ԷԼԻԶԱՊԷԹ Բ. ԹԱԳՈՒՀԻԻ ՈՃԸ ՈՐՊԷՍ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՀԱՅԵԼԻ. ԲԱՑԱՌԻԿ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ

Լոնտոնի սրտին մէջ՝ Պաքինկըմի պալատի սահմաններուն ներքեւ գտնուող Թագաւորական պատկերասրահին մէջ բացուած բացառիկ ցուցահանդէսը նուիրուած է Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհիի ծննդեան 100-ամեակին։ 

«Էլիզապէթ Բ. թագուհի․ կեանքը՝ ոճի մէջ» խորագրով այս ընդարձակ նախաձեռնութիւնը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 2026 թուականի հոկտեմբերի 18-ը, կը ներկայացնէ թագուհիի զգեստներէն, զարդերէն, թագերէն եւ հանդերձի այլ մասերէն հաւաքածու մը՝ ամբողջ դարաշրջանի մը մշակութային, քաղաքական եւ գեղագիտական դիմագիծը։

Աւելի քան երեք հարիւր բացառիկ նմոյշներ, որոնցմէ հարիւրը միայն՝ զգեստ, կը խորհրդանշեն դարաշրջանի նորաձեւութեան հայելին։ 

Նմոյշները ընտրուած են թագուհիի մանկութենէն մինչեւ կեանքի վերջ կրած հագուստներէն․ շատերը առաջին անգամ կը ներկայացուին հանրութեան։ Հագուստ, զարդեղէն, գլխարկներ, կօշիկներ եւ բազմազան պարագաներ կը միանան գծագրութիւններու, կտորի տեսակներու եւ ձեռագիր նամակագրութիւններու՝ բացայայտելով այն բարդ եւ զգուշաւոր գործընթացը, որով կը կառուցուէր աշխարհի ամենէն յայտնի կիներէն մէկուն՝ Անգլիոյ թագուհիին ոճական կերպարը։ 

ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՄԷՋ ՀԻՒՍՈՒԱԾ ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Ցուցահանդէսը կը ձեւաւորուի իբրեւ ժամանակագրական ճամբորդութիւն՝ ընդգրկելով թագուհիին կեանքի բոլոր տասնամեակները՝ ծնունդէն մինչեւ իր վերջին տարիները։ Այս ընթացքին, հագուստը կը դառնայ կենսագրական վկայութիւն․ պարզ զգեստներէն մինչեւ պետական արարողութիւններու փառահեղ հանդերձանքները, ամէն հագուստ կը կրէ իր մէջ ժամանակի մը շունչը։

Հաւաքածուն կը ծածկէ 1926 թուականէն մինչեւ 2022 երկարող շրջանը՝ ընծայելով եզակի պատկերացում մը 20-րդ դարու բրիտանական նորաձեւութեան զարգացումին մասին։ 

Արքունական դերձակներու դարաշրջանի վերացումը, բրիտանական բարձր նորաձեւութեան վերելքը 1930-ականներուն եւ 1970-ականներէն սկսեալ նորաձեւութեան ստեղծագործողի ինքնուրոյն դիրքի հաստատումը՝ այս բոլորը կը կարդացուին հագուստի լեզուով։

ՄԱՆԿՈՒԹԵՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՄ

Հաւաքածուին մէջ առանձնակի տեղ կը գրաւեն թագուհիի մանկութեան տարիներէն պահպանուած հազուագիւտ նմոյշները, որոնցմէ մէկը՝ մէկ տարեկանին արքայադուստր Էլիզապէթ Բ. թագուհիի կրած զգեստը, կը դառնայ անմեղութեան եւ թագաւորական ապագայի խաչմերուկը։ 

1930-ականներուն անոր համար պատրաստուած առաջին բարձր նորաձեւութեան հագուստները՝ վարպետ դերձակներ Նորմըն Հարթնելի եւ Էտուըրտ Մոլինոյի կողմէ, կը վկայեն, թէ ինչպէս վաղ տարիքէն կը ձեւաւորուէր անոր ոճական ինքնութիւնը։

