, համապատասխան կրթական մեթոտներով կարելի է զգալիօրէն նուազեցնել անոր ազդեցութիւնը եւ օգնել անձին՝ աւելի վստահ կարդալու ու գրելու։ Այժմ ստեղծուած են յատուկ ժամանակակից միջոցներ՝ այդ դժուարութիւնը ունեցող մարդոց օգնելու, զանոնք գիրքին, գրականութեան եւ կրթութեան կապելու համար։

Դժընթերցութիւնը աշխարհի բոլոր շրջաններուն մէջ հանդիպող ուսուցողական դժուարութիւններէն մէկն է։ Տարբեր ուսումնասիրութիւններ տարբեր տարածուածութեան թիւեր կը ներկայացնեն, սակայն, անիկա կը համարուի ամենատարածուած ուսուցողական խանգարումներէն մէկը։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2026