1940-ականներուն, երբ երիտասարդ արքայադուստրը կը մօտենայ հասունութեան, Լոնտոնի նորաձեւութեան տուները կը ստեղծեն այնպիսի ձեւաւորումներ, որոնք կը մրցէին Փարիզի բարձր նորաձեւութեան հետ։ Այս շրջանին անոր զգեստները կը կրեն Քրիստիան Տիորի «Նոր Տեսք»ի ազդեցութիւնը՝ ընդգծուած ուրուագիծերով եւ նուրբ կանացի շեշտերով: 

ՀԱՐՍԱՆԵԿԱՆ ԶԳԵՍՏ՝ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ

1947 թուականը կը նշանաւորէ արքայական ամուսնութիւն մը, նաեւ նոր սկիզբ մը՝ պատերազմի ծանր հետեւանքներէն դուրս եկող երկրի մը համար։ 

Արքայադուստր Էլիզապէթ Բ. թագուհիի եւ Ֆիլիփ Մաունթպաթընի ամուսնութեան համար Նորմըն Հարթնել կը ստեղծէ հոյակապ հարսանեկան զգեստ մը՝ դքսական սնդուսէ (սատինէ կերպասէ) առատօրէն զարդարուած մարգարիտներով։

Զգեստին ձեւաւորումը ներշնչուած էր Վերածնունդի գաղափարէն՝ արտացոլելով Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք վերականգնուող հասարակութեան յոյսը։ Նոյնիսկ սահմանափակումներու պայմաններուն մէջ, երբ հագուստի կտրօններու համակարգը տակաւին կը գործէր, ապագայ թագուհին ինք կը մասնակցէր անհրաժեշտ նիւթերու ապահովման գործընթացին։ Այդ պատճառով այդ զգեստը գեղագիտական գլուխգործոցին հետ նաեւ կը խորհրդանշէ ընկերային յուշարձան մը։

ԹԱԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇՆԵՐՈՒ ԼԵԶՈՒ

1953 թուականին Ուեսթմինսթըր աբբայութեան մէջ տեղի ունեցած թագադրութեան արարողութիւնը կը բերէ նոր փառահեղութիւն։ Նոյն դերձակին՝ Հարթնելի կողմէ ստեղծուած թագադրութեան զգեստը կը զարդարուի Բրիտանական համագործակցութեան երկիրներու խորհրդանիշներով՝ վերածուելով քաղաքական պատկերագրութեան հզօր արտայայտութեան։

Այս զգեստը կը մարմնաւորէ թագուհիին դերը՝ որպէս բազմազան աշխարհագրութիւններ եւ մշակոյթներ միաւորող կերպար։ Այստեղ նորաձեւութիւնը կը գերազանցէ գեղեցկութեան սահմանները եւ կը մտնէ պետական խորհրդանշականութեան դաշտ։

ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

Էլիզապէթ Բ. թագուհիի զգեստապահարանը կ՚ընդգրկէ նաեւ արտասահմանեան շրջագայութիւններու համար յատուկ պատրաստուած ամբողջական հաւաքածուներ։ Այս հանդերձանքները, որոնք կը ստեղծուէին բրիտանական կառավարութեան պահանջով, կը ծառայէին որպէս լուռ դիւանագիտական միջոցներ։

Թագուհին անձամբ կը սահմանէր իր պահանջները, իսկ դերձակներն ու գլխարկագործները կը ձեւաւորէին զգեստներ, որոնք յաճախ կը ներառէին այցելուած երկրի խորհրդանիշները կամ գոյները։ Այս ձեւով նորաձեւութիւնը կը դառնար հաղորդակցութեան նուրբ, բայց ազդեցիկ լեզու։

ՏԵՍԱՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԸ․ «ԾԻԱԾԱՆԱՅԻՆ ԶԳԵՍՏԱՊԱՀԱՐԱՆ»

Մեծ բազմութիւններու մէջ միշտ տեսանելի ըլլալու պահանջը ձեւաւորեց թագուհիին առանձնայատուկ ոճը։ 

Ան կը նախընտրէր վառ գոյներ, որոնց շնորհիւ կը դառնար անմիջապէս ճանաչելի։ Անոր զգեստապահարանը կոչած են «Ծիածանային», որ այս բազմագոյն վիճակը կը բացատրէ։

Գլխարկները, որոնք անոր ոճին անբաժանելի մասն էին, կը նախագծուէին այնպէս, որ չծածկեն դէմքը եւ ապահովեն տեսանելիութիւն։ Այս ընտրութիւնները կը վկայեն, թէ որքան խորապէս գիտակցուած էր կերպարի կառուցումը։

ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՇՔԵՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՃՇԳՐՏՈՒԹԻՒՆ

Թագուհիին ոճը, հակառակ իր շքեղութեան, հիմնուած էր գործնականութեան վրայ։ Զգեստներուն մէջ կարուած փոքրիկ կշիռները կը պաշտպանէին, որ քամիէն վեր չբարձրանան, իսկ գաղտնի գրպանները կը ծառայէին առօրեայ անհրաժեշտութիւններու համար։ Կօշիկները նախապէս կը փափկացուէին, կը փորձարկուէին, որպէսզի երկար արարողութիւններու ընթացքին անհանգստութիւն չպատճառեն։

Նաեւ կար մանրուքներու հանդէպ բացառիկ ուշադրութիւն․ շրթներկերը կը համապատասխանէին հանդերձանքներու գոյներուն, ապահովելով ամբողջական եւ ներդաշնակ պատկեր։ Այս բոլորը կը վկայեն, թէ ոճը մանրամասնութիւններու համադրութիւն մըն է։

ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՇՔԵՂՈՒԹԻՒՆ

Հաւաքածուին կարեւոր բաժին մը կը կազմեն երեկոյեան զգեստները, որոնք կը ներկայացնեն բրիտանական բարձր նորաձեւութեան արհեստագիտական կատարելութիւնը։

1950-ականներու փառահեղ, ասեղնագործուած ձարահիւս (քրինոլին) զգեստներէն մինչեւ 1970-ականներու աւելի մեղմ եւ ժամանակակից ձեւաւորումներ՝ այստեղ կը բացուի նորաձեւութեան շարունակական վերափոխումը։

ԹԱԳԻ ԵՏԵՒԻ ՄԱՐԴԸ

Չնայած պետական փառքին, ցուցահանդէսը կը բացայայտէ նաեւ աւելի անձնական կողմ մը։ Առօրեայ եւ գիւղական կեանքին համար նախատեսուած հագուստները կը ներկայացնեն հանգիստ պահեր՝ կապուած բնութեան եւ իր սիրելի Փեմպրոք Ուէլշ Քորկի շուներուն հետ։

Այս պատկերները կը մօտեցնեն մեզ թագուհիին մարդկային դիմագիծին՝ դուրս պաշտօնական շրջանակներէն։

ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ

Էլիզապէթ Բ. թագուհիի ոճը կը շարունակէ ներշնչել նորաձեւութեան աշխարհը՝ Միուչիա Փրատայէն մինչեւ Ռիչըրտ Քուին։ Անոր աջակցութիւնը բրիտանական նորաձեւութեան զարգացման՝ 1940-50-ականներուն, նաեւ յետագային Էլիզապէթ Բ. թագուհիի բրիտանական ձեւաւորման մրցանակի հաստատումը կը վկայեն, որ նորաձեւութիւնը անոր կեանքին մէջ շարունակական դեր ունեցած է։

Սակայն, այս ազդեցութիւնը սահմանափակուած չէ միայն գեղագիտական ոլորտով։ Էլիզապէթ Բ. թագուհին շուրջ եօթանասուն տարի շարունակ կանգնած մնաց պատմութեան բեմին վրայ՝ աշխատելով տասնհինգ վարչապետներու հետ, գործնական կապեր հաստատելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տասնչորս նախագահներու եւ Հռոմի հինգ պապերու հետ։ Այս բացառիկ շարունակականութիւնը անոր կերպարը կը վերածէ ո՛չ միայն ազգային, այլեւ համաշխարհային հաստատութեան մը, ուր ոճը, վարքը եւ ներկայութիւնը կը դառնան ժամանակի հայելի։

Թագաւորական հաւաքածուի վստահութեան կազմակերպած այս ցուցահանդէսը կը դառնայ յարգանքի տուրք, նաեւ՝ կրթական, տեղեկատուական հարթակ մը՝ բացայայտելու նորաձեւութեան եւ պատմութեան փոխադարձ կապը։

Ցուցահանդէսը հազուագիւտ առիթ մըն է տեսնելու, թէ ինչպէս հագուստը կրնայ վերածուիլ պատմութեան լեզուի։ Էլիզապէթ Բ. թագուհիի ոճը կը մնայ անժամանցելի՝ միաւորելով աւանդութիւնը եւ արդիականութիւնը, անձնական ճաշակը եւ պետական պարտաւորութիւնը։

ԵՈՒՍՈՒՖ ՔԱՐՇԻ ԴԻՄԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԹԱԳՈՒՀԻԻ ԿԵՐՊԱՐԸ

Եթէ զգեստները կը պատմեն ժամանակներու ոճը, ապա լուսանկարները կը պահեն այդ պատմութեան կենդանի շունչը՝ հայեացքի մը, լոյսի մը եւ պահու մը մէջ։ Էլիզապէթ Բ. թագուհիի պատկերային ժառանգութեան մէջ յատուկ տեղ կը զբաղեցնեն հայազգի լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշի ստեղծած դիմանկարները՝ որոնք նորաձեւութիւնը կը վերածեն հոգեբանական խորութեան եւ պատմական վկայութեան։ 

Քարշի առաջին հանդիպումը ապագայ թագուհիին հետ կը վերաբերի 1943 թուականին, երբ ան տակաւին արքայադուստր էր։ Այդ վաղ դիմանկարը, ուր երիտասարդ Էլիզապէթը կը նստի հանգիստ կեցուածքով եւ կը նայի ոսպնեակին, կը բացայայտէ անոր պարզ, գրեթէ անխառն ներկայութիւնը՝ հեռու յետագայ պետական ծանրութենէն։ Զգեստը՝ համեստ եւ զուսպ, այստեղ կը դառնայ ժամանակի նշան մը՝ պատերազմի տարիներու ստուերին տակ ձեւաւորուող երիտասարդութեան պատկեր։

1951 թուականի երկրորդ հանդիպումը Քարշին եւ արքայադուստրին միջեւ կը բանայ բոլորովին այլ էջ մը։ 

Այս լուսանկարները, նկարուած Լոնտոնի «Քլարենս Հաուզ»ին մէջ, կը ներկայացնեն աւելի հասուն եւ գիտակից կերպար մը։ Թագը, ադամանդակուռ զարդերը եւ ուսերը բաց զգեստը ո՛չ միայն արքայական շքեղութիւն կը ստեղծեն, այլ նաեւ կը շեշտեն իշխանութեան անցման անտեսելի ստուերը։ Այդ պահուն արքայադուստրը դեռ չի կրեր գահի ծանրութիւնը, բայց լուսանկարը կարծես կը կանխագուշակէ անոր ճակատագիրը։

Լուսանկարիչներու եւ պատմաբաններու մեկնաբանութեամբ, այդ շրջանի դիմանկարներուն մէջ կը զգացուի անսովոր հանգստութիւն մը․ երիտասարդ կինը կը թուի ազատ մնալ ապագայի անորոշ պարտականութիւններէն։ Քարշի ոսպնեակը այստեղ ո՛չ միայն կ՚որսայ դէմք մը, այլ կը կարդայ հոգեբանական վիճակ մը՝ խաղաղութիւն մը, որ շուտով պիտի փոխարինուի պատմական պարտաւորութեամբ։

1951 թուականին Քարշ նաեւ կը լուսանկարէ արքայադուստր Էլիզապէթ Բ. թագուհին իր ամուսինին՝ Էտինպուրկի դուքս Ֆիլիփին հետ։ Այս պատկերները կը ներկայացնեն ընտանեկան նոր ձեւաւորուող աշխարհ մը, ուր պետական դերը եւ անձնական կեանքը դեռ կը փնտռեն իրենց սահմանները։ Զգեստները այստեղ կը մեղմեն արքունական սառնութիւնը՝ բերելով աւելի մարդկային ջերմութիւն եւ բնական շարժում։

1966 թուականին, արդէն թագուհիի կարգավիճակով, Քարշի ոսպնեակը կը վերադառնայ Էլիզապէթ Բ. թագուհիին։ Այս անգամ կերպարը բոլորովին այլ է․ փորձառու, հաստատուն, պետական խորհրդանիշի վերածուած։ Սակայն, Քարշ կը յաջողի պահել նրբանկատ հաւասարակշռութիւն մը, որուն մէջ շքեղութիւնը չի ճնշեր մարդկային ներկայութիւնը։ Թագաւորական հանդերձանքը այստեղ կը դառնայ իշխանութեան նշան եւ ինքնութեան գիտակցուած արտայայտութիւն։

Թագուհիին պատկերագրութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ կը զբաղեցնեն նաեւ Քարշի այն լուսանկարները, ուր ան կը ներկայանայ իր սիրելի քորկի շուներուն հետ։ Այս պատկերները կը քանդեն պետական սառնութիւնը եւ կը բանան անձնական աշխարհ մը՝ թագուհին կը դառնայ պարզ կենդանասէր կին մը։ Քորկիները, իրենց փոքր չափերով եւ աշխոյժ ներկայութեամբ, կը հակադրուին արքունական հանդիսաւորութեան՝ ստեղծելով նուրբ մարդկային հակադրութիւն մը։

1984 եւ 1987 թուականներու լուսանկարները, ուր Էլիզապէթ Բ. թագուհի կը պատկերէ իր շուները կամ կը գտնուի ընտանեկան շրջանակի մէջ, կը շարունակեն Քարշի տարիներու երկխօսութիւնը թագաւորական կերպարի հետ։ Այս պատկերներուն մէջ զգեստները աւելի պարզ են, շարժումները՝ ազատ, եւ ամբողջ համադրութիւնը կը ձգտի դուրս գալ պետական ներկայացումէն՝ մօտենալով առօրեային։

Եուսուֆ Քարշի ստեղծագործական ուղին ընդհանրապէս կը բնորոշուի մեծ դէմքերու հետ հանդիպումներով՝ Չըրչիլէն մինչեւ Քասթրօ, Խրուշչեւէն մինչեւ Հեմինկուէյ։ Սակայն, Էլիզապէթ Բ. թագուհիի դիմանկարները առանձնայատուկ տեղ կը զբաղեցնեն այս շարքին մէջ, որովհետեւ այստեղ լուսանկարիչը կը հանդիպի ո՛չ միայն պատմական գործիչի մը, որուն կերպարը ինքնին կը ձեւաւորէ դարաշրջան մը։

Այսօր, երբ Պաքինկըմի պալատին մէջ ցուցադրուող հաւաքածուն կը միացնէ զգեստներ եւ լուսանկարներ, Քարշի գործերը կը ներկայանան որպէս անտեսանելի կամուրջ մը այդ երկու աշխարհներուն միջեւ։ Ինչպէս հագուստը կը կառուցէ արտաքին կերպարը, նոյնպէս լուսանկարը կը բացայայտէ անոր ներքին շերտերը՝ միացնելով պատմութիւնը, զգեստը եւ հայեացքը մէկ միասնական վկայութեան մէջ։

Էլիզապէթ Բ. թագուհիի ոճական ժառանգութիւնը կը շարունակուի ո՛չ միայն գործուածքի եւ դերձակի արուեստով, այլ նաեւ լուսանկարչական լոյսով մը, որուն միջոցով հայազգի վարպետ Եուսուֆ Քարշը յաջողած է ժամանակը վերածել անմահ դիմանկարի։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2026